Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Այս  հար­ցու­մը վեր­ջերս նիւթ դար­ձաւ կարգ մը յօ­դո­ւած­նե­րու, ո­րոնք սահ­մա­նա­փա­կո­ւած մնա­լով մտա­ծու­մի թա­փա­ռում­նե­րու մէջ՝ բնա­կա­նա­բար չէին յա­ւակ­ներ  հա­մա­պար­փակ պատ­կե­րա­ցու­մով մը ի­րենց իսկ հար­ ցադ­րա­ծին պա­տաս­խա­նը յստա­կաց­նե­լու, ը­նե­լիք­նե­րու յայ­տա­գի­րի մը յան­գե­լու:

Ա­թէն­քի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» կո­մի­տէու­թեան ըն­կե­րա­կան կազ­մի ժո­ղո­վին մէջն ալ կա­յա­ցաւ միեւ­նոյն հար­ցու­մով ու թա­փա­ռում­նե­րով զրոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին տրո­ւած զե­կոյ­ցին, կա­տա­րո­ւած հաս­տա­տում­նե­րուն ու յայտ­նո­ւած մտա­ծում­նե­րուն կարգ մը կէ­տե­րու հրա­պա­րա­կու­մը ոչ միայն ան­տե­ղի կամ ան­պա­տեհ չէ, այլ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, կրնայ հան­դի­սա­նալ գրգիռ ու խթան՝ ա­ւե­լի խո­րա­ցո­ւած նոր  ո­րո­նում­նե­րու:

Ա­հա­ւա­սիկ այդ կէ­տե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը՝ հնա­րա­ւոր խտա­ցու­մով.

Ա. ­Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, որ ոչ միայն ­Թուր­քիոյ, այլ նոյ­նիսկ մե­զի հա­մար անս­պա­սե­լի էին 100ա­մեա­կի կո­չին հա­մազ­գա­յին մաշ­տա­պով հայ զան­գո­ւած­նե­րու մե­ծա­ծա­ւալ ըն­դա­ռա­ջու­մը եւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցու­ցած հա­մաշ­խար­հա­յին ար­ձա­գան­գին ան­չա­փե­լի տա­րո­ղու­թիւ­նը: Ան­գամ մը եւս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մշտար­ծած պա­հե­լու խնդի­րը, բա­ցի ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւն մը ըլ­լա­լու հրա­մա­յա­կա­նէն, իբ­րեւ ազ­դակ՝ է նաեւ քա­ղա­քա­կան շատ կա­րե­ւոր ու չմա­շող դրա­մագ­լուխ մը՝ հայ զան­գո­ւած­ներ զօ­րա­շար­ժե­լու, ­Թուր­քիան շփո­թի ու ջղաձ­գու­թեան մատ­նե­լու եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մակ­րանք շա­հե­լու հա­մար:

Ար­ձա­նագ­րե­լի է, որ 100ա­մեա­կի այս մեծ յա­ջո­ղու­թեան հա­սանք շնոր­հիւ՝

1. ­Յիս­նա­մեայ մեր ծա­ւա­լած պայ­քա­րին,

2. Ո­րոշ չա­փով mass mediaի եւ ա­ռա­ւե­լա­բար՝ մե­ծա­թիւ ան­հատ ազ­գա­յին­նե­րու կող­մէ  social mediaի ան­դադ­րում օգ­տա­գոր­ծու­մին (հսկայ ուժ, բայց ան­տե­սո­ւած մարզ՝ հայ կեան­քէ ներս),

3. ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ կա­թո­ղի­կո­սա­կան մա­կար­դա­կով նա­խա­ձեռ­նո­ւած ու մշա­կո­ւած  եր­կա­րա­մեայ ու ազ­դու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ թէ՛ ներ­քին եւ թէ՛ ար­տա­քին ճա­կատ­նե­րու վրայ,

4. Եւ ի լրումն եւ իբ­րեւ պսա­կադ­րու­մը ա­մե­նայ­նի՝ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան գոր­ծօ­նին:

