Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Եւ­րա­սիոյ ժա­մա­նա­կա­կից տա­րած­քի բո­լոր հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն, բա­ցա­ռու­թեամբ ­Սար­տի­նիոյ եւ ­Սի­սի­լիոյ բնա­կիչ­նե­րուն, կեն­սա­բա­նա­կան նախ­նին ե­ղած է Ք.ա. 4­րդ ­հա­զա­րա­մեա­կի վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն մին­չեւ 2­րդ ­հա­ զա­րա­մեա­կի վեր­ջը ապ­րած մար­դը: Իսկ իր ծննդա­բա­նա­կան նկա­րա­գի­րով՝ ­Ժա­մա­նա­կա­կից հայ մար­դը ա­մե­նա­մօտն է մեր ընդ­հա­նուր նախ­նիին:

«Ար­մէնփ­րես»­ի փո­խանց­մամբ՝ ­Յու­նիս 5­ին լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ այս մա­սին յայ­տա­րա­րած են Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն, պատմ. գիտ. դոկ­տոր ­Պա­ւել Ա­ւե­տի­սեա­ն եւ ­Մասն­կա­յին (molecular) կեն­սա­բա­նու­թեան հիմ­նար­կի էթ­նոծնն­դա­կան տար­րա­լու­ծա­րա­նի վա­րիչ, պատմ. գիտ. դոկ­տոր, պրո­ֆէ­սոր ­Լե­ւոն Ե­պիս­կո­պո­սեա­ն՝ ներ­կա­յաց­նե­լով ­Քո­փեն­հա­կըն հա­մալ­սա­րա­նի կեդ­րո­նին հետ հա­մա­տեղ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած հե­տա­զօ­տու­թեան ար­դիւնք­նե­րը:

­Հե­տա­զօ­տու­թեան հա­մար տար­րա­լու­ծա­կան քննու­թեան են­թար­կո­ւած է 101 հնա­գոյն DNTնե­րու նմոյշ` բե­րո­ւած Եւ­րա­սիա­յի տար­բեր շրջան­նե­րէ՝ ­Դա­նիա­յէն, Էս­թո­նիա­յէն, ­Չե­խիա­յէն, ­Գեր­մա­նիա­յէն, ­Հուն­կա­րիա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, ­Ղա­զախս­տա­նէն, ­Լիթ­վա­յէն, ­Չեռ­նո­գո­րիա­յէն, ­Լե­հա­սա­տա­նէն, ­Ռո­սիա­յէն եւ ­Զո­ւի­ցե­րիա­յէն: Ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ տեղ գտած են ­Հա­յաս­տա­նի պրոնզ­-եր­կա­թի դա­րե­րու տար­բեր հնա­վայ­րե­րու մէջ պե­ղո­ւած մար­դոց DNT­ի 8 նմոյշ:

«­Կով­կա­սում եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տա­րածք­նե­րում հա­ւա­քած նիւ­թե­րի DNTնե­րի մէջ այ­սօ­րո­ւայ հայ մար­դու եւ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քից յայտ­նա­բե­րո­ւած մար­դա­բա­նա­կան մնա­ցորդ­նե­րի DNT ցու­ցա­նիշ­ներն ա­մե­նա­մօտն են ի­րար: ­Սա ժա­ռան­գա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան մա­սին վկա­յող բա­ցա­ռիկ տո­ւեալ է»,­- պար­զա­բա­նած է ­Պա­ւել Ա­ւե­տի­սեա­ն:

«­Մեզ հա­մար յու­զիչ, դրա­կան պա­տաս­խան ենք ստա­ցել: ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան այ­սօ­րո­ւայ տա­րած­քում գտնո­ւող պրոն­զէ դա­րի նիւ­թերն ու­նեն այն­պի­սի գե­նե­տի­կա­կան պատ­կեր, որն այ­սօ­րո­ւայ հայ մար­դու գե­նե­տիկ պատ­կե­րից գրե­թէ չի տար­բեր­ւում, ին­չը վկա­յում է, որ այս տա­րած­քում ա­նընդ­հատ բնա­կո­ւել է ժո­ղո­վուրդ»,-­ իր հեր­թին ընդգ­ծած է փրո­ֆե­սոր ­Լե­ւոն Ե­պիս­կո­պո­սեա­ն՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ա­սի­կա աշ­խա­տանք­նե­րու սկիզբն է:

Անդ­րա­նա­դառ­նա­լով այն հար­ցին, թէ ար­դեօք ժա­մա­նա­կա­կից ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին ձեռք բե­րո­ւած նմուշ­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը կա­րե­լի՞ է վե­րագ­րել նաեւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նին եւ ­Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հին, հնա­գէտ ­Պա­ւել Ա­ւե­տի­սեա­ն բա­ցատ­րեց. «Այն նիւ­թե­րը, որ ձեռք են բե­րո­ւել ժա­մա­նա­կա­կից ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քի հնա­գի­տա­կան յու­շար­ձան­նե­րից՝ ո­րո­շա­կի մշա­կոյթ­ներ ներ­կա­յաց­նող հնա­վայ­րեր են, ո­րոնք ու­նեն տա­րած­ման ա­րեալ, ո­րը տա­րա­ծո­ւել է ­Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի՝ժա­մա­նա­կա­կից ­Հա­յաս­տա­նից դուրս ըն­կած տա­րածք­նե­րում: Ե­թէ մենք ո­րե­ւէ բան պե­ղում ենք ­Կա­պա­նում եւ այդ նիւ­թե­րը տրա­մադ­րում ու­սում­նա­սի­րու­թեան, մենք, ըստ էու­թեան, ստա­նում ենք պատ­կեր նաեւ առ­հա­սա­րակ այդ մշա­կոյթ­նե­րի տա­րած­ման ա­րեա­լի մա­սին:

«Իսկ ժա­մա­նա­կա­կից հայ մար­դու եւ Ք.ա. 4­րդ ­հա­զա­րա­մեա­կի մար­դու ժա­ռան­գա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է նրա­նով, որ տե­ղի բնակ­չու­թիւ­նը իր կրօ­նի, ազ­գա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րի շնոր­հիւ մե­կու­սա­ցո­ւած է ե­ղել եւ զան­գո­ւա­ծա­բար չի ձու­լո­ւել այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րի հետ, ին­չը ֆե­նո­մե­նալ (բա­ցա­ռիկ) ե­րե­ւոյթ է»: