Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Հ.Հ. Ազ­գա­յին Վի­ճա­կագ­րա­կան Ծա­ռա­յու­թեան տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ծնե­լիու­թեան գու­մա­րա­յին գոր­ծա­կի­ցի ցու­ցա­նի­շը մէկ կնոջ հա­շո­ւով կը կազ­մէ 1,5 ե­րե­խայ: Մինչ­դեռ մեր երկ­րի բնակ­չու­թեան պարզ վե­րար­տադ­րու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է, որ այդ գոր­ծա­կի­ցը ըլ­լայ 2,1:

Հա­յաս­տա­նի մէջ կը նկա­տո­ւի բնակ­չու­թեան ծե­րաց­ման մի­տում: Վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին Հ.Հ.ի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած է ծնե­լիու­թեան կրկնա­կի եւ բնա­կան ա­ճի քա­ռա­կի նո­ւա­զում` 2010ին ար­ձա­նագ­րո­ւած է 44.737 ծնունդ, 2011ին՝ 43.297, 2012ին՝ 42.832, 2013ին՝ 41.904, հե­տե­ւա­բար ծնե­լիու­թեան բարձ­րաց­ման խնդի­րը Հա­յաս­տա­նի հա­մար ու­նի ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն:

Հա­յաս­տա­նի նման եր­կիր­նե­րու հա­մար, ո­րոնք ու­նին փոք­րա­թիւ բնակ­չու­թիւն, վե­րար­տադ­րո­ղա­կա­նու­թեան ցած ցու­ցա­նի­շը իս­կա­պէս մտա­հո­գիչ խնդիր է, որ ուղ­ղա­կիօ­րէն կ’առն­չո­ւի մեր երկ­րի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հետ: Հայ կի­նը, հայ մայ­րը պէտք է յստակ գի­տակ­ցի, որ ազ­գի ա­պա­գան միշտ ալ իր ձեռ­քե­րուն մէջ է: Ե­թէ այ­սօր ի­րենք կը մտա­ծեն միայն մանր-մունր բա­նե­րու մա­սին, վա­ղը ի­րենք պի­տի դառ­նան այդ ճղճի­մու­թեան զո­հը:

Կար­ծիք­ներ կան, որ քիչ ե­րե­խա­ներ ու­նե­նա­լը կա­պո­ւած է ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րու եւ ար­տա­գաղ­թի հետ, սա­կայն վստահ եմ, որ ըն­կե­րա­յին ո­րե­ւէ վատ պայ­ման, պե­տու­թեան կող­մէն ո­րե­ւէ խրար­խու­սում չի կրնար հա­մե­մա­տո­ւիլ մայր դառ­նա­լու ցան­կու­թեան հետ: Ան կը տրո­ւի ի վե­րուստ եւ չի կրնար խլո­ւիլ ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցու­մով եւ պատ­ճա­ռով:

Ե­թէ փորփ­րենք մեր ոչ-այդ­քան վաղ ան­ցեա­լը, յի­շե­լով մեր պա­պիկ-տա­տիկ­նե­րը, կը հասկ­նանք, որ մեր մէջ կան ո­րոշ ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնք բնա­կան չեն, ո­րոնք դէմ են մեր հա­յու տե­սա­կին, ո­րոնք դէմ են մայր ըլ­լա­լու բնու­թեան:

Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն եւ ան­կէ ետք, հօ­րա­կան տա­տիկս լոյս աշ­խարհ բե­րած է 11 ե­րե­խայ, ա­նոր դուստ­րը՝ հօրս մայ­րը՝ 5 ե­րե­խայ, մեր տան մէջ մեծ­ցած են 3ը, իսկ այ­սօր՝ ես…

