Իրաւունքի տիրացման ուրիշ ճամբայ չկայ, բացի պայքարէն:
Համամարդկային պատմութիւնը բիւրեղացուցած է վճռական այն եզրակացութիւնը, թէ կեանքը, ծառայութեան կերպ մը ըլլալէ առաջ, սկիզբէն մինչեւ վերջ անկասելի պայքար է, միաժամանակ, փոխադարձաբար, պայքարն ալ կեանք է, ինչպէս սոսկական անհատին, նոյնպէս եւ ազ գերուն համար:Նոյնիսկ ամէնէն խաղաղապաշտն ու «քեզ ապտակողին միւս երեսդ դարձուր» պատուէրին ծայրայեղօրէն հետեւող հաւատացեալը խուսափում չունին պայքարելու հարկէն, քանի որ խաղաղասէր կամ բարեպաշտ ըլլալը ամէն բանէ առաջ իրաւունք մըն է եւ իրաւունքը կ’ապահովուի ու կը պահպանուի միակ ճանապարհով՝ պայքարով:
Ահա թէ ինչու պատմութենէն անհետ կորսուած են ու մոռացութեան տրուած այն ազգերը, որոնք չեն հետեւած պայքարի տրամաբանութեան:
Ահա նաեւ թէ ինչու մենք կարողացանք դարերու աւերածութիւններէ, նոյնիսկ ցեղասպանութենէն յառնել եւ պատմական մեր երթը շարունակել:
Պատկեր մը. 1950-ական թուականներ, գաղթականական թշուառութիւններէն տակաւին չվերականգնած հայու պայմաններ, աղքատիկ նախակրթարանի մը աշակերտները Ապրիլ 24-ի օրը մէկտեղուած են եկեղեցի՝ սգահանդէսի: Բեմը պատող վարագոյրներուն սեւը կը ճնշէ մթնոլորտն ու աշակերտներուն հոգիները: Բեմին կեդրոնը գրատախտակի մը եռոտանիին վրայ զետեղուած բան մը կայ՝ նոյնպէս սեւ վարագոյրով ծածկուած:
Դասախօս ուսուցիչը վարակիչ յուզումով կը պատկերէ եղեռնագործութեան ահաւոր մանրամասնութիւնները, կը նկարագրէ բռնագաղթի ենթարկուած հայերու անապատային տառապանքը եւ իր ու իրեն պէս բազմահազարներու որբանոցային կեանքը: Ապա աջ ձեռքը վեր յաղթականի կեցուածք մը կ’առնէ այնպէս, ինչպէս որ առած էր Վարդանանց նուիրուած հանդէսին եւ կոչած՝ «մենք յաղթեցինք»: Ամէն պարտութեան մէջ յաղթանակի շերտ մը գտնելու հայու հոգեխառնուածքն իսկ թոյլ չի տար «յաղթեցինք»ը արտաբերել: Սակայն տարբերակով մը կը բացականչէ. «թուրքը չյաղթեց, եւ մենք չպարտուեցանք, սիրելի՛ աշակերտներ քանի որ դուք էք հոս, ձեզի պէս հայ աշակերտներ կան, որոնք պիտի պայքարին մեր նահատակներուն կտակը իրականացնելու համար...»: Եւ ցոյց տալով բեմին վրայ զետեղուած եռոտանին՝ կը շարունակէ. «Այս վարագոյրի ետին գրուած է մեր նահատակներուն կտակը եւ Ապրիլ 24ի պատգամը՝ ուղղուած ձեզի՝ հայ աշակերտներուդ...»:
Թշնամիին դէմ աճած ատելութեամբ՝ աշակերտի մատղաշ հոգիները պատրաստ են ընդունելու վրէժի կտակը եւ չարիքը չարիքով հատուցելու պատգամը: Բայց ահա, երբ կը բացուի վարագոյրը, փոխան վրէժի՝ խոշոր գրատախտակի մը վրայ ուղղահայեաց կը կարդացուի մեծատառ ՀԱՅ բառը, իբրեւ սկզբնատառերը երեք առաքինութիւններու.
Հ- այրենասիրութիւն
Ա-զատասիրութիւն
Յ-առաջդիմութիւն
Որոնցմով կազմաւորուելու ձգտումը իբրեւ նախապայման կը ներկայացուի արժանաւորապէս Հայ կոչուելու եւ նահատակներու կտակին ժառանգորդ նկատուելու համար:
Պատկերը դրէ՛ք իր ժամանակին ու շրջանակին մէջ: Թարմ են տակաւին եղեռնագործութեան կոտտացող վէրքերը՝ հետեւա՛նք հայ ըլլալուն: Աչքերնին օտարութեան մէջ բացած, հայրենիք չտեսած-չճանչցած պանդուխտ երեխաներ, որոնցմէ սակայն յամառօրէն կը պահանջուի՝ «հայրենասիրութիւն»: Հայ ազգի ազատագրութեան դատը ծով մը արիւն արժած է, բայց անտեղիտալի կամքով՝ «ազատասիրութիւն»: Ծակծըկած կօշիկներով փողոցները չափչփող եւ օրուան հացի մղձաւանջով ապրող հայ ընտանիքներու զաւակներ, բայց անընկճելի ոգիով՝ «յառաջդիմութիւն»:
Եւ այսպէս, տարբեր տեղ տարբեր արտայայտութիւններով, բայց միեւնոյն խորքով ու բովանդակութեամբ վերի պատգամը կազմեց այն խարիսխը, որուն վրայ հիմնուած ազգային դաստիարակութեամբ թրծուեցան յաջորդական սերունդները, որոնք հետագային դարձան յիսնամեակի սերունդը:
«Թուրքը չյաղթեց, եւ մենք չպարտուեցանք» կը վճռէ որբ մնացած ու որբանոցի մը մէջ հասակ առած ուսուցիչը: Կը նշանակէ, թէ երկու ժողովուրդներու միջեւ բաց հաշիւ կայ: Ուրեմն պայքարը կը շարունակուի...
Յիսնամեակ.
Կը թուի, թէ առաջին յիսուն տարիները աննախընթաց եղեռնագործութեան ծանր հարուածէն սթափելու, կոտտացող վէրքերը դարմանելու եւ ուժերը վերագտնելու ժամանակաշրջան մը եղան գաղութներուն համար:
Սակայն յիսնամեակին տեղի ունեցածը հրաբխային ժայթք մըն էր ամբողջ հայութեան համար ու հայութեան կողմէ թէ՛ սփիւռքի մէջ, թէ՛ ի Հայաստան: Անհրաժեշտ խորութեամբ լուսարձակի տակ չէ առնուած տակաւին սփիւռքահայութեան վրայ ունեցած ներգործութիւնը յիսնամեակին, որու շնորհիւ քաղաքական ու գաղափարական շունչով վարակուեցան հայ զանգուածները եւ հիմնովին փոխուեցան գաղութներու կազմակերպական, հանրային ու քաղաքական գործերը վարելու հոգեբանական ազդակները եւ թիրախները:
Հպանցիկ եւ գլխաւորները միայն թուարկելու համար.-
1. Մինչեւ յիսնամեակ գաղութները կ’ապրէին կեթթոյական կենսաձեւով եւ... մտայնութեամբ: Տարին հեղ մը, Ապրիլ 24-ի օրը, արցունքով կը յիշէին ու կը սգային իրենց նահատակները: Յիսնամեակը մղեց, որ ոստում կատարուի սուգէն դէպի պայքարունակ պահանջատիրութիւն, եւ «օրինապահ քաղաքացի» մնալու երկչոտ զգուշաւորութիւնը փոխակերպուի իրաւունքի տէր լիարժէք քաղաքացի ըլլալու գիտակցութեան, ինչը արմատախիլ ըրաւ կեթթոյաբնակի կործանարար հոգեբանութիւնը եւ ճամբայ հարթեց, որ գաղութները բացուին արտաքին աշխարհին՝ քաղաքական, ակադեմական, մտաւորական ու լրագրական շրջանակներուն հայ դատը ծանօթացնելու եւ անոնց նեցուկը ապահովելու համար մեր հետապնդումներուն:
2. Հակադարձ սպանութիւններով թշնամութեան հասած ներազգային ատելութիւնը չքացաւ, հակառակութիւնները մեղմացան, եւ գործակցութեան ու միասնական պայքարի անհրաժեշտութիւնը երկրորդական գծի անցուց տարակարծութիւնները:
3. Երիտասարդացում բերաւ եւ կազմակերպական աշխուժացում: Գաղութներու մէջ անջատաբար գործող կազմակերպական տժգոյն միաւորները հետըզհետէ վերածուեցան համասփիւռքեան կառոյցներու, համադրուած ճիգերով եւ միասնաբար որդեգրուած օրակարգի հիմունքով՝ ներդաշնակ եւ փոխլրացուած աշխատանքի յայտագրով ձեռնարկուեցաւ բազմահուն գործունէութեան՝ հայ դատի եւ այլ ոլորտներու ուղղութեամբ:
4. Գործնական հետապնդումներու հունով եւ գիտակցական մակարդակի վրայ միեւնոյն նպատակին շուրջ բոլորուեցաւ սփիւռքի տարածքին ցրուած ողջ հայութիւնը եւ քաղաքական, յարաբերական ու քարոզչական թէեւ տկար միջոցներով, բայց վիթխարի ու շարունակական ճիգերով (մերթ նաեւ ուժական միջամտութիւններով) միջազգային ճանաչումի արժանացուց իր պահանջատիրութիւնը: (Կ’արժէ տրամադրելի մեր միջոցներու մասին իբրեւ օրինակ մէջբերել հոս հետեւեալը. 70-ամեակի ձեռնարկներուն համար Աթէնքի միացեալ յանձնախումբը ծախսած էր հազիւ թէ իր 10 հազար տոլարի հասցուցած պիւտճէն: Ձեռնարկներու տարողութեան ու յարուցած արձագանգին դիմաց՝ Թուրքիոյ պաշտօնական աղբիւրներ հարց կու տային, թէ Աթէնքի պէս փոքր գաղութ մը ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ կը հայթայթէ, իրենց գնահատումով, 10 միլիոն տոլարէն աւելի ծախս պահանջող այդ ձեռնարկներու գումարը...):
Անոնք ինչպէ՞ս կարենային ըմբռնել ու գնահատել քաղաքականացած ու նպատակ հետապնդող մարդոց (հայերու) կամաւոր աշխատանքի տրամադրուածութեան ուժը...:
Հայ դատի ճակատին վրայ կատարուած հետապնդումները նպաստեցին, որ աշխուժանան ազգային ու գաղութային կեանքի տարբեր բնագաւառները եւս:
Պէտք է ըսել, որ բնական պայմաններու տակ վերը նշուած մէկ վիճակէն դէպի միւսը անցումը պիտի պահանջէր երկար տարիներու ժամանակաշրջան: Սփիւռքի պարագային եւ շնորհիւ յիսնամեակի պոռթկումին ու յաջորդող քաղաքական աշխատանքներուն՝ այդ հոլովոյթը տեղի ունեցաւ մէկ-երկու տասնամեակներու մէջ՝ զիրար ամբողջացնող զուգահեռ ընթացքներով: Պատկերացնենք նաեւ այն ահաւոր ցնցումները, որոնց ենթակայ դարձան սփիւռքահայութեան աւիշ ներարկող Միջին Արեւելքի հայահոծ ու կազմակերպ գաղութները յիսնամեակին յաջորդող տարիներուն, որպէսզի կարենանք լրիւ կշռել ձեռք բերուած յաջողութիւններուն տարողութիւնը:
Արդար է ուրեմն անվարան արձանագրել, որ յիսնամեակի ու յաջորդող սերունդները տէրը եղան պատգամին եւ իրենց ազգային «ճիտին պարտքը» կատարեցին գիտակցութեամբ, արժանաւորութեամբ, հպարտութեամբ:
5. Հայրենի ժողովուրդը իր կարգին, անտեսելով ամբողջատիրական բիրտ վարչակարգի մը խստագոյն արգելքները, Երեւանի հրապարակները ողողեց պայքարունակ ցոյցերով եւ հողային պահանջքով, ինչ որ Խորհրդային Միութեան մէջ քաղաքական առաջին ցոյցն էր, որ կը կատարուէր: Մոսկուան հարկադրուեցաւ հաշուի առնել ժողովրդային պոռթկումն ու ազգային զգացումները եւ արտօնեց Ծիծեռնակաբերդի կառուցումը, որմէ ետք որոշապէս հանդարտեցան կիրքերը եւ Ապրիլ 24-ը վերածուեցաւ արարողակարգի. երկիւղածութեամբ երթալ Ծիծեռնակաբերդ, յիշել նահատակները եւ ի յարգանս անոնց՝ ծաղիկներ զետեղել յուշակոթողին:
Արձանագրենք նաեւ, որ հակառակ հայրենի ժողովուրդի աղաղակած ՀՈՂԱՅԻՆ պահանջքին, սփիւռքը հետապնդեց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման թիրախը: Անցնող յիսուն տարիներուն դժուար չեղաւ Թուրքիոյ համար մերժել «ցեղասպանութիւն» եզրը, որովհետեւ այդ բառը կ’անհանգստացնէր զինք, քանի որ ան պատճառ էր, որ իր դէմքէն չհեռանայ եաթաղանին ստուերը, բայց եւ այնպէս անոր դիմագրաւումը յարաբերաբար հեշտ եղաւ՝ պարզապէս ուրանալով, մերժելով եւ վերջերս ալ նոր «գիւտով» մը եւ իբրեւ զիջում առաջարկելով պատմաբաններու քննարկման յղել խնդիրը:
Թուրքիան գիտէր նախապէս, գիտէ նաեւ հիմա, որ խուսափում չունի. ի վերջոյ հատուցումի եւ հայրենազրկուած հայութեան հողային պահանջքի մեծ խնդիրներուն դիմաց պիտի գտնուի անպայման:
Հարիւրամեակ.
Մեր պատմութեան մէջ չկայ նախընթաց, ուր «հռչակագիր» մը խմբագրուած ըլլայ համահայկական մասնակցութեամբ եւ արժանացած՝ նոյնպէս համազգային ընդունելութեան: Կը նշանակէ, որ ան կը խտացնէ ազգին իղձերը՝ միաժամանակ կազմելով միասնական պայքարի ուղեցոյցը, եւ անով է, որ պիտի առաջնորդուի ու գործէ Հարիւրամեակի սերունդը՝ յառաջիկայ տարիներուն:
Երեւոյթները կու տան այն տպաւորութիւնը, որ բաղդատած յիսնամեակի սերունդին՝ 100-ամեակի սերունդը, նպաստաւոր պայմաններու մէջ գործելու հնարաւորութիւնն ունենալով, կրնայ աւելի հեշտ հասնիլ յաջողութիւններու: Տնտեսապէս աւելի բարելաւ հայու վիճակ, կազմակերպ գաղութներ ու համասփիւռքեան կառոյցներ, արհեստագիտական առաւելութիւններ, անկախ Հայաստանի հանրապետութիւն եւ ի լրումն ամենայնի՝ մեզի նեցուկ պետական, քաղաքական թէ մտաւորական մարդկանց լայն շրջանակ, որ շահուած է անցնող յիսուն տարիներու ընթացքին: Ունինք նաեւ նշանակալի մեր նուաճումներուն հարուստ փորձառութիւնը եւ այլն:
Այս առաւելութիւններուն կողքին պէտք չէ մտահան ընել, որ հարիւրամեակի դարձակէտէն ետք հատուցման թիրախի հետապնդումը, համեմատած անցնող յիսուն տարիներու մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն հետ, պիտի բախի աւելի մեծ բարդութիւններու: «Ցեղասպանութիւն» բառը ենթադրել կու տայ, որ կայ ուժի դիրքով ահարկու դահիճ մը եւ տկար զոհ մը, եւ բարոյականութիւնը կը թելադրէ ըլլալ տկար զոհին հետ ու անոր կողքին, ինչ որ բացի վարկանիշէ՝ կ’ապահովէ նաեւ կազմակերպուած գաղութի մը նեցուկը՝ քաղաքական փառասիրութիւններ ունեցող արդարամիտ մարդոց: Սակայն շատ հաւանական է, որ մեզի նեցուկ միեւնոյն մարդոց հակազդեցութիւնը բոլորովին տարբեր ըլլայ հատուցման, մանաւանդ հողային պահանջքի մը դիմաց: Տարօրինակ չէ, որ ներկայ աշխարհի ռազմաքաղաքական դրուածքն ու տնտեսական մրցակցութիւնները զգուշաւորութիւն հարկադրեն գիտակից ու պատասխանատու մարդոց: Մենք եւս միեւնոյն զգուշաւորութիւնը պարտաւոր ենք ունենալու մեր մօտեցումներուն մէջ, որպէսզի «վախ չպատճառենք» մեզի բարեկամ օտար շրջանակներուն: Աչքի առաջ ունենանք Լեռնային Ղարաբաղի փոքր հողաշերտը, որու հայկական պատկանելիութիւնը պատմական ու իրաւական իմաստով անտարակուսելի ըլլալով հանդերձ, հայութեամբ բնակուած ըլլալով մէկտեղ եւ մեզի պարտադրուած պատերազմին մէջ զինուորական յաղթութեամբ ազատագրուած ըլլալովն իսկ, ահա քառորդ դարէ ի վեր անոր լուծումը ենթակայ է քաշքշուքի՝ միջազգային դիւանագիտութեան խաղերու սեղանին վրայ:
Նկատի պիտի ունենանք նաեւ, որ յատկապէս ներկայ օրերուն Հայաստանի դրացնութեան մէջ գտնուող աշխարհագրական տարածաշրջանը վերածուած է կրօնամոլական պատերազմներու եւ ծայրայեղական խմորումներու ականապատուած թատերաբեմի՝ անկանխատեսելի ու սպառնալի հետեւանքներով: Պատերազմիկ դերակատարները (չափով մը նաեւ կացութիւնը) հակակշռելու բանալի կեդրոններէն մէկը կը նկատուի Թուրքիան, որ իր այդ հանգամանքովն ալ կը համարուի յուսալի գործընկեր՝ Արեւմուտքի եւ աշխարհի ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահող ուժերուն կողմէ:
Իրատեսութիւնը կը թելադրէ չգերագնահատել մեր կարողականութիւնը եւ չափաւորել հարիւրամեակին կապուած ակնկալութիւնները: Վճռական քայլերով մուտք գործենք նոր փուլի մէջ եւ նոր նուաճում արձանագրելու հաստատ կամքով յառաջանանք դէպի պահանջատիրութիւն՝ միշտ ու ամէնուր գերադասելով մեր սրբութիւն սրբոցի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը:
Մերը իրաւունքի պայքար է: Իրաւունքը չի մեռնիր այնքան ատեն, որ իրաւատէր ազգի սերունդները կը պայքարին առանց վհատելու, առանց յոգնելու: Յոգնողներն են, որ կը պարտուին: Հարիւրամեակի դարձակէտը միասնական պայքարի նորովի հրաւէր է: Պիտի ընդառաջենք այդ հրաւէրին:
Միհրան Քիւրտօղլեան