Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւրամեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րը նշա­նա­ւորո­ւե­ցան ան­նա­խա­դէպ, իսկ եր­բեմն ալ անսպա­սե­լի զար­գա­ցում­նե­րով:

Ն­ման ա­ռիթ մը հան­դի­սա­ցաւ հան­րա­յայտ եւ վի­ճա­յա­րոյց ­Ռապ­պի Շ­մու­լի ­Պո­թի­չի («­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ար­ժէք­ներ» ցան­ցի հիմ­նա­դիր) եւ Ա­րե­ ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւրա­մեա­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վի կող­մէ «­Նիւ Եորք թայմս» թեր­թի Ապ­րիլ 18ի թի­ւին մէջ զե­տե­ղո­ւած ամ­բողջ էջ մը զբա­ղեց­նող վճա­րո­վի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, որ խստօ­րէն կը քննա­դա­տէր նա­խա­գահ Օ­պա­ման ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ իր նա­խընտ­րա­կան խոս­տու­մը չկա­տա­րե­լուն հա­մար:

­Լա­ւա­տե­ղեակ աղ­բիւր մը «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր» թեր­թին յայտ­նեց, որ թեր­թին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը նե­ղա­ցու­ցած է Ս­պի­տակ Տան ո­րոշ պաշ­տօ­նեա­ներ: Ա­նոր տե­ղադ­րու­մը հա­մըն­կաւ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի հա­մաա­մե­րի­կեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ջան­քե­րուն հետ` հա­մո­զե­լու վար­չա­կազ­մի դժկամ պաշ­տօ­նեա­նե­րը մաս­նակ­ցե­լու ­Մա­յիս 7-9ը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կա­յա­նա­լիք ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րուն:

Այ­դու­հան­դերձ, փոխ-­նա­խա­գահ ­Պայ­տըն եւ Մ.Ա.Կ.ի մէջ Ա.Մ.Ն. դես­պան ­Սա­ման­թա ­Փաո­ւըր մաս­նակ­ցե­ցան Ո­ւա­շինկ­թը­նի ազ­գա­յին տա­ճա­րին մէջ ­Մա­յիս 7ին կա­յա­ցած միջ-կ­րօ­նա­կան ա­ղօթ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան, սա­կայն ա­նոնք ե­լոյթ չու­նե­ցան եւ ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը չյայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ:  ­Զար­մա­նա­լիօ­րէն, եր­կու պաշ­տօ­նեա­ներն ալ կը կրէին ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի պաշ­տօ­նա­կան խորհրդա­նիշ «Ան­մո­ռուկ» կրծքան­շա­նը: Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, ­Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոս եւ Ա­րամ Ա Կա­թո­ղի­կոս: Վ­ճա­րո­վի յօ­դո­ւա­ծին մէջ պատ­կերուած էր ե­րե­խայ մը ձեռ­քին պաս­տառ մը, ո­րուն վրայ գրո­ւած էր. «­Նա­խա­գահ Օ­պա­մա, ին­չո՞ւ կը ստէք մե­զի»:  Ա­նոր կը յա­ջոր­դէր մեծ, հաստ տա­ռե­րով գրուած վեր­նա­գի­րը. «1,5 մի­լիոն հայ զո­հե­րը կը ճչան ի­րենց գե­րեզ­մա­նէն. ­Մին­չեւ ե՞րբ պի­տի ժխտէք մեր ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, միայն գո­հացնե­լու հա­մար թուրք բռնա­կա­լը»:

Վ­ճա­րո­վի յօ­դո­ւա­ծը խիստ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կեց ինչ­պէս Օ­պա­ման` իր նա­խընտ­րա­կան խոս­տում­նե­րը դրժե­լուն, այն­պէս ալ դես­պան ­Փաո­ւը­րը` ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ Ա.Մ.Ն. ան­տար­բե­րու­թիւ­նը իր գիր­քին («Խն­դիր դժոխ­քէն. Ա­մե­րի­կան եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րը») դա­տա­պար­տե­լէն ետք լուռ մնա­լուն հա­մար: ­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը քննա­դա­տած էր նաեւ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը` զայն ա­նո­ւա­նե­լով «խու­լի­կան» եւ «բռնա­կալ, որ քան­դած է թրքա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը»:

