Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՀա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցը յի­շա­տա­կո­ւե­ցաւ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին: Քայ­լար­շաւ­ներ, տո­ղանցք­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, ձեռ­նարկ­ներ, հա­ւաք­ներ, լսա­րան­ներ եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր­ներ աշ­խար­

հին վեր­յի­շե­ցու­ցին մեր ազ­գին Դա­տը: Հա­րիւ­րա­մեա­կը փաս­տեց, որ մեր պայ­քա­րը ան­նա­հանջ է:

Բայց թոյլ տո­ւէք, որ անդ­րա­դառ­նամ այս տա­րո­ւան ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քէն խորհր­դա­ւոր եւ քա­ղա­քա­կան ար­ժէք ու­նե­ցող նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը: Այդ մէ­կը ապ­րի­լեան նա­հա­տակ­նե­րուն սրբա­դա­սու­մը չէ: Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան կամ Լոս Ան­ճե­լը­սի հսկայ քայ­լար­շաւ­նե­րուն ցնցու­մը չէ: Ոչ ալ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բարձր մա­կար­դա­կի ան­նա­խա­դէպ յայ­տա­գի­րը: Հա­րիւ­րա­մեա­կի պատ­մա­կան ո­գե­կո­չու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ հոն, ուր մեր պատ­մու­թեան ա­մե­նա­վատ է­ջե­րը գրո­ւած են: Հոն, ուր ճիշդ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ հայ ազ­գի մտա­ւո­րա­կան խա­ւը ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ մա­հո­ւան ճամ­բան հա­նո­ւե­ցաւ: Ա­յո՛: Հո՛ն: Թուր­քիա:

Հոն էին հա­զար­նե­րով: Հոն էին հա­մո­զու­մով: Հոն էին ա­մե­նայն քա­ջու­թեամբ: Լե­ցու­ցած էին Պոլ­սոյ փո­ղոց­նե­րը: Պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ բո­լոր ա­պա­հո­վա­կան  խնդիր­նե­րուն, Թուր­քիոյ մէջ ո­գե­կո­չեց մար­դու կա­տա­րած ո­ճի­րը մար­դուն դէմ, Թուր­քիոյ կա­տա­րած ո­ճի­րը մարդ­կու­թեան դէմ: Ա­նոր միա­ցան սփիւռ­քի տար­բեր կող­մե­րէ հա­յեր, ո­րոնք ու­զե­ցին այդ պատ­մա­կան օ­րը գտնո­ւիլ պատ­մա­կան վայ­րի մը մէջ եւ մաս­նակ­ցիլ պատ­մա­կան ցոյ­ցի մը: Պոլ­սոյ Իս­թիք­լալ պո­ղո­տա­յին վրայ հայ ցու­ցա­րար­նե­րուն միա­ցան հա­զա­րա­ւոր թուր­քեր, քիւր­տեր, յոյ­ներ, ա­լե­ւի­ներ եւ ա­սո­րի­ներ: Ա­նոնք մեր­ժե­ցին հա­ւա­տալ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ պատ­մու­թեան խե­ղա­թիւր­ման եւ են­թար­կո­ւիլ մեր­ժո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու բարձ­րա­ցու­ցին Ապ­րիլ 23-ի զոհ գա­ցած մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն նկար­նե­րը եւ «­Հո՛ս ենք» կար­գա­խօ­սը:

Ա­յո՛, ի­րենք հոն են: Պէտք չէ մոռ­նանք, որ հոն են: Պէտք չէ մոռ­նանք, որ հոն ու­նինք քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ, ո­րոնք ա­մէն առ­տու կ­՛արթն­նան Թուր­քիոյ քայ­լեր­գի հնչու­մով: Ա­նոնք հոն են, բայց հայ են: Ա­նոնք հոն են եւ ի­րենց կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն եւ սահ­ման­նե­րուն մէջ պա­հած-պահ­պա­նած են ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը, լե­զուն ու մշա­կոյ­թը: Ի­րենք պէտք ու­նին մե­զի, մենք ալ` ի­րենց:

Պո­լի­սը մեր մտքե­րէն ընդ­հան­րա­պէս հե­ռու է:  Չու­նինք ի­րենց հետ կապ, հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն եւ կամ շփում: Բայց ին­չո՞ւ: Ա­նոնք թրքա­հայ են, ա­յո՛, բայց «թո՛ւրք» չեն: Կ­՛ապ­րին Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն ներս, ա­յո՛, բայց ա­նոնց մէջ կ­՛ապ­րի նաեւ հա­յու­թիւ­նը: Ի­րենք ալ ա­րեւմ­տա­հա­յեր են մե­զի պէս: Ա­ւե­լի՛ն. մեր խօ­սած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին հիմ­քը հոն` Պո­լիս դրո­ւած է: Թէեւ ի­րենք Թուր­քիոյ «գիրկն» են, սա­կայն քա­ջա­բար կը շա­րու­նա­կեն գո­յա­տե­ւել: Չեմ ը­սեր` հոն խնդիր­ներ չկան, կամ ազ­գա­յին ու գա­ղու­թա­յին կեան­քը բա­րե­լա­ւե­լու կա­րիք չկայ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, կա՛յ: Երբ սփիւռ­քի ա­մէ­նէն ա­ռողջ գա­ղութ­նե­րու մէջ օ­տա­րա­նա­լու ե­րե­ւոյ­թը բա­ցա­կայ չէ, ալ ո՛ւր մնաց հոն, ուր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը փոր­ձե­ցին հա­յու­թիւ­նը բնաջն­ջել: Մենք կը կար­ծենք, թէ դժո­ւար է հոս ապ­րիլ եւ գո­յա­տե­ւել որ­պէս հայ, ու­րեմն ո՛ւր մնաց հոն, ուր թուրք պե­տա­կա­նու­թիւնն ու ա­նոր վա­րած ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­կան մօ­տե­ցու­մը կը փոր­ձէ ճնշել ա­մէն փոք­րա­մաս­նու­թեան ինք­նու­թիւն, մշա­կոյթ, ե­րե­ւոյթ…

Պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը նաեւ տո­ւաւ նա­հա­տակ­ներ Հայ դա­տի պայ­քա­րին: Հ­րանդ Տին­քը եւ Սե­ւակ Պա­լըք­ճըն Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­րա­գոյն զո­հերն են: Այս նա­հա­տակ­նե­րուն նկար­նե­րը բա­ցա­կայ չէին Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ապ­րիլ 24-ի պատ­մա­կան եւ վճռա­կան քայ­լար­շա­ւէն: Այդ քայ­լար­շա­ւին հա­մախմ­բո­ւող­նե­րը քա­լե­ցին յուզ­մուն­քով ու թաց աչ­քե­րով: Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կէն կը հնչէր «­Տէր ո­ղոր­մեա» ա­ղօթ­քը: Թուր­քիոյ երկ­րորդ մայ­րա­քա­ղա­քէն պոլ­սա­հա­յու­թիւնն էր, որ պա­տաս­խա­նեց Ան­գա­րա­յի մէջ կա­տա­րո­ւող մի­ջազ­գա­յին ու­շադ­րու­թիւ­նը Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն շե­ղե­լու ա­պի­կար փոր­ձին: Ա­ւե­լի՛ն. երբ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­ման չտո­ւաւ, որ Թուր­քիոյ մէջ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը մաս կազ­մեն Ապ­րիլ 23-ի հա­մա­հայ­կա­կան զան­գակ­նե­րու ղօ­ղան­ջին, Պոլ­սոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան 100 զան­գե­րով` ո­գե­կո­չե­լու ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կը: Այս բո­լո­րը յար­գանք կը պա­հան­ջէ մեզ­մէ:

Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ մեր հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կա­տա­րո­ւող Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ձեռ­նար­կէ մը ան­մի­ջա­պէս ետք, Լի­բա­նա­նի մէջ Թուր­քիոյ դես­պա­նը իր ան­հանգս­տու­թիւ­նը յայտ­նած էր հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գա­հու­թեան, որ` «հայ ու­սա­նող­նե­րը ի­րենց բաժ­նած թռու­ցիկ­նե­րով կը խե­ղա­թիւ­րեն պատ­մու­թիւ­նը»: Ան կցած էր նաեւ մեր բաժ­նած թռու­ցի­կը: Այդ պա­հուն հասկ­ցանք, թէ որ­քան տա­րա­ծո­ւած է թրքա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը: Հոն փաս­տե­ցինք, որ թուր­քը ա­մէն տեղ է: Թուր­քը հոս է, մեր մէջ: Բայց այ­սօր հա­կա­ռակն ալ ճիշդ է: Մենք` հա­յերս, ա­մէն տեղ ենք: Նոյ­նիսկ հո՛ն` Պո­լիս, ուր բարձրա­ցան «­Մենք հո՛ս ենք» պաս­տառ­նե­րը:

Հա­մա­ձայն եմ, որ այ­սօ­րո­ւան Թուր­քիան նոյնն է, ինչ որ էր հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ: Այս ը­սածս կը վե­րա­բե­րի թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան, ոչ ան­պայ­ման բնակ­չու­թեան: Պէտք է հա­մո­զո­ւիլ, որ թուր­քը մէկ տե­սա­կի կամ գոյ­նի կամ ազ­գայ­նա­կան կա­ղա­պա­րի չի պատ­կա­նիր: Լա­ւա­գոյն փաս­տը ա­սոր Հ­րանդ Տին­քի թաղ­ման 100,000 ներ­կա­նե­րու բարձ­րա­ցու­ցած «­Բո­լորս հա՛յ ենք» պաս­տառ­ներն են: Թուրք ժո­ղո­վուր­դին մէջ գտնո­ւող տար­բե­րու­թիւն­ներն ու շեր­տա­ւո­րում­նե­րը չտես­նե­լը կը վնա­սէ նոյ­նինքն մե­զի եւ մեր Դա­տին:

Հա­ւա­նա­բար քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ նոյն կար­ծի­քը պի­տի չու­նե­նա­յի Պոլ­սոյ վե­րա­բե­րեալ: Նոյն­պէս կը մեր­ժէի ա­մէն տե­սա­կի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի Ա­րեւմտա­հա­յաս­տան: Հի­մա տար­բեր կը մտա­ծեմ: Տա­կա­ւին դէմ եմ զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ կամ ո­րե­ւէ նիւ­թա­կան նպաս­տի թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան եւ տնտե­սու­թեան, բայց կը հա­ւա­տամ, որ պէտք է մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րենք, ծա­նօ­թա­նանք եւ օ­ժան­դա­կենք Թուր­քիոյ տա­րած­քին գտնո­ւող մեր ազ­գին բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն, ըլ­լան ա­նոնք հրա­պա­րա­կաւ կամ թա­քուն, իս­լա­մա­ցո­ւած կամ պար­զա­պէս ծա­գու­մով հա­յեր: Ա­նոնք մեր զէնքն են Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն ներս: Իսկ թա­քուն հա­յե­րուն հետ կապ հաս­տա­տե­լու հա­մար կա­րե­ւոր, ե­թէ ոչ կեն­սա­կան, ճամ­բայ է Պո­լի­սը: Ու­րեմն նաեւ ռազ­մա­վա­րա­կան ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը: Պէտք չէ զգա­ցա­կան մօ­տե­նալ խնդի­րին, այլ` ա­ռար­կա­յա­կան եւ ի­րա­պաշտ ձե­ւով: Մենք պէտք ու­նինք պոլ­սա­հա­յու­թեան: Չմ­նա՛նք տու­փի­կի մը մէջ: Ծա­նօ­թա­նա՛նք պոլ­սա­հա­յու­թեան: Նոր հո­րի­զոն մը գծենք մեր պայ­քա­րին:

Հ­րակ Թ. Ա­ւե­տա­նեան