Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ազ­գե­րու պատ­մու­թեան մէջ ա­մե­նէն շատ տա­ռա­պած ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն է թրքա­հա­յու­թիւ­նը, որ գնդա­կի մը նման երկ­րէ եր­կիր նե­տո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան Թուր­քիա­յէն քա­ղա­քա­կան շա­հեր ակնկա­լող մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ։

Յոյն-թրքա­կան պա­տե­րազ­մը (1919-1922) ա­ւար­տե­ցաւ Թուր­քիոյ յաղ­թա­նա­կով։ Հայ գաղ­թա­նա­կա­նա­կան շա­րան­նե­րը Փոքր Ա­սիա­յէն, այն­տե­ղի տար­բեր հա­յաբ­նակ քա­ղաք­նե­րէն հա­զար դժուա­րու­թիւն­ներ յաղ­թա­հա­րե­լով, տա­ռա­պանք­նե­րով, փրկու­թեան ափ մը գտան Պուլ­կա­րիոյ մէջ։

Ազ­գա­յին նոր ող­բեր­գու­թիւն մը պի­տի ապ­րէր Ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը, բայց բախ­տը ու­նե­ցաւ իր ծանր օ­րե­րուն բա­ցո­ւած գտնե­լու Պուլ­կա­րիոյ հիւ­րըն­կալ դռնե­րը։ Պա­տա­հա­նա­կան չէր այդ ժէս­թը, քա­նի որ 1894-1896 ու 1913-ին պուլ­կար կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ան­սա­կարկ բա­ցած էր երկ­րին սահ­ման­նե­րը հայ գաղ­թա­կան­նե­րու առ­ջեւ։

Մեծ Ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ի­մա­ցաւ ա­նուն­նե­րը այն սքան­չե­լի օ­տար­նե­րուն, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­կան հան­գա­ման­քով թէ ան­հա­տա­պէս, ի­րենց հրա­պա­րա­կա­յին զայ­րոյ­թը պոռթ­կա­ցին թուրք ոճ­ռա­գործ­նե­րուն դէմ։ Ա­նոնք հրա­պա­րակ ե­կան ի­րենց դիր­քե­րով, յօ­դո­ւած­նե­րով, ճա­ռե­րով, վկա­յու­թիւն­նե­րով ի նպաստ մեր դա­տին։

Պուլ­կար յայտ­նի հրա­պա­րա­կա­գիր եւ բա­նաս­տեղծ Փէեօ Եա­վո­րով իր հան­րահռ­չակ (­Հա­յեր) ,1900, հայ, հրտ. 1909ե բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ 19րդ դա­րու վեր­ջե­րը ան­գե­րա­զան­ցե­լի ներշն­չու­մով նկա­րագ­րած է սուլ­թա­նա­կան լու­ծէն Պուլ­կա­րիա ա­պաս­տա­նած Հա­յե­րու դժբախտ ճա­կա­տա­գի­րը։

Բուն մա­կա­նո­ւամբ Ք­րա­զօ­լով, ծնած Չիր­բան 1878ին։ Ուս­նած է Ֆի­լի­պէ, ժա­մա­նակ մը աշ­խա­տած է իբ­րեւ հե­ռագ­րա­կան պաշ­տօ­նեայ։ Ե­ղած է Պուլ­կա­րիոյ ազ­գա­յին թատ­րո­նի ու մա­տե­նա­դա­րա­նի քար­տու­ղար, որ յայտ­նու­թիւն մը ե­ղաւ իր “­Քա­լիո­բա” քեր­թո­ւա­ծով։ «Ամ­պե­րու Ս­տո­ւեր­նե­րուն Ե­տե­ւէ­ն» հա­տո­րին մէջ ամ­փո­փո­ւած են իր բո­լոր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը։

Կա­նու­խէն տո­գո­րո­ւած ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րով։ 1902-1913 Մա­կե­դո­նիա յա­ջոր­դա­բար վա­րեց 5 թեր­թե­րու խմբագ­րու­թիւ­նը։

Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մին, թունդ ա­խո­յեան իր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ի­րա­ւանց՝ ընդ­դէմ մե­ղադ­րեց Բ. Լօթ­թի։

