Ընկ. Յովսէփ Պարազեանի կողմէ արտասանուած դամբանական խօսքը, Երեքշաբթի 29 Ապրիլ 2015ին, Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ ընկ. Կարպիս Գույումճեանի յուղարկաւորութեան աւարտին
Հիներու մեկնումով՝ ամէն օր քիչ մը աւելի կը կորսնցնենք մեր ազգի գոյատեւման գրաւը շահելու հեռանկարն ու ակնկալութիւնը:
Հիներէն մէկը՝ Կարպիսը. Կարպիս Գույումճեանը: Անձ մը, որ յունահայ գաղութին անցեալը խորազննին հետեւողականութեամբ պեղեց եւ մինչեւ մեր օրերը կենդանի պահեց գաղութի բազմաճիւղ մարմիններու մէջ իր աշխուժ գործունէութեամբ՝ Հ.Յ.Դ., Հ.Մ.Ը.Մ., Թաղականութիւն, Համազգային, Շինութեան յանձնախումբեր, յօդուածագիր ու թղթակից «Ազատ Օր»ի ու «Մարզիկ»ի, գիրքերու եւ յուշագրութիւններու հեղինակ, արխիւագէտ, եւայլն եւայլն:
Որեւէ հարցի շուրջ բան մը ունէր գրելիք եւ այդ բոլորը ճշդապահօրէն կը հասցնէր շնորհիւ իր նկարագրային բարձր տոկունութեան, անթուլ աշխատասիրութեան, հետեւողականութեան եւ գիտելիքներ ամբարելու իր աներեւակայելի կիրքին ու մարմաջին:
Ընկեր Կարպիս: Յատկանշական է, երբ մէկուն միայն իր անունով կը կոչես, եւ ամէն մարդ ճշգրտօրէն կը հասկնայ թէ որո՛ւ համար կը խօսիս.
- Երէկ Կարպիսին տեսայ եւ ինծի ըսաւ որ...
- Այսօր Կարպիսէն անցայ եւ ինծի պատմեց որ...
- Այս նամակը Կարպիսին ձգէ, ան պէտք եղած տեղը կը հասցնէ...
- Երէկուան թղթակցութիւնը Կարպիսը գրեց...
- Եթէ գաղութի անցեալի պատմութեան մասին՝ թուական, դէպք, եղելութիւն, լուսանկար կÿուզես, Կարպիսին գնա՛, ան կ'օգնէ քեզի:
Կարպիսին գործը կը պատկանի մեր առօրեայ հեւքոտ ժամանակին, իր յիշատակի անդարձ թէ ապագայ ժամանակներուն:
Որպէս մարդ, որպէս հա՛յ մարդ շարունակական ու իրար հրմշտկող թիրախներ ունէր եւ այդ թիրախները արժեւորեց ու ապրեցուց մտքով, գիրով, ժողովական կանոնաւոր մասնակցութեամբ, իրեն յատուկ պարտաճանաչութեամբ ու պարտաճանաչութեան կարգապահ ու բծախնդիր հետեւողականութեամբ, քանի իր անձին համար, քանի իր անձին շուրջ կարգապահական կանոններ ու իւրայատուկ փրոթոքոլներ ստեղծած էր, առանց անոնց փոփոխութեան սակարկութիւնը կատարելու:
Կարպիսը՝ թէեւ երկար տարիներ սորվեցաւ ապրիլ իր լռութեան ու առանձնութեան մէջ:
Երբեք թոյլ չտուաւ որ իր անձը առանձին մնայ: Իր փնտռածը հաւատարիմ պրպտումի ճամբով կը գտնէր գրականութեան, յօդուածագրութեան, արխիւագրական արձանագրութեան, ցուցակագրական դասաւորման ու կարգաւորման մէջ ու օրը-օրին գաղութային ու համագաղութային գործունէութեան, կառոյցներու ու գործօններու կանոնաւոր ցանկագրումին մէջ:
Ամէն օր քիչ մը աւելի կը մրցէր ժամանակին մէջ, ժամանակին հետ, եւ չէր արտօներ որ որեւէ պարագայի ժամանակը իրմէ առաջ անցնի:
Որպէս մարդ նպատակասլաց թիրախներ ունէր եւ այդ թիրախները լաւագոյնս արժեւորեց այնպիսի ձեւով, որ յունահայ գաղութին մէջ ոեւէ մէկը չըրաւ, պարտաճանաչութեան այն չափանիշով ու արժէչափով, որ ընկեր Կարպիսը, եղբայր Կարպիսը, թաղական Կարպիսը, թղթակից Կարպիսը, գիրքերու հեղինակ Կարպիսը ըրաւ, մարդկային ստեղծագործ հետեւողականութեամբ մը, որ քիչերու յատուկ էր եւ այդ քիչերէն մէկն ալ յատկապէս ինքը եղաւ:
- Ո՛վ որ կը կարծէ որ յօդուած գրելը դիւրին բան է, չարաչար կը սխալի, իսկ կանոնաւոր հերթականութեամբ գրելը՝ ա՛լ աւելի դժուար ու մաշեցուցիչ աշխատանք մըն է, կÿըսէր յաճախ:
Կարպիսը այս մէկը ըսելու իրաւունք ունէր, քանի «Ազատ Օր»ի ու «Մարզիկ»ի մէջ իր հրատարակած գրութիւններու, յօդուածներու եւ թղթակցութիւններու թիւը 2.500ի կը մօտենայ: Գրելու անսահման սէրը զինք կանգուն կը պահէր կեանքին մէջ, ինչպէս կեանքը զինք կանգուն կը պահէր գրելու եւ գիր ու գրականութեան ճամբով ստեղծագործելու եւ ստեղծագործութիւնը կեանքի երկարող ճանապարհի վերածելու տեսլականով:
Իր մասին, պիտի ըսէի, որ գործի մը, թէկուզ գրութեան մը՝ հարիւրէն իննիսուն տոկոսը իրականացելու համար առնուազն տասը առ հարիւր տոկոսի ճիգ պէտք է: Իսկ մնացեալը տասը առ հարիւրի տոկոսը ամբողջացնելու համար ալ իննիսուն առ հարիւրի:
Այս պարտաճանաչութիւնը ինք սորվեցաւ գաղութի մեծերու, ղեկավարներու շուքին տակ հասակ առնելով եւ յաճախ վկայակոչելով այդ նուիրեալ մեծերը:
Երբ հարկ զգացուէր քննադատութիւն ու ցուցմունք կÿընդունէր, առանց նեղուելու ու ամբարդոյթօրէն յաճախ իր անձին ու գործին ալ քննադատը ինք դառնալով, քանի ունէր ճանաչման ու ինքնաճանաչման զգացում, նկարագրային հնազանդութիւն ու մշակոյթ:
Ատեն-ատեն գոհ չէր ինքն իրմէ եւ լուռօրէն կը փորձէր իր այսպէս ըսուած տկարութիւնները սրբագրել յամառ ու անսպառ աշխատանքով, գրելով-ջնջելով, բառարաններ պրպտելով, հարցնելով ու դարձեալ հարցնելով, լաւագոյնին ձգտելու անկեղծ տրամադրութեամբ:
Չեմ գիտեր, եթէ իր բոլոր երազները իրականացուց: Վստահ չեմ, եթէ իր կեանքի աւարտին, իր նպատակասլաց կեանքին գործը վերջաւորութեան հասցուցած ըլլալու գոհունակութեան զգացում մը ապրեցաւ: Այս գաղտնիքը իր հետը տարաւ:
Հայաստանը երբեք չբացակայեցաւ իր ներաշխարհէն, իր առօրեայ կեանքէն: Նոյնիսկ երբ իր առանձնասենեակին մէջ եւ անոր մուտքին ուր կÿանցնէր իր օրուան բոլոր ժամերը, Հայաստանէն ներշնչուած նկարներ զետեղուած էին պատերուն վրայ, գեղեցիկ շրջանակներով պատսպարուած: Մէկ խօսքով, Կարպիսը հայրենասիրութեան Ա.Բ.Գը լաւ սորված էր: Իր տունը իր հայրենասիրական զգացումներու թանգարանի մը վերածած էր: Ան առասպելի մարդը չէր, աւանդութեան մարդն էր: Իր կեանքը նոյնացուցած էր այդ փոքրիկ ու նեղ սենեակին հետ, այդ փոքրիկ ու նեղ սեղանին հետ, կանոնաւոր շարուած գրադարանին հետ: Կը հաւատար, որ գրելով, պրպտելով ու ստեղծագործելով պիտի կասեցնէր մեր քաղաքակրթութեան հետզհետէ ուռճացող տագնապը աւելի գեղեցիկ աշխարհ մը պատկերացնելու ակնկալութեամբ:
Չեմ գիտեր, յաջողեցա՞ւ իր նպատակին մէջ:
Իրեն համար Հայաստանը, հայրենիքը, հայը համապարփակ այն իմաստներն էին, որ կը վերակենդանացնէին մեր ժողովուրդի անցեալի ու ներկայի պատմութիւնը իր ողբերգութիւններով ու բոլոր հերոսապատումներով: Անձ մըն էր, որ հայրենիքը ընտրեց իր կեանքի բոլոր կամաւոր թէ պարտադիր իրականութիւններուն մէջ: Իր բուն ու հարազատ հայրենիքը միայն Հայաստանն էր: Մնացեալ հայրենիքները երկրորդական էին եւ այդ ընտրութեան թէ նախընտրութեան մէջ գիտէր գերակշռել իր զգացումներու խորքին: Ճերմակ թուղթին վրայ իր վարժ մատներով մէկ վայրկեանէն կրնար խորհրդանշական զինանշան մը իր բովանդակ հայրենիքով ու հայութեամբ գծել, ձեւաւորել իր ամէնահարազատ գոյներով: Իր սրտին խորը շատ լաւ գիտէր թէ ո՞րն է իր հայրենիքը եւ այդ հայրենիքին շուրջ իր եւ իր շուրջիններով աշխարհը յարմարեցնելու գաղտնիքը գիտէր, քանի հայկականութիւնը իրեն համար ե՛ւ զգացում էր, ե՛ւ խիղճ, ե՛ւ ուրիշ շատ մը բաներ:
Իսկ յունահայ գաղութի միութենական ու հաւաքական կեանքին մէջ՝ երբեք չհաշուեց ու չհաշուարկեց ուրախութիւններ ու տխրութիւններ, քանի իր կապը սիրոյ ու նուիրումի անսպառ ու ընդհանուր շղթայի մը անքակտելի յարաբերութիւնը եղաւ:
Կարպիսը սիրեց Յունաստանը, սիրեց յունահայութիւնը, սիրեց մարդկութիւնը, բայց չսիրեց թուրքը, քանի իր ընտանիքն ալ արեան տուրք տուաւ թուրքի անգութ եաթաղանին:
Կարպիսի ամբողջ կեանքը ճամբորդութիւն մը եղաւ սկսուող ու չվերջացող ժամանակին մէջ, որմէ պարտուեցաւ վերջ ի վերջոյ: Բայց՝ երբեք չխզեց իր կապը անցեալին հետ, ոչ ալ պատմութեան հետ, յուշագրութեան, գաղութագրութեան հետ: Անցեալը կենդանի պահեց իր սրտին մէջ եւ ճգնեցաւ զայն փոխանցել ու վարակել յետնորդ սերունդներուն, այն չափով ու համեմատութեամբ որ նոր սերունդը ժամանակակից իր տուեալներով կրնայ ընկալել զայն:
Հաւատաց որ բոլոր հայերը հաւասարապէս Հայաստանի ու հայութեան երազին վրայ միեւնոյն իրաւունքը ունին, եւ այդ յոյսով ակնկալեց որ յետնորդ սերունդներուն մէջ միշտ ալ գտնուի մէկը որ ազգին շահը պիտի վառէ իր գրպանին մէջ պահուած հրահրուած լուցկիով մը, մեր դատը առկայծ պահելու, մեր կեանքը բոցկլտացող պահանջատիրութեան շարունակութիւնը ապահովելու համար:
Այսօր նորերը, կամ համեմատաբար աւելի նորերը կը պատուեն հիները եւ անոնց ապրած մտաւորական մտորումներու նախատեսութիւններու վտանգը: Անոնք որ գիտցան, որ չկրցան յաղթահարել տիրող մտաւորական թմրութիւնը, քանի մեր կեանքի շարունակուող անորոշութիւնը կրնայ տատանող վերիվայրումներու ապագայ մը ունենալ:
Յարգելի ընկեր,
Կ'ուզեմ, որ երբ ասկէ վերջ խօսուի քու մասիդ, քու պատրաստած արխիւային հսկայ աշխատանքիդ ընդմէջէն ներկայացուի այս գաղութի կենսագրութիւնն ալ, իր բովանդակ պատմութեան տարբեր՝ փայլուն թէ նահանջող մարզերով:
Այս գաղութի կեանքի ճամբորդութիւնը վերջ գտած չէ, քանի կեանքի յիշատակը վկայակոչողներու արուեստը կը զուգադիպի մեր կեանքի յարատեւութեան գաղտնիքին հետ:
Յարգելի ընկեր Կարպիս,
Թաղումիդ ներկայ ըլլալու համար երբ եկեղեցի կուգայի ճամբուն վրայ հանդիպեցայ թաղիդ նամակաբերին եւ իրմէ խնդրեցի որ ասկէ վերջ «Ազատ Օր»ն ու «Մարզիկ»ը քեզի բերէ քու հասցէիդ: