Հարիւր տարի Թուրքիա ցեղասպանութեան միջոցի պատմութիւնը օգտագործելով իբրեւ տկար օղակ մը, «լայնախոհօրէն» ապրեցաւ եւ ապրեցուց սուտը, խաբէութիւնը, կեղծիքը, եւ սուտին ու կեղծիքին նենգութիւնը վերածեց բռնութեան, մերժումի, ժխտումի, անհանդուրժողութեան, երբ անդին՝ խոշտանգուած քարուղիներու վրայ գոյատեւող հայն ու հայութիւնը շնչեց առանց շնչելու, շնչեց իր շունչը բռնած, մերթ շնչահատ, մերթ շնչահեղձ, մերթ կո-տորուած...։
Շնչիւնով թէ շնչասպառ պատմութիւնը այն է որ կը գրուի, կը տպագրուի։ Փաստո՛վ։ Փաստը տուեալ կþուզէ. փաստին տուեալը, որ կայ, որ կը կորսուի՝ այլեւս անարիւն քարուղիներու արահետներուն վրայ, անապատէն հեռու, լոյսերով ողողուած նոր անապատներու մէջ...։
Գիտակցինք, թէ ցեղասպանութեան ազգային ու քաղաքական հետապնդումը հայու պարտաւորութիւն չէ միայն. իրաւո՛ւնք է, որ նուաճուած է հայու պայքարով։
Հայը ցեղասպանութեան ենթարկուելով՝ արտակարգօրէն չափազանցուած փրկագին վճարեց։ Դեռ կը վճարէ։
Լաւ հասկնանք։ Ցեղասպանութեան հարցը շատ մեծ հարց է եւ անտարբերութեան առիթներ չþարտօներ այլեւս։ Չþարտօներ մանաւանդ եսամոլ ինքնասիրութիւններու պատճառով ինքնամոռացումի հիասթափեցնող կողմնորոշումներ։
Հայերս՝ զգացական զեղումներու ոճով կը սիրենք իբրեւ պատմական փաստ տեւականօրէն ըսել ու կրկնել, թէ Հայաստանն ու հայը Թուրքիոյ գործած ահեղ ցեղասպանութեան պատասխանն է։ Կը սիրենք նաեւ՝ իբրեւ պատմական փաստ մշտականօրէն գրել ու վկայակոչել, թէ հայ կեանքի ողբերգական հաւասարակշռութիւնները նախ բուժուեցան, ապա նաեւ պահպանուեցան՝ իրար յաջորդող սփիւռքեան ազգասէր սերունդներուն մէջ պատուաստուած հայրենասիրական զարգացող ու մեծցող հունտերու դրոշմին շնորհիւ, որոնք ծառի պէս ծաղկեցան, ուռճացան եւ իրենց պատսպարող հովանիին տակ առին ջախջախուած հայութիւնը։
Ընդունուած է որ՝ անարդարը ամենեւին չþօրհնուիր. ազգերու աւանդական օրէնք է, որու մասին հետզհետէ աւելի քիչ, կամ առնուազն բոլորովին տարբեր ոճով կը բարձրաձայնուի։
Վերջին տասնամեակներուն անհամեմատօրէն փաստուեցաւ, որ ցեղասպանութիւններ ու ցեղասպաններ դատապարտելը բաւարար չէ, եթէ միանգամայնօրէն ատոր իսկական պատճառներն ալ չդատապարտուին։ Հիմա, անիմանալիօրէն եւ նորարար մտայնութեամբ, ցեղասպանութեանց հակազդելու միտումնաւոր ապատեսլականացումը կը տարածուի, գետին կը շահի, կþընդլայնի, երբ իտէալին, իտէալներուն իմաստը կը զեղչուի, անոր նշանակութեան խորքը կը չէզոքանայ կը յապաւուի, գաղափարախօսականօրէն կը չքանայ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի հանգրուանը պայքարի նոր պատուհան մը կը բանայ դէպի զեղծարար Թուրքիան, որ ոչ միայն հայուն պատմութիւնը կեղծեց, այլ նոյնինքն իր՝ Թուրքիոյ պատմութիւնը։
