Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ռմբահարուած է Հալէպի հայոց հոգեւոր մեծ կեդրոն հանդիսացող Սրբոց Քառասնից Մանկանց հոյակերտ եկեղեցին, որ հոգեւոր սնունդ ջամբած է հալեպահայ մեղուաբոյնին Միջնադարու դժուարին ժամանակներէն ի վեր։ Ան նաեւ եղած է Ցեղասպանութեան ճանկերէն ազատուած հայու բեկորներու ապաստանը Մեծ Եղեռնի տարիներուն։
Յստակ է, որ ոճրային այս արարքը պատերազմի բովին մէջ պատահականօրէն տեղի ունեցող աւերներէն մէկը չէ։ Ահաբեկչական կանխամըտածուած գործողութեան մը բոլոր ստորոգելիներով յատկանշուող բռնարարք մըն է ասիկա ուղղուած՝ հայութեան դէմ։ Ասիկա պատերազմ չէ Սուրիոյ վարչակարգի ուժերուն դէմ։ Այստեղ կը գործեն այլ դիտաւորութիւններ եւ այլ ուժեր, որոնք մարզուածև զինուած են Թուրքիոյ կողմէ եւ կը ղեկավարուին նոյնինքն Թուրքիոյ գործակալներուն կողմէ։
Նախ Տէր Զօրի Հայոց Եկեղեցին եւ  Սրբոց Նահատակաց յուշարձանը, յետոյ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Մայր Եկեղեցին եւ այժմ՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց պատմական տաճարը…որոնց ռմբահարումը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։ Պարզ է, որ ահաբեկչական ծրագրի մը յաջորդական փուլերն են ասոնք գործադրուած՝ պետութեան մը կողմէ, որ այսօր – Արեւմուտքի՛ իսկ գիտակցութեամբ - Հիւսիսային Սուրիան կը գործածէ որպէս իր ռազմադաշտը եւ հայութեան հետ իր հաշիւները կը յուսայ մաքրել պատերազմական այդ քաոսին մէջ։
Ապրիլի 24ին արտասանուած Էրտողանի «ողոքիչ» խօսքերուն ետին այս մերկ իրականութիւնն է, որ կը գործէ։

Կարօ Արմենեան

Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին  Բերիոյ Թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին է
եւ պատմականօրէն առաջին անգամ յիշուած է 1476ին

Հալէպի Սալիպէ թաղամասի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին ԺԴ. դարէն մինչեւ այսօր Բերիոյ Թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին է եւ պատմականօրէն առաջին անգամ յիշուած է 1476ին: Անցեալին եղած է նաեւ կաթողիկոսանիստ եկեղեցի, ուր կատարուած են եպիսկոպոսական ու կաթողիկոսական ձեռնադրութիւններ եւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւններ՝ 1849ին Սիսի Միքայէլ Բ. Աջապահեան եւ 1923ին՝ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսներու կողմէ: Մինչ նախնական մատուռը Կաթողիկոսներու, Առաջնորդներու եւ ականաւոր եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու դամբարանը եղած է, ուր թաղուած են Ազարիա Ջուղայեցի (1601), Պետրոս Կարկառեցի (1608), Մկրտիչ Քէֆսիզեան (1894), Բաբգէն Ա. Աթոռակից Վեհափառ Հայրապետներ (վերջնոյն աճիւնները 1966ին փոխադրուած են Անթիլիասի Զարեհեան Դամբարանը):
Աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ եւ նախկին Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ վայրը քրիստոնէական գերեզմանատուն մը եղած է՝ իր փոքրիկ մատուռով:
Մինչեւ 1500, եկեղեցին ներկայացած է որպէս փոքր աղօթատեղի-մատուռ մը:
1499-1500 թուականներուն, հալէպահայ գաղութի երեւելիներէն «Ըռայիս Պարոն Եսայի»ի բարերարութեամբ, եկեղեցին ընդարձակուած է դէպի արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ: 1616ին հալէպահայ իշխան Պետիկ Չէլէպիի նուիրատուութեամբ եւ եղբօրը՝ Խոճա Սանոս Չէլէպիի վերակացութեամբ, եկեղեցւոյ հիւսիսակողմը կառուցուած է ընդարձակ եկեղեցի մը՝ երեք խորաններով, որոնք վերաշինուած են Ի. դարու երկրորդ կիսուն:
Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս Պատերազմէն առաջ կը գործէին նախկին Առաջնորդարանը, Հայոց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Կեդրոն բաժինը, Համազգայինի Ն. Աղբալեան մասնաճիւղը, Ա. Ահարոնեան հանդիսասրահը եւ Ազգ. Հայկազեան Վարժարանի աղջկեաց բաժինը:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Դատապարտած Է
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Դիտումնաւոր Քանդումը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս վեհափառ հայրապետը  խստօրէն դատապարտած է քանի մը օր առաջ Հալէպի մէջ 15րդ դարուն կառուցուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց հայկական եկեղեցին դիտաւորեալ կերպով պայթեցնելու արարքը՝ զայն նկատելով Աստուծոյ դէմ գործուած արարք, որ անընդունելի է բոլոր կրօններուն համար։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Գարեգին Բ. կաթողիկոս մտահոգութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ զարգացումներու եւ ծայրայեղական ուժերուն կողմէ քրիստոնեաներու եւ քրիստոնէական սրբավայրերու դէմ սանձազերծուած վայրագութիւններու եւ ահաբեկչութիւններուն առիթով:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին համաձայն՝ «հայկական եկեղեցւոյ միտումնաւոր պայթեցումը ստուերում է իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդների դարաւոր խաղաղ համակեցութիւնը»: Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ միայն միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ մարդկային կեանքին մէջ վերջ դնել եւ կանխարգիլել նման դատապարտելի արարքներ: