Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Թուրքիոյ նախագահին խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին կատարած յայտարարութիւններուն ցեղապաշտական բնութագրում կը տրուի, եթէ իր կողմէ մատնացոյց եղող Թուրքիոյ թշնամիներուն հետեւեալ դասակարգումը նկատի ունենաք.- «հայերը, սեռային փոքրամասնութիւնները եւ լրագրողները»:

Էրտողանի կատարած յայտարարութեան բառացի թարգմանութիւնը, սակայն, հետեւեալ անուանակարգը կ՛արձանագրէ Թուրքիոյ խռովութիւններուն պատճառ հանդիսացած խմբաւորումներուն.- «հայկական լոպին, միասեռականներն ու լրագրողները»:

Յայտարարութիւնները ունին անշուշտ իրենց հետեւողականութիւնը:

Ընտրարշաւին առիթով Թուրքիան տկարացնելու եւ մասնատելու ամբաստանութեամբ նոյն էրտողանը բացարձակ պատասխանատու նկատած էր արեւմտեան համաշխարհային լրատուամիջոցները: Հիմա արդէն աւելի ընտրական ազդեցիկութեան վրայ է կեդրոնացումը եւ յատկապէս նշուած գործօնները կ՛աղերսուին այս ձեւով ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան, որուն հովանաւորները կը նկատուին Թուրքիոյ խռովութեան պատճառ հանդիսացող երեք դասակարգումները:

Այստեղ երանգներ կան անշուշտ: Հայկական լոպին տարբեր հասկացողութիւն է, քան ընդհանրապէս հայերը: Հայկական լոպին Թուրքիայէն դուրս ապրող հայկական սփիւռքի քաղաքական բաժանմունքն է, որ հիմնականին մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ Թուրքիոյ ժխտողականութեան դէմ աշխատանք ծաւալած է: Հասցէագրումը ցեղային բնոյթէ աւելի քաղաքական հատուածի կը վերաբերի. այսուհանդերձ միտումը կը թուի որ ոչ թէ ցեղապաշտականութենէ խուսափումն է եւ հասցէի սահմանափակումը, այլ ընտրական հաշուարկը: Ի վերջոյ ազգութեամբ հայ Թուրքիոյ քաղաքացիները իրենց չափին մէջ ընտրարշաւային թիրախ են եւ առանց տարանջատումի ամբողջական լուացքը օգտակար չի կրնար դառնալ այս պահուն: Էրտողանի գլխաւորած կուսակցութեան ընտրացանկին մէջ ներառուած է նաեւ այդ տեսակէն, այդ ցեղէն թեկնածու մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ ինք եւս չի բաժներ հայկական լոպիին տարած աշխատանքները:

Երկրորդ դասակարգումը ուղղակի կը վերաբերի քաղաքացիական այն շարժումին, որ հետզհետէ հակաիշխանական համարձակ քայլեր կ՛առնէ: Հետեւողական տրամաբանութիւնը պահելու համար յետահայեաց մօտեցումը կը յիշեցնէ Թուրքիոյ տկարացման եւ մասնատման պատասխանատուները ճշդող յայտարարութիւնը: Արեւմտեան լրատուամիջոցները կը բարձրացնեն Կեզիի շարժման բողոքները: Ուրեմն երկրորդ դասակարգումը կը վերաբերի ուղղակի Կեզիի շարժման կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն, որոնք ի շարս այլ պահանջներու բարձրացուցած էին նաեւ սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:

Արեւմտեան լրատուամիջոցներու փաթեթին մէջ ներառուած է նաեւ «Տոշան մետիա» խումբը, որուն մաս կը կազմեն «Սի. Էն. Էն. թիւրք»ը, «Ռատիքալ»ն ու «Հիւրրիյէթ»ը:

Այս յայտարարութիւնը մտահոգած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որուն մամլոյ քարտուղարի պաշտօնակատար Մերի Հարֆ ըսած է.- «Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցին ազատ արտայայտուելու իրաւունքի պահպանման, եւ մենք մտահոգուած ենք Թուրքիոյ մէջ ազատ արտայայտուելու իրաւունքին իշխանութիւններու միջամտութեան դէպքերով»:

Դիւանագէտը ընդգծեց, որ իրենք միանշանակ կը քննադատեն Էրտողանի կողմէ հայերու, լրագրողներու եւ սեռային փոքրամասնութիւններուն հասցէին հնչեցուած մեղադրանքները:

«Անկախ լրատուամիջոցները որեւէ ժողովրդավարական հասարակութեան պարտադիր մասն են, եւ իբրեւ Թուրքիոյ դաշնակից` մենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք երաշխաւորելու ժողովրդավարական չափանիշներու կիրարկումը» - յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի պաշտօնակատարը:

Յայտարարութենէն այնպէս կը հասկցուի, որ Միացեալ Նահանգներու համար հիմնական մտահոգութիւնը կը վերաբերի արեւմտեան լրատուամիջոցներուն` «Նիւ Եորք Թայմզ»ին, «Սի. Էն. Էն.» ին եւ «Պի. Պի. Սի.»ին:

Վերադառնանք Էրտողանի յայտարարութիւններու համեմատականութեան: Էրտողան այսպիսով կ՛ընդունի, որ Թուրքիան տկարացնելու եւ մասնատելու վտանգին մէջ հայկական լոպին ազդեցիկ դեր ունի:

Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»