Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գ. եւ վերջ

Այ­սօր՝ ազգ, գա­ղութ, կա­ռոյց­ներ, ե­կե­ղե­ցի ի­մաստ­նե­րը փո­խո­ւած են. ժո­ղո­վուր­դին մօ­տե­ցումն ալ փո­խո­ւած է այս ի­մաստ­նե­րուն հան­դէպ, ինչ­պէս փոխուած է հա­յու, յու­նա­հա­յու ըմբռ­նու­մը հայ կեան­քի եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­սա­րա­կաց կեան­քին հան­դէպ։ ­­Փո­խո­ւած է նաեւ՝ մար­դոց փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հան­դէպ, փոխ-կա­պո­ւա­ծու­թեան մղու­մը։

Այ­սօր՝ մենք ի՞նչ տե­սակ յու­նա­հայ գա­ղութ կ­’ու­զենք։ Այս գա­ղու­թը ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար ի՞նչ տե­սակ Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­­Ժո­ղով, ի՞նչ տե­սակ Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ կ­’ու­զենք։ ­­Մենք, ի՞նչ կ­’ը­նենք այս բո­լո­րի յա­ջո­ղու­թեան, գա­ղու­թի մտա­պատ­կե­րի յա­րա­տե­ւու­թեան հա­մար։ Ո­րե­ւէ հար­ցի շուրջ կա­րե­ւոր բան մը ու­նի՞նք ը­սե­լիք, ը­նե­լիք։ ­­Լա­ւա­տես մտա­ծում­ներն ու մտայ­ղա­ցում­նե­րը լա­ւա­տես մա­կար­դա­կէն ա­ւե­լի ան­դին տա­նե­լու զօ­րա­շար­ժը անհ­րա­ժեշտ է։ ­­Բայց ոչ կոյր, ա­մուլ ու ա­նար­դիւնք զօ­րա­շարժ­ներ, այլ՝ ազ­գա­յին ու նպա­տա­կա­կէ­տա­յին թի­րախ­նե­րով, նպա­տա­կաս­լաց գրա­ւով, գա­ղա­փա­րա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան մտա­տի­պար­նե­րով։

­­Կը դի­տեմ, կը լսեմ, որ յա­ճախ կը խօ­սինք ան­ցեա­լի լե­զո­ւով ու ո­ճով մեր ներ­կա­յին մէջ։

­­Ճիշդ է, որ մեր կեան­քը յա­ճախ մեր դէմ կը ցցո­ւի ա­ւան­դա­կան փրո­թո­քոլ­նե­րու կաշ­կան­դիչ ո­ճով։ Ես ի՜նչ ը­նեմ այն կեան­քը, որ միայն փրո­թո­քոլ­նե­րէ կը կաշ­կա­նդու­ի եւ կեան­քի ի­րա­կա­նու­թեան տիտ­ղոս­նե­րը ու­րիշ, տար­բեր խա­ղի կա­նոն­նե­րուն վրայ կը հիմ­նո­ւին, մեր ա­ռօրեայ զգա­ցա­կան ո­րա­կը խնդրոյ ա­ռար­կայ դարձ­նե­լով։

­­Կը յու­սամ, լաւ կը հասկ­ցո­ւին իմ խօս­քերս եւ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ չեն յա­րու­ցեր, երբ հա­մո­զո­ւա­ծօ­րէն կ­’ը­սեմ, թէ քա­ղա­քա­կան բո­լոր ընտ­րանք­նե­րը միշտ ալ լա­ւա­գոյն­նե­րը չեն ե­ղած, յա­ճախ մեծ թէ փոքր բա­նե­րու հա­մար պա­ռակ­տե­լով մեր ազ­գը, ինչ­պէս նաեւ մեր գա­ղու­թը։

