Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՄայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի թան­գա­րան­նե­րու եւ ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­սո­ղիկ քա­հա­նայ Կա­րա­պե­տեան, «­Հա­յերն այ­սօր»ի լրագ­րող Գէորգ Չի­չեա­նի խնդրան­քով, հե­տե­ւեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­ պա­նու­թեան սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­պատ­կե­րին մա­սին, որ օ­ծո­ւե­ցաւ Ապ­րիլ 23ին.-

Սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­պատ­կե­րը, իր մտայ­ղա­ցու­մով ու ո­ճով, հայ­կա­կան հաս­տո­ցա­յին սրբան­կար­չու­թեան ե­զա­կի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն է:

Հա­ւա­քա­կան այդ պատ­կե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ վասն Հա­ւա­տի եւ վասն Հայ­րե­նի­քի մար­տի­րո­սա­ցած հա­յոր­դի­քը` այր եւ կին, ծեր եւ մա­նուկ: Սուրբ նա­հա­տակ­նե­րը պատ­կե­րո­ւած են ի­րենց ա­ռօրեայ զգեստ­նե­րով, ի­րենց հան­գա­ման­քին մէջ եւ, ըստ այդմ, կը ներ­կա­յաց­նեն Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր դա­սե­րը` հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, ե­րա­ժիշտներ, դպրո­ցա­կան­ներ, երկ­րա­գործ­ներ եւ այլք:

Սր­բա­պատ­կե­րի կեր­պար­նե­րը թէեւ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն, սա­կայն ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ան­հա­տա­կա­նացուած է: Պատ­կե­րի կեդ­րո­նին դէ­պի եր­կինք բարձ­րա­ցող բիւ­րա­ւոր սուր­բեր են, իսկ վե­րին հա­տո­ւա­ծին պատ­կե­րո­ւած են Սե­րով­բէ­ներ, Հայր Աս­տո­ւած եւ ա­ղաւ­նա­կերպ Սուրբ Հո­գին, ո­րոնք կ’ըն­դու­նին հա­յոց ազ­գի նա­հա­տա­կու­թեան Սուրբ Պա­տա­րա­գը: Ա­յո՛, սուրբ պա­տա­րագ, քա­նի որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ կը պա­տա­րա­գո­ւէր Ք­րիս­տո­սի Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին` Տի­րոջ խորհր­դան­շա­կան մար­մի­նը:

Ուս­տի եւ սրբա­պատ­կե­րի մէջ բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րը կը մարմ­նա­ւո­րեն Տէր Յի­սուս Ք­րիս­տո­սը.- Ինչ­պէս որ Տէ­րը մա­հո­ւան մատ­նո­ւե­ցաւ, խա­չո­ւե­ցաւ ու թա­ղո­ւե­ցաւ, սա­կայն Իր հրա­շա­փառ յա­րու­թեամբ խոր­տա­կեց մա­հը ու յաղ­թա­նա­կեց, նոյն­պէս ալ հա­յոց ազ­գի զա­ւակ­նե­րը նա­հա­տա­կո­ւե­ցան, բայց Սուրբ Յա­րու­թեան զօ­րու­թեամբ մնա­ցին ան­մահ եւ պսա­կո­ւե­ցան ան­թա­ռամ պսակ­նե­րով, որ­պէս­զի այ­լեւս որ­պէս Յաղ­թա­նա­կած Ե­կե­ղե­ցի բա­րե­խօ­սեն առ Աս­տո­ւած՝ վասն Զի­նո­ւո­րեալ Ե­կե­ղեց­ւոյ:

Սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու շուրջ կի­սա­բո­լոր պատ­կե­րո­ւած են հա­յոց խոր­տա­կո­ւած ու ոտ­նա­հա­րո­ւած սրբու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք լուռ կը վկա­յեն նաեւ հա­յոց ազ­գի մշա­կու­թա­յին ե­ղեռ­նի եւ Հայ­րե­նի­քի կո­րու­սեալ հա­տո­ւա­ծի մա­սին: Միով բա­նիւ, Սր­բոց նա­հա­տա­կաց սրբա­պատ­կե­րը իր խորհր­դա­բա­նու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը, այ­լեւ կը պատ­գա­մէ, որ ա­մէն հայ միշտ պատ­րաստ պէտք է ըլ­լայ վասն Հա­ւատ­քի եւ վասն Հայ­րե­նեաց իր աս­տո­ւա­ծա­պար­գեւ կեան­քը զո­հա­բե­րե­լու:

Սր­բա­պատ­կե­րը նկա­րո­ւած է Սր­բա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ռի­թով` Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի տնօ­րի­նու­թեամբ: Ն­կա­րի­չը աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տած է Սր­բա­դա­սու­մէն օ­րեր ա­ռաջ:

Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը յա­ճախ այ­ցե­լած է նկա­րի­չին ա­րո­ւես­տա­նո­ցը` մօ­տէն հե­տե­ւե­լու հա­մար նկա­րի պատ­րաստման ըն­թաց­քին:

«Սր­բոց նա­հա­տա­կաց» սրբա­պատ­կե­րը ստեղ­ծո­ւած է Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ան­մի­ջա­կան հո­վա­նիի ներ­քոյ: Իսկ «Սր­բոց Նա­հա­տա­կաց» սրբա­պատ­կե­րի հե­ղի­նա­կը շնոր­հա­լի գե­ղան­կա­րիչ Տիգ­րան Բար­խա­նա­ճեանն է: Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ 2010ին ան հրա­ւի­րո­ւած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր ա­հա շուրջ հինգ տա­րիէ ի վեր իր գնա­հա­տե­լի ա­ւան­դը կը բե­րէ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցիին` ստեղ­ծե­լով նոր սրբան­կար­ներ ու գե­ղան­կար­ներ, ինչ­պէս նաեւ բարձր ա­րո­ւես­տով կրկնօ­րի­նա­կե­լով մեր հին սրբա­պատ­կեր­նե­րը:

«Սր­բոց Նա­հա­տա­կաց» սրբա­պատ­կե­րը, բնա­կա­բա­նար, պի­տի պա­հո­ւի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի մէջ: Ներ­կա­յիս ան կը ցու­ցադ­րո­ւի Սբ. Էջ­միա­ծի­նի Մայր Տա­ճա­րի ա­ւան­դա­տուն-թան­գա­րա­նին մէջ: Այ­ցե­լու­նե­րը եւ ուխ­տա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րը մե­ծա­պէս տպա­ւո­րո­ւած են այդ պատ­կե­րով:

Գ­րե­թէ բո­լո­րը կը վկա­յեն, որ այդ պատ­կե­րէն լոյս եւ քա­ջա­լե­րու­թիւն կը ճա­ռա­գէ, աս­տո­ւա­ծա­յին խա­ղա­ղու­թիւն կը տա­րածուի: