Գիտէինք, որ դժուար բան է ազգային լեզուի մը պահպանումը, երբ ազգային պետութիւնը կը բացակայի, կամ երբ հեռու է՝ աշխարհագրական թէ ուրիշ տեսակի հեռաւորութեամբ:
Գիտէինք յատկապէս, որ արեւմտահայերէնը, 1915ի ցեղասպանութեան եւ վերապրողներու աշխարհի չորս ծագեր ցրւումին իբր հետեւանք,
վտանգուած է: Սկսած՝ եւրօ-ամերիկեան մեր համայնքներէն, որոնք կ՛ապրին արեւմտեան «մեծ» մշակոյթներու ծիրին մէջ: Հոս է որ, շատ կանուխ, Սփիւռքի ծնունդի իսկ օրերէն, հայախօսութեան «նահանջը» ահազանգներու առիթ տուած է, յաճախ աճապարանքով եւ ամենայն կրաւորականութեամբ:
Արդէն գիտէինք բոլո՛րս՝ բոլոր լուրջ եւ սրտցաւ, մտահոգ հայերը: Գոնէ ես կը կարծէի, որ տեղեակ ենք բոլորս:
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ԵՒ... ԻՒՆԵՍՔՕ
Բայց երկու տարի առաջ, երբ Իւնեսքօն «վտանգուած լեզուներու» իր ուսումնասիրութիւններուն վրայ հիմնուած՝ հրատարակեց այդ լեզուներու ցանկերը, մերոնք՝ մամուլ եւ հանրային կարծիք, հակազդեցին տարօրինակ ձեւով. «Արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու կարգին է եղեր, Իւնսեքօն է ըսողը...»: Ի՞նչ է: Հաւաստի աղբիւրի՞ մը կը սպասէինք՝ հաւատալու համար մեր սեփական դատումով շատոնց հաստատուած մէկ իրողութեան: Թէ՞ գիտէինք եւ նախընտրած էինք կրկնելով-կրկնելով՝ ահազանգը վերածել ծէսի...: Կամ կը պահուըտէի՞նք՝ խոստովանելով մեր անկարողութիւնը՝ անխուսափելիին դէմ, ինչպէս կ՛ընէ -կ՛ըսեն- ծանօթ խելօք թռչուն մը: Կամ՝ այս բոլո՞րը միասին...
Այսպէս կամ այնպէս, տեղեկութիւնը հաղորդուեցաւ՝ գրեթէ առանց որեւէ մեկնաբանութեան, որեւէ տեղ: Եւ խնդիրը հոն ալ մնաց: Ընդհանուր չէզոքութեան մէջ, որոշ կեցուածքներ ալ կը մատնէին հանդիսաւոր «վկայական» ստացողի զգացում մը, ինծի համար՝ պղտոր ու տարօրէն հիւանդագին...:
Ստիպուած եմ եզրակացնել, վերի ենթադրութիւններս ամփոփելով, որ չէինք գիտեր, թէ «վտանգուած ենք», կամ գիտէինք՝ չգիտնալու պէս:
Դժուար հաւատալի է, որ 20ական-30ական թուականներուն կարելի չէր այլ կերպ վարուիլ, քան ինչպէս վարուեցանք.- Յաւակնիլ Սփիւռք վարել՝ առանց հիմնաւոր-համապարփակ հեռահար ծրագիրներու, ցրուած ուժերով ու թերի կազմակերպութեամբ: Լաւագոյն պարագային՝ կիսամիջոցներ միայն տրամադրելով տեսիլքի ու նախաձեռնութեան տէր սակաւաթիւ երէց մշակութային գործիչներու, եւ՝ նորերու մեծ մասի պարագային՝ բաւարարուելով ըլլալ անոնց ստուերը, պարզ շարունակողներ, առանց նոր պայմաններու պատշաճեցման խորքային աշխատանքի:
Բայց փաստօրէն այդ է որ ըրինք: Լեզուա-մշակութային վերապրումի պայքար կարծեցինք տանիլ խախուտ կիսամիջոցներով, ու ատիկա՝ գաղթական ցրօնքի մը տարածքին, ուր՝ միւս կողմէ՝ յաճախանքի վերածուած էր միտումը, յայտնի կամ ծածուկ, վայրկեան առաջ ընկերա-տնտեսական ձուլումով ձուլուելու՝ «հիւրընկալ» երկիրներու մեծ զանգուածին, անոր «գերադաս» մշակոյթին...
Աղիտալի երկդիմութիւն, աղիտալի հակասութիւն, որ ատակ է եղած, օրին, ընդվզում ու զզուանք առաջացնելու այնպիսի զուսպ հանրային-քաղաքական գործիչի մը մօտ, ինչպիսին էր... Սիմոն Վրացեան, զայն նետելով դուրս՝ առարկայական դիտորդի իր սովորական դիրքերէն.
«... Իսկ մենք շարունակում ենք բեմերից ճառել հայը հայ պահելու մասին: Թերթերում անվերջ յօդուածներ են լոյս տեսնում...: Ամէնքը՝ ամէն կողմից կուրծք են ծեծում՝ Հայը հայ պահենք... հայը հայ պահենք...
Կեղծաւորներ եւ փարիսեցիներ:»
ԵՐԷԿ ԵՒ... ԱՅՍՕՐ
Ապա, անմիջապէս հարց կրնայ դրուիլ՝ տարբե՞ր է հիմա...: Կամ՝ երէկի քննադատումը աւելի փայլուն ներկայի՞ մը կը կռթնի. կամ՝ անցեալ թերիները կը չքմեղե՞ն ներկայի անբաւարարութիւնները:
Ո՛չ, այդ չէ հոս ըսուածը: Եթէ մեր լեզուա-մշակութային ներկան նոյնպէս կամ այլապէս աղիտալի է, ատիկա կրնայ մասամբ հետեւանք ըլլալ երէկի դասալքութիւններու, բայց ներկան չի զերծանիր իր պատասխանատւութիւններէն:
Ճիշդ է որ Սփիւռքի հետեւող տասնամեակները, մանաւանդ վերջին քառորդ դարը, տեսան հայ վարժարաններու ցանցի մը երկչոտ տարածումը այս երկիրներուն մէջ - յատկապէս Ֆրանսա, Քանատա եւ Միաց. Նահանգներ (աւելի՝ արեւմտեան ափ):
Բայց այս շարժումը, որքան ալ՝ դրական, կը հասնի շատ ուշ եւ կը մնայ՝ համեմատութիւններով շատ սահմանափակ: Ապա մանաւանդ, անիկա կ՛իրականանայ... ի վնաս միջին-արեւելեան համայնքներու, անոնցմէ գրեթէ մնայուն դարձած արտահոսքի շնորհիւ ու միջոցով:
Եւ վերջապէս, նահանջող յետսապահ գունդերու այս պայքարը այսօր շրջապատուած է ու մասամբ կաշկանդուած՝ լեզուա-մշակութային ու կրթական համաշխարհային նորատի՛պ տագնապով մը...: Նայուածք մը դէպի Արեւմուտք (եւ ոչ միայն՝ դէպի Արեւմուտք), ու կը տեսնենք լսա-տեսողական ու թուանշային «մշակոյթի» հողին մէջ բուսած եւրոպացի, ամերիկացի սերունդները, որոնց մէջ «մայրենի լեզու» գրեթէ չգիտցող, առհասարակ լեզո՛ւ չգիտցող ու անմշակոյթ տարրը որքան կարեւոր համեմատութիւն կը կազմէ:
Տեղածին-բնիկ այս սերունդի կողքին՝ նոյն երկիրներուն մէջ կը տեսնենք դեռ յարաճուն համրանքով գաղթական (ափրիկեցի, ասիացի թէ այլ) սերունդներու բաբելոն մը, ուր լեզու ուսուցանելու հարկադրանքը մէկ կողմէ կ՛անճրկեցնէ «մեծ» մշակոյթներու պետութիւնները, միւս կողմէ կը մղէ մեթոտաբան մասնագէտներ նորանոր հնարքներով մանկավարժական լուծումներ ստեղծելու:
ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼՔ...
Արեւելեան Սփիւռքի՝ Միջին Արեւելքի մեր համայնքները՝ սկիզբէն՝ նկատուեր են «լեզու պահող, մշակոյթ պահող» համայնքներ: Այդպիսին ալ եղած են, ճիշդ է: Բայց ճշմարտութեան աւելի մօտ կ՛ըլլանք, եթէ քաջութիւն ունենանք աւելցնելու՝ այդպիսին եղած են շնորհիւ առարկայական պայմաններու, միջին-արեւելեան երկիրներու ընկերա-մշակութային ու կրօնական մասնայատուկ վիճակին կամ կառոյցներուն, առաւելաբար...
Աւելի՛ եւս մօտ՝ կ՛ըլլանք ճշմարտութեան, եթէ նաեւ փնտռենք-գտնենք, որ նպաստաւոր պայմաններ վայելող «անխառն հայախօս» այս շրջաններուն ապրեցուցած հայերէնը այսօր որքա՛ն թերի է իբր մայրենի լեզու, այս բառի բնականոն իմաստով: Որ՝ շրջաբերող արեւմտահայերէնի աղքատացման ընթացքը աչք ծակող երեւոյթ է այսօր՝ իր գործածման մակարդակներով ու մարզերով.- Խօսակցական լեզու մը՝ աղքատացած ուրոյն, ապրող ասոյթաձեւերէ, զարդարուած տեղական լեզուէ փոխառեալ բառ ու ասոյթներով, իսկ զարգացեալ տարրին մօտ՝ ծանրացած օտար բառ-եզրերով, նոյնպէս փոխառեալ...: Անխառն խօսուած-գրուած հայերէն մը փաստօրէն դատապարտելով մնալու անընկալելի, անհասկնալի՝ գրեթէ բոլորէն...:
Հիւծումի կիսածածուկ բայց անվիճելի նշաններ՝ մեր «լեզու եւ մշակոյթ պահող» այս համայնքներուն մօտ.- Մայրենի լեզուի ուսուցման որակական տագնապը, ու որակէն առաջ՝ ուսուցիչ մարդուժի՛ իսկ ահազանգային նուազումը. փաստեր՝ որոնք, նաեւ առարկայական ազդակներով պայմանաւոր, բայց սերտօրէն կապուած են նաե՛ւ որակական այս նուազումին: Դեռ՝ վատուժ, «բրածոյ» հրապարակագրական լեզու-ոճ մը, որ կ՛ողողէ այսօր Սփիւռքի մամուլը. ապա՝ գոսացումը գրական երակին՝ ջահակիր նոր սերունդի եւ նոր անուններու բացակայութեամբ, ու ասոր հետեւող՝ գրականութեան ստեղծագործ լեզուի աստիճանական անէացումը:
Ահա ահազանգիչ նշանները, որոնք կու գան մեր առջեւ պատկերելու, թէ ինչպէ՛ս լեզու մը՝ ապրող օրկանիզմէ՝ աստիճանաբար կը հիւծի, կը դառնայ մեռեալ լեզու - «գրաբար»...
Մայրենի լեզուն՝ կա՛մ գրեթէ լրիւ կորսուած, կա՛մ կորսնցուցած՝ որակ ու կենսունակութիւն, ինքզինք նորոգելու կարողութիւն...: Ահա՛ տարբերութիւնը Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ: Ասկէ անդին՝ հայախօս համայնքներու մասին խօսիլ որքանո՞վ կը համապատասխանէ իրականութեան, ու որքանո՞վ կ՛ըլլայ սոսկ մխիթարիչ պատրանք: Ա՛լ դժուար չէ որոշել:
ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ...
Կրնայ հարցուիլ.- Հապա՛ Հայաստա՞նը...: Հոս չե՞նք անտեսեր հարցի Սփիւռք-Հայրենիք կապի հրամայականները:
Չեմ կարծեր: Մերձեցում եւ գործակցութիւն հայութեան գլխաւոր այս երկու հատուածներուն միջեւ՝ ընդհանրապէս փափաքելի են, ու աւելին՝ անհրաժեշտ: Բայց հոս՝ խօսքը հոս կը վերաբերի աւանդական Սփիւռքի մշակութային ինքնութեան, այսինքն յատուկ աւանդուած եւ օրը օրին ապրելի, վերստեղծելի արժէքներու համակարգի մը: Կարճ ըսած՝ գոյութեա՛ն գործընթացի մը՝ որ պարտի ձգտիլ ինքնուրոյնութեան, ինքնաբաւութեան: Յատկութիւններ՝ որոնք, արդէն անբաւարար, կրնան աւելի եւս արագ ջլատուիլ մեր մէջ, ինչպէս անխուսափելիօրէն կ՛ըլլայ՝ «դուրսէն» կախեալ, «դուրսէն» բարիք սպասող որեւէ հաւաքականութեան մօտ:
Աւելի մասնաւորելով կրթական համակարգին, միշտ ամփոփ՝ պիտի ըսենք, որ Սփիւռքը, իբր կրթական-մանկավարժական յղացք, իր առարկայական կարիքներով՝ հեռու է ու շատ տարբեր՝ Հայաստանի աւանդութիւններէն եւ կիրարկումներէն:
Հասկնալի է, որ խօսքը չի վերաբերիր Հայաստանէն արտագաղթողներու «տնտեսական» նոր Սփիւռքին, որու համար բանաւոր պիտի ըլլար՝ հայրենի իշխանութիւններէն յենարան ակնկալել: Եւ որու մշակութային կարիքներու հոգը արդէն -ի դէպ- կրնայ լայնօրէն սպառել Երեւանէն տրամադրուելիք ամէն ճիգ...
