Թէեւ հայ ժողովուրդը Ստալինի պարտադրանքին տակ ստիպուեցաւ մասնակցելու Խորհրդային Միութիւնը պաշտպանելու պատերազմին, որուն համար մեր ժողովուրդը Խ. Միութեան ժողովուրդներու շարքին ամէնէն մեծ տոկոսը տուաւ զինուորագրեալներու եւ պատերազմի զոհերու, այսուհանդերձ՝ ինչպէս որ հայաստանեան աղբիւրներէ արտատպուած
հետագայ նիւթը կը հաստատէ, հայ զինուորները եւ հայկական զօրաբաժինը ամենայն նուիրումով կատարեցին իրենց պարտադրուած քաղաքացիական պարտականութիւնը՝ հերոսական քաջագործութիւններով հասնելով մինչեւ Պերլին, ուր մուտք գործող խորհրդային զօրքի յառաջապահներէն ալ եղան։
«Ազատ Օր»
Մայիս 1945.¬ Քանդուած Պերլին. տեսախցիկի (camera) նկարահանուած վաւերագրականը կը ցուցադրէ խումբ մը զինուորներ, որոնք կը պարեն հայկական քոչարին:
«Արդեօք ովքե՞ր են»:
Պատմութիւնը կը սկսի 1941ի Յունիսին: Նացիական Գերմանիան՝ խախտելով Խորհրդային Միութեան հետ կնքուած «բարեկամութեան համաձայնագիր»ը՝ կը ձեռնարկէ յարձակումի: Անակնկալի բերելով Կարմիր Բանակը՝ Նացի զօրքը կþառաջանայ տանելով յաղթանակներ:
Կովկասը, Պաքուի քարիւղի հանքերով, նացիական յառաջխաղացքին հիմնական թիրախներէն է:
Թուրքիան, պատրաստուելով oգտուելու առիթէն, բանակը կը հաւաքէ հայկական սահմանագիծին: «Հայը» դարձեալ ստիպուած է երթալու ռազմաճակատ, որ պաշտպանէ իր ինքնութիւնը: Այս նպատակով, նախապէս կազմուած 76րդ զօրաբաժինը (տիվիզիան)՝ կը հսկէ հայ¬թրքական սահմանագիծը, իսկ նոյն տարուան Օգոստոսին, Երեւանի մէջ, կը ստեղծուի 89րդ զօրաբաժինը: Հրամանատար կը նշանակուի գնդապետ Սիմոն Զաքեան:
Նորակազմ զօրաբաժինը իր առաջին մասնակցութիւնը կը բերէ պատերազմին եւ կþաւարտէ յաջողութեամբ, 1942ի Սեպտեմբերին՝ Կրոզնի (Չեչենիա): 1943ին ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ գնդապետ, ապա՝ զօրավար վանեցի Նուէր Սարաֆեան: Նոյն տարին, լուրջ դերակատարութիւն կ՚ ունենայ Թաման թերակղզիին ազատագրման եւ կ՚անուանուի նաեւ «Թամանեան» զօրաբաժին: 1944ի ընթացքին՝ իր ներկայութիւնը կը պսակուի փառաւոր յաղթանակներով ¬ Կերչի, Ղրիմի, Սթաւրոփոլիի ազատագրում ¬ արժանանալով շքանշաններու:
Նոյն ժամանակահատուածին, հանրածանօթ զօրավար Յովհաննէս Բաղրամեան (մասնակից Սարտարապատի հերոսամարտին իբրեւ զինուոր) իր բանակով՝ ծանր վնասներ կը պատճառէ գերմանացիներուն: Սթալինկրատի ճակատամարտէն ետք, որուն մասնակցած էր նաեւ 89րդ զօրաբաժինը, եւ որու ընթացքին փճացան գերմանական զօրքերը՝ Գերմանիան կը նահանջէ.¬ Հերթով կը զիջի իր գրաւած երկիրները: Մէկ կողմէ՝ խորհրդային բանակը, միւս կողմէ՝ Բրիտանական եւ Ա.Մ.Ն.ի ուժերը կը սեղմեն օղակը: Յաղթական ուժերուն քաղաքական ղէկավարները արդէն կը սկսին իրենց միջեւ բաժնել աշխարհը: 89րդ զօրաբաժինը, շարունակական կռիւներ մղելով, կ՚անցնի Լեհաստան եւ Չեխիա: Բոլորին թիրախն է Պերլինը:
Հայերուն համար յատուկ նշանակութիւն ունէր Գերմանիա մտնելը: Խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ դէպի Պերլին քալելու հրամանը: Պերլին մայրաքաղաքն էր այն երկրին, որ միշտ Թուրքիոյ զինակից եղած էր.¬ Գերմանական պետութիւնը կեղտոտ դեր ունեցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ: Նաեւ՝ Պերլին ահաբեկուած ու թաղուած էր ոսոխ Թալէաթ Փաշան։ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատն ալ այդ քաղաքին մէջ յաղթանակ մըն էր հայութեան համար:
Թէեւ պատերազմին ճակատագիրը յայտնի էր՝ գերմանացիները դիւրաւ անձնատուր պիտի չըլլային: Հայերը ջախջախիչ կռիւներէ ետք՝ 1945ի Ապրիլին, մտան Պերլին: Մայիս 9ին ամէն ինչ վերջացած էր: Պերլինը յաղթական գերուժերուն ձեռքն էր եւ ահաւոր Բ Համաշխարհային Պատերազմը աւարտած: Բազմաթիւ նահատակներ ունեցած 89րդ զօրաբաժինը, անգամ մը եւս, պիտի ստանար բարձրագոյն պարգեւատրում:
Կարճատեւ վաւերագրական ժապաւէն մը ցոյց կու տայ հայ զինուորներուն տողանցքը՝ գրաւեալ Պերլինի փողոցներուն՝ Պրատեմպուրկի Դարպասին առջեւ: Կը յաջորդեն ազգային պարեր՝ Սովետական Միութեան տարբեր ժողովուրդներու զինուորներէն: Իրենց հերթին՝ Րայխսդակի պատերուն մօտ, հայ մարտիկները ձեռք¬ձեռքի բռնած, հպարտօրէն կը պարեն մեր աւանդական հայկական քոչարին:
Ժագ Տամատեան