«Թարաֆ» թերթին մէջ Էնվէր Սէզկին գրած է Սասունի «վերջին» հայերէն Իսա Տէմիրճիի, այս առիթով ալ Սասունի պատմական վայրերուն մէջ մնացած «վերջին» հայերուն մասին։
Իսա Տէմիրճի երեք տարեկան եղած է 1915ին: Այդ օրերուն քիւրտ Պէքիրհանի ցեղախումբը պահած է Տէմիրճի ընտանիքին անդամները եւ զանոնք փրկած է։Հայրը՝ Գէորգ Տէմիրճի տեղահանութենէն ետք վերադարձած է իրենց Հէրէնտ գիւղը։ Վեց զաւակներ ունեցած է, մէկը՝ Արեւելահայաստան գաղթած է, երկու աղջիկները՝ երիտասարդ հասակի մէջ՝ իրենց կեանքը կորսնցուցած են։
Գէորգի մահէն ետք ընտանիքին հոգը ստանձնած է Իսա Տէմիրճի։ Ան դարձած է շրջապատէն սիրուած անձ մը, բայց 1980ի պետական հարուածով դարձեալ եկած են գէշ օրեր։ Ահաբեկչական արարքներու պատճառաւ ծանր ճնշումի մթնոլորտ ստեղուած է։ Ընտանիքը ստիպուած է գաղթելու, բայց Իսա Տէմիրճի հոն մնացած է մինչեւ իր մահը։ Գիւղի եկեղեցիին քով մզկիթ մըն ալ կառուցել տուած է։ Իր երկու աղջիկները Պէշիրհան ցեղախումբէն տղոց հետ ամուսնացնելով՝ այդ ցեղախումբին հանդէպ իր պարտքը վճարած է։ Իսայի դագաղին վրայ գրած են.- «Սասունի Վերջին Հայը»։
Բայց իսկապէս վերջի՞ն հայն էր ան։
Իր յօդուածին մէջ Էնվէր Սէզկին այնուհետեւ կը պատմէ դէպի այդ վայրերը կատարած իր այցելութեան մասին.-
Այս վայրերը իրենց պատմական հարստութեամբ դրախտային գեղեցկութիւն ունին։ Ատենօք հոս միասին կ՚ապրէին հայեր, արաբներ ու քիւրտեր։ Հիմա իրենց դիմաց ելլողին Սէզկին կը հարցնէ, թէ հոս հայեր կա՞ն։ Միշտ նոյն պատասխանը կը ստանայ.- Ո՛չ։ Յետոյ գիւղապետը կը խոստանայ անոնց ընկերանալ ու միասին կը բարձրանան դէպի Մէրէթօ (Մարաթուկ) լեռը։ Ճամբաները ահաւոր կերպով գէշ են, միջոց մը ետք կը ստիպուին կառքերէն իջնել ու հետիոտն երթալ։ Ի վերջոյ կը հասնին 50 հոգի բնակչութեամբ գիւղ մը։ Գիւղապետը կ՚ըսէ.- «Ահաւասիկ անոնք»։ Այսինքն՝ հայերը։
Մէկը Արիֆ Գափլանն է, որ Պոլիս կ՚ապրի։ Ճէմիլ Գափլանն ալ 38 տարեկան է ու բնաւ չէ հեռացած իր գիւղէն։ Բայց չէ ամուսնացած։ Երբ պատճառը կը հարցուի, կը պատասխանէ, որ գիւղին մէջ հայ աղջիկ չկայ, որպէսզի անոր հետ ամուսնանայ։ Քանի մը մահմետական ընտանիքէ աղջիկ ուզեց, անոնք ալ պահանջեցին, որ նախ կրօնքը փոխէ եւ իսլամանայ։
Հաճելի զրոյց մը կը սկսի, բայց երբ խօսքը կուգայ ջարդին, անոնց բերանը չի բացուիր։ Կը վախնան խօսելու։
Ճէմիլ Գափլան կ՚աւելցնէ, սակայն, որ իր հօր ու մերձաւորներուն գերեզմանները հոս են ու ինք ալ հոն ծնած է եւ հոն ալ պիտի մեռնի։ Յօդուածագիրը ինքն իրեն կը հարցնէ, թէ արդեօք Ճէմիլ Գաճլան պիտի կարենա՞յ յարգել իր խօսքը։ Յայտնի չէ։ Միայն յայտնի է, որ այդ տեղերը այլեւս հայերը բոլորովին ոչնչանալու վրայ են։
Վերադարձին, յօդուածագրի ականջներուն մէջ միշտ կը հնչէ գիւղապետին սա խօսքը.- «Այս հողերը տժգունիլ սկսան։ Մե՜ղք, շատ մե՜ղք»։