Կþուզեմ հաւատալ, որ աշխարհի արդարներն ու լաւերը՝ անարդարներէն ու գէշերէն աւելի շատ են։ Պարզապէս, իրար լաւ ճանչցած չեն մինչեւ հիմա։ Իրենց իրական հասակը ցոյց տուած չեն։ Պարզապէս, իրար հետ դեռ չեն հանդիպած մեր օրե-րու խառնափնթոր խճողումին ու արտակարգ փութկոտութեան պատճառով։
* * *
Եկէք, միասնաբար հարց տանք մեր ժամանակներու պարտադրած իրապաշտութեան հրամայականով։
¬ Թուրքիա ինքզինքին համար լաւ պատկեր ունի՞։ Իր հայելիին մէջ նայա՞ծ է։
Ինչպէ՞ս բանալ Թուրքիոյ կղպանքին բանալին ու թափանցել նենգութեամբ յորդող իր միգամած աշխարհին մէջ։
Անցնող 100 տարուան ընթացքին քաղաքականութեան ժամանակները տարօրինակօրէն հասունցան, յատկապէս հայութեան համար սուղ հանգրուաններու երկայնքին։ Քաղաքական ու դիւանագիտական փակագիծեր բացուեցան ու ընդոստ գոցուեցան։ Յաճախ՝ շատ արագ։ Յաճախ՝ անվերադարձօրէն։ Ոմանք ալ բացուեցան ու բաց մնացին։ Անոնց մէջէն շատ հով անցաւ ու գնաց։ Այդ պատմական փակագիծերէն ոմանք փակուեցան ու չբացուեցան երբեք, ինչպէս՝ բրիտանական, գերմանական, աւստրիական, ֆրանսական, ռուսական, ամերիկեան, յունական, պուլկարական, ալպանական։ Խօսքը՝ արխիւներու կը վերաբերի։
Քաղաքականութեան մէջ կեղծիքին ծառայողները կեղծիքին չծառայողներէն աւելի շատ են։ Անոնց մէջ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան առաջնակարգ մրցանակ ապահոված են։ Այս վերջիններու պարագային՝ ինքնահնար կեղծիքին սահմանը չի կրնար բնորոշուիլ։ Անցած է սահմանէն ալ անդին...։
Բայց Թուրքիոյ քաղաքական սնապարծութիւնը կը գերադասէ իր բացայայտուած կամ չբացայայտուած կեղծիքին։ Մեր հասկցած պատմական ճշմարտութիւնը կը թուի թէ չի դիմանար իր խաբէութեան աստիճանին։
Վերջապէս, պատմութիւնը Թուրքիոյ դասեր տալու տրամադի՞ր է։
Հայերը գիտեն, որ իրենց պատմութիւնը գրեցին արիւնով ու դեռ կը գրեն։ Պիտի շարունակեն գրել, որպէսզի իբրեւ ազգ գոյատեւեն։ Իրենց համար ազգային խիղճը տարբեր բան է։ Ուրիշներ ալ գրեցին հայերու պատմութիւնը։ Անոնք ալ հայերու ճամբով իրենց գոյատեւումը փնտռեցին մեր մէջ, մեր ճամբով, մեր գոյութեան ու վերապրումի փաստին համեմատական որակաւորումով ու յարգանքով, եթէ այլեւս՝ քաղաքական փաստերը պատմական որակաւորումով կը գնահատուին, կամ զանոնք գնահատելու տրամադրութիւն մնացած է...։
* * *
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին ի՞նչ է հայութեան դերը Թուրքիոյ հանդէպ.¬ յարձակողակա՞ն, պաշտպանողակա՞ն, հանդուրժո՞ղ, վերապա՞հ, անտարբե՞ր, դիւանագիտակա՞ն. ի՜նչ...։ Կրնա՞նք մեր գիծը, մեր դրոշմը վերափոխել, հզօրացնել, բարելաւել։
