«Ազգային խոհանոցը՝ մշակութային արժէք»
Հայ Կապոյտ Խաչի «Կնոջական Դիտակ»ը կապի մէջ մտաւ Հայաստանի «Հայ խոհարարական աւանդութիւնների զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան» նախագահ եւ ղեկավար պրն. Սեդրակ Մամուլեանի հետ:
Ան ծանօթ է հայրենի՝ «Երկիր Մեդիա»ի հեռատեսիլէն հայկական ճաշատեսակներու հաղորդման իր ներկայացումներով: Սեդրակ Մամուլեան ծնած է 1962 թուականին Վրաստանի Մառնեուլի շրջանի Խոխվելի գիւղը: 1975 թ.-էն կ'ապրի Երեւան: Ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ, 1979թ.-ին ընդունուած է Երեւանի խոհարարական ուսումնարան: «Արարատ հոլ» ռեստորանի գլխաւոր խոհարարը եւ տնօրէնն է:
«Կնոջական Դիտակ»ի անունով պրն. Մամուլեանին հետ հարցազրոյց մը ունեցած է ընկ. Լոռի Պարազեան:
Հայաստանի մէջ հայկական աւանդական ճաշատեսակ ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք: Արտասահմանի մէջ քիչ ծանօթ են հայկական ճաշերը, սակայն անոնք որոնք վերջին տարիներուն «Երկիր Մետիա»ի հետեւելու հնարաւորութիւն ունին, որոշ գաղափար մը կազմած են հայկական աւանդական ճաշերուն մասին: Բարի եղէք ներկայացնելու մեզի:
Հայաստանը մարդկային քաղաքակրթութեան բնօրրաներից է: Հայկական խոհանոցը մասն է կազմում մեր մշակոյթի, հետեւաբար ան հարուստ է, բազմազան, սննդարար եւ օգտակար: Հայաստանում առաջինն են սկսել վայրի ցորենի մշակութիւնը, այստեղ առաջինն են գինի եւ գարեջուր պատրաստել: Դրանց վկայութիւնն են հնագիտական պեղումների առկայ արդիւնքները:
Հայկական լեռնաշխարհը գտնւում է բարեխառն եւ մերձարեւադարձային կլիմայական գօտիներում: Այստեղ հարուստ ու բազմազան են բուսականութիւնն ու կենդանական աշխարհը: Դրանով էլ պայմանաւորուած է մեր ազգային, աւանդական խոհանոցի բազմազանութիւնը: Մանաւանդ արեւմտահայ խոհանոցը, անգամ օտար ուսումնասիրողների կարծիքով, համարւում է համաշխարհային խոհանոցի հիմքը:
Ցաւոք, յայտնի պատճառներով (ցեղասպանութիւն, խորհրդային իշխանութիւն...) աւանդական խոհանոցը մեզ ամբողջովին չի աւանդուել:
Մեր հարեւանները շատ են օգտուել հայկական խոհանոցից, անգամ փորձեր են արւում գողանալ եւ իւրացնել մեր ազգային կերակրատեսակներից շատերը: Սակայն տուեալ կերակրատեսակի ազգային պատկանելութեան մասին առաջին հերթին խօսում են պատրաստման աշխատանքային գործիքներն ու հնագիտական պեղումների արդիւնքում ի յայտ եկած նիւթերը: Մեր կազմակերպութեան գերակայ նպատակները հէնց ազգային խոհանոցի ամրագրումն է որպէս մշակութային արժէք եւ օտարներին այն մատուցելը՝ որպէս հայկական ազգային խոհանոց:
Հայկական ճաշատեսակներուն մէջ, վստահաբար կը գործածուին զանազան տեսակի համեմներ (μπαχαρικά), որոնք ծանօթ չեն սփիւռքի մէջ: Խնդրեմ, խօսեցէ՛ք անոնց յատկութիւններուն մասին:
Հայկական խոհանոցի մեջ օգտագործուող համեմունքները հայկական լեռնաշխարհի հարուստ եւ բազմազան բնութեան արգասիքն են: Հազարամեակներով մեր նախնիները մշակել են այնպիսի բաղադրատոմսեր եւ այնպիսի համեմունքներ, որոնք համահոտային յատկանիշների հետ միատեղ ապահովում են նաեւ սննդի անվտանգութիւնը, բաղադրիչներու համատեղելիութիւնն ու օգտակարութիւնը:
Հայաստանի անկախացումէն վերջ, եւրոպական եւ արեւելեան ճոխ ճաշատեսակներ մուտք գործեցին Հայաստանի մէջ, նոր ճաշակ մը աւելցնելով հայկական ճաշատեսակներուն վրայ: Որքանո՞վ անոնք ընդունելի դարձան մեր ժողովուրդին կողմէ:
Մեր ժամանակներում երբ աւելի ինտենսիվ (աշխուժ) են դարձել շփումները տարբեր ազգերի եւ ժողովուրդների միջեւ, բնականաբար այդ շփումներն առկայ են նաեւ խոհանոցում: Օտար խոհանոցի ներթափանցումը հայկական իրականութեան մէջ ունի թէ՛ դրական թէ՛ բացասական հետեւանքներ: Նորմալ եւ բնականոն երեւոյթ է երբ օտարների լաւ ձեռքբերումները ընդօրինակում ենք եւ կիրառում կենցաղում, սակայն դա պէտք է անել ոչ հայկական, ազգային աւանդական խոհանոցի հաշուին: Բացասական երեւոյթ է, երբ հայ տանտիկինը մեր ազգային կերակրատեսակների փոխարէն նախապատուութիւն է տալիս հեշտ ու արագ պատրաստուող օտար ծագման եւ կասկածելի բաղադրութեամբ կերակրատեսակներին: Սակայն մեր ջանքերն ուղղուած են այդ երեւոյթի դէմ եւս. վերջին ժամանակներում ունենք արձանագրած որոշակի յաջողութիւններ` այդ երեւոյթի դէմ պայքարում:
Քիչ մըն ալ խօսինք անուշեղէններուն մասին, տրուած ըլլալով որ մեր հայրենիքը հարուստ է տեսակ-տեսակ համեղ պտուղներով: Սովորաբար, ի՞նչ տեսակի անուշեղէններ կը հրամցուին սեղանին վրայ:
Մեր խոհանոցը այնքան բազմազան է, որ անցեալում տարուայ ամէն մի օրւայ համար մենք ունեցել ենք հաստատագրուած որոշակի ճաշատեսակ: Մեր սեղաններէն անպակաս են եղել համադամ անուշեղէնները, որ հայկական հարուստ լեռնաշխարհի բնութեան արգասիքն են եղել: Մրգերի տարբեր տեսակներ թարմ եւ չորերի տեսքով այսօր էլ օգտագործւում են մեր խոհանոցում, որոնք աւելի են հարստացնում հայկական խոհանոցի համահոտային երանգները:
Խոհանոց՝ Առօրեայ պահանջ, մի՞այն
Խոհանոցի առօրեայ աշխատանքը շատ յաճախ գլխացաւ կը պատճառէ տանտիկինի մը: Ամէն առաւօտ մտածումը միայն, թէ ի՞նչ պէտք է հրամցնէ իր ընտանիքին օրուայ ընթ
ացքին, իր լաւ տրամադրութիւնը նուազեցնելու պատճառ կը դառնայ: Խոհանոցի մէջ երկար ժամանակ անցնելու պարտականութիւնը դրուած է կարծես կնոջ ուսերուն վրայ եւ երբեմն շատ ձանձնրացուցիչ կը դառնայ, մանաւանդ կնոջ մը համար, որ իր տան գործերէն դուրս ունի իր աշխատանքային կեանքի զբաղումները:
Սակայն, ինչո՞ւ այսպէս մտածել հարցի մը շուրջ, որը ունի ուրիշ շատ հաճելի եւ կարեւոր դեր մը կատարելիք:
Մի մնաք «խոհանոց» բառի նեղ իմաստին մէջ:
«Խոհանոց»ը միայն անձի մը եւ կամ ընտանիքի մը կարիքները գոհացնելու վրայ չի կայանար: «Խոհանոց» բառը կÿընդգրկէ նաեւ ամբողջ ժողովուրդի մը ճաշերու աւանդական սովորութիւնները եւ առ այդ՝ կը դառնայ ժողովրդի մը, մշակոյթի ազդակներէն մէկը:
Դիտե՛նք պահ մը, մի քանի տասնեակ տարիներու ընթացքին ճաշերու պատրաստութեան հետ առնչուած հարցերու զարգացումը, որը ակնայայտ է եւ «խոհանոց»ը կը դարձնէ արհետ բայց ի՞նչու չէ անոր «արուեստի» բնոյթ ալ կուտայ:
20-րդ դարու, 80-ական թուականներէ վերջ արագ եւ պատրաստ ճաշեր վաճառող խանութներու շղթաներ կազմուեցան, որոշ ժամանակ յաջողութիւն արձանագրեցին, նորաձեւութիւն մը ներարկելով, ճաշեր հրամցնելու հոլովոյթին:
Այսօր սակայն առաջին ժամանակի «fast food»երուն հմայքը զգալիօրէն նուազած է եւ երիտասարդները եւս կը նախընտրեն իրենց տան մէջ եփուած համեղ կերակուրները: Պէտք է խոստովանինք թէ շատ մը նոր տանտիկիններ կը ջանան որդեգրել այս մտածումը եւ իրենց ջանքերով պատրաստել իրենց սիրելիներուն առօրեայ ճաշը: Շատեր կը հետեւին հեռատեսիլի կայքէջերէն «խոհանոց»ի վերաբերեալ սփռումներուն:
Շատ մը առիթներով կը կազմակերպուին «պազար»ներ, ուր ամէն ազգ կը ներկայացնէ իր աւանդական ճաշերը: Ապացոյց այդ իրականութիւնը, որ մեր հայկական ճաշերը, պատուաբեր տեղ մը կը գրաւեն այս տեսակի ելոյթներու ընթացքին:
Հ. Կ. Խաչի մեր ընկերուհիներու կազմակերպած «Սիրոյ Պազար»ը հասութաբեր ելոյթ մը ըլլալէ անդին, ունի առաքելութիւն մը եւս:
Մեր օտար բարեկամներուն ծանօթացնել մեր աւանդական ճաշերը: Բոլորս վկայ եղած ենք մեր յոյն բարեկամներուն գովեստի խօսքերուն նման առիթներով, որոնք անվերապահօրէն կÿարտայայտեն իրենց նախընտրութիւնը հայկական խոհանոցի վերաբերեալ, քանի ան կրնայ լաւագոյնս միացնել արեւմուտք եւ արեւելք յիշեցնող համերը:
Վերջացնելէ առաջ այս նիւթի շուրջ մտածումներս, պիտի ուզէի կոչ մը ուղղել երիտասարդ սերունդի տիկիններուն: Չի զլանան իրենց նոր կազմած բոյներուն մէջ, իրենց ձեռքով պատրաստուած ճաշերով սեղանի մը շուրջ համախմբել ընտանիքի անդամները եւ ինչո՞ւ չէ բարեկամները տաքուկ եւ զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Կրնան նաեւ օժանդակել պազարներու պատրաստութեան ուր առիթը կÿունենան երէցներու մօտ սորվելու աւանդական ճաշերը, որոնք սերունդէ սերունդ հասան մինչեւ այսօր:
Պարտք կը զգանք մենք եւս պահպանել աւանդութիւնը եւ զայն հպարտօրէն փոխանցել յաջորդներուն:
Ս. Ս.
* * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * *
Google-ի վրայ որոնեցինք եւ կ՛առաջարկենք...
Եթէ մեր ընթերցողները կը սիրեն խոհանոցային արուեստը եւ հետաքրքրուած են հայկական խոհանոցի վերաբերեալ նիւթերով կ՛առաջարկենք որ այցելեն համացանցի վրայ հետեւեալ կայքէջերը.-
Հայերէն լեզուով կայքէջեր.-
http://armmenu.com/menu/?p=1102
http://www.sonia.am/htmls/link_4_haykakan.html
http://www.menu.am/arm/cuisines/9/2
Անգլերէն լեզուով կայքէջեր.-
http://www.thearmeniankitchen.com/
http://www.facebook.com/ARMENIANANDMIDDLEEASTERNCOOKING
http://www.thegutsygourmet.net/armenian.html
http://www.recipes.am/index.html
Այս էջերուն դուք կը գտնէք այլազան բաղադրատոմսեր, աղցաններու, ապուրներու, մսեղէններու, ձկնեղէններու, խմորեղէններու եւ անուշեղէններու տեսակ-տեսակ պատրաստութեան ձեւեր: Մեր ազգային աւանդական խոհանոցէն ճաշատեսակներ ու զանոնք պատրաստելու ուղեցոյցներ, նաեւ տեսաերիզի միջոցով:
Աշակերտներու եւ ուսանողներու բողոքի արտայայտութիւն՝
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ «ԳՐԱՒՈՒՄՆԵՐ»Ը
Սօսի Գարապաճաքեան
Թարգմանեց՝ Ալիս Ֆարաճեան
Ընթացիկ տարեշրջանի առաջին իսկ օրերէն, դէմ յանդիման գտնուեցանք բոլորիս ծանօթ դպրոցական միաւորներու գրաւման երեւոյթին: Աշակերտները քուէարկութենէ ետք, կամ իրենց կողմէ ընտրուած 15-անդամ խորհուրդներու ճամբով, կÿորոշեն «գրաւել»-փակել դպրոցը, որպէսզի իրենց պահանջներուն գոհացում տրուի:
Այս տարի անոնց պահանջները առնչուած են ուղղակի կամ անուղղա-կիօրէն երկիրը տանջող տնտեսական տագնապին: Ուրեմն աշակերտներու հիմնական պահանջները կը կեդրոնանան դպրոցներու պակասներու լրացման հարցին վրայ: Լիկէոնի ստեղծումէն 40 տարի ետք, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով աշակերտները չստացան պետութենէն ոչ մէկ դպրոցական գիրք, որ ըստ օրէնքին՝ պետութիւնը ձրիօրէն պէտք է տրամադրէ աշակերտներուն, ստիպելով այսպէս զանոնք որ իրենք գնեն կամ տպեն կամ կրկնատպեն համապատասխան գրքերը, անշուշտ իրենց ծախսերով: Ծախս մը որ կու գայ բարդուելու վճարովի ուսումնարաններու ծախսին, որ անհրաժեշտ են այլեւս աշակերտներու յաջողութեան համար, եւ որ կÿամրապնդէ աւելի ու աւելի այն տեսակէտը, որ այսպէս կոչուած «ձրի կրթութիւնը» երազանք է:
Աշակերտներու այս նոր պահանջին կողքին կու գան աւելնալու ուսուցիչներու եւ ուսումնական ենթակառոյցներու պակասները, երիտասարդութեան հակակրանքը դպրոցներու գործելաձեւին նկատմամբ, եւ փակուղիները որոնց առջեւ կը գտնուին երիտասարդները, քանի որ ուսումնական ներկայ համակարգը կÿառաջնորդէ անգործութեան, մինչ դպրոցներու գրաւման սովորութիւնը ստեղծուած է տարիներու ընթացքին:
Անշուշտ, լիկէոնի աշակերտներու մեծամասնութիւնը կ'ընդունի թէ գրաւումները վճարովի ուսումնարաններէն թուլանալու միջոց ալ են, մինչ աւելի կրտսերները դասը կորսնցնելու առիթը կÿօգտագործեն զուարճանալու համար: Այս մէկը անշուշտ չի ժշխտեր կարգ մը տղոց գիտակից պայքարի իրականութիւնը:
Յամենայնդէպս, բոլորս գիտենք թէ գրաւումները ոչ միայն օրինաւոր չեն այլ միջազգային իմաստով յունական ինքնատիպ երեւոյթ մը: Աւելին՝ գրաւումները ուղղակի կամ անուղղակիօրէն պիտի առաջնորդեն ծնողներն ու աշակերտները արտադպրոցական կրթութեան, վճարովի ուսումնարաններուն եւ անձնական վարժարաններուն գիրկը, հոն ուր դասընթացքները կը շարունակուին:
Մինչայդ անգամ մը եւս կառավարութիւնը անտարբեր է: Այս տարուայ դպրոցներու փակման երեւոյթներու քաղաքական եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը հիմնականօրէն կը կրէ նախարարութիւնը որ փաստօրէն բռնկեցուց գրաւումները, հարցի լուծումը ձգելով աշակերտներուն վրայ, որպէսզի անոնք ձանձրանալով նախարարութեան անտարբերութենէն՝ վերադառնան իրենց դասարանները:
Կրթութեան նախարարութիւնը կը հասկնայ աշակերտներու պահանջները սակայն համոզիչ չըլլալու հիմնական պատճառը այն է, թէ երբ կը պահանջէ դպրոցներու բացումը չի կրնար միաժամանակ համոզել աշակերտները, որ դպրոցներու բացումով պիտի լուծուին նաեւ ա-նոնց խնդիրները: Ամէն անգամ որ աշակերտները գրաւումներու կը դիմեն, պատասխանը միշտ նոյնն է՝ «թող բացուին դպրոցները որպէսզի պահանջներու վերաբերող երկխօսութիւնը սկսի», երբեք սակայն շօշափելի բան մը տեղի չÿունենար: Այսպէս հինէն եկած ու անլոյծ մնացած խնդիրներուն կը բարդուին նոր խնդիրներ: Միակ էական հիմնաւորումը այն է թէ պէտք է բացուին դպրոցները, քանի որ երբ գոց են չեն կրնար տրամադրել նոյնիսկ այն գիտելիքները որ կը փոխանցեն:
Ուրեմն իսկապէս «բաց» դպրոցներու նախապայմանն է կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք համապասխան «բաց քաղաքականութիւնը», որ կը թարգման- ւի պարզ հասկնալի տուեալներով (տարեշրջանի սկիզբէն իսկ պատրաստ դասագրքեր, ենթակառոյցներ, ուսուցչական անձնակազմ, որ կարողութիւնը պիտի ունենայ դիմագրաւելու նոր ժամանակներու մարտահրաւէրները) ինչպէս նաեւ իսկապէս առօրեային «բաց» դպրոց մը, որ կÿընդունի եւ կը քաջալերէ երկխօսութիւնը եւ մտորումը: Երիտասարդներուն համար հեռանկարներ ունեցող դպրոց մը, որ պիտի կարենայ գոհացնել աշակերտներուն հակումները, տաղանդը եւ հետաքրքրութիւնները:
Իրենց կողմէ, աշակերտները կրնան եւ պարտին ներկայացնել իրենց պահանջները սակայն հասկնալիօրէն օրէնքի սահմաններէն ներս: Գրաւումները խորքին մէջ խնդրին մաս կը կազմեն եւ ոչ թէ լուծման: Լուծումը կը պահանջէ այլ ձեւի գործելաոճ: Ցոյցերը կամ դասերէն բացակա-յութիւնը իրականութիւններ ըլլալով հանդերձ, անարդար պիտի ըլլայինք յոյն աշակերտներուն նկատմամբ, եթէ չճանչնայինք դասերու վերջաւորութենէն ետք ցոյցեր կազմակերպելու իրենց կարողութիւնը, որոնց ընթացքին աշակերտները պիտի մատնանշեն իրենց հարցերը եւ պահանջները, տպաւորելով բոլորս՝ իրենց ստեղծագործ ոգիով, դարմութեամբ, աշխուժութեամբ եւ ինքնատիպ ներկայութեամբ:
Ինչպէ՞ս օգնել մեր զաւակները
պատանեկութեան նրբանցքէն յաղթական դուրս գալու
Սիլվա Աւետիսեան-Ճանիկեան
Պատանեկութեան ժամանակաշրջանը կը յատկանշուի կարեւոր փոփոխութիւններէ որ տեղի կ'ունենան ֆիզիքական, զգացական եւ իմացական մակարդակներու վրայ:
Այս փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են որպէսզի պատանին իր ինքնութիւնը կազմաւորէ եւ հասնի չափահասութեան:
Բախումները ծնողներու եւ պատանիներու միջեւ անխուսափելի են եւ հոգեկան յոգնութիւն կը պատճառեն մանաւանդ առաջիններուն, որոնք շատ անգամ իրենց զաւակներու վերաբերմունքին մէջ կը տեսնեն բոլորովին տարբեր զաւակ մը:
Բախումներու ծաւալը եւ ուժգնութիւնը կը տարբերի ամէն անգամ եւ կախում ունի պատանիին կողմէ այս փոփոխութիւնները դիմագրաւելու ձեւէն, բայց նաեւ՝ նոր տուեալները հետեւելու ծնողքին ունեցած պատրաստութենէն:
Ուրեմն, որպէսզի ծնողները իրենց զաւակները օգնեն այս դժուար ժամանակամիջոցին եւ որպէսզի բախումները արդիւնաւոր համա-գործակցութեան վերածուին, կարեւոր է նկատի ունենալ հետեւեալները.-
Նախապէս տեղեկանալ պատանեկութեան եւ անոր դժուարութիւններուն մասին, կարողանալ օգտակար դառնալու համար, մանաւանդ հասկնալու համար թէ զգացական տարուբերումները, ձանձրոյթը եւ առանձնացումը սովորական երեւոյթներ են պատանեկութեան ժամանակաշրջանին:
Որդեգրել ժողովրդավար կեցւածք մեր զաւակները դաստիարակելու համար: Խօսակցութեամբ եւ գործակցութեամբ միայն կրնայ պատանին իր նկարագիրը կազմել, այսինքն ստանալ իր ինքնութիւնը եւ իր կեանքի ճամբան գծել պատասխանատուութեամբ, օրէնքներով եւ չափանիշերով:
Օգնել որ պատանին հաշտուի իր մարմնի վրայ կատարուող փոփոխութիւններով, զանոնք ընդունի եւ ինքզինքը սիրէ այնպէս ինչպէս որ է:
Ստեղծել սիրոյ եւ յօժարութեան մթնոլորտ, որպէսզի իր ինքնավստահութիւնը զարգանայ եւ իր ոտքերուն վրայ կանգնի եւ պայքարի: Լսել իր մտահոգութիւնները, անձկութիւնները եւ անապահովութիւնը ապագային համար:
Օգտագործել մեր ազատ ժամերը արձակուրդի կամ տօներու առթիւ միասնաբար որակաւոր ժամանակ անցնելու համար: Շատ անգամ մեր առօրեան այդքան ծանրաբեռնուած կ'ըլլայ որ չենք կրնար մեր ուզած ձեւով հաղորդակցիլ մեր զաւակներուն հետ: Ատոր փոխարէն իրենց կը տրամադրենք նիւթական բարիքներ (play station, արժէքաւոր բջիջային հեռաձայներ) որոնք առաջին հերթին իրենց կը գոհացնեն, սակայն չեն կամրջեր մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող հեռաւորութիւնը, ընդհակառակը մեր զաւակները կը հեռացնեն մեզմէ:
Անհրաժեշտ է դնել յստակ օրէնքներ եւ երկխօսութեան ընդմէջէն համաձայնիլ հետեւանքներուն մասին՝ օրէնքները չհետեւելու պարագային: Մեր կեցուածքով պէտք է օրինակ դառնանք պատանիին: Չենք կրնար անորմէ պահանջել սուտ չխօսիլ, ժամերով հեռատեսիլ չդիտել, անկարգապահ չըլլալ երբ մենք կ'ընենք հակառակը:
Կարեւոր է օգնել իրեն որպէսզի կազմէ իր սկզբունքներուն եւ արժէքներուն «հաւաքածոն», որպէսզի կարենայ «ոչ» ըսել երբ որ պէտք է եւ չխաբուի վտանգաւոր ազդեցութիւններէ:
Պատանին օգնութեան պէտք ունի որպէսզի իր կեանքին իմաստ տայ իրապաշտ թիրախներ ճշդելով ու պէտք եղած շարժառիթները ստեղծէ՝ այդ թիրախներուն հասնելու համար: Միաժամանակ պէտք է ստեղծել փորձառութիւններով հարուստ միջավայր մը, փոխացնել ուսման սէրը, ինչպէս նաեւ խանդավառութիւն եւ ախորժակ՝ աշխատանքի նկատմամբ:
Երկխօսութիւնը ընտանեկան հաւաքներու առթիւ, ուր բոլոր կարծիքները կը լսուին եւ համագործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ պարտականութիւնները կը բաշխուին, կը սատարէ ընտանիքի կապուածութեան սերտացման:
Եթէ հասկացողութեամբ, զուարթամտութեամբ եւ համբերութեամբ դիմագրաւենք պատանիին, իր այս դժուար բայց ժամանակաւոր հանգրուանի ընթացքին, ան պիտի կարենայ յաջողութեամբ անցնիլ չափահասներու աշխարհը: