Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ան­ցեալ շա­բաթ «Ո­ւա­շինկ­թըն Փոստ» թեր­թը, իր «­Քոնկ­րէ­սի տա­սը ան­դամ­նե­րու ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը գաղտ­նի ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւած է օ­տար պե­տու­թեան կող­մէ» խո­րա­գի­րով ծա­ւա­լուն յօ­դո­ւա­ծին մէջ, բա­ցա­յայ­տեց 2013 թ. Պա­քո­ւի հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած 10 օ­րէնըս­դիր­նե­րու եւ ա­նոնց աշ­խա­տա­կազ­մի 32 ան­դամ­նե­րու ամ­բող­ջո­վին վճա­րո­ւած ու­ղե­ւո­րու­թեան աղմ­կա­յա­րոյց ման­րա­մաս­նե­րը: Հա­մա­ժո­ղո­վին իբ­րեւ հրա­ւի­րեալ բա­նա­խօս­ներ մաս­նակ­ցած էին նաեւ նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի ե­րեք բարձ­րաս­տի­ճան խորհր­դա­կան­նե­րը` Ռո­պերթ Կիպ­սը, Ճիմ Մե­սի­նա եւ Տէյ­վիտ Փ­լա­ֆ:

Պա­քո­ւի մէջ մի­ջազ­գա­յին քա­րիւ­ղի հա­մար հա­ւա­քի կազ­մա­կեր­պի­չը` Ատըր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան «­Սո­գար» պե­տա­կան քա­րիւ­ղի ըն­կե­րու­թիւ­նը, ըստ «Ո­ւա­շինկ­թըն Փոստ»ի ձեռք բե­րած Քոնկ­րէ­սի Կար­գու­ձե­ւի յանձ­նա­ժո­ղո­վի գաղտ­նի զե­կոյ­ցի, ա­մե­րի­կեան եր­կու ոչ-ա­ռեւտ­րական կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով փո­խան­ցած է 750 հա­զար տո­լար՝ ու­ղե­ւո­րու­թեան «ֆի­նան­սա­ւոր­ման աղ­բիւ­րը պա­հե­լու հա­մար»: Եւս 750 հա­զար տո­լար նո­ւի­րա­բե­րած են «Պ­րի­թիշ Փեթ­րո­լիում», «­Քո­նո­գո­ֆի­լիբս» եւ «­Քէյ­պիէր» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը` թռիչ­քի տոմ­սե­րու, հիւ­րա­նո­ցա­յին ծախ­սե­րու եւ նո­ւէր­նե­րու հա­մար:

Թեր­թը նաեւ կը հա­ղոր­դէ, որ «մին­չեւ 2013 թ. Մա­յիս 28-29ի հա­մա­ժո­ղո­վը, «­Սո­գար»ը եւ ու­ժա­նիւ­թի քա­նի մը մեծ ըն­կե­րու­թիւն­ներ (նե­րա­ռեալ Ի­րա­նի ազ­գա­յին քա­րիւ­ղի ըն­կե­րու­թիւ­նը) փոր­ձած էին ա­զա­տո­ւիլ Ի­րա­նի նկատ­մամբ Ա.Մ.Ն. տնտե­սա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րէն` Կաս­պից ծո­վու 28 մի­լիառ տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ կա­զա­տա­րին հա­մար»: Ի դէպ, հա­մա­ժո­ղո­վէն մէկ ա­միս ա­ռաջ, «­Սո­գար»ը Հիւս­թը­նի մէջ հիմ­նադ­րեց «Ատր­պէյ­ճա­նի բա­րե­կամ­նե­րու ա­սամպ­լէա» ոչ-ա­ռեւտ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը` ա­նոր հա­շո­ւին փո­խան­ցե­լով 750 հա­զար տո­լար: Իսկ այս ծրա­գի­րին մէջ ներգ­րա­ւո­ւած երկ­րորդ ոչ-ա­ռեւտ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը «թուրք ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րու եւ եւ­րա­սիա­ցի­նե­րու խոր­հուրդ»ն­ էր, որ նոյն­պէս հիմ­նադ­րո­ւե­ցաւ Հիւս­թը­նի մէջ: Եր­կու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, Քե­մալ Օք­սիւ­զի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ար­ձա­նագ­րո­ւած էին Հիւս­թը­նի միեւ­նոյն հաս­ցէին: Քոնկ­րէ­սը հաս­տա­տեց շարք մը օ­րի­նա­գի­ծեր, ո­րոնց­մով պատ­ժեց Ի­րա­նը` միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ար­տօ­նու­թիւն­ներ սահ­մա­նե­լով «­Սո­գար»ի նա­խա­գի­ծին հա­մար: Այ­նու­հե­տեւ, Օ­պա­մա­յի ստո­րագ­րե­լէն յե­տոյ, ա­նոնք օ­րէն­քի ուժ ստա­ցան:

