Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Թր­քա­կան Radikal պար­բե­րա­կա­նի թղթա­կից, պատ­մա­բան Այ­շէ ­Հիւր կը ներ­կա­յաց­նէ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի որ­դե­գիր դուստր ­Սա­պի­հա ­Կէոք­չե­նի ի­րա­կան պատ­մու­թիւ­նը: ­Հիւ­ր կը նշէ, որ 1990ա­կան­նե­րուն ­Սա­պի­հա ­Կէոք­չե­նը, հար­ցազ­րոյց մը տո­ւած է Օք­թայ ­Վե­րե­լին՝ յայ­տա­րա­րով, թէ իր հայ­րը ­Հա­ֆըզ ­Մուս­թա­ֆա Իզ­զեթն է, ո­րուն ե­րիտ­թուրք ըլ­լա­լուն պատ­րո­ւա­կով Ապ­տուլ­հա­մի­տը Է­տիր­նէէն ­Պուր­սա աք­սո­րած էր:

Ըստ ­Կէոք­չե­նի պատ­մա­ծին` ան ման­կու­թեան կորսն­ցու­ցած է իր ծնող­նե­րը եւ ապ­րած է ա­ւագ եղ­բօր հետ: 12 տա­րե­կա­նին հան­դի­պած է Ա­թա­թուր­քին, որ այդ շրջա­նին ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս կ­՛ապ­րէր ­Պուր­սա­յի Հան­րա­պե­տա­կան պա­լա­տին մէջ: ­Սա­պի­հա ա­նոր պատ­մած է իր ու­սա­նե­լու ծգտու­մին մա­սին, իսկ Ա­թա­թուր­ք ա­ռա­ջար­կած է ա­նոր դուստ­րը դառ­նալ եւ ա­նոր միւս դստեր հետ յա­ճա­խել դպրոց: Այ­նու­հե­տեւ նաեւ աղջ­կայ ա­ւագ եղ­բօր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լով՝ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լ աղջկան իր հետ Ան­գա­րա տա­րած է: 1934ին, երբ ըն­դու­նո­ւած է ազ­գա­նուն­նե­րու մա­սին օ­րէն­քը, Ա­թա­թուր­ք ­Սա­պի­հա­յի «­Կէոք­չեն» ազ­գա­նու­նը տո­ւած է:

Իսկ 2004 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւա­րին  ­Թուր­քիոյ հայ­կա­կան «Ա­կօս» թեր­թին մէջ լոյս տե­սած եւ Հ­րանդ ­Տին­քի հե­ղի­նա­կած «­Սա­պի­հա ­Խա­թու­նի գաղտ­նի­քը» յօ­դո­ւա­ծին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի Հ­ռիփ­սի­մէ ­Սե­բել­ջեան–­Գա­զա­լեա­նի վկա­յու­թիւն­նե­րը այն մա­սին, որ ­Սա­պի­հա ­Կէոք­չե­ն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ­Խա­թուն ­Սե­բել­ջեանն է, ո­րուն ­Պուր­սա­յի ման­կա­տու­նէն որ­դեգրած է Ա­թա­թուր­ք:

Որ­պէս ­Խա­թու­նի մօ­րա­քոյր ներ­կա­յա­ցած Հ­ռիփ­սի­մէի, ինչ­պէս նաեւ ­Սե­բել­ջեան ըն­տա­նի­քի` Ա.Մ.Ն.ի, ­Գա­նա­տա­յի եւ ­Լի­բա­նա­նի մէջ ապ­րող հա­րա­զատ­նե­րուն վկա­յու­թեանց հա­մա­ձայն` Ա­րեւմտեան ­Հա­յաս­տա­նի Այն­թապ (Antep) քա­ղա­քին մէջ բնա­կող ­Սե­բել­ջեան ըն­տա­նի­քը 1915ին  հար­կադրուած ե­ղած է գաղ­թելու դէ­պի ­Հա­լէպ, իսկ դուստ­րե­րը` 6 տա­րե­կան ­Տի­րու­հին եւ 2 տա­րե­կան ­Խա­թու­նը, յանձ­նած են ման­կա­տան` ա­նոնց անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար:

1918ի ­Հոկ­տեմ­բեր 30-ի ­Մուտ­րո­սի զի­նա­դա­դա­րէն ետք Այն­թապ վե­րա­դար­ձած ­Սե­բել­ջեան­նե­րը ան­մի­ջա­պէս այ­ցե­լած են ման­կա­տուն, սա­կայն ­Խա­թու­նը այ­լեւս այն­տեղ չեն գտած:

Հ­ռիփ­սի­մէի վկա­յու­թեամբ` ­Խա­թու­նը որ­դեգ­րո­ւած է Ա­թա­թուր­քի կող­մէ, որ ե­րե­խա­ներ չէ ու­նե­ցած: Ան այդ շրջա­նին այ­ցե­լած է ­Պուր­սա­յի ա­մե­րի­կեան ման­կա­տուն, հաւ­նած եւ որ­դեգ­րած է փոք­րիկ ­Խա­թու­նը: Աղ­ջի­կը սկիզ­բը ապ­րած է Ա­թա­թուր­քի մօր` տի­կին ­Զու­պէյ­տա­յի մօտ, ­Պուր­սա­յի մէջ, իսկ ա­նոր մա­հէն ետք 1925ին Ա­թա­թուր­ք զայն Ան­գա­րա տե­ղա­փո­խած է: