Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ար­քա­յա­կան տա­ճար­ներ, քա­րե­րու խորհր­դա­ւոր դա­սա­ւո­րու­թիւն­ներ, ջրվէժ­նե­րու տակ թաք­նո­ւած քա­րայ­րեր, փա­ռա­ւոր ռազ­մի դաշ­տեր, ար­դի ա­րո­ւես­տի գան­ձա­րան­ներ եւ ճո­պա­նու­ղի: ­Հա­յաս­տա­նը ցնցող ու հրաշք­նե­րով լի եր­կիր մըն է: Ա­մէն բան տե­սած ճա­նա­պար­հոր­դը նոյ­նիսկ կը

պա­պան­ձի այս հիաս­քանչ տե­սա­րան­նե­րուն առ­ջեւ: ­Միա­ցէ՛ք մեր ճամ­բոր­դու­թեան եւ դուք կը հա­մո­զո­ւիք:

1) ԽՈՐ ՎԻՐԱՊ

­Մարդ­կանց մեծ մա­սը չի կրնար պատ­կե­րաց­նել, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ 14 տա­րի փա­կո­ւած մնալ փո­սի մը մէջ: Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ, սա­կայն, սե­փա­կան փոր­ձով ի­մա­ցաւ: Երբ ան մուտք գոր­ծեց ­Մեծ ­Հայք՝ հա­յոց Տրդատ Գ. ար­քա­յին քրիս­տո­նէու­թիւն քա­րո­զե­լու, վեր­ջինս զինք նե­տեց ար­քու­նի բան­տին փո­սը: ­Սա­կայն երբ ար­քան հի­ւան­դա­ցաւ, հրա­մա­յեց իր մօտ բե­րել ­Լու­սա­ւո­րի­չը, որ հրաշ­քով ա­պա­քի­նեց թա­գա­ւո­րին: Տր­դատ Գ. ըն­դու­նեց քրիս­տո­նէու­թիւն եւ հռչա­կեց զայն պե­տա­կան կրօն: ­Հե­տա­գա­յին հոն ե­կե­ղե­ցի կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ եւ կո­չո­ւե­ցաւ ­Խոր ­Վի­րապ (խոր փոս):

2) ԿԱՍԿԱՏ ՀԱՄԱԼԻՐ

Իր տե­սա­կով ա­սի­կա ե­զա­կի ճար­տա­րա­պե­տա­կան գո­հար մըն է, ուր ամ­փո­փո­ւած է ար­դի ա­րո­ւես­տի թե­րեւս լա­ւա­գոյն հա­ւա­քա­ծոն տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ: ­Կա­ռու­ցո­ւած ըլ­լա­լով 1970ա­կան­նե­րուն՝ ­Կաս­կատ մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մը գրե­թէ ան­գոր­ծու­թեան մատ­նո­ւած էր: ­Սա­կայն հե­տա­գա­յին, սփիւռ­քա­հայ բա­րե­րար ­Ջե­րարտ ­Գա­ֆէս­ճեա­նի մի­ջոց­նե­րով, հա­մա­լի­րը բա­րե­կար­գո­ւե­ցաւ եւ վե­րա­փո­խո­ւե­ցաւ ար­դի ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի: ­Բազ­մա­թիւ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու շար­քին, հոս ցու­ցադ­րո­ւած են նաեւ ­Ֆեր­նան­տօ ­Պո­թե­րո­յի, ­Լին ­Չե­տո­ւի­քի եւ ­Պար­րի Ֆ­լե­նե­կա­նի գոր­ծե­րը:

3) ՏԱԹԵՒԵՐ

­Հա­յաս­տա­նի մէջ շատ են հնա­գոյն վան­քե­րը, ո­րոնց կա­ռու­ցող­նե­րը կար­ծես նպա­տակ դրած էին զա­նոնք դարձ­նել հնա­րա­ւո­րինս դժո­ւա­րա­հաս: ­Սա­կայն հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­ներ անց, ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը հնրա­ւո­րու­թիւ­նը տո­ւաւ մե­զի նա­խա­պէս մէկ շա­բաթ պա­հան­ջող ճամ­բոր­դու­թիւ­նը վե­րա­ծե­լու գե­ղա­տե­սիլ կիր­ճի վրա­յով թռիչ­քի մը՝ աշ­խար­հի ա­մե­նաեր­կար եր­թու­դար­ձի ճո­պա­նու­ղիով: ­Տա­թե­ւէ­րը այ­ցե­լու­նե­րուն իր թե­ւե­րուն վրայ կը հասց­նէ ­Տա­թե­ւի վանք:

4.ԳԱՌՆԻԻ ՏԱՃԱՐ

­Հել­լէ­նա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան այս գե­ղե­ցիկ նմոյ­շը կա­ռու­ցո­ւած է ա­ռա­ջին դա­րուն, երբ Հ­ռոմ հա­սած էր իր ծաղկ­ման բարձ­րա­կէ­տին: ­Տա­ճա­րը 1679 թուա­կա­նի երկ­րա­շար­ժէն ի վեր ա­ւե­րակ վի­ճա­կի մէջ էր՝ մին­չեւ 1960¬70ա­կան­նե­րու իր հիմ­նո­վին վե­րա­կա­ռու­ցու­մը: ­Հին ժա­մա­նակ ­Գառ­նին ե­ղած է պաշ­տա­մուն­քի վայր եւ ծա­ռա­յած է որ­պէս հայ ար­քա­նե­րու ա­մառ­նա­յին նստա­վայր:

5) ԶՕՐԱՑ ՔԱՐԵՐ

Աստ­ղե­րը նախ­նա­դա­րեան մար­դու հա­մար նոյն­քան գրա­ւիչ ե­ղած են, որ­քան այժմ: ­Զօ­րաց ­Քա­րե­րը կամ ­Քա­րա­հուն­ջը ա­տոր վկա­յու­թիւնն է: Ա­նի­կա ուղ­ղա­հա­յեաց կանգ­նե­ցո­ւած քա­րե­րու (մեն­հիր­նե­րու) խումբ մըն է՝ օ­ղա­կա­ձեւ դա­սա­ւո­րու­մով, որ, ըստ ա­ռաս­պե­լի, ծա­ռա­յած է որ­պէս աստ­ղա­դի­տա­րան: Ա­նի­կա ա­ւե­լի հին է, քան հռչա­կա­ւոր Ս­թոուն­հեն­ճը (Stonehedge) ­Մեծ Բ­րի­տա­նիոյ մէջ, եւ տա­կա­ւին ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռար­կայ է՝ պար­զե­լու հա­մար ա­նոր կա­ռուց­ման նպա­տակն ու հնա­րա­ւոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը հնա­գոյն աստ­ղա­գի­տու­թեան վրայ:

6) ԳՈՐԻՍԻ ՔԱՐԱՆՁԱՒՆԵՐ

­Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւը լի է ցնցող տե­սա­րան­նե­րով, ո­րոնց­մէ են նաեւ ­Գո­րի­սի ու Խն­ձո­րես­կի ձե­ռա­կերտ քա­րան­ձաւ­նե­րը: Այս կա­ցա­րան­նե­րը փո­րո­ւած են հին ժա­մա­նակ, լեռ­նե­րու լան­ջե­րուն խո­յա­ցող ժայ­ռե­րու մէջ՝ ծա­ռա­յե­լով իբ­րեւ բնա­կա­րան մին­չեւ 20րդ ­դա­րու կէ­սե­րը:

7) ՅՈՒՆՈՏԻ ԿԻՐՃ

Այս հե­քիա­թա­յին վայ­րը գրե­թէ ա­նի­րա­կան կը թուի: ­Ծո­ւա­րած ըլ­լա­լով ­Շու­շիի, Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին մայ­րա­քա­ղա­քի բար­ձունք­նե­րուն տակ՝ պա­զալ­թէ այս կազ­մա­ւո­րու­մը, կիրճն ու հո­սող գե­տը, իս­կա­պէս, բնա­կան հրաշք են: ­Սի­րո­ւած տե­ղե­րէն մէ­կը կը կո­չուի «զոն­թիկ», այ­սինքն` անձ­րե­ւա­նոց. քա­րան­ձա­ւի տա­նի­քը անձ­րե­ւա­նո­ցի պէս կը պատս­պա­րէ մար­դը վե­րէն թա­փող ջրվէ­ժէն:

8) ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃ

­Սա ­Կով­կա­սի խո­շո­րա­գոյն քաղց­րա­համ լիճն է, այն­քան մեծ, որ կ­՛ա­նո­ւա­նեն նաեւ «­Հա­յաս­տա­նի ծով»: Բ­նա­պահ­պա­նու­թեան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող այս լի­ճի ձու­կե­րէն է իշ­խա­նը: Ա­փե­րը բոյն դնե­լու վայր կը ծա­ռա­յեն բա­զում թռչնա­տե­սակ­նե­րու հա­մար: ­Թե­րակղ­զիին վրայ կան­գուն է 10րդ ­դա­րու ­Սե­ւա­նա­վան­քը:

9) ԳԱՆՁԱՍԱՐ

­Գոր­ծող այս վան­քի ա­նու­նը կը նշա­նա­կէ «գան­ձե­րու լեռ», քա­նի որ ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ հոս կը պա­հո­ւէին ­Սուրբ ­Յով­հան­նէս Մկր­տի­չի մա­սունք­նե­րը: ­Գու­ցէ եւ ճիշդ է: 1240ին Ար­ցա­խի լեռ­նե­րուն մէջ կա­ռու­ցո­ւած այս տա­ճա­րը ռմբա­կոծ­ման են­թար­կո­ւած է 1918ի Ան­կա­խու­թեան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն՝ մին­չեւ այ­սօր կրե­լով ա­տոր սպի­նե­րը: Չ­պայ­թած (բայց վնա­սա­զեր­ծո­ւած) ար­կը դեռ կը մնայ մխրճո­ւած վան­քի պա­տե­րէն մէ­կուն մէջ:

10) ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ

Այս կա­ռոյ­ցի հսկա­յա­կան չա­փե­րը դժո­ւար է նկա­րագրել, քա­նի դեռ մարդ իր աչ­քով չէ տե­սած: ­Բայց պատ­մու­թիւ­նը ի­մա­նա­լուն պէս ա­նոր վե­հա­շուք ծա­ւա­լը աս­տի­ճա­նա­բար կը սկսի ի­մաս­տա­ւո­րո­ւիլ: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հա­յե­րը կրցան ան­կախ պե­տու­թիւն հիմ­նել, որ ա­պա են­թար­կո­ւե­ցաւ թրքա­կան բա­նա­կի հարուած­նե­րուն: Օս­մա­նեան ­Թուր­քիան նպա­տակ դրած էր վերջ­նա­կա­նա­պէս ջախ­ջա­խել այն, որ տա­կա­ւին մնա­ցած էր ­Հա­յաս­տա­նէն, սա­կայն հա­յե­րը կրցան հա­ւա­քել սե­փա­կան ու­ժե­րու բե­կոր­ներն ու ­Սար­դա­րա­պա­տի դաշ­տին մէջ, թեր-զի­նո­ւած ու թեր-հա­մալրուած, կե­նաց-մա­հու կռիւ մղե­ցին թրքա­կան բա­նա­կին դէմ ու յաղ­թե­ցին: ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տա­մար­տին մէջ հա­յոց յաղ­թա­նա­կը ոչ միայն ապ­շե­ցու­ցիչ էր, այլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի՝ մին­չեւ այ­սօր գո­յու­թեան ե­րաշ­խի­քը:

«ԵՌԱԳՈՅՆ»