­Պար­բե­րա­կան ա­ռիթ­նե­րով մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րէն պե­տա­կան այ­րե­րու հնչե­ցու­ցած ըստ պատ­շա­ճի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն ան­դին ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ հայ­կա­կան պե­տու­թեան բարձ­րա­գոյն դիր­քէն՝ բա­ցա­յայ­տօ­րէ՛ն, «բարձր» դի­ւա­նա­գի­տու­թեան «պար­տադ­րած» կաշ­կան­դում­նե­րէն ձեր­բա­զատ,  Հ.Հ.ի նա­խա­գա­հին  կող­մէ գործ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կ’առ­նո­ւէին, առ որ անկ է մի­ջամ­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րո­ւէին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մի պա­հանջ­քով.- «­Կը յի­շեմ ու կը պա­հան­ջեմ»: ­Պե­տա­կա­նօ­րէն բա­նա­ձե­ւո­ւած ու յայ­տա­րա­րո­ւած այս լո­զուն­գը կ’ար­տա­յայ­տէր ազ­գին հե­տապն­դած 100ա­մեայ նպա­տա­կը եւ կը վե­րա­ծո­ւէր հայ զան­գո­ւած­նե­րը հա­մախմ­բող մագ­նի­սի:

Բ. «100ա­մեա­կէն վերջ ՝ Ի՞ՆՉ»: Ու­շա­ցած հար­ցում մը, որ շա­տոնց պէտք է տրո­ւած ըլ­լար ու պա­տաս­խա­նը կան­խո­րո­շո­ւած: ­Բայց այս ու­շա­ցու­մը պատ­ճառ պի­տի չըլ­լայ ա­ճա­պա­րան­քի՝ «հարս­նի­քը» չփախցը­նե­լու  հո­գե­բա­նու­թեամբ: ­Պա­տաս­խա­նը ան­պայ­ման հի­մա գտնե­լու շու­տի­կու­թիւ­նը կրնայ պար­զա­պէս վնա­սել մեր դա­տին: ­Յօ­դո­ւած­նե­րով կամ այս ու այն մօ­տե­ցու­մով յայտ­նո­ւած մտա­ծում­ներ կամ մա­կե­րե­սա­յին կողմ­նա­կի ո­րո­շում­ներ հիմք ըն­դու­նե­լով՝ քա­ղա­քա­կան հապ­ճեպ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը դուռ կը բա­նան ան­բաղ­ձա­լի ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու: Ս­խալ­նե­րու պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը ներ-­հայ­կա­կան էր ե­րէկ, իսկ այ­սօր նկա­տի պի­տի ու­նե­նանք, որ ­Հայ ­Դա­տի հե­տապն­դու­մին մէջ ներգ­րա­ւո­ւած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, ո­րուն կշի­ռը ի­րեն՝ իբ­րեւ պե­տու­թեան, ի­րա­ւուն­քը չի տար սխա­լե­լու...:

­Ռազ­մա­վա­րու­թեան մը մար­տա­վա­րա­կան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ճշդե­լու գլխա­ւոր նա­խա­պայ­մա­նը ինք­նա­ճա­նա­չումն է, սե­փա­կան տկա­րու­թիւն­նե­րուդ դար­մա­նումն է, ու­նե­ցած ու­ժիդ ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուդ ճշգրիտ գնա­հա­տումն է եւ թշնա­միիդ ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը:

Այս տե­սա­կէ­տով՝ ներ­կա­յի մեր մեծ տկա­րու­թիւ­նը թե­րի ու ձե­ւա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնն է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ, ո­րով եւ հոն՝ ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Իսկ սփիւռ­քի պա­րա­գա­յին՝ գոր­ծող կա­ռոյց­նե­րու յոգ­նա­ծու­թիւնն է, չը­սե­լու հա­մար սպա­ռո­ւա­ծու­թիւ­նը:

Ա­ռանց ան­տե­սե­լու ոչ-ար­հա­մա­րե­լի այլ պատ­ճառ­նե­րու գո­յու­թիւ­նը՝ պի­տի ը­սենք, որ գլխա­ւո­րա­բար նշուած տկա­րու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծած ենք ազ­գին սպառ­նա­ցող մեր ներ­քին ա­հար­կու թշնա­մին՝ ար­տա­գա՛ղ­թը:

Ար­տա­գաղթ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն:

Ար­տա­գաղթ նա­՛եւ սփիւռ­քի մէջ՝ հայ­կա­կա­նու­թե­նէ, գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րէ, կազ­մա­կերպ կեան­քէ:

­Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թի կա­սե­ցու­մը կա­խեալ է իշ­խող խա­ւի քա­ղա­քա­կան կա­մե­ցո­ղու­թե­նէն ու վճռա­կա­նու­թե­նէն: Իսկ սփիւռ­քի պա­րա­գա­յի՞ն...:

Գ. «100ա­մեա­կէն վերջ ՝ ԻՆՉ» հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը գտած ու տո­ւած է ար­դէն Ա­բօ ­Պո­ղի­կեան՝ Աս­պա­րէ­զի «օ­րը-օ­րին» սիւ­նա­կէն, Ապ­րիլ 24ին յա­ջոր­դող օ­րե­րուն: ­Դէ­պի հե­ռա­կայ թի­րախ­նե­րու սլա­ցող մեծ-մեծ գա­ղա­փար­նե­րու չի վե­րա­բե­րիր իր ը­սա­ծը, այլ իր սիւ­նա­կէն, պարզ ու յստակ ցոյց կու տայ այ­սօ­րո­ւան ան­մի­ջա­կան մեր ը­նե­լի­քը, ինչ որ, յայտ­նօ­րէն զե­կու­ցո­ղին յա­ւե­լած յար­դա­րան­քով ու ո­ճով, ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ հե­տե­ւեալ բա­ռե­րով.

«...­Թո­ղունք մտքի դարձ­դար­ձիկ մար­զանք­նե­րը, ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար ձեր­բա­զա­տինք ի­րա­րու յա­ջոր­դող ցու­ցադ­րա­կան խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու ծախ­սէն ու շռայ­լան­քէն եւ ա­նոնց­մով տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծած ըլ­լա­լու խաբ­կան­քէն (բա­րե­կամ մը սրամ­տու­թեամբ կ’ը­սէր, որ ա­նոնց գլխա­ւոր յա­ջո­ղու­թիւ­նը ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին կամ ա­ւար­տին քա­շո­ւած ու մա­մու­լի է­ջե­րուն տեղ գրա­ւած լու­սան­կար­ներն են)»:

«... Տք­նինք-խո­կանք, գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ար­դիւ­նա­ւէտ  դարձ­նե­լու հա­մար կեն­դա­նի գոր­ծի ծրա­գիր մշա­կենք, հե­տամ­տինք այդ ծրագ­րի  ի­րաց­ման, որ­պէսզի մեր կա­ռոյց­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բել կա­րե­նանք  ­Գա­լի­ֆոր­նիոյ  130.000-160.000, ­Լի­բա­նա­նի 50.000, Ա­թէն­քի 2.500-3.000 ու այլ քա­ղաք­նե­րու եւ տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րի­լեան ցոյ­ցե­րուն թէ եր­թե­րուն բա­զում հա­զար թի­ւե­րով մաս­նա­կից հայ զան­գո­ւած­նե­րը: Ա՛յս է ան­մի­ջա­կա­նը, ան­յե­տաձ­գե­լի՛ն»:

«­Պի­տի կա­րե­նա՞նք»:

Ա­հա ցցո­ւող բուն հար­ցա­կա­նը՝ 100ա­մեա­կէն վերջ:

Դ. ­Մեր ներ­քին ու սար­սա­փազ­դու «թշնա­միին»՝ ար­տա­գաղթ(ներ)ին, ինչ­պէս նաեւ հայ զան­գո­ւած­նե­րը հա­մախմ­բե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րին յաղ­թե­լու հա­մար պէտ­քը չու­նինք ռազ­մա­կան պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թեան, ռմբա­ձիգ սար­քե­րու: ­Բա­ւա­րար են հա­ւատ­քը, տես­լա­կա­նը, վճռա­կա­նու­թիւ­նը, աշ­խա­տան­քի տրա­մադ­րուա­ծու­թիւ­նը՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք իբ­րեւ ա­ռանց­քը մար­տա­վա­րա­կան բո­վան­դա­կու­թեան, նա­խա­պայ­ման են հայ կեան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման հա­մար:

Ու­նի՞նք այդ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը: Այս ալ երկ­րորդ հար­ցա­կա­նը՝ 100ա­մեա­կէն  վերջ: 

Միհ­րան   ­Քիւր­տօղ­լեան