Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՀայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու շրջագիծին մէջ, աշխարհի գրեթէ բոլոր անկիւնները, տեղի կþունենան 20րդ դարասկիզբի արիւնալի ու ողբերգական իրադարձութեան մասին պատմող շարժանկարի ժապաւէններու ցուցադրութիւններ:
Քիչ չեն նաեւ նոր նկարահանուած ժապաւէններու առաջին ցուցադրութիւնները, որոնք կը յատկանշուին իրենց բազմազանութեամբ՝ փաստավաւերագրական, կենդանապատում (անիմացիոն), կարճատեւ, գեղարուեստական եւ այլն:
Ոչ ոք, սակայն, չի կրնար հերքել, որ գեղարուեստական շարժանկարները ամենամեծ լսարանը ունին եւ կրնան որոշակի ազդեցութիւն ունենալ հասարակութեան տարբեր շերտերուն վրայ: Ուստի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկումը՝ գեղարուեստական նիւթերով, թերեւս լաւագոյն միջոցներէն է:
Ի դէպ, Թուրքիան ճիշդ այս հնարքը կիրարկելով եւ քանի մը հոլիվուտեան աստղերու վճարելով՝ գեղարուեստական ժապաւէններ կը նկարէ՝ խեղաթիւրուած պատմութիւն ներկայացնելով:
Նման պայմաններու մէջ, հայկական արտադրութեամբ որակաւոր ժապաւէններու առկայութիւնը պարտադիր անհրաժեշտութիւն է:
2015ի գեղարուեստական ժապաւէններու գարնանային առաջին ցուցադրութիւններէն ամենասպասուածը «1915» հոգեբանական trillerն է, որ կը ցուցադրուի աշխարհի տարբեր շարժանկարի սրահներու մէջ, իսկ Ապրիլ 25էն սկսեալ նաեւ Հայաստանի մէջ, նոյնպէս՝ video վարձու տուողներու մօտ:
«1915»ի գործողութեանց առանցքը առեղծուածային թատրոնի բեմադրիչ Սիմոնն է, որ 2015 թուականին՝ սարսափելի ոճրագործութենէն ուղիղ 100 տարի ետք, կþորոշէ Լոս Անճելըսի թատրոններէն մէկուն մէջ բեմադրել ներկայացում՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանոթեան զոհերու յիշատակին: Ցուցարարներ կը շրջապատեն անոր թատրոնը, իսկ փորձերու ժամանակ տարօրինակ ու անհասկանալի դէպքեր կը յաջորդեն մէկը միւսին՝ խուճապի մատնելով  արտադրիչներն ու դերասանները:
Ներկայացման փորձերու ընթացքը կը վերածուի հոգեբանական ծանր քաոսի, ուր կը պարզուի, թէ բեմադրիչի առաքելութիւնն իսկապէս վտանգաւոր է, իսկ անցեալի ուրուականներն արդէն ամէնուր են:
«Մեռածներուն ճակատագիրը ձեր ձեռքերուն մէջ է, անոնց սարսափը ձեր սրտերուն մէջ: Այսօր երեկոյեան ժամը 5ին դուք այլեւս դերասաններ չէք ըլլար, դուք կեանքի կը կոչէք այդ մոռցուած հոգիները կամ կը մեռնիք անոնց հետ»,¬ ներկայացումէն ժամեր առաջ կþըսէ բեմադրիչը՝ դիմելով դերասաններուն:
«1915»ի բեմադրիչներն ու բեմագրութեան հեղինակներն են Կարին Յովհաննիսեան եւ Ալեք Մուհիբեան։
Կարին Յովհաննիսեան բեմադրութեամբ զբաղուելէ զատ նաեւ կը ստեղծագործէ: Անոր՝ իր ընտանիքի երեք սերունդի մասին պատմող կարճ պատմուածքները նախ լոյս տեսած են «Լոս Անճելըս Թայմզ» եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» պարբերականներուն մէջ, ապա՝ «Ստուերներու ընտանիքը» առանձին գիրքով: Նշենք նաեւ, որ Կարին Յովհաննիսեան Հայաստանի առաջին արտգործնախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեանի որդին է: Վերջինս, ի դէպ, ինք եւս մասնակցած է շարժանկարի ստեղծման աշխատանքներուն
Իսկ Ալեք Մուհիբեան ամերիկահայ արտադրիչ¬բեմադրիչ է, որ դեր խաղցած է «Բուժէ՛ Ամերիկան» փաստավաւերագրական ժապաւէնին մէջ:
Ալեք եւ Կարին միասին աշխատած են տակաւին միջնակարգ դպրոցէն եւ միայն 15 տարի ետք բացած են իրենց «Պլուտվայն» (Bloodvine) շարժանկարի արուեստանոցը եւ սկսած են իրենց համատեղ առաջին ժապաւէնի՝ «1915»ի նկարահանումները:
«1915»ը ժխտման մասին է. ինչպէ՞ս մենք կը փորձենք փախչիլ պատմութենէն եւ ինչպէ՞ս պատմութիւնը կը շարունակէ հետապնդել մեզ: Անիկա նաեւ մեր անձնական անցեալի ուրուականներուն հետ առերեսուելու անհրաժեշտութեան մասին է... Այն մասին է, թէ ի՞նչ կը կատարուի, երբ անցեալը կþանտեսուի»,- հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ ըսած է Կարին Յովհաննիսեանը
Ինչ կը վերաբերի ժապաւէնի դերասանական կազմին, ապա հոն մեծամասնութիւն կը կազմեն օտար դերասանները, բացառութեամբ գլխաւոր դերերուն, որոնք բաժին ինկած են ծագումով հայ դերասաններու:
Ժապաւէնի գլխավոր հերոսին՝ թատրոնի բեմադրիչ Սիմոնին կը մարմնաւորէ ֆրանսահայ դերասան Սիմոն Աբգարեան, որ ճանչցուած է «Արարատ», «Քազինօ Ռոյալ» եւ վերջերս նկարահանուած «Սպին» ժապաւէններով: Իսկ թատրոնի դերասաններէն մէկուն կերտած Անժելա Սարաֆեան ամերիկահայ դերասանուհի է, որ խաղցած է բազմաթիւ ժապաւէններու եւ շարժանկարային շարքերու (սերիալներ) մէջ: Յատկապէս յայտնի է «Մթնշաղ սակա. Լուսաբաց», «Փարանոյա», «Ներգաղթեալ» եւ «Կորսուած մոլորեալը Հայաստանի մէջ» ժապաւէններէն: Շարժանկարին մէջ իր խաղացած կերպարին մասին դերասանուհին ըսած է.¬ «Ես մեծցած եմ՝ ճանչնալով հայ կանանց, անոնց սէրը, մեծահոգութիւնն ու նուիրուածութիւնը ընտանիքին: Նրանք պատրաստ են զոհաբերելու իրենց անձը՝ յանուն հարազատներու. ահա թէ ո՛վ է հայ կինը... Այս դերը խաղալը ինձ համար շատ կարեւոր էր»:
Կը թուի, թէ այսքանը պիտի բաւարար ըլլար շարժանկարին անհամբերութեամբ սպասելու համար, բայց յաջորդ տուեալը ալ աւելի կþոգեւորէ ու առաւելապէս կþուրախացնէ երաժշտասէրներուն : «1915»ի երաժիշտ¬երգահանը աշխարհահռչակ «System of a Down» մեթալ¬ռոք խումբի մեներգիչ, Կրեմմի մրցանակին արժանացած հայ երաժիշտ¬երգահան Սերժ Թանգեանն է: Ան ամիսներ աշխատած է երաժշտութեան վրայ՝ օգտագործելով ամբողջ նուագախումբ մը եւ դաշնամուրային գործիքներ՝ սահմռկեցուցիչ, առեղծուածային ու գեղեցիկ երաժշտական կտորներ ստեղծելու համար, որոնք կը ցոլացնեն ժապաւէնի ոգին: Թանգեանի կարծիքով՝ այս շարժանկարը ժամանակակից մօտեցում է հին ցաւին՝ կորուստի ցաւին, ուր ամէն ինչ կատարուած է գրագէտ կերպով ու գեղարուեստականօրէն.¬ «Շատ լաւ ժապաւէն է, յոյսով եմ՝ մրցանակներ կը շահի, քանի որ ունի հիանալի դերասանական կազմ, հիանալի խաղարկութիւն, հիանալի բեմագրութիւն (սցենար) եւ, ի վերջոյ, հիանալի երա-ժըշտութիւն»:
Թանգեանի «System of a Down» խումբը Ապրիլ 2էն սկսեալ մեկնարկած է իր  Wake up the souls («Արթնցո՛ւր ոգիները») համերգային շրջագայութիւնը՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչման:
Եզրակացնելով նշենք, որ ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է Ապրիլի 6ին Պերլինի «Մակսիմ Գորկի» թատրոնին մէջ: Առաջին ցուցադրութեան (Պրեմիերա) ներկայ գտնուած են արտադրիչ¬բեմադրիչներ Կարին Յովհաննիսեան եւ Ալեք Մուհիբեան, ժապաւէնին մէջ Թոնիի դերը մարմնաւորած  Նիքոլայ Քինսկի, ինչպէս նաեւ Քանատահայ յայտնի բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեան: Ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած է քննարկում, հանդիսատեսը գոհ հեռացած է սրահէն:
Իսկ մեզի կը մնայ սպասել մինչեւ Ապրիլ 25՝ ժապաւէնը գնահատելու  համար:     


Մերի Աբրահամեան
Երեւանի Պետական Համալսարանի լրագրութեան բաժնի
առաջին կուրսի (դասարան) ուսանողուհի

(Արեւմտահայերէնի վերածուած)