«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Կռիւի խնդիր - Բ.
Գաղափարական կռիւը կերակուրի մէջ դրուած աղն է:
Չեմ գիտեր թէ ես այսքան երկար ժամանակէ ի վեր խմբագրական յաջող եւ համով աշխատանք մը կրնայի՞ ունենալ եթէ կռուելէ խուսափէի, եթէ ձայն չբարձրացնէի բոլոր այն պատահարներուն ու ելոյթներուն դէմ որոնք իմ կարծիքով սխալ ու անարդար էին: Իրականութիւնն այն է որ խմբագրի կեանքիս սա քառասուն տարիներու ընթացքին ամէն օր անպայման բան մը գտայ ջղայնանալու համար եւ օրը իրիկուն չըրի, առանց ձայնս բարձրացնելու, առանց տեսանելի կամ անտեսանելի անձեր սաստելու, առանց սա կամ նա ճշդումը ընելու:
Այս առաւօտ ալ ահաւասիկ կռիւի ու բարկութեան առօրեայ բաժինս ապրեցայ կուշտ ու կուռ: Սեղանիս վրայ դրուած էր յօդուած մը, որուն ընթերցումը զայրոյթ ու գայթակղութիւն պատճառեց ինծի: Աւելի առաջ ալ ըսի, ես հայհոյել չեմ գիտեր, բայց գիտեմ չափել մարդոց ապուշութիւնն ու տխմարութիւնը, կամ գիտեմ չափել մարդոց վատութիւնն ու ապերախտները: Ամբողջ բարկութիւնս թափեցի յօդուածին վրայ: Գործակիցներս ըսին այն ինչ որ միշտ կ'ըսեն.
-Մի՛ ջղայնանաք, մեղք է ձեր առողջութեան:
Ես ալ յանկարծ հանդարտեցայ ու ըսի այն ինչ որ կÿըսեմ միշտ.
-Մի՛ վախնաք: Ջղայնանալը առողջապահական է: Կը հանգստացնէ մարդը: Նախ կը խռովէ, յետոյ կը հանգստացնէ մարդուս հոգին:
Այո՛, գիտեմ որ բժիշկը պիտի ըսէ որ ինչպէս աղը, նոյնպէս կռիւը կը վնասէ մարդու առողջութեան: Իմ շատ սիրելի բժիշկ ընկերս արդէն ինծի շարունակ յանձնարարած է հեռու մնալ «սթրէս»ներէ, այսինքն հոգեցնցումներէ, բարկութիւններէ, ջղայնութիւններէ, որնք իր կարծիքով արեան ճնշումը կը բարձրացնեն, երակները կը կծկեն, սիրտը կը յոգնեցնեն: Ես ալ, միշտ ապաւինելով իր ներողամտութեան, պատասխանած եմ որ ջղայնանալը այդքան ալ վնասակար բան մը չէ: Նոյնիսկ օգտակար է: Ասիկա այնքան անպատեհ բան մը չէ: Մարդ կը ջղայնանայ, լեզուին թափ կուտայ, իր քննադատութիւններն ու հակազդեցութիւնները կը շարադրէ, ըսելիքները կÿըսէ, յետոյ կը լռէ ու կը զգայ որ հանգստացած է: Եթէ ես օրը գոնէ մէկ անգամ բանի մը համար պիտի չջղայնանամ, բանի մը համար պիտի չզայրանամ, կը նշանակէ որ քշուած եմ դէպի կեանքի լուսանցքը, այսինքն կեանքէն դուրս շպրտուած եմ եւ ոչ մէկը կը նշմարէ իմ գոյութիւնը:
Կեանքիս մէջ ճանչցած եմ բնականաբար գրողներ, բանաստեղծներ, մինչեւ իսկ մտերիմներուս շրջանակէն մտաւորական մարդիկ, որոնք ընդհանրապէս նախընտրած են չէզոք մնալ ամէն տեսակ կռիւի մէջ, ասոր անոր հետ գէշ մարդ չըլլալ: Անոնցմէ մէկը, եթէ կռիւի մը հոտը առնէր, մարզիկի մը արագութեամբ կռնակ կը դարձնէր ու կը հեռանար հոնկէ: Աշխարհի բոլոր ջրհեղեղները ծնունդ առած են «Ինձմէ վերջ ջրհեղեղ» ըսող այսպիսի մարդոց կեցուածքէն: Բայց անոնցմէ ոմանք տեսած են որ ջրհեղեղը չէ սպասած որ իրենք երթան-հեռանան, այլ պատահած է իրենց օրով, ու այդ ջրհեղեղը իրեն հետ առած տարած է զանոնք ալ: Ես երբեք «ինձմէ վերջ ջրհեղեղ» չըսի: Երբեք ալ չվախցայ ջրհեղեղէն: Միայն թէ ես ալ մարդ էի վերջապէս ու երբեմն ես ինծի կը հարցնէի.
«Այս աշխարհի վրայ միակ ապուշը ե՞ս եմ, ե՞ս եմ որ պիտի փրկեմ աշխարհը, ե՞ս եմ որ պիտի փրկեմ արդարութիւնը»:
Ասիկա յուսահատեցուցիչ ու մահացու հարցում մը ըլլալ կը թուի, բայց բնաւ այդպէս չէ: Որովհետեւ ամէն անգամ որ ես հարց կուտայի թէ աշխարհի միակ ապուշը ե՞ս էի, կը ստանայի նաեւ պատասխանը. Ո՛չ, փառք Աստուծոյ, աշխարհի միակ ապուշը ես չէի: Ինծի նման ապուշներ շատ էին աշխարհի վրայ: Ճիշդ է որ բոլորս ալ եթէ քով քովի գայինք, նորէն պիտի չկարենայինք փրկել աշխարհը, պիտի չկարենայինք մեծ բան մը փոխել աշխարհի անիրաւութիւններուն ու անարդարութիւններուն մէջ, բայց ամէն իրիկուն, երբ անկողին պիտի մտնէինք, պիտի կարենայինք խղճմտանքի քննութիւն տալ ու ըսել. «Փառք Աստուծոյ, ես այսօր ալ իմ պարտականութիւնս կատարեցի: Այսօր ալ բան մը ըրի որպէսզի քանի մը հարիւր հոգիի ցոյց տամ թէ մարդիկ անպայման դատի մը մէջ կողմ պէտք է ըլլան, թէ չէզոքութիւն ըսուածը իրականութեան մէջ անբարոյականութիւն է»:
Իմ սիրելի այցելու բարեկամս, որ ուրախութեամբ դիտել տուած էր որ կը տեսնէր թէ առողջութիւնս լաւ էր քանի որ դեռ ի վիճակի էի կռուելու, կը սխալէր: Հակառակն էր որ ճիշդ էր: Պէտք է ըսէր. Դեռ կը կռուիս, անոր համար ալ առողջութիւնդ լաւ է: Որովհետեւ ամէն անգամ որ կռիւ մը յառաջ կը տանիմ գաղափարի մը համար, բան մը կը բարելաւուի իմ առողջութեան մէջ: Բայց ո՞ր առողջութեան մէջ: Խղճմտանքիս առողջութեան մէջ: Մարդկային արժէքներու նկատմամբ յարգանքիս առողջութեանը մէջ: Խմբագիրի ու մտաւորական մարդու արժանապատոութեանս առողջութեանը մէջ: «Աշխարհի վրայ ես ալ կամ ու ձայն մը ունիմ» կարենալ ըսելու իմ առողջութեանս մէջ: Աստուած իմ, որքան կարեւոր է ունենալ այսպիսի առողջութիւններ:
Իմ սիրելի բժիշկ ընկերներս ներողամիտ ըլլան, բայց ես իրենցմէ կÿուզեմ դեղագիր մը: Թող ինծի արտօնեն, կամ ինծի յանձնարարեն օրը գոնէ մէկ անգամ կռուիլ, գոնէ մէկ անգամ ջղայնանալ՝ ի խնդիր արդարութեան մը պաշտպանութեան:
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)