Անոր աշխարհիկ անունը Ջակոմօ Դելա Կիեզա է: Ծնած է 1854 թուականին, Ճենովայի մերձակայ բնակավայրերէն մէկուն մէջ: Ուսումնասիրած է իրաւունք եւ աստուածաբանութիւն: 1878 թուականին դարձած է հոգեւորական եւ Պիոս 10ի օրով ծառայութեան անցած է Վատիկանի դիւանագիտական սպասարկութեան մէջ: 1907 թուականին արժանացած է արքեպիսկոպոսի տիտղոսի, եղած է Պոլոնիայի հոգեւոր առաջնորդը: 1914 թուականին դարձած է կարտինալ: Նոյն թուականին կը բռնկի Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը, եւ կը վախճանի Պիոս Պապը: Չորս օր տեւած ընտրութիւններէն յետոյ Կիեզան Պապ ընտրուած է՝ ընդունելով Պենետիքթոս 15 անունը:
Պենետիքթոս 15ը աթոռակալած է համեմատաբար կարճ՝ 1914-1922 թուականներուն: Սակայն այս շրջանը մարդկութեան ամենադժուար ու բախտորոշ ժամանակահատուածներէն մէկն էր. դաժան, արիւնահեղ պատերազմը ընդգրկած էր ողջ Եւրոպան, տարածուած անոր սահմաններէն դուրս՝ աշխարհով մէկ: Կոտորած էր, սպանդ, արիւն, աւեր՝ մարդու եւ ժողովուրդի ողբերգութիւն եւ ողջակիզում: Ռուսիոյ սառցապատ անտառներէն մինչեւ արաբական տօթակէզ անապատները, մարդը կը յօշոտէր մարդուն՝ բնականաբար, քրիտստոնէական ամենաազդեցիկ եկեղեցւոյ հովուապետը չէր կրնար անտարբեր մնալ այդ ամէնուն նկատմամբ:
Պենետիքթոս 15ը հանդէս եկաւ իբրեւ պատերազմի երդուեալ հակառակորդ, ուղերձներ ու աղաչագրեր կը յղէր պատերազմող երկիրներու ղեկավարներուն, հաշտութեան ու խաղաղութեան կոչ կ՛ընէր խտրութիւն ու խտրականութիւն չդնելով ժողովուրդներու, երկիրներու, պետութիւններու ու դաւանանքներու միջեւ: Յատուկ կոնդակով ան արգիլեց որեւէ քաղաքական քարոզչութիւն եկեղեցական արարողութիւններու ժամանակ: Պենետիքթոս 15ը ճիգեր գործադրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու համար: Պենետիքթոս 15ին վերաբերող հայերէն սակաւաթիւ գրականութեան մէջ կը յիշատակեն անոր ներքին տուայտանքները: Երբ Պապը տեղեկացած էր հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած անլուր ոճրագործութիւններուն մասին («Հայոց տեղահանութիւնն ու ջարդը խոր վիշտ պատճառած էր Պենետիքթոս 15 Պապին»), խոլ ունայնութեան պահեր ունեցած է: Իսկ ի՞նչ ըրած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Պենետիքթոս 15 Պապը, որ արժանացած է Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատի պահոցներուն մէջ անթեղուելու շնորհին:
Վատիկանի մօտ Պոլսոյ պատուիրակ կարտինալ Դոլչիէն եւ, անշուշտ, այլ աղբիւրներէ տեղեկանալով հայերու սպանդի եւ տեղահանութեան մասին՝ Պենետիքթոս 15ը նամակ յղած է թուրք սուլթան Մուհամմէտ Ռեշատին: Ահա այդ նամակը.- «Վսեմափա՛ռ տէր, մինչ մեր սիրտը կը բզկտուի ի տես ահարկու պատերազմի արհաւիրքներու, որոնց մէջ Եւրոպայի մեծ տէրութիւններու հետ մխրճուած է նաեւ Ձեր վսեմաշուք տէրութեան հզօր կայսրութիւնը, մեզ հասած են նաեւ սրտաճմլիկ հեծեծանքի արձագանգները ողջ ժողովուրդի, որ Օսմանեան Կայսրութեան ընդարձակ տարածութեան վրայ աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկուած է: Հայ ազգը արդէն տեսաւ իր զաւակներէն շատերու կախաղան բարձրանալը, իսկ ուրիշ շատ-շատերու, նաեւ եկեղեցականներու, անգամ եպիսկոպոսներու բանտարկութիւնն ու աքսորի ենթարկուիլը: Իսկ այժմ մեզ կը տեղեկացնեն, թէ գիւղերու ու քաղաքներու ամբողջ բնակչութիւնը հարկադրանքի տակ իրենց տուները կը լքեն եւ անասելի զրկումներով ու չարչարանքով հեռաւոր