Ժո­ղովր­դա­կան եր­գիչ, որ յու­զած է շա­տեր իր, Ա­ւա­զա­կա­յին Եր­գե­րեով, «­Կար­կու­տո­վ», ­Հա­յե­րեով ե­ւայլն։ Ա­մուս­նա­ցած պե­տա­կան գոր­ծիչ Բէր­քօ Քա­րա­վե­լո­վի աղջ­կան՝ Լո­ռա­յի հետ, որ ա­մուս­նոյն անձ­նաս­պա­նու­թե­նէն (16, 10, 1914) տա­րի մը ա­ռաջ տա­նը մէջ գնդա­կա­հար անշն­չա­ցաւ եւ ո­ճի­րը գաղտ­նիք մնաց մին­չեւ վերջ։

Ըստ Փ­լով­տիւ բնա­կող Վա­նա­տու­րին.- Պուլ­կար ժո­ղո­վուր­դի մեծ զա­ւակ Փէեօ Եա­վո­րով՝ բա­նաս­տեղծ ու յե­ղա­փո­խա­կա­նը իր «­Հա­յե­ր» մե­ծաս­քանչ ե­ղե­ռեր­գով պան­ծա­ցուց հայ ազ­գը եւ վշտա­կից ե­ղաւ ան­ցեալ դա­րու թրքա­հա­յու­թեան ող­բեր­գու­թեան, հո­գե­պէս մա­շո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ։ Որ­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն սո­ֆիաբնակ հա­յու­թիւ­նը կանգ­նե­ցուց ա­նոր կի­սանդ­րին՝ գործ ա­րո­ւես­տա­գէտ Գ­րի­գոր Ա­հա­րո­նեա­նի, Ցար Բո­րիս պար­տէ­զին մէջ 1935 թո­ւա­կա­նին։

Գ­րե­թէ 60 տա­րի ետք Փ­լով­տի­ւի հայ գա­ղու­թը հա­մա­տեղ ջան­քե­րով Հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տիկ՝ ա­նոր շրջա­փա­կէն դուրս յար­մար տեղ մը հաս­տա­տեց պա­տո­ւան­դան մը, ուր զե­տե­ղո­ւե­ցաւ մե­տա­ղա­ձոյլ կի­սանդ­րին Փէեօ Եա­վո­րո­վի, որ ժա­մա­նակ ա­ռաջ քան­դա­կա­գոր­ծին կող­մէ նո­ւէր ղրկո­ւած էր «Ե­րե­ւա­ն» միակ պուլ­կա­րա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թեան։ Այս յու­շար­ձա­նի բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1994ին հան­դի­սա­ւոր կեր­պով եւ ան պար­ծանք մը ե­ղաւ քա­ղա­քին հա­մար, քա­նի որ ա­ռա­ջինն էր։

Դժ­բախ­տա­բար կի­սանդ­րին եր­կար չմնաց պա­տո­ւան­դա­նին վրայ։ Չա­րա­գործ հո­գի­ներ ան­հե­տա­ցու­ցին զայն 1998ին եւ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ան­զոր ե­ղաւ չա­րա­գործ­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու եւ կի­սանդ­րին վե­րա­դարձ­նե­լու հայ հա­սա­րա­կու­թեան։ Ա­սի­կա պատ­ճառ կ­’ըլ­լայ, որ Փ­լով­տի­ւի Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­չու­թիւ­նը, քա­ղա­քի հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րու եւ Մա­կե­դո­նա­կան Յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ նոր կի­սանդ­րիի գա­ղա­փա­րը ի­րա­գոր­ծե­լու, այս ան­գամ նռնա­քա­րէ, որ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն ե­ղած է պուլ­կար քան­դա­կա­գործ Փէթ­րօ Մոս­քո­վի։

Կի­սանդ­րիի բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է Եա­վո­րո­վի ծննդեան 120ա­մեա­կի առ­թիւ 18, 10, 1998ին հայ ու պուլ­կար հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յու­թեան, ուր ի­րենց դրօշ­նե­րով պա­տո­ւոյ պա­հակ կե­ցած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ս­կաուտ­նե­րը եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ եւ ան­դա­մու­հի­նե­րը։

“­Հա­յեր” բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը թարգ­մա­նած են Ար. Սե­ւան, Գէորգ Կառ­վա­րենց եւ ու­րիշ­ներ։

ՀԱՅԵՐ

­Հա­լա­ծո­ւած­ներ թշո­ւառ, չնչին բե­կոր­ներ՝

Ժո­ղո­վուր­դի մ’ա­րի, այ­սօր նա­հա­տակ,

Ա­հա­բեկ ու գե­րի մօր մը զա­ւակ­ներ,

Զո­հեր՝ ան­հու­նօ­րէն վսեմ քա­ջու­թեան,

Հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, օ­տար երկն­քի տակ,

Հիւ­ծած, գու­նատ, հա­ւա­քո­ւած տուն մը խար­խուլ,

Կ­’ըմ­պեմ, ու ի­րենց կ’ա­րիւ­նի սիր­տը՝ վէր­քէն,

Կ­’եր­գեն, ինչ­պէս երգն՝ ար­ցուն­քին ընդ­մէ­ջէն։

Ա­նոնք կ­’եր­գեն, կ’ու­զեն մոռ­նալ՝ հար­բե­լով՝

Հին տա­ռա­պանքն ու ցա­ւե­րը այ­սօ­րո­ւան,

Յի­շա­տա­կը խեղ­դել հրա­շունչ գի­նիով,

Ք­նաց­նել հո­ղին ջախ­ջախ կրծքին տակ,

Կ’ու­զեն՝ հա­կած գան­կե­րուն մէջ ան­հե­տի

Տա­ռա­պան­քին պատ­կերն ա­նոր մայ­րա­կան,

Կ­’ու­զեն ա­նոր օգ­նու­թեան կան­չը վեր­ջի

Ալ չլսել, մո­ռա­ցու­թեան մէջ գի­նով։

Հօտ մը ինչ­պէս գա­զա­նէ մը հա­լա­ծո­ւած,

Ա­հա ա­նոնք տարտղ­նո­ւած են ա­մէն տեղ,

Ու կա­տա­ղի բռնա­կա­լը ար­նա­խանձ՝

Ա­նոնց գլխուն կը պա­հէ իր սու­րը մերկ,

Խեղճ հայ­րե­նիքն ա­րիւ­նի մէջ են լ­քած,

Բո­ցե­րու մէջ լքած են տունն հայ­րե­նի,

Օ­տա­րու­թեան մէջ ա­նոնք խորթ մնա­ցած,

Միակ ճամ­բան, գի­նե­տանն է՝ կը բացուի։

Ա­նոնք կ’եր­գեն… Վայ­րե­նի է երգն ի­րենց,

Ու վէր­քե­րը ա­նոնց սիր­տը կը կրծեն,

Ու կը խեղ­դէ զա­նոնք քէ­նը բո­ցա­կէզ,

Ու ար­ցուն­քը կ­’իյ­նայ դա­լուկ այ­տե­րէն…

Ճն­շո­ւած սրտերն դա­ռըն մառ­ձով են լե­ցուն։

Ու կ­րա­կը կ­’այ­րէ միտ­քը գան­կին մէջ,

Ու կը փայ­լի շան­թը ար­նոտ աչ­քե­րուն,

Ու կը խօ­սի հո­գի­նե­րուն մէջ վրէժ։

Իսկ փո­թո­րի­կը ձմրան կը ձայ­նակ­ցի

Կար­ծես, կ’ոռ­նայ ա­հե­ղօ­րէն ցայ­գուն գիրկ

Կը տա­րա­ծէ ապս­տամբ երգն աշ­խար­հի

Վը­րայ՝ ինչ­պէս ա­հեղ ո­րոտ ու մրրիկ։

Ու եր­կին­քը կը մը­ռայ­լի ա­ւե­լի,

Ու ա­ւե­լի կը խո­ժո­ռի ցուրտ գի­շեր,

Կ­’եր­գէ խում­բը, ուժ­գը­նու­թեամբ ա­ւե­լի

Կ­’ըլ­լայ ա­հեղ փո­թո­րի­կըն ալ ըն­կեր…։

Կը խմեն ու կ’եր­գեն …­ ա­նոնք բե­կոր­ներ

Ժո­ղո­վուր­դի մ’ա­րի, այ­սօր նա­հա­տակ,

Ա­հա­բեկ ու գե­րի մօր մը զա­ւակ­ներ,

Զո­հեր՝ ան­հու­նօ­րէն վը­սեմ քա­ջու­թեան,

Հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, բո­կո­տըն ու մերկ,

Օ­տար եր­կիր՝ հա­ւա­քո­ւած տուն մը խար­խուլ,

Կըմ­պեն – գի­նիով տա­ռա­պան­քը կը մոռ­նան,

Կ’եր­գեն, ինչ­պէս երգն՝ ար­ցուն­քին ընդ­մէ­ջէն…։

ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