Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Զա­նա­զան մութ հա­շիւ­նե­րու եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ճնշում­նե­րու ար­դիւնք, Ար­ցա­խի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­ցե­րորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ա­նըն­դու­նե­լի եւ նոյ­նիսկ ա­պօ­րի­նի նկա­տո­ւե­ցան կարգ

մը դէ­տե­րու կող­մէ:

Շա­տեր մատ­նան­շե­ցին թէ պի­տի չըն­դու­նին այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը: Այս գծով, ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ բնա­կա­նա­բար թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու մա­սին խօ­սի­լը ան­տե­ղի է, փո­խա­րէն ԵԱՀԿ-ի Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներն ու ա­նոնց մաս կազ­մող մեծ պե­տու­թիւն­ներն ու Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կա­տա­րած մեր­ժո­ղա­կան եւ ժխտա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն են, ո­րոնց մա­սին կա­րե­լի է ար­տա­յայ­տո­ւիլ, քննար­կել եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գիլ:

­Սա­կայն մէկ բան յստակ է թէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ինքն է որ գոր­ծու­նեայ դեր խա­ղաց եւ իր ա­պա­գան յստա­կա­ցուց: …­Յան­կերգ մը, որ շա­րու­նակ նշո­ւած է Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ:

Ա­յո՛…«Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ինք պէտք է դեր խա­ղայ իր ա­պա­գան յստա­կաց­նե­լու հար­ցին մէջ» եւ այդ մէ­կը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Սեպ­տեմ­բեր 2,1991-ին երբ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը պաշ­տօ­նա­պէս ազ­դան­շա­նը տո­ւաւ իր ա­պա­գա­յին, ան­կա­խու­թիւն յայ­տա­րա­րե­լով: …Ան­կա­խու­թիւն մը, որ բնա­կա­նա­բար դիւ­րին չե­ղաւ եւ կեր­տո­ւե­ցաւ քա­նի մը տա­րի բուռն պայ­քար­ներ մղե­լով, ա­րիւն թա­փե­լով եւ ճա­կա­տա­մարտ­ներ յաղ­թա­նա­կե­լով:

­Դի­տորդ­նե­րուն հա­մար, ե՛ւ յի­շա­տա­կե­լին ե՛ւ զար­մա­նա­լին այն էր թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րո­ւած էին ա­զատ, ար­դար ու թա­փան­ցիկ մթնո­լոր­տի մէջ եւ ա­ւե­լի՛ն, մաս­նակ­ցու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ե­ղած է 71 առ հա­րիւր: Ո՛չ մէկ դէպք, ո՛չ մէկ մի­ջա­դէպ կամ զեղ­ծա­րա­րու­թիւն: Ան­նա­խա­տե­սե­լի ե­րե­ւոյթ էր պա­տա­հա­ծը: Ընտ­րա­կան ան­խախտ եւ թա­փան­ցիկ
գոր­ծըն­թա­ցը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն:

Այս ե­րե­ւոյ­թը կա­րե­լի է նկա­րագ­րել, նշե­լով Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր Ֆ­րանք էն­կե­լի մէկ հաս­տա­տու­մը, կամ ա­ւե­լի ճիշտ սրամ­տու­թիւ­նը՝ «Պ­լէք Հիւ­մըր»ը թէ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը եր­բեք կա­րե­լի չէ բաղ­դա­տել 2013-ին շրջա­նէն ներս երկ­րի մը մէջ, ո­րուն ա­նու­նը Ատր­պէյ­ճան է, նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւած էին եւ նախ­քան քո­ւէա­տու­փե­րու բա­ցու­մը­…ար­դէն իսկ յայտ­նի էր, թէ ո՞վ էր յաղ­թա­կա­նը:

Եզ­րա­կա­ցու­թեան հա­մար, տե­ղին է ան­գամ մը եւս հաս­տա­տել Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ մե­ծա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ան­դամ ընտ­րո­ւած՝ Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նի խօս­քը թէ.- «Ընտ­րու­թիւն­նե­րը մի մի­ջոց են՝ վե­րա­հաս­տա­տե­լու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու­ղին որ­դեգ­րած մեր կամ­քը: Ար­ցա­խը ու­նի բա­ւա­կա­նին ուժ եւ քա­ղա­քա­կան կամք՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ անց­կաց­նե­լու հա­մար»:

Այս­պէս, Ար­ցա­խը ան­գամ մը եւս ա­պա­ցու­ցեց իր ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բարձր մա­կար­դակն ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը:

«­Հայ­րե­նիք»