Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­alt«­Ռոյ­թըրզ» կը գրէ, որ երբ Նե­զա­հաթ Է­լեֆ­թոս փոքր տա­րի­քին ըն­տա­նե­կան արկ­ղի մը մէջ լու­սան­կար­նե­րու ծրար մը գտաւ, ա­նոր մեծ մայ­րը խոս­տո­վա­նե­ցաւ, թէ լու­սան­կար­նե­րուն մէջ էին իր քրիս­տո­նեայ հայ եղ­բայր­նե­րը, ո­րոնք Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին զոհ գա­ցին հա­րաւ-արե­ւե­լեան Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զան­գո­ւա­ծա­յին սպանդ­նե­րուն։

Շուրջ քա­ռա­սուն տա­րի Նե­զա­հաթ Է­լեֆ­թոս փոր­ձեց պա­հել իր Զա­րի­ֆէ մեծ մօր այն գաղտ­նի­քը, թէ ինք հայ քրիս­տոնեայ ծնած է եւ ոչ թէ Տիար­պե­քի­րի ժայ­ռոտ բլուր­նե­րուն վրայ գտնո­ւող Օն­պա­շը­լար գիւ­ղի իր դրա­ցի­նե­րուն նման իս­լամ քիւրտ մը։ «­Սա­կայն ա­նոնք գի­տէին։ Մեզ կը վար­կա­բե­կէին, մեզ ան­հա­ւատ­ներ, «կեա­ւուր» կը կո­չէին»,- կը յայտ­նէ 48ա­մեայ Է­լեֆ­թոս։

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ քրտա­կան հա­մայն­քի վե­րա­բեր­մուն­քը փո­խո­ւած է, Է­լեֆ­թոս ներ­կա­յիս պատ­րաստ է իր ըն­տա­նի­քին հայ­կա­կան ծա­գու­մին մա­սին խօ­սե­լու։ «Այժմ քիւր­տե­րը հա­յե­րու բա­րե­կամ­ներն են։ Ես հպարտ եմ եր­կու­քը ըլ­լա­լուս»,- կ­՚ը­սէ ան։

Զա­րի­ֆէի եղ­բայր­նե­րուն եւ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր այլ հա­յե­րու Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ հո­ղե­րուն վրայ սպա­նու­թիւն­նե­րէն մէկ դար ետք, Է­լեֆ­թո­սի­նի նման պատ­մու­թիւն­նե­րը կը խզեն Թուր­քիոյ բնակ­չու­թեան 20 առ հա­րիւ­րը կազ­մող քիւր­տե­րուն մօտ լռու­թեան պա­տը։

Քիւր­տե­րը կ­՛օ­ժան­դա­կեն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման, խորհրդա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հայ թեկ­նա­ծու­ներ կ­՛ա­ռա­ջադ­րեն եւ հայ­կա­կան կա­լո­ւած­նե­րուն տի­րա­նա­լու խոս­տու­մով՝ հա­յե­րու ջար­դե­րուն մաս­նակ­ցած ի­րենց նա­խա­հայ­րե­րուն հա­մար նե­րում կը հայ­ցեն։ Ա­ւե­լին, քիւր­տե­րը հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ջար­դե­րը կը ճանչ­նան իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ի տար­բե­րու­թիւն թուր­քե­րուն, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը մեր­ժեն հա­յե­րու պնդում­նե­րը, թէ ի­րենց 1,5 միլիոն ազ­գա­կից­նե­րուն սպան­դը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մըն է։

Ա­րեւ­մուտք­ցի մաս­նա­գէտ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը եւ շուրջ քսան կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներ 1915ի դէպ­քե­րը կը նկա­տեն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը, որ գոր­ծո­ւած է քա­ղա­քա­կար­թու­թեան մը դէմ, որ չորս հա­զար տա­րիէ ի վեր կը ծաղ­կէր այն տա­րած­քին մէջ, որ այ­սօ­րո­ւան Թուր­քիան է։

Դա­րէ մը ի վեր թաք­նո­ւած

Սա­կայն ո­մանք վե­րապ­րե­ցան, փո­խե­ցին ի­րենց ա­նուն­նե­րը, կրօ­նը եւ մշա­կոյ­թը, չբա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար ի­րենց հայ ծա­գու­մը։ «­Շուրջ 200.000 հա­յեր ձու­լո­ւե­ցան, որ­պէս­զի ողջ մնան»,- կ­՛ը­սէ Թա­ներ Աք­չամ՝ հա­զո­ւա­գիւտ թուրք ցե­ղաս­պա­նա­գէտ մը եւ Մա­սա­չու­սե­ցի Ք­լարք հա­մալ­սա­րա­նէն պատ­մա­բան մը։ «Ա­նոնց մէկ մի­լիոն կամ ա­ւե­լի ժա­ռան­գորդ­նե­րը հա­ւա­նա­բար կ­՚ապ­րին Թուր­քիոյ մէջ, թէեւ ա­նոնց ճշգրիտ թի­ւը յստակ չէ»։

«Իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու» մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ կի­ներ էին, ո­րոնք առնուած էին իբ­րեւ երկ­րորդ կին կամ որ­բա­ցած մա­նուկ­ներ, ճիշդ Զա­րի­ֆէի նման, որ 1915ին 12 տա­րե­կան էր։ Ան տե­սած էր զի­նեալ­նե­րու կող­մէ իր եօ­թը եղ­բայր­նե­րու գնդա­կա­հա­րու­մը նախ­քան փա­խուստ տա­լը դէ­պի բլուր­ներ, ուր զինք գտած էր Է­լեֆ­թո­սի մեծ հայ­րը, որ զի­նո­ւոր էր։ Ան զինք վստա­հած է քիւրտ ըն­տա­նի­քի մը, ա­պա երբ վե­րա­դար­ձած է ա­մուս­նա­ցած է Զա­րի­ֆէի հետ, որ ար­դէն իս­լա­մա­ցած էր։ Տիար­պե­քիր քա­ղա­քի հնա­դա­րեան Սուր շրջա­նի քիւրտ քա­ղա­քա­պետ Ապ­տուլ­լահ Մե­միր­պաշ յայտ­նած է, որ իր հա­մայն­քը հա­յե­րուն դէմ կա­տա­րո­ւած սխա­լը սկսաւ ճանչ­նալ 1980ա­կան եւ 1990ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն ետք, երբ թրքա­կան բա­նակն ու քիւրտ զի­նեալ­ներ շրջա­նին մէջ ի­րա­րու դէմ կռո­ւե­ցան։ 2012ի զի­նա­դա­դա­րի յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ա­ռաջ շուրջ 40.000 մար­դիկ - մեծ մա­սամբ քիւր­տեր - սպան­նո­ւե­ցան։ «Ա­հա թէ ին­չու ինք­նայ­պա­նում կայ։ Ե­թէ ան­միտ չըլ­լա­յինք, մե­զի ալ չէր պա­տա­հեր»,- կը հաս­տա­տէ ան։

Հաշ­տու­թիւն

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մե­ծա­գոյն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին՝ Ս. Կի­րա­կո­սը կը ծա­ռա­յէր հետզ­հե­տէ ան­յայ­տա­ցող հօ­տի մը, մին­չեւ որ 1985ին վեր­ջին հո­գե­ւոր հո­վի­ւը հե­ռա­ցաւ։ Այժմ Տիար­պե­քի­րի (Տիգրանակերտ) մէջ ի յայտ ե­կած են վե­րապ­րող­նե­րու շուրջ 300 ժա­ռան­գորն­դեր, ո­րոնց­մէ ո­մանք քրիս­տո­նէու­թիւ­նը որ­դեգ­րած են։

Ս.­Կի­րա­կո­սի մէջ Զատ­կո­ւան Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին 40 ան­ձեր հա­ղոր­դու­թիւն ստա­ցան։ Այդ մէ­կը մաս կը կազ­մէ քիւր­տե­րու եւ հա­յե­րու մի­ջեւ ա­ւե­լի հա­մա­պար­փակ հաշ­տու­թեան մը։