Զօրահաւաքը զօրակոչով կը սկսի։ Հարիւրամեակը՝ ինչո՞ւ չըլլայ։
Թուրքիոյ դերը յաճախ ինծի կը ներկայանայ վաղեմի ֆոլքլորային երփներանգ դիմակով մը։ Այո՛, այս երկիրը իր անգրագէտ դիւանագիտական ղեկավարութեան ապիկար խօսքերուն ու քայլերուն զոհն է, եւ կþապրի ու կը գոյատեւէ իր սանձարձակ ողբերգականութեան կրկնութեան բարոյազրկումով։
Իսկ մենք, հայերս, այսքան տարի մեր անզուսպ ողբերգականութեան մէջ ապրեցանք, բայց ողբերգականութիւնը չսորվեցանք ճանչնալ պէտք եղածին պէս։ Չսորվեցանք զայն դիմագրաւել մեր՝ երբեմն սահմանափակ, երբեմն անսահմանափակ միջոցներով, զգացական, հոգեկան, վիպապաշտ, արցունքներով, ասմունքներով, խոկումներով, ուխտերով, երդումներով, Եռագոյնին հանդէպ իսկ բնազդային երկիւղած ծնկաչոքումով ու խոնարհումով սնեցուցինք։ Սնանք, ու սնուցանեցինք այլակերպող հայրենասիրութիւն մը, որ Արարատը ամառ¬ձմեռ ձիւնապատ տեսանք, Սեւանը պատկերացուցինք իշխանաձուկով, Սարդարապատը խորհրդանշական ցուլերով, Զուարթնոցի աւերակները վերականգնելու յոյսով, Արցախը՝ Շուշիով, Ախալքալաքը՝ իր պատմական անցեալով, Թիֆլիսը Հաւլաբարով, Նախիջեւանը իր յուշարձաններով։ Բայց Ջուլֆայի գերեզմանատունը քանդուած է UNESCOի լուռ ու հանդուրժող նայուածքին տակ։
Իսկ մենք, մեր ազգային ու քաղաքական զգացապաշտութիւնն ու իրապաշտութիւնը իրար միախառնած՝ անզգալաբար տուայտեցանք նոյնչափ այլակերպուող յուշին հետ։ Չկարողացանք կարծես յառաջանալ առանց մեր անցեալին վրայ ապաւինելու։ Ձեւաւորեցինք ու հաստատեցինք ազգային ու քաղաքական յանձնապաստան կողմնորոշում մը, որ սկսած է այլեւս անգթօրէն ժամանակին մէջ չտոկալ։ Յամառօրէն կռթնեցանք ընդերկարող ու ինքնասնուցուող կողմնորոշումի մը մէջ, ընտրելով մեր ազգային բարոյականութեան սահմանումները որ միայն մերը եղան, բայց ուրիշինը չեղան երբեք, եւ երբեւէ։ Օտարին պատմութիւնը չարտագրեց մեր ճիշդ իրականութիւնը, մեր արդար դատը, մեր ձգձգուող պահանջատիրութեան հատուցման խորտակուած չափանիշները։
Այդպէս է. այդպէս եղած է միշտ. օտարը մեր խաչը չվերցուց։ Չուզեց վերցընել։ Ինչո՞ւ, մեր արժէքները համաշխարհային արժէքներ չէի՞ն...։
Կþըսեն՝ գաղափարները կþօրինականացնեն դրոշմուած արժէքները։
Հարց տանք շեշտակիօրէն.¬ օտարը ի՞նչ տեսակ Թուրքիա մը կþուզէ։ Ի՞նչ տեսակ հայ ու հայութիւն մը կþուզէ։ Ի՞նչ տեսակ Հայաստան կþուզէ...։ Առասպելականացա՞ծ, ապառասպելականացա՞ծ։ Կո՞յր, կուրամի՞տ։ Բա՞ց աչքով, գո՞ց աչքով...։
Կարծես՝ պատմութեան լրիւ ժամն է, իր բովանդակ ու կեղեքուած ծաւալով։
Զգո՜յշ սակայն, ինչ որ ծաւալ է, ծանրութիւն ու արժէք չի նշանակեր միշտ։
Թուրքիոյ անտառներուն ծառերը այրեցան, բայց դարձեալ չծաղկեցան։
Հայութեան անտառներուն ծառերը այրեցան, բայց կրկին ծաղկեցան։ Բարգաւաճեցան, բարեբեր ու արգաւանդ ասպարէզներու դիմաց հասակ բարձրացուցին։ Ա՛յս է հայը։
Հարիւր տարի շարունակուող ցեղասպանութիւն։ Դժբախտաբար տարիքը տարիներուն վրայ չþերկարիր, այլ արժէքներու, եթէ արժէքները խաբկանքի չվերածուին կեանքի անհիւրընկալ ժամանակին մէջ։
Թուրքիոյ մէջ սուտի առասպելը միանգամընդմիշտ պէտք է քանդուի։ Արժէքներու չծառայողը պէտք է չէզոքանայ ու պատժուի։
Թուրքերը երբ իրենց ազգային քայլերգը կը լսեն, իրարու հետ չեն հասկցուիր, քանի քայլերգը բոլորինը չէ։ Անիկա Թուրքիոյ ժողովուրդներու հարազատ սկզբունքներն, ապրումներն ու գաղափարական հաւատքը չþարտայայտեր։ Սպանացիները աւելի խելացի բան մը ըրած են. իրենց քայլերգին մի՛այն երաժշտութիւն դրած են առանց բառերու, որպէսզի յուզում ու հակազդեցութիւն չյառաջացնեն երկիրը բաղկացնող տարբեր ժողովուրդներու եւ ազգութիւններուն միջեւ։ Իսկ իտալացիները կը խուսափին անկէ. քայլերգը կը հնչեցնեն միայն ֆութպոլի միջազգային մրցումներու պարագային, վստահ ըլլալով, որ հոն՝ բոլոր իտալացիները ...Իտալիոյ հետ են։
Թուրքիոյ մէջ արդարութիւնը երբեք պիտի չվերջանայ, քանի երբեք չսկսաւ։ Պիտի երթայ ու գայ՝ վերջ չունեցող խոտոր ճամբու մը պէս, ուր պիտի արգիլուի ճամբորդին հեզասահ վերադարձը։
Թուրքիա հիմա, իր պատմութեան հետեւանքներուն շրջանը կþապրի, երկրի մը մէջ, ուր իշխանութիւնը պատմութիւնը կը կեղծէ, մնացեալ կէսն ալ կեղծիքին խարդախները կը պարտկէ։ Եւ այս բոլորը պահու մը, երբ նորօրեայ սուլթան Էրտողանին կողմէ փարաւոնային փարթամ ապարանքներն կը կառուցուին, եւ եւրոպականանալու միտող թրքուհին չի յաջողիր իր ամօթխած լաչակէն հրաժարիլ, իր խպնող երեսը ծածկելով։
Գիտնանք, քաղաքական ղեկավարութիւնները, ո՛չ ամէնազօր են, ոչ ալ անպարտելի։
Բարեբախտութիւն է, որ թուրք լուսամիտ ու արդարադատ մտաւորականներու յանդուգն ձայները հետզհետէ կը բարձրանան ու կը լսուին, թելադրելով լաւատեսներուն, թէ անցնող ու եկող սերունդներուն միջեւ մշակոյթներու երկխօսութեան լուսատու պահը կը մօտենայ։
Թուրքիոյ մէջ տարբեր ու նոր մտածողութիւն մը պիտի զարգանայ ու վերջնականապէս յաղթանակէ։ Այդ մտածողութիւնը բացայայտուիլ սկսած է վերջին տարիներուն եւ այդ մէկը պիտի հանդիսանայ Թուրքիոյ քաղաքական խաւարամիտներուն, մոլեռանդներուն ու ֆաշիստներուն իրական մեծ թշնամին։ Կþընդգծեմ՝ ներքին թշնամին։
Հետզհետէ աւելի կազմակերպուած այլախոհական ձայներ կը բարձրանան քաղաքական բնորոշ ու բնութագրուած առնականութեամբ։ Շոգիի կաթսան կափարիչը կը շպրտէ իր վրայէն. կը սկսի սուլել, երբեմն ականջ խլացնելու աստիճան։
Ատենօք, ցեղասպանութիւն բառը վկայակոչողը կամ կը բանտարկուէր, կամ գաղտնօրէն կը սպաննուէր։ Մեր ժամանակներու իրողութեամբ, Թուրքիոյ 25է աւելի քաղաքներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներ պիտի կատարուին։ Միշտ ալ լուցկի մը կþըլլայ որ կրակը վառէ։
Հայոց պատմութիւնը չի վերջանար. հոս կը սկսի։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական առումով սահման չի ճանչնար։
Պատմութիւնը այսօր թուրքին աչքերուն կը նայի, հակառակ զննող հսկողութեան տակ առնուած զանգուածային լրատուական միջոցներուն։ Պատմութեան վրէժխնդրութիւնը սկսած է տարածուիլ։ Ո՞վ պիտի ըսէ իրականութիւնը թուրք ժողովուրդին, եթէ ոչ նոյնինքն թուրքը։
Այս յօդուածը բորբոքած խիղճով մտածողներուն կը ձօնեմ։ Իրաւունքն ու արդարութիւնը իրենց ձգողական ճամբան կը պարտադրեն եւ ժամանակին մէջ յաղթական դուրս կուգան։
Թուրքիոյ յեղաշրջումը իր հողէն պիտի սկսի նախ եւ առաջ։ Այդպէս կþըլլայ սովորաբար. յեղափոխութիւնները միշտ ներսէն կը սկսին։ Թուրքիա նոր էջ պէտք է բանայ. աւելի ճիշդ՝ նոր գիրք մը պէտք է գրէ։ Գիրք՝ որու էջերը լուսաւոր օդ պէտք է առնեն. ինքնուրոյնօրէն շնչե՜ն. շնչեն ազատ ու անկաշկանդ. խօսք ունենալու իրաւունքը պէտք է տիրապետէ։
Այս երկրին մէջ հին գէշ բաները երկար պիտի չտեւեն։ Երկիրը ամբողջ խափանուած նոր զարիվերի մը մեկնակէտին կը գտնուի։
Աշխարհիս մէջ մտաւորականութիւնը երբեք առանձին չքալեց. ժողովուրդները հետեւեցան՝ երբ պատմութեամբ հետաքրքրուիլ սկսան. երբ մտքին կողքին խիղճն ալ արթուն մնաց. երբ պատմութիւնը ազգերուն համար տարափոխիկ նախապատուութիւն ունեցաւ։
Պատմութեան մէջ՝ կարճ ոտքերով մեծ ոստումներ եղած են։
Թուրքիա նախ ներսէն պիտի պարտուի, վերջը դուրսէն։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր հետեւանքներով Գորթեան հանգոյց մըն է Թուրքիոյ համար։ Այդ հանգոյցը Մեծն Աղեքսանդրի սուրի մէկ հարուածով պիտի չկտրուի սակայն, այլ թուրք յառաջդիմական մտաւորականութեան եղունգներու եւ ակռաներու յարատեւ կրծումով, կոշկոռ կապած մարդոց մաշումով, չէզոքացումով։ Արդէն կը գտնուինք կարծրատիպ հին ռազմավարութիւններ ու մարտավարութիւններ մեղմելու տարտամօրէն յայտնաբերուող հանգրուանի մը սեմին։ Ժամանակը նպաստաւոր է այդ մէկը ընելու համար։ Պիտի գայ օրը, երբ վերջ պիտի տրուի Թուրքիոյ մէջ տիրող ազգայնամոլական¬ցեղամոլական երեւելի թէ քօղարկուած պետական ահաբեկչութեան, եւ բռնատիրական ղեկավարութիւններէ տառապող թուրք ժողովուրդն ալ աւելի լաւ ու արդար մարդ պիտի դարձնէ։ Այսօր, Թուրքիոյ մէջ, ժողովրդավար ընտրանքներու հնարաւորութիւնները խափանուած են։ Ազգերու հետ կապ ունենալու համար պէտք է սորվին զիջումներ կատարել։ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման ու գոյատեւման լուրջ հարց կը դիմագրաւուի։ Մարդիկ կան սակայն, որ աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով կþապրին։ Այդ յոյսը կþակնկալեն։ Միշտ կþակնկալէին։
Թրքական յաջորդական իշխանութիւններու ուրացումի ու ժխտումի քաղաքականութիւնը չի կրնար երկար շարունակուիլ։ Որքան դիմացան՝ դիմացա՜ն։ Մտաւորական ղեկավարութիւններու դերն է իրենց ժողովուրդը լուսաւորել, լուսաբանել, կրթել, տեսլականներու իմաստ տալ։
Պիտի գայ օրը, որ թուրք պատմագէտը Թուրքիոյ պատմութիւնը պիտի գրէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող էջեր տրամադրելով իր գրքին մէջ։
Ազգերու մէջ բարենպաստ դրացնութիւնները պատգամներ կը փոխանցեն։ Կրնա՞նք ապրիլ այդ պատգամներով։ Ժողովուրդներու յարաբերութիւնները նոր փորձառութիւններու կը մատնեն մարդիկը, վաղուան մեր ընկերութիւնը ժողովրդավարացնելու տեսլականով։
Այսօր, հայ ժողովուրդը ինչի՞ պէտք ունի։ Քննող ու քննարկող ստեղծարար միտքը պէտք է զարգանայ։ Թուրքը համոզելու մեր ճիգին մէջ, չտառապինք հայն ալ համոզելու։ Թուրքիա սկսած է դժուար շալկել իր ներքին ու արտաքին տագնապները։
Ի՛նչ որ երէկ եւ այսօր բոլոր թուրքերը չեն տեսներ, չի նշանակեր որ չկայ։
Ի՛նչ որ բոլոր թուրքերը չեն խօսիր, չեն գրեր, չի նշանակեր որ եղած չէ։
Վերադառնանք անցեալին, բայց վերադառնանք նաեւ ներկային եւ մեր ապագան փորձենք տարբեր տեսնել։
Հայերը երբ թուրքին մասին կը խօսին, իրաւամբ թշնամիի պէս կը խօսին։
Թուրքերը մեր մասին աւելի շատ բան գիտեն. լաւն ալ, գէշն ալ։ Մենք իրենց մասին նոր կը սկսինք սորվիլ, քիչ մը տարբեր ձեւով, քան ինչ որ գիտէինք մինչեւ հիմա, որովհետեւ միայն մենք չէ որ կը փոխուինք, իրենք ալ կը փոխուին։
Պէտք է քաջալերել այլախոհ թուրքերը, յառաջդիմական մտաւորականները, գրագէտները, լրագրողները, բեմադրիչները, որպէսզի յայտնաբերեն Թուրքիոյ խոժոռ ու դաժան անցեալն ու ներկան։ Այս մարդիկը կրնան ընել շատ աւելի բան, քան ինչ որ ըրինք մենք անցնող 100 տարուան ընթացքին, մեր զգացական պահանջատիրութեամբ։
Թուրքիա, թրքութիւնը վերանորոգման կարիքը կը զգա՞յ։ Եթէ այո, պէտք է դուրս գայ իր անցեալի տոկմաթիկ մեկնակէտերէն ու մինչեւ հիմա իր չփնտռած նոր լուծումներ որոնէ։ Լուծումներ, որ նոր իրականութիւն մը պիտի բանան իրենց ժողովուրդին առջեւ։