Երկ­րորրդ Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն՝ ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րը, մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մե­մատ, քա­նի մը ան­գամ ա­ւե­լի վատ էին, քան հի­մա: Չ­ման­րա­նամ եւ չպատ­մեմ այժ­մեան բազ­մա­թիւ պա­րա­գա­նե­րու մա­սին, ո­րոնք կը հեշ­տաց­նեն ե­րե­խա­յի խնամ­քը: Բայց այդ, դժո­ւա­րին տա­րի­նե­րուն տա­տիկս լոյս աշ­խարհ բե­րած է 11 ե­րե­խայ…

Չեմ գի­տեր իս­կա­պէս ի՞նչ փո­խո­ւած է, բայց մէկ բան հաս­տատ այն չէ, սուտ ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ո­րոնք կա­նանց յետ կը մղեն շատ ե­րե­խա­ներ ու­նե­նա­լէ, մեր ազ­գի շա­հե­րէն չեն բխիր:

Մե­ղադ­րել կա­ռա­վա­րու­թի՞ւ­նը ըն­կե­րա­յին վատ պայ­ման­նե­րու հա­մար.- այդ ալ ար­դա­րա­ցում չէ։ Ա­նա­պա­հով ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ ա­ւե­լի շատ ե­րե­խա­ներ կը ծնին, քան ո­րոշ չա­փով ա­պա­հո­վո­ւած յար­կի տակ: Կան շատ կա­նայք, ո­րոնք պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով մութ ու ցուրտ տա­րի­նե­րը՝ մէկ կամ լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին եր­կու ե­րե­խայ ու­նե­ցած են եւ այ­սօր կ’ափ­սո­սան կորսն­ցու­ցած բազ­մա­թիւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ ժա­մա­նա­կի հա­մար:

Տես­նե­լով այդ կա­նանց, զրու­ցե­լով ա­նոնց հետ՝ կը հասկ­նամ, որ նոյն սխա­լը կը շա­րու­նա­կո­ւի, հի­մա ալ մե­ղադ­րանք­ներ յղե­լով իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն:

Պէտք է պահ մը կանգ առ­նել ու հա­մե­մա­տել այդ ան­հասկ­նա­լի բազ­մա­թիւ ե­րե­ւոյթ­նե­րը՝ ե­րե­խա­յի ծնուն­դին հետ: Ա­նոնք ան­հա­մե­մա­տե­լի ե­րե­ւոյթ­ներ են, բայց հա­ւա­նա­բար անհ­րա­ժեշտ են հասկ­նա­լու հա­մար: Ե­րե­խան իր գո­յու­թեամբ կը յաղ­թա­հա­րէ մնա­ցած ե­րե­ւոյթ­նե­րը: Եւ կը ստա­ցո­ւի այն­պէս, որ այ­սօր մենք չենք ցան­կար ըլ­լալ մայր, հայր, չենք ցան­կար իւ­րա­քան­չիւր փոք­րի­կի հետ նո­րո­վի ապ­րիլ ծնող ըլ­լա­լու բերկ­րան­քը:

Եւ այ­սօր, ո­րե­ւէ ըն­տա­նիք պէտք է իր վրայ վերց­նէ վա­ղո­ւայ օ­րո­ւան պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը՝ յստակ գի­տակ­ցե­լով, որ հայ­րե­նի­քը իս­կա­պէս վտան­գի մէջ է եւ ա­նոր ա­պա­գան կա­խո­ւած է մեզ­մէ: Ե­թէ մենք շատ ե­րե­խա­ներ ու­նե­նանք` մեր ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը ա­ւելց­նե­լով կը հաս­նինք ա­նոր, որ բո­լո­րը մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով մե­զի հետ հա­շո­ւի կը նստին…

Յ.Գ. - Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ կա­նայք ա­ւե­լի շատ ե­րե­խա­ներ կ’ու­նե­նա­յին, քան թուր­քե­րու եւ քիւր­տե­րու քա­նի մը կի­նե­րը միա­սին… Փառք ու պա­տիւ այն կա­նանց, ո­րոնք վեր են մանր-մունր նկա­տա­ռում­նե­րէ…

Ա­րու­սեակ Սի­մո­նեան - «Ե­ռա­գոյն»