Այս ի­մաս­տով ալ, մեր կեան­քը պէտք է հիմ­նո­ւի մեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ի­րա­պաշ­տօ­րէն պատ­կե­րող գործ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու վրայ։ Այս մէ­կը շատ ճիգ ու աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջէ, ա­ռանց ա­ղա­ւա­ղող ու ա­ղա­ւա­ղո­ւող մտա­ծում­նե­րու յո­խոր­տա­ցող ճար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րու, ան­հա­տա­կան պահ­պա­նո­ղա­կան զգու­շա­ցում­նե­րու եւ մա­սամբ նո­րին։ ­­Պար­զօ­րէն՝ յա­ւե­լեալ ազ­նո­ւու­թեամբ ու պատ­կե­րա­ցու­մով եւ հին ժան­գե­րը թօ­թա­փե­լով մեր վրա­յէն։

Ախ­տա­ճա­նա­չում մը ը­նենք։ ­­Մեզ շան­թա­հա­րող ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը քա­նի մը տա­րին ան­գամ մը դի­մա­գիծ կը փո­խեն, դի­մա­գի­ծը ա­ղա­ւա­ղե­լով իր ա­ղա­ւա­ղու­մի են­թա­կայ նկա­տա­ռե­լի կամ ոչ հե­տե­ւանք­նե­րով։ Այդ ա­ղա­ւա­ղում­նե­րուն դժբախ­տա­բար անհ­րա­ժեշտ կա­րե­ւո­րու­թիւն եւ ու­շադ­րու­թիւն չենք դարձ­ներ այ­լեւս, քա­նի մար­դիկ յա­ճախ զոհ կը դառ­նան ինք­նա­հա­ւան մեր­ժում­նե­րու, ինք­նա­մեր­ժում­նե­րու՝ ի­րենց ան­հա­տա­կան թէ ազ­գա­յին պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն տար­բեր գնա­հա­տում տա­լու չկազ­մա­ւո­րո­ւած մտա­սե­ւե­ռում­նե­րով։

­­Բայց մեր կեան­քը մեր ճա­կա­տա­գիրն է եւ մեր ճա­կա­տա­գի­րը ազ­գին ճա­կա­տագ­րին հետ նոյ­նա­ցած ու հա­մա­պա­տաս­խա­նե­ցո­ւած է։

Աս­կէ կը ծնի հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած ներ­քին տագ­նապ­նե­րուն սահ­մա­նա­փակ թէ ընդ­լայ­նո­ւած, կամ տար­բեր հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու չձե­ւա­ւորուած տագ­նա­պը։ ­­Բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն՝ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը իբ­րեւ սկզբունք չի նո­ւա­զիր եւ չի նո­ւա­զեց­ներ իր ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան չա­փա­նի­շը մեր գա­ղու­թա­յին ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րէն։

­­Մին­չեւ այ­սօր մեր կեան­քը ղե­կա­վա­րած ինք­նա­վարժ կա­նոն­նե­րը անհ­րա­ժեշ­տա­բար պէտք է վե­րա­սահ­մա­նո­ւին նոր մտայ­նու­թեամբ ու նոր մտայ­ղա­ցու­մով։ ­­Հի­նը եւ նո­րը, նո­րը եւ հի­նը՝ հի­նէն միշտ ալ մեր հե­տապն­դածն ու ակն­կա­լա­ծը չ­’ըլ­լար ան­պայ­ման, քա­նի ազ­գա­յին բնոյ­թի ու նկա­րագ­րի հո­լո­վոյ­թը իր ժա­մա­նա­կին մէջ կրնայ բաղ­դա­տա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ ներ­կա­յաց­նել, բայց տաս­նա­մեակ­նե­րու մա­շող ու մա­շեց­նող ժա­մա­նա­կին մէջ կրնայ ծա­ւալ, քա­նակ, ո­րակ փո­խել եւ կորսնց­նել իր ո­րա­կա­յին կշի­ռը։

Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան օ­րե­րէն խնդրա­յա­րոյց ա­մի­րա­նե­րէն սկսած մին­չեւ ռա­միկ դա­սա­կար­գի մար­դիկ, ո­րոնք ազ­գա­յին պաշ­տօն­նե­րու տի­րա­ցած են, շատ յա­ճախ սխալ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են բարձր պաշ­տօն­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան ու ա­նոր կի­րարկ­ման շուրջ։ ­­Բարձր պաշ­տօն­նե­րը միշտ ալ վնա­սուց փոխ-հա­տու­ցում չեն ըն­ձե­ռեր մեր կեան­քին եւ ա­նոր դե­րա­կա­տար մար­դոց։

Ա­տե­նօք, ո՛վ որ լաւ քրիս­տո­նեայ չէր, բայց լաւ քա­ղա­քա­ցի էր, լաւ համ­բա­ւի մարդ չէր հա­մա­րո­ւեր ան­պայ­ման։ Այս մա­սին հմուտ աս­տո­ւա­ծա­բան­նե­րը ան­բար­դոյթ ու ա­նա­չառ յստա­կա­ցում­ներ կա­տա­րե­լու հար­կադ­րան­քին տակ կը գտնո­ւին, այս եր­կընտ­րող զա­նա­զա­նու­թիւ­նը չվստա­հե­լով միայն մո­լե­ռանդ քրիս­տո­նեա­նե­րուն, կամ ան­մո­լե­ռանդ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։ Այս հար­ցա­կան­նե­րը մեզ դէմ յան­դի­ման կը բե­րեն ար­ժէք­նե­րու նոր հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նին։

Ի դէպ, վե­րա­դառ­նանք դէ­պի ներ­կայ։

Ո­մանց հապ­ճեպ ու անմ­խի­թար հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու յե­ղա­փո­խա­կա­նու­թիւ­նը շա­տե­րու թե­թե­ւա­միտ ձանձ­րոյթ կը պատ­ճա­ռէ, ինչ­պէս այ­լոց ալ՝ յա­ճախ խառ­նաշ­փոթ ա­ռօ­րեայ կեան­քը։

­­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցած հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ կ­’ապ­րին, կամ ալ՝ ի հար­կին, նոր ա­ռաս­պել­ներ կը ստեղ­ծեն։ ­­Մեր պատ­մու­թիւ­նը սա­կայն, ա­ռաս­պել չէ՛։ Ո՞ր մէ­կը ընտ­րենք մեր ապ­րած ի­րա­կա­նու­թե­նէն։ Ինչ­պէ՞ս մտնել սպի­տա­կի ու սե­ւի երկ­բե­ւեռ տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ։ ­­Գի­տե՞նք, թէ հի­մա բե­ւեռ­ներ կան, որ այս­պէս կամ այն­պէս, կը պար­տադ­րեն, կը պար­տադ­րո­ւին, կ­’ըն­դու­նո­ւին կամ չեն ըն­դու­նո­ւիր։

­­Մեր գա­ղու­թը ինք­նու­թեան ու ա­նոր բնո­րո­շու­մի հա­րուստ ա­ւան­դու­թիւն ու ան­ցեալ ու­նի։ ­­Մեր ա­ւան­դու­թիւ­նը նաեւ խիղ­ճի, յար­գան­քի, ա­պա նաեւ ինք­նա­յար­գան­քի վրայ հիմ­նո­ւած է։ Ա­ւան­դու­թիւ­նը փոքր տա­րի­քէն կը դա­սա­ւանդուի, պատ­մու­թեան հետ զու­գա­հեռ։

Ո՞վ կրնայ սա­կայն ա­ներկ­բա­յօ­րէն հաս­տա­տել, թէ մեր ա­պա­գան փայ­լուն, կամ՝ ա­ւե­լի՛ փայ­լուն պի­տի ըլ­լայ։ ­­Քա­նի՞ հո­գի հա­կա­ռա­կին հա­մար կը դի­մադ­րէ։ ­­Քա­նի՞ հո­գի իր ազ­գա­յին հիաս­թա­փու­թիւն­նե­րը իր մէջ կը պա­հէ, կամ կը դրսե­ւո­րէ։ ­­Ճիշդ տես­նել, ճիշդ լսել գի­տե՞նք։ ­­Կը տես­նե՞նք մտքով։ ­­Կը լսե՞նք խղճով։ ­­Մեր շուրջ թի­ւե­րը կը բար­գա­ւա­ճին, բայց ո՛չ մար­դի­կը։

­­Միայն մէկ ճա­նա­պար­հի տա­րազ որ­դեգ­րե­լը սխալ է. առ­նո­ւազն ճիշդ չէ։

Ա­մէն մարդ կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նի, բայց բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած ըլ­լա­լը բո­լո­րին տրո­ւած չէ, որ­քան ալ կա­րո­ղու­թեան ի­մաս­տը շփոթ­ներ ստեղ­ծէ իր գի­տակ­ցա­կան թէ ա­ռար­կա­յա­կան գնա­հա­տում­նե­րուն ու չա­փա­նիշ­նե­րուն մի­ջեւ։

­­Յու­նա­հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը մեր բո­լո­րիս պատ­մու­թիւնն է, որ ան­ցեա­լին ապ­րե­ցանք՝ ու­րի՜շ, ներ­կա­յիս ալ՝ բո­լո­րո­վին ու­րի՜շ մի­ջա­վայ­րի մէջ։

Ի՛նչ ալ ըլ­լայ, մեր ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­ցիա­կան մշա­կոյ­թը ձե­ւա­ւո­րե­ցինք այս հիւ­րըն­կալ երկ­րորդ հայ­րե­նի­քի հո­ղի, ջու­րի, զար­գա­ցող մտայ­նու­թեան հո­լո­վոյթ­նե­րու կեան­քի ա­մէ­նօ­րեայ կա­նոն­նե­րուն եւ կա­նոն­նե­րէն բխող պա­հանջ­նե­րուն հի­մամբ, ի­րար ամ­բող­ջաց­նող շրջա­պա­տի մը մէջ։ Ա­ւե­լին, վար­ժուե­ցանք հա­մա­կեր­պիլ այս բո­լո­րին։

­­Մարդս իր կեան­քին ըն­թաց­քին մնա­յուն կա­պի մէջ է իր ազ­գը ի­րար կա­պող ա­մուր օ­ղակ­նե­րուն հետ։ Ինչ­պէս մենք՝ յու­նա­հա­յերս մեր օ­ղակ­նե­րով՝ դպրոց, թերթ, ա­կումբ, ե­կե­ղե­ցի։

­­Մենք հա­սուն­ցանք այս կեան­քին հետ եւ ­­Թե­մա­կան՝ այժմ Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղով­նե­րուն կեան­քը հա­սուն­ցաւ մեզ հետ, ե­թէ ար­տօ­նե­լի է նման ար­տա­յայ­տու­թիւն մը։ ­­Պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր կեան­քը նոր ձե­ւա­ւո­րո­ւած ազ­գա­յին տա­րազ­նե­րով՝ ­­Հա­յաս­տա­նեայց ա­ռա­քե­լա­կան սուրբ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւատ­քին, դա­ւա­նան­քա­յին, պաշ­տա­մուն­քա­յին, ծի­սա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նոն­նե­րով, ազ­գա­յին մեր մե­քե­նա­յին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հրա­մա­յա­կա­նով։

20րդ ­դա­րու հա­յու­թիւնն ու հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րը տար­բեր էին 21րդ ­դա­րէ։ 19րդ­ եւ 20րդ ­դա­րե­րուն ան­կախ հայ­րե­նիք ստեղ­ծե­լու հե­ռան­կա­րա­յին տես­լա­կա­նով ապ­րե­ցանք։ 21րդ ­դա­րուն այդ մէ­կը ար­դէն ի­րա­կա­նու­թիւն է։ ­­Հի­մա այդ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կը հա­մա­կէ ներ­սի թէ դուր­սի բո­լոր հա­յե­րը, մա­նա­ւանդ որ ներ­սին­ներն ալ «դրսե­ցի» դար­ձան։ Ա­նոնք կ­’ապ­րին նաեւ ­­Յու­նաս­տան եւ ա­նոնց­մէ մաս մը այ­սու­հե­տեւ մեզ հետ, մե­զի պէս պի­տի ապ­րին մեր գա­ղու­թի տաք ու պաղ օ­րե­րը, մեր ու­րա­խու­թիւն­ներն ու տխրու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք եւս ի­րենց դե­րը պի­տի խա­ղան մեր զար­գա­ցող կեան­քին մէջ, «մե­րը» «ի­րենց» եւ «ի­րեն­ցը» «մե­րը» դարձ­նե­լով ու ապ­րե­լով, ապ­րեց­նե­լով կա­մա­ւո­րու­թեան գի­նը։ Ի­րենք եւս մեզ նման ա­զատ քա­ղա­քա­ցի պէտք է զգան եւ հա­ւա­տա­րիմ յա­ւե­լեալ կապ մը ստեղ­ծեն յու­նա­հայ գա­ղու­թի ի­րա­կա­նու­թեան ու ի­րա­պաշ­տու­թեան հետ, մեր գա­ղու­թի ներ­սի ու դուր­սի ճկուն հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն հետ, ա­ռանց բաղ­դա­տա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ տրա­մա­բա­նու­թիւն­նե­րու։ Այս տրա­մա­բա­նու­թե­նէն բխող հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցումն ալ՝ եր­բեմն ա­րագ, եր­բեմն դան­դաղ կ­’ըն­թա­նայ։

