Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Վա­րա­գոյ­րը բարձ­րա­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին ստեղ­ծած քա­ղա­քա­կան մթնո­լոր­տին վրայ: Մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած­նե­րը, տո­մի­նո­յի ազ­դե­ցու­թեան տե­սու­թեամբ ա­ռար­կա­յա­ցած ճա­նա­չում­նե­րու, դա­տա­պար­տանք­նե­րու եւ հա­մա­պա­տաս­խան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու ար­շա­ւը կը յու­շեն նա­խադ­րեալ­ներ` շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու:

100-ա­մեա­կը լաւ ա­ռիթ էր առն­չո­ւած պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար կար­միր քար­տը ցոյց տա­լու Ան­գա­րա­յին: «­Կա՛նգ առ» ը­սե­լու նոր օս­մա­նա­կա­նու­թեան յո­խոր­տան­քով աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ու­ժի վե­րա­ծո­ւե­լու նկրտում­ներ դրսե­ւո­րող եւ ա­րեւմ­տեան ու­ժե­րու վե­րահս­կո­ղու­թե­նէն դուրս ե­կող կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան տի­րու­թիւն ը­նող Թուր­քիոյ:

Պէտք է ա­ռանձ­նաց­նել այս բո­լո­րին մէջ Գեր­մա­նիոյ օ­րի­նա­կը, որ նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով նա­խա­բա­նը կա­տա­րեց եւ ու­ղեն­շեց խորհր­դա­րա­նին կող­մէ քո­ւէար­կո­ւե­լիք բա­նա­ձե­ւը: Այս­տեղ ան­շուշտ մաս­նակ­ցու­թեան, ա­ւե­լի ճիշ­դը մեղ­սակ­ցու­թեան ինք­նա­խոս­տո­վա­նան­քը կայ եւ բա­նա­ձե­ւին նշա­նա­կու­թիւ­նը կը բազ­մա­պատ­կէ, իբ­րեւ ցե­ղաս­պան պե­տու­թեան դաշ­նա­կից եւ յան­ցա­կից պե­տու­թեան ճա­նա­չում եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ստանձ­նում:

Յի­շեց­ման կար­գով. 24 Ապ­րի­լին Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նոր­պըրթ Լա­մերթ յայտ­նեց. «­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. պա­տե­րազ­մի կի­սուն այն, ինչ որ աշ­խար­հի աչ­քին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր»: «­Գեր­մա­նիան մեղ­քի իր բա­ժի­նը ու­նի այդ տա­րի­նե­րուն կա­տա­րո­ւա­ծին մէջ»:

23 Ապ­րի­լին Պեռ­լի­նի մայր տա­ճա­րին մէջ` մաս­նակ­ցե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ա­րա­րո­ղու­թեան` Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գահ Եոա­քիմ Կաուք Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ հա­յե­րուն դէմ ի­րա­գոր­ծո­ւա­ծը բնո­րո­շեց իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: «Այդ հա­յե­րուն ճա­կա­տա­գի­րը պատ­մու­թեան մէջ զան­գո­ւա­ծա­յին ոչն­չաց­ման, ցե­ղա­յին մաք­րա­գործ­ման, կո­տո­րա­ծի, ա­յո՛, ցե­ղաս­պա­նու­թեան յստակ օ­րի­նակ է, ո­րով 20-րդ դա­րը կը յի­շո­ւի սար­սա­փե­լի ձե­ւով: Այս­պէս, մենք կը խօ­սինք հրեա­նե­րու Ող­ջա­կիզ­ման հետ այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու նմա­նու­թեան մա­սին», ը­սաւ Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գա­հը:

Նա­խա­գա­հին եւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն ետք, ճիգ չ­՛ու­զեր են­թադ­րե­լը, որ խորհր­դա­րա­նը ի՛նչ տե­սակ բա­նա­ձեւ պի­տի որ­դեգ­րէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Կա­լի­փո­լիի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն չմաս­նակ­ցի­լը, եւ Ան­գա­րա­յէն կա­տա­րո­ւած` եզ­րը չօգ­տա­գոր­ծե­լու դի­մում­նե­րուն ան­պա­տաս­խան մնա­լը կը վե­րա­հաս­տա­տեն քա­ղա­քա­կան այն մթնո­լոր­տը, ո­րուն հի­ման վրայ կը սպա­սո­ւի բա­նա­ձե­ւը:

Գեր­մա­նիա սա­կայն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն հա­տու­ցե­լու ռահ­վի­րայ պե­տու­թիւնն է: Այս պատ­ճա­ռով ալ Ան­գա­րա­յին ա­մէ­նէն շատ կ­՛ան­հանգս­տաց­նէ Գեր­մա­նիոյ նման դիր­քո­րո­շու­մը: Բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ պաշ­տօ­նա­կան Պեռ­լի­նը ի՛նք գի­տէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րին ի­րա­ւա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ ա­նոր հա­տուց­ման հետ փոխ­պայ­մա­նա­կա­նու­թիւ­նը:

Տար­բեր հար­ցում է, թէ յան­ցա­կից ըլ­լա­լու ինք­նա­խոս­տո­վա­նան­քը հա­տուց­ման կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէ՞ պե­տա­կան միա­ւո­րը:

Գեր­մա­նիոյ այս յատ­կան­շա­կան քայ­լը կը հաս­տա­տէ, որ եզ­րին ի­րա­ւա­կա­նու­թեան ի­րա­զեկ պաշ­տօ­նա­կան Պեռ­լի­նը ճիշդ բռնած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի վե­րա­ծո­ւե­լու գոր­ծըն­թա­ցին բազ­կե­րա­կը: Ա­յո՛. վա­րա­գոյ­րը ոչ թէ ի­ջած է, այլ բարձ­րա­ցած 100-ա­մեա­կով սկսած ճա­նա­չում­նե­րու ար­շա­ւին վրայ:

Հա­տուց­ման նա­խա­դուռ բա­ցող Գեր­մա­նիոյ այս օ­րի­նա­կը կը յու­շէ հայ­կա­կան կող­մին գործ­նա­պէս ան­ցում կա­տա­րե­լու ճա­նա­չու­մէն հա­տու­ցում: Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան յա­րու­ցած դա­տը խնդրի ի­րա­ւա­կա­նաց­ման քայ­լե­րէն կը նկա­տո­ւի եւ օ­րա­կար­գի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նաց­ման ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կրնայ ա­ռա­ւել­ներ ար­ձա­նագ­րել, ոչ ան­պայ­ման ան­մի­ջա­կան հանգ­րո­ւա­նին:

Ն­պաս­տա­ւոր ո­րե­ւէ բա­նա­ձե­ւի պա­րա­գա­յին հայ­կա­կան կող­մը հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րով եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րով եր­կա­րա­տեւ, հա­մա­կար­գա­ւո­րո­ւած աշ­խա­տանք կը տա­նի: Մեծ ա­ռա­ւել է, երբ տո­ւեալ երկ­րին մէջ հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը կ­՛աշ­խա­տի ար­հես­տա­վարժ, նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած եւ քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ իր դրսե­ւո­րած հմտու­թեան բարձ­րո­րակ նշա­ձո­ղե­րով:

Գեր­մա­նիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ե­րէկուան դես­պա­նը նկա­տա­ռե­լի եւ անշր­ջան­ցե­լի ներդ­րում ու­նի այս ար­դիւն­քին մէջ: