Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ե­րեք տա­րիէն 100ա­մեակ մը եւս պի­տի նշենք՝ մեր պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Հա­րիւ­րա­մեա­կը՝ 28 Մա­յիս 1918ն։

Հան­րա­պե­տու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն բա­ռե­րուն սո­վո­րա­բար նոյն բո­վան­դա­կա­յին ի­մաստն ու խոր­քը կը տրուի։ Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը՝ աշ­խար­հի ա­մէ­նէն հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած վար­չա­ձեւն է, ո­րով­հե­տեւ կ­’ընտ­րո­ւի, կը հաս­տա­տո­ւի ու կը կա­ռա­վա­րո­ւի ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, ժո­ղո­վուր­դին կամ­քով։ Բայց ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ին­չո՞ւ կորսն­ցու­ցած է իր գրաւ­չու­թիւ­նը։ Ո­րով­հե­տեւ ան չ­’օգ­տա­գոր­ծեր իր տրա­մադ­րու­թեան տակ ե­ղող բո­լոր զէն­քե­րը։

Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը տագ­նապ կը բո­լո­րէ ու տե­սակ մը ա­նո­րոշ ու ան­հե­թեթ բա­նի մը վե­րա­ծո­ւած է։ Նոյ­նիսկ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան յա­ռա­ջա­դէմ օր­րան հա­մա­րո­ւող Եւ­րո­պան՝ այ­լեւս չի կրնար ար­դա­րացնել իր վրայ զգե­ցած հա­մա­պա­տաս­խան պատ­մու­ճա­նը եւ այդ ա­նո­ւան համ­բա­ւը խո­շոր ճեղ­քեր յա­ռա­ջա­ցու­ցած է իր տա­տա­նող հե­ղի­նա­կու­թեան վրայ։

Շա­տեր կը խօ­սին վեր­ջին ա­ւե­լի քան քսան տա­րի­նե­րուն մեր ապ­րած մի­ջազ­գայ­նաց­ման-հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հա­սա­րա­կա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան պա­րագծ­ման մա­սին, սա­կայն հետզ­հե­տէ կը բազ­մա­նայ թի­ւը այն մար­դոց, որ կը հա­ւա­տան, թէ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցումն ալ կեղծ ու այ­լա­կեր­պող դի­մակ մը հա­գած է։ Իս­կա­պէս. ի՞նչ է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­պը հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հետ։ Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը ի­րա­կա՞ն է, թէ՞ մի­ջազ­գա­յին խաղ մըն է ու­րիշ շատ մը խո­րա­գի­տակ խա­ղե­րուն մէջ։

Գի­տէ՞ք, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը միայն քո­ւէար­կու­թեան կամ խորհր­դա­րա­նա­կան երկ­րէ-եր­կիր ընտ­րու­թեան շա­հա­դի­տա­կան հարց չէ։

Ա­զա­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան ընտ­րու­թիւ­նը զուտ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան խնդիր է, ինչ­պէս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան խնդիր է ան­հա­տա­կան, հա­ւա­քա­կան, պե­տա­կան ու կա­ռա­վա­րա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ար­ժե­ւոր­ման խնդի­րը։ Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է պաշտ­պա­նո­ւի։ Ո՞վ կրնայ կաս­կա­ծիլ այս մա­սին։

Ե­թէ ա­զատ ես, ե­թէ ան­կախ թէ ինք­նա­վար ես, կրնաս մաս­նակ­ցիլ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան խա­ղին։ Ե­թէ ա­զատ չես, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը քե­զի հա­մար կորսն­ցու­ցած կ­’ըլ­լայ իր ճար­տա­րու­թիւնն ու ճկու­նու­թիւ­նը։ Բայց ա­զա­տու­թիւն­նե­րը ի­րա­կա՞ն են, թէ՞ ձե­ւա­կան։ Ձե­ւա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րը են­թադ­րեալ ազ­գա­յին հպար­տու­թեան մա­սին կը խօ­սի՞ն...

Ո­մանք սահ­մա­նա­փակ ըմբռ­նում ու­նին ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մա­սին։ Կը կար­ծեն թէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­պա­հո­վու­մը կը բա­ցատ­րո­ւի լոկ՝ հաց, ջուր, լոյս, աշ­խա­տանք, բժշկու­թիւն ու­նե­նա­լու բա­րե­պա­տեհ տո­ւեալ­նե­րով։ Բայց ա՞յս է մեզ­մէ ու­զո­ւա­ծը։ Ա՞յս է մե­զի գո­հաց­նո­ղը։ Ա՞յս է միայն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ո­րա­կա­յին մա­կար­դակն ու ար­ժէ­քը, քա­ղա­քակր­թու­թեան բաղ­դա­տա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը, կեան­քի զգա­յուն հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը, խտա­ցած գի­տու­թիւնն ու փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը։

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը գոր­ծադրուի իր իսկ ընտ­րած կամ նշա­նա­կած մար­դոց­մով։ Այ­սօր, կրնա՞նք ը­սել, թէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու կարգ մը գա­ղա­փա­րաբանութեանց մէջ սխալ բան մը կայ, երբ ա­նոնք զա­նա­զա­նու­թեան շար­ժա­ռիթ­ներ յա­ռաջ կը քշեն, քա­նի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը միայն «մաս­նա­ւոր­նե­րու» ու «մաս­նա­ւոր բա­նե­րու» հա­մար չէ, այլ բո­լո­րի՛ն հա­մար է։

Մարդ­կու­թիւ­նը կրնա՞յ դի­մա­նալ գա­ղա­փար­նե­րու։ Մեր օ­րե­րուն գա­ղա­փա­րա­կան մարդ ըլ­լա­լը, գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու ծա­ռա­յե­լը ա­ռանձ­նաշ­նոր­հո՞ւմ կը հա­մա­րո­ւի։ Գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րը մեր ապ­րած այ­սօրն են, մեր մոռ­ցո­ւած ե­րէկն են։ Այ­սօ­րով ու ե­րէ­կով կը զբա­ղինք ու­զենք-չու­զենք։

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը հա­ւա­քա­կան նոր ինք­նու­թիւն­ներ յա­ռաջ կը բե­րէ, ան­հա­տա­կան ինք­նու­թիւն­նե­րէն ան­կախ։ Գա­ղա­փա­րա­կան ընտ­րու­թեան ա­ռիթ կու­տա՞յ, քա­նի մարդ ան­հա­տին հա­մար գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն ու­նե­նա­լը միայն ընտ­րու­թիւն չէ, անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է։ Բան մըն ալ ա­ւե­լի է։

Տի­րող տե­սա­կէտ մը կայ, թէ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը ա­նա­պա­հո­վու­թեան զգա­ցում մը կը ստեղ­ծեն մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն։ Այ­սինքն ի՞նչ. մեզ վա­րա­կե­լու փո­խա­րէն մեզ թու­նա­ւո­րա՞ծ են։ Ա­զատ կը լսո­ւի՞ այս մէ­կը։ Ար­դար կը լսո­ւի՞ այս մէ­կը։ Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ՝

Մարդ­կու­թիւ­նը գի­տէ, թէ չի կրնար ձեր­բա­զա­տո­ւիլ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րէ։ Ո­մանք կը կար­ծեն, թէ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու դի­մագ­րա­ւած շեշ­տա­կի տագ­նա­պը նոր յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ մարդ­կու­թիւ­նը։ Ու­րիշ­ներ ալ կը կար­ծեն, թէ ուր որ տագ­նապ կայ մե­զի պի­տի փրկեն մեր գա­ղա­փար­նե­րը։ Մեզ ան­կա­րող կը հա­մա­րեն նոր քա­ղա­քակր­թու­թիւն հիմ­նե­լու հա­մար։

Մա­յիս 28ն­ ա­զա­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան հարց է։ Գա­ղա­փար՝ որ հայ ժող­վուր­դը ար­դիւ­նա­ւէ­տօ­րէն խենթ ու ներշն­չող եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գե­ցուց։ Քիչ մըն ալ ա­ւե­լի։ Հա­յաս­տա­նը եր­կիր է, պե­տու­թիւն է, պարզ տա­րած­քի չվե­րա­ծենք։

Տագ­նապ­նե­րու ա­տեն խեն­թու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է։ Խեն­թու­թիւ­նը միայն քա­ղա­քա­գէտ­նե­րուն պէտք չէ ձգել։ Կ­ռո­ւո­ղի՛ն պէտք է վստա­հիլ։ Քա­ղա­քա­կան ու մար­տա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան պէտք է ա­պա­ւի­նիլ։

Հի­մա՝ մեր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը ազ­գա­յի՞ն է, քա­ղա­քա­կա՞ն է, ռազ­մա­կա՞ն է, ի­տէա­լա­պաշ­տա­կա՞ն է։ Տար­բե­րու­թիւն­ներ ու­նի հա­յու­թիւ­նը ինքն իր մէջ։ Չի բա­ւեր, որ «Կ­ռունկ»ը կամ «­Տը­լէ Եա­ման»ը կը միաց­նեն մեզ։

Բայց՝ ե­րէկ թէ այ­սօր, այ­սօր թէ ե­րէկ, յատ­կա­պէս վա­ղը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ տո­ւեալ է գա­ղա­փա­րա­կեդ­րո­նա­ցած հայ կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար, թէ­կուզ մենք բո­լորս մօ­տա­կայ թէ հե­ռա­կայ զա­ւակ­նե­րը կը հա­մարուինք սրտա­մօ­տիկ հայ­րե­նի­քի մը, որ եր­բեմն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը կի­րար­կէ այ­լա­կեր­պո­ւած խոր­քով, եր­բեմն ալ ձե­ւա­փո­խո­ւած ու շփո­թա­հար կա­նոն­նե­րով։ Գանք մեր օ­րե­րուն սա­կայն։

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը 100 տա­րի ա­ռաջ ու­րիշ էր, հի­մա զայն բաղ­կաց­նող կա­նոն­նե­րը այն­քան ալ հար­կադ­րա­կան չեն հայ կեան­քին մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վե­լու, ե­րաշխա­ւո­րե­լու, ի հար­կին՝ եր­կա­րաձ­գե­լու հա­մար։ Բայց մին­չեւ ո՞ւր։ Բայց մին­չեւ ե՞րբ։

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րէ չի վախ­նար, ո­րով­հե­տեւ հա­մա­զօր է իր բա­րիք­նե­րուն ու ազ­նո­ւու­թեան, իր քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թին, իր քա­ղա­քակր­թա­կան մտա­ծո­ղու­թեան, իր բա­րո­յա­կա­նու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի հաս­կա­ցո­ղու­թեան, երբ վե­րա­դառ­նանք իր հին օ­րե­րուն, ու­րիշ ժա­մա­նակ­նե­րու ու­ժա­կա­նու­թեամբ։

Կր­նա՞նք յար­մա­րիլ այ­սօ­րո­ւան աշ­խար­հին, այն­պէս ինչ­պէս որ է այ­սօր։ Սա կամ նա ձե­ւով բո­լոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած չեն, քա­նի մնա­յուն չեն։

Յար­գանք ժա­մա­նա­կին։ Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կի պա­տե­րազ­մը չէ կորսն­ցու­ցած։ Պի­տի վեր­ջա­նայ, երբ ա­նոր պա­տե­րազմն ալ հաս­նի իր ա­ւար­տին։

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ի­մաստ­ներ ու­նի որ դեռ չեն հնչած եւ կը պատ­կա­նի այն­պի­սի մար­դոց, ո­րոնք սկսած են ան­հե­տա­նալ այս աշ­խար­հէն։

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