Թրքութիւնը վերանորոգման կարիքը կը զգա՞յ։ Եթէ այո, նախ պէտք է սկսի «թրքութիւն» եզրի սահմանումով, կամ վերասահմանումով։ Այսօր, քաղաքականութիւնը իրատեսական տարբեր սահմանումներով կը կիրարկուի նորօրեայ մտաւորականներուն կողմէ, առանց փայտեայ չոր խօսքերու։ Անոնց գաղափարները պէտք է դիմանան աճող կեանքին մէջ։ Հայութիւնը բացորոշօրէն պէտք է զօրավիգ կանգնի այդ մարդոց ու իրենց պաշտպանած ինքնայօժար գաղափարներուն, որպէսզի դիմանան ե՛ւ իրենք, ե՛ւ իրենց արդարակշիռ գաղափարները։
Հայաստանը այս տեսակ մարդոց պէտք է հրաւիրէ հայրենիք։ Սփիւռքը իր կարգին՝ անբարդոյթօրէն պէտք է բեմ տայ այս մարդոց, որպէսզի խօսքին, գրեն, արձագանգեն, քանի անոնք տարբեր պատրաստութիւն մը ունին եւ իւրայատուկ տեսակի գաղափարներ կþարտայայտեն։
Նոր թուրքը իր տեղը, վայրը, ժամանակը, նկարագիրը, ինքնութիւնը, խօսքը, որակը պէտք է գտնէ, առանց բնաւ տարակուսելու իր նորակերտ հասունցող ինքնութեան մասին։ 19¬րդ եւ 20¬րդ դարերը այլեւս շատ հեռու են մեր ժամանակներուն հետ քայլ պահելու համար։ Ա՛լ չեմ խօսիր այդ դարաշրջաններու կնճռոտ մտայնութեանց ու աղաւաղուած հոգեբանութիւններու մասին։
Թուրքիա պէտք է ապրի իր քաղաքական ու քաղաքակրթական մեծ պայթումը, որ իր նմանը ունեցած չէ իր պատմութեան ընթացքին։ Անհրաժեշտ է, որ կազմակերպուի քաջ, մնայուն հեւքով, մտաւորական ներքին ու արտաքին դիմադրութիւն մը, երկրի բոլոր հակամտաւորական ու հակայառաջդիմական ուժերուն դէմ, որոնք կը պժգան պատմական սուտի, կեղծիքի, տգիտութեան ու խաւարամտութեան դէմ, որ նախ եւ առաջ բռնօրէն կը գործադրուի ամէնախիստ ոճով նոյնինքն թուրք ժողովուրդին դէմ։
Այսքա՛ն, նախքան որ շատ ուշ ըլլայ պատմութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարական բազմապիսի արժէքներուն հանդէպ, որոնք ամէն օր քիչ մը աւելի կը մեռնին, կþանշնչանան, դէպի Միջնադար կþառաջնորդեն։
Հիմա աշխարհին բացուելու համար կը փորձուի կամուրջ նետել, սակայն կամուրջ նետելէ առաջ, նախ կամուրջը պէտք է կառուցել։ Յիշողութեան ու ոգեկոչումի կամուրջներ չեն ըլլար ... կարճ յիշողութեամբ։
Հայը ունի տիեզերական համեմատութիւններու հասնող արժէքներ, որոնք կը խորհրդանշեն ազատ ու անկախ մարդուն ազատութիւնն ու անկախութիւնը։
Ազատութիւն ու անկախութիւն առանց պատմութեան ու մշակոյթի չþըլլար։ Ասոնք՝ ազգային արժանապատուութեան հետ կապուած անսակարկելի ընտրանքներ ու իրաւունքներ են։ Ապրելու իրաւունք, քանի ո՛վ որ կþուզէ ապրիլ՝ չի մեռնիր...։
Հայը կրնայ բաղդատուիլ միայն իր վերապրելու առաքինութիւններուն ու հաւատքին հետ։
Յովսէփ Պարազեան