ԼԵԶՈՒ-ՄՇԱԿՈՅԹ՝ ՊԱՀՊԱՆԵԼԻ ԵՆ ՄԻԱՅՆ ՈՐԱԿՈՎ...
Արեւմտահայերէնի այս անհետացումը կամ որակազրկումը զուտ լեզուա-մշակութային երեւոյթ չէ: Անիկա արդէն աւելի դիւրին կ՛ընկալուի, երբ կը տեղադրուի մեր համայնքներու՝ մարդկային հոգե-մտաւոր որակի՛ նուազման երեւոյթին: Եւ ընդլայնուած այս բացատրութեան մէջ՝ ա՛լ աւելի իրարու կը մօտենան եւրօ-ամերիկեան եւ միջին-արեւելեան տիպի մեր համայնքները, թէ՛ իբր կառոյց ու ընթացք, թէ՛ իբր ապագայի հեռանկար...
Դարձած ենք համայնքներ՝ յաճախ անորակ, յոգնած կորիզով, կծկուած. պարզ պահպանման ձգտող մշակոյթով: Եւ՝ այդ կորիզին շատ թոյլ կապուած, կամ անկէ ուղղակի խզուած՝ լուսանցային մեծամասնութիւն մը, ներառեալ՝ կարեւոր համեմատութիւն մը թանկագին որակէն...: Ու ասիկա՝ ամէ՛ն տեղ, Արեւմուտքէն՝ Արեւելք, եթէ զեղչենք աստիճաններ ու տեղային տարբերութիւններ:
Մշակութային կորիզ եւ լուսանցք՝ այսպէս երկուքն ալ կը հակին ծայրագոյն վիճակներու. լուսանցքը՝ ցրուելու, կորիզը՝ կծկուելու, գոցուելու: Եւ գոց մշակոյթ մը, որ կ՛արգելակէ ե՛ւ մշակոյթին, ե՛ւ զայն դրսեւորող լեզուի նորոգումը, կը դառնայ վնասակար: Վնասակար՝ ընդհանրապէս, բայց յատկապէս մեզի նման տարասփիւռ, ոչ-պետական հաւաքականութիւններու համար:
Գո՛ց մշակոյթ, որ՝ ուրիշ թերիներու կարգին՝ կը տառապի անատակութենէ ինքզինք մատուցանելու նոր սերունդներուն: Չունի մանկավարժութիւն: Լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցումը (հոն՝ ուր դեռ կայ դպրոց ու փոխանցում...) կ՛ապրի իբր տաժանելի բեռ ու իմաստազուրկ ծէս, ո՛չ իբր ուրախութեան տօն, իբր հաղորդութի՛ւն...
Լա՛ւ գիտենք ողբալ համաշխարհայնացումը, բայց երանի փոխարէնը ունենայինք քիչ մը կամք ու արթնութիւն՝ անոր կոյս-անտառներու նորանոր պտուղները քաղելու. լեզուի ուսուցման մանկավարժական մեթոտներու հմտանալով՝ չարիքը ի նպաստ մեզի շրջելու - գոնէ մասով մը...:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՊԱԿՍԻ ՄԱՐԴՈՒԺԸ...
Դիտելով մեր համայնքները՝ ընդհանրապէս, մարդ կը տարուի հարց տալու, թէ ինչո՞ւ հոն յաճախ կը պակսի որակեալ մարդուժ, եւ որակեալ երիտասարդութիւն՝ յատկապէս: Ինչո՞ւ չենք յաջողիր (եթէ կը փորձենք երբեւէ...) յաղթահարել առարկայական ծանօթ դժուարութիւններ եւ այդ երիտասարդութիւնը աւելի մեծ չափերով լծել իրմէ ակընկալուող նորարար դերին - նախապայման՝ համայնքի մը գոյատեւման...:
Ինչո՞ւ...
Ո՞չ որովհետեւ մերժեր ենք անոր՝ մտածումի, ազատ որոնումի վայրեր, այսինքն ինչ որ անհրաժեշտ է ստեղծելու մեր այսօրուա՛ն ազգային մշակոյթը - մեր վաղուան համար: Ո՞չ որովհետեւ վախցեր ենք անոր մէջ պահուած ուժէն, նորութեան ատակութենէն. ակնկալեր ենք ու ջանացեր ենք, որ ան մեր կրկնօրինակը ըլլայ...:
... ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆՍԵՓԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ
Սփիւռքներու համար, ինչպէս մերինին, այս քրոնիկ, վտանգաւոր կացութենէն փրկութիւնը՝ կարճ խօսքով՝ ա՛յն պիտի ըլլար, որ մշակութային կորիզը ջանար բացուիլ լուսանցքին, ձգտելով զարգանալ, որակ ստեղծել. նաեւ՝ բացութեամբ եւ որակով ներգրաւել լուսանցքը, զայն մօտեցնել, յանձնառութեան բերել: Բացուելով տարածուիլ:
Կորիզի եւ լուսանցքի միջեւ հաւասարակշռութեամբ, մեր մշակոյթը միանգամայն պիտի դրուէր հաւասարակշիռ դիրքի՝ տեղական-շրջանային եւ համաշխարհային մշակութային ոլորտներու հետ: Ուժական ու լայն խարիսխի տէր սփիւռքեան մշակոյթը պիտի ըլլար շատ աւելի առողջ, պիտի չվախնար առճակատելու՝ տեղական թէ համաշխարհային տիրող մշակոյթներու հետ: Բազմամշակութայնութեան այս հաւասարակշռութիւններուն հասնիլը միայն կրնար ապահովել մեր գոյատեւումը, մեր բնական ու առողջ հոլովոյթը՝ իբր ազգային հաւաքականութիւն:
«Բացումի», առճակատումի այս ընթացքը մեզ զերծ պիտի պահէր ինչպէս մեկուսացումէ, այնպէս ալ տեղական մշակոյթներու շիլ յարումէ մը, օգնելով գտնելու ճիշդ դեղաչափ՝ զոյգ ուղղութիւններով: Անիկա մեզ պիտի պատուաստէր նաեւ տեղայնացումի փորձութիւններէ, լճացումէ: Եւ հոս ու հոն աճող սերունդի հատուածները, փոխանակ հեռանալու-ցրուելու, պիտի մօտենային իրարու, անպայման: Ստեղծելով հարուստ ֆոնտ մը հասարակաց գիծերու, ապահովելով անոր նկարագրային միութիւնը, այլազանութեան մէջ:
Բազմամշակոյթ պատուաստեալ, որակաւոր սերունդի մը աճեցումը դեռ կը նշանակէ՝ ե՛ւ Արեւմուտքի մեր համայնքներուն մէջ հայախօսութեան նոր թափ տալ հոգե-մանկավարժական արդի մեթոտներու որդեգրումով, ե՛ւ Արեւելքի համայնքներու մէջ ձգտիլ հայ լեզուի ու մշակոյթի որակաւորման՝ տեղական ու համաշխարհային մշակոյթներու հետ հաշտ գոյակցութեան եւ փոխթափանցումի կրթական ռազմավարութեամբ մը:
Կը մնայ հարց տալ, թէ հիմա ո՞ւր ենք՝ յարաբերաբար այսպիսի հեռանկարի մը:
Ու մանաւանդ հարց տալ, թէ արեւմտահայերէն ու արեւմտահայ մշակոյթ, եթէ վտանգուած են, ինչո՞ւ «վտանգուած» են: Ճակատագրի անխախտելի հրամանո՞վ մը, Իւնեսքոյի ախտաճանաչումով ու նախատեսութեա՞մբ,- թէ՞, այդ բոլորէն առաջ ու վեր, իբր հետեւանք մեր սեփական կեցուածքին ու որոշումին - մեր դասալքութեան:
Յարութիւն Քիւրքճեան