Երկու օրէն պիտի ընտրենք Յունահայոց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նոր կազմը։
Մեր քուէներով ժողովրդային վստահութեան ու լիազօրութեան պիտի արժանացնենք, Թեմի ազգային իշխանութեանց ժո
ղովական ու վարչական կեանքին մէջ, մեզ ներկայացնող ազգային երեսփոխանները։
Յունիս 7ի Կիրակի օրը, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7, Յունաստանի ամբողջ տարածքին, հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներուն առջեւ բաց պիտի ըլլան հայաբնակ թաղերու մէջ ճշդուած ընտրական կեդրոնները։ Իւրաքանչիւր ազգային արդէն ծանօթ է իր թաղամասի թեկնածուներուն եւ, քուէատուփ ներկայանալով, ի վիճակի է իր նախասիրած ազգայինները լիազօրել, որպէսզի զինք ներկայացնեն ազգային իշխանութեանց ղեկավարման մէջ։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը յունահայ գաղութի այն բարձրագոյն ժողովն է, որ թեմի բոլոր ազգայիններու վստահութեան քուէով՝ կը ստանձնէ ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ազգային իշխանութեանց ժողովներուն եւ մարմիններուն բազմաճիւղ գործունէութեան։ Ազգային Առաջնորդարանն ու անոր յարակից Խորհուրդները (Ուսումնական, Տնտեսական, Կալուածոց եւայլն), Թեմի եկեղեցիներն ու ազգային վարժարանները, Թաղային Խորհուրդներն ու Տիկնանց Մարմինները, բոլորն ալ կը վերահսկուին Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ, անոր կեանքի կոչած Ազգային Վարչութեան միջոցաւ։ Յունիս 7ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընտրութեան մեր մասնակցութիւնը բերելով, հետեւաբար, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, տէ՛ր կանգնած կ’ըլլանք ազգային իշխանութեանց գործունէութիւնը անհրաժեշտ հունով յառաջ մղելու ազգայինի մեր իրաւունքին՝ պատասխանատուութեան եւ պարտաւորութեան միաժամանակ։
Մասնակցելով՝ ո՛ւժ կու տանք մեր քուէին։
Քուէարկելով՝ լսելի կը դարձնենք մեր ձայնը։