Պա­քու մեկ­նած տա­սը քոնկ­րէ­սա­կան­ներն էին. Ճիմ Պ­րայ­տընշ­թայ­ն (Օք­լա­հո­մա), Ի­վէթ Ք­լար­գ (­Նիւ Եորք), Տե­նի Տե­ւի­ս (Ի­լի­նոյս), Մի­շէլ Կ­րի­շա­մ (­Նիւ Մեք­սի­քօ), Ռու­բէն Հի­նո­ճո­զան (­Թեք­սաս), Լէո­նարտ Լան­ս (­Նիւ Ճըր­սի), Շէ­լայ Ճեք­սըն Լի (­Թեք­սաս), Կ­րե­գո­րի Միք­ս (­Նիւ Եորք), Թետ Փո­յ (­Թեք­սաս) եւ Ս­թիւ Ս­թոք­մա­ն (­Թեք­սաս):

Կար­գու­ձե­ւի յանձ­նա­ժո­ղո­վի հե­տաքըն-նող­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­ցին, որ այս օ­րէնս­դիր­նե­րը, ի­րենց ա­մու­սին­նե­րու եւ հարսնցու­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ստա­ցած էին շարք մը նո­ւէր­ներ, նե­րա­ռեալ «բիւ­րե­ղա­պա­կեայ թէ­յի սպասք­ներ, մե­տաք­սէ շա­լեր, փի­րու­զէ օ­ղեր, ոս­կե­նախշ ա­ման­ներ եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան գոր­գեր…. Բո­լոր օ­րէնս­դիր­նե­րը ստա­ցած են առ­նո­ւազն մէկ, իսկ ո­մանք` եր­կու գորգ, ո­րոնց­մէ մէ­կը փոքր չա­փով` նա­խա­տե­սո­ւած ա­ղօթ­քի հա­մար, իսկ միւ­սը` մեծ: Գոր­գեր ստա­ցան նաեւ աշ­խա­տա­կազ­մի շատ ան­դամ­ներ»:

Ի­րենց ա­նօ­րի­նա­կան կամ ոչ-պատ­շաճ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ար­դա­րաց­նե­լու նպա­տա­կով այս օ­րէնս­դիր­նե­րէն ո­մանք ծի­ծա­ղե­լի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րին Քոնկ­րէ­սի Կարգաձեւի յանձ­նա­ժո­ղո­վի հե­տաքն­նող­նե­րուն.

- Քոնկ­րէ­սա­կան Տե­ւի­ս յայ­տա­րա­րեց, որ Պա­քո­ւի հա­մա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ ան «ստա­ցած է մէկ գորգ, որ բե­րած էին իր հիւ­րա­նո­ցա­յին սե­նեակը»: Ան ը­սաւ, որ մտա­ծած է այդ գոր­գը ո­րե­ւէ թան­գա­րա­նի կամ բա­րե­սի­րա­կան միու­թեան նո­ւի­րե­լու մա­սին…

- Քոնկ­րէ­սա­կան Հի­նո­ճո­զա ը­սաւ. «Ես կը կար­ծէի, որ իմ ստա­ցած յու­շա­նո­ւէր­նե­րը նո­ւա­զա­գոյն ար­ժէք ու­նին եւ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան Նո­ւէր­նե­րու մա­սին կա­նոն­նե­րուն»:

- Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Միք­սի մա­մու­լի քար­տու­ղար Լա­տան Ահ­մա­տի յայ­տա­րա­րեց, որ քոնկ­րէ­սա­կա­նը «են­թադ­րած է, թէ գոր­գը ար­տօ­նո­ւած հա­մա­րո­ւող նո­ւէր է»:

- Քոնկ­րէ­սա­կան Լան­սի աշ­խա­տա­կազ­մի բարձ­րաս­տի­ճան ան­դամ մը «Ո­ւա­շինկ­թըն Փոստ»ին ը­սաւ, որ քոնկ­րէ­սա­կա­նը «Ո­ւա­շինկ­թըն վե­րա­դառ­նա­լէն յե­տոյ վե­րա­դար­ձու­ցած է իր ստա­ցած մէկ գոր­գը: Աշ­խա­տա­կազ­մի ան­դա­մը նաեւ նշեց, որ Լան­ս զոյգ մը օղ ստա­ցած է եւ փոխ-­հա­տու­ցած 100 տո­լար հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման օ­ժան­դա­կող ոչ-ա­ռեւտ­րա­կան խում­բին՝ Նիւ Ճըր­սի վե­րա­դառ­նա­լէն ան­մի­ջա­պէս ե­տք»:

- Քոնկ­րէ­սա­կան Կ­րի­շա­մ Կար­գու­ձե­ւի յանձ­նա­ժո­ղո­վի հե­տաքն­նող­նե­րուն ը­սաւ, որ ան չէ յայտ­նած գոր­գե­րուն մա­սին, ո­րով­հե­տեւ չէ կար­ծած, թէ ա­նոնք ա­ռանձ­նա­պէս ար­ժէ­քա­ւոր են: Ան նաեւ զա­նոնք ոչ-հրա­պու­րիչ հա­մա­րած է. «ա­տի­կա այն կար­պե­տը չէր, որ ես պի­տի փա­փա­քէի գնել»:

- Քոնկ­րէ­սա­կան Պ­րայ­տընշ­թայ­ն միակ օ­րէնս­դիրն էր, որ բա­ցա­յայ­տեց գոր­գե­րու մա­սին իր ֆի­նան­սա­կան զե­կոյ­ցին մէջ. «ան փոքր գոր­գը գնա­հա­տած էր 2500 տո­լար, իսկ մե­ծը` 3500»:

«Ո­ւա­շինկ­թըն Փոստ»ը, մէջ­բե­րե­լով Կար­գու­ձե­ւի յանձ­նա­ժո­ղո­վի զե­կոյ­ցէն, բա­ցա­յայ­տեց, որ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ Ք­լար­գ, Կ­րի­շա­մ, Հի­նո­ճո­զա, Լան­ս եւ ա­նոնց աշ­խա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը այդ ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին նաեւ «մեկ­նած են Թուր­քիա, այ­ցե­լած Պոլիս, Ան­գա­րա կամ եր­կու­քը միա­սին….

Բո­լոր ծախ­սե­րը հո­գա­ցած է «բա­րե­կա­մու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան Վոս­փո­րի ատ­լան­տեան մշա­կու­թա­յին միու­թիւն» թրքա­կան ոչ-ա­ռեւտ­րական կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ը­սո­ւած է զե­կոյ­ցին մէջ: Օ­րէնս­դիր­նե­րը չեն բա­ցա­յայ­տած այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան դե­ր»:

Քոնկ­րէ­սի Կար­գու­ձե­ւի յանձ­նա­ժո­ղո­վը եզ­րա­կա­ցուց.- ««­Սո­գար» եւ «Ատրպէյ­ճա­նի բա­րե­կամ­նե­րու ա­սամպ­լէա»ն նուէր­ներ մա­տու­ցած են Քոնկ­րէ­սի ճամ­բորդ­նե­րուն՝ ճա­նա­պար­հա­ծախ­սե­րու ան­թոյ­լատ­րե­լի ձե­ւով, խախ­տե­լով Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան կա­նոն­նե­րը, կա­նո­նա­կար­գե­րը եւ դաշ­նա­յին օ­րէն­քը», իսկ «­Թուր­քիա ու­ղե­ւո­րո­ւած քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը ճա­նա­պար­հա­ծախ­սի վճար­նե­րը ըն­դու­նած են ան­թոյ­լատ­րե­լի աղ­բիւր­նե­րէ, որ յան­գե­ցու­ցած է ան­թոյ­լատ­րե­լի նո­ւէ­րի` խախ­տե­լով Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան կա­նոն­ներն ու կա­նո­նա­կար­գե­րը»: Բա­ցի այդ, հե­տաքն­նող­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Ատըր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռըն­թեր հինգ ոչ-ա­ռեւտրական կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հաս­տա­տե­ցին, որ ի­րենք հո­վա­նա­ւո­րած են հա­մա­ժո­ղո­վը` լրաց­նե­լով յայ­տա­րա­րագ­րեր Կար­գու­ձե­ւի յանձ­նա­ժո­ղո­վին հետ 2013 թ. Ապ­րիլ եւ Մարտ ա­միս­նե­րուն: «­Հինգ հո­վա­նա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը չեն օ­ժան­դա­կած քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան` չնա­յած կեղծ հա­ւաս­տիաց­ման ձե­ւե­րու, որ ներ­կա­յա­ցու­ցած են Կար­գու­ձե­ւի յանձ­նա­ժո­ղո­վին»: «Ո­ւա­շինկ­թըն Փոստ» թեր­թը հա­ղոր­դեց, որ այս տո­ւեալ­նե­րը յանձ­նո­ւած են Կար­գու­ձե­ւի յանձ­նա­ժո­ղով` հե­տաքն­նե­լու Քոնկ­րէ­սի կա­նո­նա­կար­գի եւ դաշ­նա­յին օ­րէնք­նե­րու հնա­րա­ւոր խախ­տում­նե­րը, ո­րոնք կ­՝ար­գի­լեն օ­տա­րերկ­րեայ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ ազ­դե­լու փոր­ձե­րը:

Խիստ մտա­հո­գիչ է, որ քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը պատ­րաստ են վա­ճա­ռելու ի­րենց քո­ւէ­նե­րը ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ թրքա­կան կա­շա­ռա­կե­րու­թեամբ հա­մա­կո­ւած կա­ռոյց­նե­րուն՝ ձրի գոր­գի մը հա­մա­ր…

Յա­րութ Սա­սու­նեան
«­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիեր»