Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Բ. մաս

­Հա­յե­րը հպարտ զգա­լու պատ­ճառ­ներ ու­նին ի­րենց հա­ւա­քա­կան կեան­քը կազ­մա­կեր­պա­կան, միու­թե­նա­կան ու վար­չա­կան կա­ռոյց­նե­րով մա­տա­կա­րա­րե­լուն հա­մար։ Այս­պէս վար­ժո­ւած են 1922էն ի վեր, երբ կազ­մա­ւո­րո­ւած է Ս­փիւռ­քը։

­Հա­ւա­քա­կան կա­ռա­վար­ման սկզբունք­նե­րը հիմ­նո­ւած կ­’ըլ­լան պատ­մա­կան խիղ­ճի, պատ­մա­կան ի­րա­ւուն­քի ու մա­նա­ւա՛նդ, ազ­գա­յին հե­տապն­դում­նե­րու վրայ։

­Հա­յե­րը՝ են­թա­գի­տակ­ցա­բար, ա­յլե՛ւ գի­տակ­ցա­բար միա­ցած ու հա­ւա­տա­ցած են այս սկզբունք­նե­րուն, ո­րոնք կը թո­ւին ա­ռաջ­նա­հերթ դեր մը խա­ղա­ցած ըլ­լալ մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ։ Հ­պարտ զգա­լու պատ­ճառ­ներ ալ ու­նին ի­րենց հա­ւա­քա­կան կեան­քը կազ­մա­կեր­պա­կան, միու­թե­նա­կան ու վար­չա­կան կա­ռոյց­նե­րով օժ­տած, ղե­կա­վա­րած ու ա­ռաջ­նոր­դած ըլ­լա­լուն հա­մար։ Այդ­պէս վար­ժո­ւած են յետ-ե­ղեռ­նեան ժա­մա­նակ­նե­րէն ի վեր, երբ կազ­մո­ւած ու կազ­մա­ւո­րո­ւած է Ս­փիւռ­քը եւ ա­ւե­լի լայն ի­մաս­տով ալ Ար­տեր­կիր հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը։

­Հա­ւա­քա­կան ղե­կա­վար­ման սկզբունք­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս հիմ­նո­ւած կ­’ըլ­լան ի­րա­ւուն­քի, մա­նա­ւանդ պար­տա­ւո­րու­թեան ու ա­նոր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կազ­մող մա­տու­ցու­մի, նո­ւի­րու­մի, անձ­նա­զո­հու­թեան ու զո­հա­բե­րու­թեան վրայ։ Այս պարզ թո­ւող ի­մաստ­նե­րուն մէջ հա­յե­րը ար­ժէք ու ար­ժա­նիք տե­սած են, իսկ նոյ­նինքն այդ ար­ժէք­նե­րը լա­ւա­տե­սօ­րէն ու լա­ւո­րա­կօ­րէն ար­ժե­ւո­րած են մեր կեան­քը ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան հա­կակշ­ռի մը շրջա­գի­ծին մէջ պահ­պա­նե­լու յոյ­սով ու ակն­կա­լու­թեամբ։

Ար­ժէ­քի ու հա­մար­ժէ­քի ո­րոն­ման սկզբուն­քի դրսե­ւոր­ման մէջ հա­յե­րը հպար­տու­թիւն ու ներ­քին գո­հու­նա­կու­թիւն մըն ալ զգա­ցած են միշտ, փոր­ձե­լով հպար­տու­թեան ու գո­հու­նա­կու­թեան ար­ժա­նա­վա­յել այդ զգա­ցու­մը փո­խան­ցել ու վա­րա­կել ի­րենց մօ­տա­կայ թէ հե­ռա­կայ զան­գո­ւած­նե­րու խիղ­ճին ու գի­տակ­ցու­թեան, եւ ա­ռանց մեր ազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը ա­նի­րա­պաշտ մար­զանք­նե­րու փոր­ձադաշտի վե­րա­ծե­լու։

Ան­ցող 90 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին հա­յա­գա­ղութ­նե­րը ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան դրու­թեան մէջ յա­ջոր­դա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած են։ Այդ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու ար­դիւնք­նե­րը հեր­թա­կա­նօ­րէն ար­գա­սա­ւո­րո­ւած են հայ կեան­քի ա­ռօ­րեայ թէ ժա­մա­նա­կա­կից տար­բեր մար­զե­րու մէջ (դպրոց, ե­կե­ղե­ցի, ծե­րա­նոց, շի­նա­րա­րու­թիւն, կա­լո­ւա­ծա­յին, ե­ւայլն), քա­նի շնոր­հիւ այդ ար­ժե­ւո­րու­մին, մեր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց հա­մար սահ­մա­նո­ւած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րո­ղա­ցած են շրջա­հա­յեաց կողմ­նո­րո­շում­նե­րու հե­տե­ւիլ ու ըստ այնմ մա­տա­կա­րա­րել գա­ղութ­նե­րը։

Այլ ե­կե­ղե­ցի­ներ մեզ նման սահ­մա­նադ­րա­կան սկզբունք­նե­րէ չեն ա­ռաջ­նոր­դո­ւիր՝ ի­րենց յանձ­նա­պաս­տան դրոյթ­նե­րու նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րը ա­րուես­տա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կի «ա­ւան­դու­թեան» վե­րա­ծե­լով։ ­Կը թո­ւի թէ՝ ա­ւե­լի հեշտ է ան­ձե­րու նշա­նա­կու­մը ան­ձե­րու ընտ­րու­թեան նոյ­նօ­րի­նակ ու նո­րա­ձեւ կան­խա­տե­սու­մէն, պաշ­տօն­նե­րու նշա­նա­կում­ներ կա­տա­րել գրա­սե­նեակ­նե­րու մէ­ջէն հե­ռա­ձայ­նա­յին հրա­հանգ­չա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րով։

Այն ինչ որ մեզ ու­րիշ­նե­րէն կը զա­նա­զա­նէ սահ­մա­նադ­րա­կան ներշն­չու­մէ ու ժո­ղովր­դա­վար գի­տակ­ցու­թե­նէ բխող, պաշ­տօն­նե­րու վրայ իր ժա­մա­նա­կի պայ­ման­նե­րը լրաց­նող ան­ձե­րու ընտ­րու­թեան հար­կադ­րող սկզբունքն է, իւ­րա­քան­չիւրն իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու եւ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան ներ­քին թէ ար­տա­քին յատ­կու­թիւն­նե­րու եւ նկա­րագ­րա­յին շնորհ­նե­րու լիա­բուն օգ­տա­գոր­ծու­մով։ Ազ­գա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան կո­չո­ւած մար­դը կը գոր­ծէ նմա­նա­տիպ շրջագ­ծի կա­նոն­նե­րու սահ­մա­նում­նե­րու ըմբռ­նու­մով ու բծախընդ­րու­թեամբ։

Ինչ­պէս քիչ մը ա­մէն տեղ, ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան-միու­թե­նա­կան-հան­րա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը շփոթ­նե­րով կլա­նո­ւած շփոթ­ներ կը ծնին։

­Թո­ւա­կա­նէս տա­սը տա­րի ա­ռաջ ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան, իր դե­րին, ազ­գա­յին պաշ­տօն­ներ վա­րե­լու կո­չո­ւած ան­ձե­րու, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան ու ընդ­հան­րա­պէս ե­կե­ղեց­ւոյ ու հա­ւատ­քի դե­րի խոր­քա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան ըմբռ­նում­նե­րուն մա­սին յօդուա­ծա­շարք մը սկսած էի, թի­ւով 9 շա­րու­նա­կու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց­մէ դժբախ­տա­բար հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան միայն 6ն։ ­Կը թո­ւի, թէ մեր հա­սա­րա­կա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նող, զա­նա­զան տար­բեր մա­կար­դա­կի ղե­կա­վա­րու­թիւն­ներ ու հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւն այն­քան հա­սուն­ցած չէր։ Այն­քան, որ­քան ին­ծի եւ ին­ծի պէս մտա­ծող ու ար­տա­յայ­տո­ւող հայ քա­ղա­քա­ցի­ներ կ­’ակն­կա­լէին ազ­գա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը ոչ թէ նեղմ­տու­թեան ու կաս­կա­ծամ­տու­թեան, այլ լայ­նա­խոհ շնորհ­քի վե­րա­ծե­լու շի­նիչ ու օգ­տա­կար տրա­մադ­րու­թեամբ ու հե­ռան­կա­րով։

­Ներք­նա­պէս կազ­մա­կեր­պո­ւած քա­ղա­քա­ցին ու քա­ղա­քա­ցիու­թիւ­նը մշա­կոյթ պէտք է ու­նե­նայ։ Մ­շա­կոյթ ու­նե­ցո­ղը կա­պան­քի կ­’եր­թար­կո­ւի։ ­Կե­ցո­ւածք ճշդե­լը հո­գե­կան ար­ժէ­քէ կը բխի։ Ազ­գը կ­’ազ­դէ քա­ղա­քա­ցիի մտայ­նու­թեան, որ­քան ալ այդ ազ­գը ա­նա­պա­հով կը զգայ յաղ­թե­լով ներ­քին քա­ղա­քակր­թու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րը։ Եւ ազ­գը ա­նա­պա­հով կը զգայ, երբ իր գոր­ծե­րը ղե­կա­վա­րող­նե­րը միայն հա­շո­ւա­պա­հի կամ վար­չա­գէ­տի դե­րեր կը սահ­մա­նեն ի­րենք ի­րենց, մոռ­նա­լով որ ազ­գը կա­ռա­վա­րե­լու հա­մար ու­րիշ շատ մը բա­նե­րու պէտք ու­նինք։

Ի դէպ, հետզ­հե­տէ գա­ղութ­նե­րու ու­ժա­թա­փու­մը հար­կադ­րած է բո­լո­րիս տար­բեր պրիս­մա­կէ մը դի­տե­լու եւ գնա­հա­տե­լու, ի հար­կին ու եր­բեմն՝ գի­տակ­ցա­բար թէ ան­գի­տակ­ցա­բար թե­րագնա­հա­տե­լու հիաս­թա­փեց­նող հայ կեան­քի կարգ մը տա­րօ­րի­նակ ե­րե­ւոյթ­ներ ու ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։

Ընդ­հան­րա­պէս ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու գնա­հա­տու­մը, սա­կայն, քննար­կու­մի կ­’են­թար­կո­ւի. իսկ թե­րագ­նա­հա­տումն ալ անհ­րա­ժեշտ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առ­նե­լու տրա­մադ­րու­թեան մը հետ կա­պո­ւած է, ինչ որ, այդ ալ իր կար­գին, միշտ ալ հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած ու ար­դար դա­տում­նե­րէ չի բխիր։

­Հա­շո­ւի առ­նե­լով գրու­թեան մը մէջ տեղ գտած մի­ջան­կեալ պար­տա­դիր փա­կա­գի­ծե­րը, վե­րա­դառ­նանք մեր բուն նիւ­թին՝ Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ընտ­րու­թիւն­նե­րու եւ Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Ժո­ղո­վին։

Ընտ­րու­թիւն­նե­րը սո­վո­րա­բար բան մը կը նո­րո­գեն, կամ առ­նո­ւազն կը վե­րա­նո­րո­գեն։ ­Լաւ, մի­ջակ կամ գէշ։ ­Կա­րե­ւո­րը՝ ներ­քին թէ ար­տա­քին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ պահ­պա­նելն է, թէեւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւնն ալ այ­լեւս կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու խնդրա­կան կը դառ­նայ մէյ մը աս­կէ, մէյ մը ան­կէ տա­րու­բե­րո­ւե­լով, սփիւռ­քեան հայ կեան­քի զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թին յա­ջոր­դա­կան հանգ­րո­ւան­նե­րուն կար­գա­ւոր­ման ճի­գին, կամ ալ ճի­գի տար­բե­րու­թեան կամ ան­տար­բե­րու­թեան գե­րին դառ­նա­լով։

Ազ­գա­յին կեան­քը սփիւռ­քը նոր յե­ղա­փո­խու­թեան մը առ­ջեւ բե­րե­լու կա­րի­քը կը զգայ։

Այդ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը ը­նե­լու կո­չուած մար­դիկ յա­ռաջ պէտք է մղո­ւին, մեր կեան­քի պա­հանջ­նե­րէն ծնունդ առ­նող ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան­ներ եւ իբ­րեւ օ­րէնս­դիր ու գոր­ծա­դիր մար­մին­ներ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը բաղ­կաց­նող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­թոռ­ներ եւ ոչ թէ ա­թո­ռակ­ներ վստա­հե­լու հա­մար։

­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը սի­րով, եւ ոչ թէ պար­տա­կա­նու­թեամբ, հար­կադ­րա­կան պէտք է մաս­նակ­ցի ընտ­րու­թեան։ Եւ կամ՝ պար­տա­կա­նու­թեան սի­րով։

Ազ­գի եւ կա­ռոյց­նե­րու օ­ղա­կը պէտք չէ տկա­րա­նայ։ Ինչ որ կը տկա­րա­նայ՝ կը փրթի։ Ինչ որ կը փրթի՝ կ­’օ­տա­րա­նայ, կ­’ինք­նա­մե­կու­սա­նայ, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը չէ­զո­քա­նայ։

Ազ­գա­յի­նը չի բաժ­ներ. կը միաց­նէ՛։ ­Թող ազ­գա­յի­նի գա­ղա­փա­րը այս պա­րա­գա­յին ալ միջ­նոր­դի իր բա­րե­րար դե­րը ստանձ­նէ։

Չ­մոռ­նա՛նք։ Ս­փիւռ­քը եւ իր գա­ղութ­նե­րը պարզ աշ­խար­հագ­րա­կան դիրք մը չեն։ Ան­կէ ա­ւե­լի՛ն են։ ­Գա­ղա­փա՜ր են։ ­Գա­ղա­փար­նե­րը մեր պա­րա­գա­յին գա­ղութ­նե­րուն մէջ, գա­ղութ­նե­րուն հետ մեծ­ցան ու պի­տի մեծց­նեն։

Յով­սէփ Պա­րա­զեան