Ա­ռանց ո­րե­ւէ նա­խա­պա­շա­րու­մի հարց կու­տանք, թէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լար այ­սօր ե­թէ մար­դիկ հա­մախմ­բո­ւած չըլ­լա­յին գա­ղու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու մեր հա­մա­կար­գին շուրջ։ ­­Մար­դիկ՝ որ ապ­րե­ցու­ցին գա­ղութ­նե­րը, բայց չկոր­սո­ւե­ցան։ ­­Նո­րերն ալ պէտք չէ կոր­սո­ւին, որ­պէս­զի հի­նի եւ նո­րի օ­ղա­կու­մը բնա­կա­նոն մա­կար­դակ­նե­րով շա­րու­նա­կո­ւի։ Ս­փիւռ­քի գո­յու­թիւ­նը իր իսկ գո­յու­թեան մէջ կը կա­յա­նայ։

­­Նոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ մեր ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թիւնն ու ակնկա­լու­թիւն­նե­րը պէտք է հա­տու­ցեն մեզ։

­­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը լայ­նա­խո­հօ­րէն ու կա­տա­րեալ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ պար­տի քննար­կել մեր նոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու պատ­կե­րը՝ ա­ռիթ­ներն ու պատ­ճառ­նե­րը։ ­­Միու­թիւ­նը ուժ կը բե­րէ, ի մաս­նա­ւո­րի գա­ղու­թա­յին նոր ան­հա­տա­կա­նու­թիւն կը հիւ­սէ, քա­նի մենք բո­լորս այն­քան տար­բեր ենք ի­րար­մէ, բայց այն­քան նման ենք ի­րա­րու։ ­­Բայց ա­մէ­նէն գէշ բա­նը այն է, երբ մէկզ­մէ­կ զի­րար չենք հասկ­նար եւ ի­րար հասկ­նա­լու ճիգ ալ չենք ը­ներ։

­­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը հաս­ցէ ու­նի։ Ոչ կեդ­րո­նա­ցած. այլ ա­պա­կեդ­րո­նա­ցած։

­­Վե­րա­դարձ ու­րեմն դէ­պի ի­րա­պաշ­տու­թիւն։ ­­Մարդս կա­պո­ւած է իր ան­ցեա­լով եւ ներ­կա­յով։ Ազգս մարդ կը միաց­նէ, չի՛ բաժ­ներ։

Ա­նոնք՝ որ կը հա­ւա­տան մեր գա­ղու­թա­յին ար­ժէք­նե­րուն, ա­նոնք՝ որ դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րու տակ սփիւռք կազ­մե­ցին, եւ ա­նոնք՝ որ ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով սփիւռք կը հա­մա­կեր­պեն, ա­նոնք բո­լո­րը սփիւռ­քի հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րու պա­հա­պան­ներն ու պա­հակ­ներն են։

Այս սե­րունդ­նե­րը պէտք չէ կոր­սո­ւին։ Ո՛չ ալ ի­րենց տես­լա­կան­նե­րը։ ­­Հա­յու­թեան վեր­ջին ամ­րոց­նե­րը ա­մուր պա­հենք։

­­Թե­րեւս շատ մը բա­նե­րու հա­մար՝ դեռ շատ ուշ չէ։

Յով­սէփ Պա­րա­զեան