­Բա­ցի այդ, յօ­դո­ւա­ծին մէջ մէջ­բե­րում կար ­Սի.Էն.Էն.ի Ո­ւա­շինկ­թը­նի գլխա­ւոր թղթա­կից ­Ճէյք ­Թա­փը­րի լու­րե­րու թո­ղար­կու­մէն. «­Վե­ցե­րորդ տա­րին ա­նընդ­մէջ նա­խա­գահ Օ­պա­ման դրժած է հայ հա­մայն­քին տո­ւած իր խոս­տու­մը, երբ որ­պէս ծե­րա­կու­տա­կան եւ նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու, ա­նոնց քո­ւէ­նե­րը ստա­նա­լու հա­մար խոս­տա­ցած էր օգ­տա­գոր­ծել «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը` մէկ դար ա­ռաջ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ մօտ 1,5 մի­լիոն հա­յե­րու կո­տո­րա­ծը նկա­րագ­րե­լու հա­մար: Ան այդ­պէս վա­րո­ւե­ցաւ որ­պէս զի­ջում ­Թուր­քիո­յ կա­ռա­վա­րու­թեան»:

­Յօ­դո­ւա­ծը յի­շե­ցուց ըն­թե­ցող­նե­րուն, որ ­Թա­փը­րը նկա­տի ու­նէր ծե­րա­կու­տա­կան Օ­պա­մա­յի 2008ի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մե­ղադ­րանք, անձ­նա­կան կար­ծիք կամ տե­սա­կէտ չէ, այլ լայ­նօ­րէն վա­ւե­րագ­րո­ւած փաստ, որ կը հաս­տա­տեն վիթ­խա­րի քա­նա­կով պատ­մա­կան ա­պա­ցոյց­ներ: ­Փաս­տե­րը ան­հեր­քե­լի են…. Որ­պէս նա­խա­գահ ես պի­տի ճանչ­նամ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:

Այ­նու­հե­տեւ յօ­դո­ւա­ծին հե­ղի­նակ­նե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին.- «­Հա­զո­ւա­դէպ է, որ Ա­մե­րի­կա­յի ոե­ւէ նա­խա­գահ այս­պէս լկտիա­բար սուտ խօ­սի բա­րո­յա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող նման հար­ցի մը վե­րա­բե­րեալ: ­Նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի դի­տա­ւո­րեալ բա­րո­յա­կան կու­րու­թիւ­նը խիստ կը տար­բե­րի Հ­ռո­մի Ֆ­րան­սիս Պա­պի Ապրիլ 12ի խի­զախ յայ­տա­րա­րու­թե­նէն, ո­րով ան աշ­խար­հին կոչ ուղ­ղած էր ճանչ­նա­լու «քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:

­Յօ­դո­ւա­ծին մէջ ­Ռապ­պին եւ ­Հա­րիւ­րա­մեա­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վը հե­տե­ւեալ հար­ցը ուղ­ղե­ցին դես­պան ­Փաո­ւը­րին. «Որ­պէս ա­ռաջ­նոր­դող ձայն ընդ­դէմ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ար­դեօք դուք հա­ւա­տա­րիմ պի­տի մնա՞ք ձեր սկզբունք­նե­րուն, թէ՞ պի­տի դառ­նաք հեր­թա­կան ան­ձե­րէն մէ­կը, որ պաշ­տօն ստանձ­նե­լով կը լռէ եւ կը դառ­նայ «խնդիր դժոխ­քէն»ի մէկ մա­սը»:

Երկ­րորդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, որ Օ­պա­մա­յին կը յի­շեց­նէր ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ իր տո­ւած խոս­տու­մը, յայտ­նո­ւե­ցաւ «­Լոս Ան­ճե­լըս Թայմս» թեր­թի Ապ­րիլ 24ի թի­ւին մէջ: ­Թեր­թի է­ջին մեծ մա­սը զբա­ղեց­նող յօդո­ւա­ծին մէջ, որ տե­ղադ­րո­ւած էր ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ Օ­րէնճ շրջա­նի գոր­ծա­րար Էտ ­Մու­րատ­լեա­նի կող­մէ, կը պնդէր.- «­Ժա­մա­նակն է ըլ­լալու այն ղե­կա­վա­րը, որ դուք խոս­տա­ցած էիք ըլ­լալ: ­Պա­րոն նա­խա­գահ, ճիշտ ժա­մա­նակն է, որ այս 100րդ ­տա­րե­լի­ցին կա­տա­րէք ձեր տո­ւած խոս­տու­մը»: ­Մու­րատ­լեա­նի յօ­դո­ւա­ծին մէջ պատ­կե­րո­ւած էր Օ­պա­մա­յի լու­սանկա­րը, դես­պան ­Մոր­կեն­թաո­ւի 1915ի ­Յու­լիս 16ի հե­ռա­գի­րը ուղ­ղո­ւած Ա.Գ. նա­խա­րա­րու­թեան եւ 1915ի ­Դեկ­տեմ­բեր 15ի «­Նիւ Եորք Թայմս» թեր­թի լրա­տուու­թեան վեր­նա­գի­րը: ­Յօ­դո­ւա­ծը կ­՛ա­ւար­տէր` «­Ժա­մա­նակն է ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» կո­չով:

Ե­թէ այս յօ­դո­ւած­նե­րէն մէ­կը կամ եր­կու­քը ո­րոշ ան­հանգս­տու­թիւն պատ­ճա­ռած են Ս­պի­տակ Տան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն, ա­պա ար­ժէր ա­նոնց վրայ այդ­քան գու­մար ծախ­սել…

­Յօ­դո­ւած­նե­րը պէտք է ընդգր­կէին նաեւ Օ­պա­մա­յի սե­փա­կան խօս­քե­րը իր «­Յոյ­սի յանդգ­նու­թիւ­նը» գիր­քէն. «Ը­սել բան մը քա­րո­զար­շա­ւի ըն­թաց­քին եւ ը­նել այլ բան պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէ ետք, կը նշա­նա­կէ` դուն տի­պար եր­կե­րե­սա­նի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ ես»:

­Թէեւ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րը Ուա­շինկ­թը­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած էին շատ բարձր  ար­հես­տա­վարժ մա­կար­դա­կով, սա­կայն լուրջ բաց­թո­ղում մը կար: Երբ ­Մա­յիս 9ին կա­յա­ցած հա­րիւրամեա­կի ձեռ­նար­կի ժա­մա­նակ յա­տուկ մրցա­նակ­ներ շնոր­հո­ւե­ցան նշա­նա­ւոր ան­հատ­նե­րու, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, շատ տե­ղին պի­տի ըլ­լար յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցա­նել նաեւ 2004-2006 թո­ւա­կան­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա.Մ.Ն. դես­պան ­Ճոն Է­վըն­սին, ո­րուն դի­ւա­նա­գի­տա­կան աս­պա­րէ­զը ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ, երբ ­Պու­շի վար­չա­կազ­մը զայն ետ կան­չեց ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կաւ ճանչ­նա­լուն հա­մար: ­Ձեռ­նար­կին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»ին հա­ւաս­տիա­ցու­ցին, որ «ան­տե­սե­լու նպա­տակ չեն ու­նե­ցած» եւ ա­տի­կա պար­զա­պէս «վրի­պում» էր:

­Բա­րե­բախ­տա­բար, այս կո­պիտ սխա­լը յա­ջո­ղե­ցաւ քիչ մը մեղ­մել, երբ «վրի­պու­մը» յայտ­նո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րի` փաս­տա­բան ­Մարք ­Կի­րա­կո­սի ու­շադ­րու­թեան, որ ամ­պիո­նէն յայ­տա­րա­րեց դես­պան Է­վըն­սի ներ­կա­յու­թեան մա­սին: ­Հա­րիւ­րա­մեա­կի ձեռ­նար­կին ներ­կայ 2000 հիւ­րե­րը յոտն­կայս եւ բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին ար­դա­րա­միտ դես­պա­նը: Ա­ւե­լորդ է ան­գամ նշել, որ դես­պան Է­վընս շատ ա­ւե­լիին ար­ժա­նի է, քան սոսկ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու` իր աս­պա­րէ­զը ի պաշտ­պա­նու­թիւն ­Հայ Դա­տի զո­հա­բե­րե­լուն հա­մար…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»