կեդրոնացման վայրերը կը տեղափոխուին, ուր հոգեկան անձկութենէն զատ, ենթարկուած են յետին թշուառութեան, զրկանքներու եւ մինչեւ իսկ սովի տուայտանքներու: Մենք հաւատացողներ ենք, տէր արքայ, թէ նման ծայրայեղութիւնները Ձեր վսեմափառ կառավարութեան կամքին հակառակ կը գործուին: Ուստի վստահութեամբ կը դիմենք Ձեր վսեմութեանը եւ ջերմօրէն կը յորդորենք, որպէսզի հաճիք Ձեր վեհանձն մեծասրտութեամբ գթալ եւ միջամտել ի նպաստ ժողովուրդի մը, որ իր դաւանած կրօնի զօրութեամբ իսկ Ձեր վսեմաշուք անձի հանդէպ հաւատարմութեան կը պարտի: Եթէ հայոց մէջ դաւաճաններ կամ ուրիշ ոճիրով յանցապարտներ կան, թող անոնք օրէնքի համաձայն դատուին ու պատժուին: Բայց Ձերդ վսեմութիւնը, որ արդարութեան նկատմամբ բարձր զգացումներ կը տածէ, թող թոյլ չտայ, որ անմեղները նոյնպէս պատիժի զոհ դառնան: Թող մոլորուածներու վրայ անգամ Ձեր մեծապետական ներողամտութիւնը իջնէ, եւ Ձերդ վեհափառութիւնը խաղաղութեան եւ ներումի իր հզօր խօսքը արտասանէ: Հայ ազգը այսպէս՝ բռնութիւններու եւ վրիժառութեան դէմ ինքն իրեն ապահովուած զգալով, պիտի օրհնէ իր պաշտպանի օգոստոսափառ անունը: Այս քաղցր յոյսով, Ձերդ վսեմութիւն, հաճեցէք ընդունիլ նաեւ մեր լաւագոյն մաղթանքները արեւշատութեան եւ բարգաւաճման եւ Ձեր ժողովուրդներու երջանկութեան: Վատիկան, 10ը Սեպտեմբեր 1915 թ. Պենետիքթոս ԺԵ.:
Ահա այսպիսի նամակ ուղարկուած է Հռոմի պապի կողմէ Թուրքիոյ սուլթանին: Հասկնալի է, այն ընդունուեցաւ դժգոհութեամբ եւ դժկամութեամբ: Սուլթանի գրասենեակը խոչընդոտներ յարուցեց անոր ճանապարհին: Սուլթանը բարեհաճեցաւ նամակին պատասխանել գրեթէ երկու ամիս անց՝ ի հարկ է ժխտելով մեղադրանքը եւ արդարացնելով իր գազաններուն: Եւ հասկնալի է, որ նամակը որեւէ ազդեցութիւն չունեցաւ: Ոչ միայն այն պատճառով, որ Պապի միջամտութիւնը ուշացած էր եւ մահուան չարագոյժ ուրուականը արդէն քանի ամիս կը խժռէր Հայաստան աշխարհը: Այլ նաեւ այն պատճառով, որ այլ, բոլորովին այլ էին պատկերացումները նամակագրի եւ հասցէատիրոջ: Անոնք կը խօսէին բոլորովին այլ լեզուներով: Վայրագութեան լեզուն մարդկային խօսք հասկնալու ընդունակ չէ:
Այնուամենայնիւ, Պենետիքթոս 15ը կը ձեռնարկէ իրադարձութիւններու վրայ ազդելու նաեւ այլ քայլերու, դիմումներ յղած է պատերազմող եւ չէզոք երկիրներու ղեկավարներուն, եկեղեցական քարոզի ժամանակ հրապարակաւ յայտարարած եւ դատապարտած է հայոց ցեղասպանութիւնը, փորձած է Թուրքիոյ վրայ ազդել վերջինիս դաշնակիցներու միջոցով (մասնաւորապէս՝ աւստրիացի պատուիրակի միջոցով), պատերազմը դադրեցնելու իր կոչի յիշատակութեան մէջ նաեւ Հայաստանի պետականութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը, տեղեկանալով, որ Պրեստ-Լիտովսկի հաշտութենէն ետք կրկին բնաջնջման վտանգ կախուած է հայութեան մազապուրծ խլեակներու վրայ, դարձեալ նամակով դիմած է Թուրքիոյ սուլթանին, իր հեղինակութեամբ յաջողութեան յոյսեր ներշնչած է հայութեան Սեւրի դաշնագրի նախօրէին եւ այլն, եւ այլն…:
Միակ արդիւնքը, որուն հասաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամենաազդեցիկ անձնաւորութիւնը՝ Հռոմի Պապը, իր այս ջանքի ճանապարհին, եղաւ հայութեան խորին երախտագիտութիւնը կենդանութեան օրով եւ յետ-մահու, որուն վկայութիւն է քարեղէն մակագիրը Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատի պահարաններէն մէկուն դրան վրայ. «Պենետիքթոս 15. 1854-1922»
Մանուկ Մանուկեան