Հիները երախտագին կը յիշեն , իսկ նորերը անպայման լսած պիտի ըլլան , որ տարիներ առաջ եւ երկար ժամանակ ՀՕՄը իր բազմաճիւղ, տարածուն ու համասփիւռքեան գործունէութեան մէջ ունէր «պնակ մը կերակուր»ի ծրագիրը, որուն համար բոլոր մասնաճիւղերը կը դիմէին
իրենց անդամուհիներուն ու համակիրներուն, որպէսզի անոնց դրամական նուէրներէ հանգանակուած գումարով ամէն օր պնակ մը տաք կերակուր կարենային հրամցնել գաղթականի թշուառութեան մէջ տառապող կարիքաւոր հայորդիներուն :
Հարցուցէ՚ք հիներուն եւ անոնք պիտի հաստատեն, որ իրենցմէ շատերուն համար որքան նախախնամական եղած է պնակ մը կերակուրի սնունդը՝ անօթութեան այդ տխուր օրերուն :
Ծրագիրը դադրեցաւ գործադրութեան դրուելէ, երբ շնորհիւ ստեղծագործ մտքի, նախաձեռնող ոգիի ու աշխատունակութեան, հայ մարդը սեփական քրտինքով իր վրայէն թօթափեց գաղթականի թշուառութիւնը, վերականգնեց իր կեանքը եւ ոչ միայն պէտք չունեցաւ այլեւս այդ ծրագրին , այլ նաեւ իր վաստակէն բաժին հանեց գաղութ կազմակերպելու եւ գաղութը ազգային, կրթական, եկեղեցական, կուսակցական թէ միութենական կառոյցներով օժտելու հաւաքական նպատակին համար:
Սակայն հիմա ինչո՞ւ յիշել ՀՕՄի հարուստ գործունէութենէն մէկ բաժին մը միայն , որ արդէն առկախուած է շատոնց:
Այո՚, ծրագիրը առկախուած է, բայց եւ այնպէս անոր մղիչը՝ «պնակ մը կերակուր»ի գաղափարէն ցոլացած ազնիւ նպատակը եւ բարեգործութիւնը այսօր եւս գլխաւոր յատկանիշը կը կազմեն ՀՕՄի բոլո՜ր մասնաճիւղերուն...:
Անոնց առած բոլոր քայլերու մէջէն յայտնուող նպատակի ազնւութիւնը անգամ մը եւս հաստատուած տեսայ եւ «պնակ մը կերակուր»ի գաղափարին արձագանգը գտայ, երբ օրեր առաջ Ազատ Օրի էջերէն կարդացի Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան հրատարակած կոչը , որուն յուզիչ ոճը եւ մտադրութիւնը կասկած չէին ձգեր , որ ընդառաջումի պիտի արժանանայ ան եւ պատուաբեր արդիւնքով պիտի աւարտի առնուած նախաձեռնութիւնը:
Յունահայ ազգայիններուն ուղղուած սննդահաւաքի կոչ մը, դիմելով անոնց որ ուտեստեղէններ նուիրաբերելով մեր ակումբներուն մէջ կեդրոնացնեն , որպէսզի հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, Ապրիլ 24-ի օրը բաշխուին անոնք թշուառութեան մէջ ապրող օտարազգի գաղթականներուն՝ Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող «Աբոստոլի» (առաքելութիւն) անունը կրող կառոյցին գործակցութեամբ:
Նոյնիսկ երկրի քաղաքացիներուն ներկայի դիմագրաւած անգործութեան ահաւոր ալիքը պատճառ չեղաւ, որ շրջանային վարչութիւնը վարանի սրտի նախաձեռնութիւն մը առնելու կամքին մէջ, վստահ ըլլալով իր անդամուհիներուն եւ հայրենակիցներուն լիաբուռն մասնակցութեան:
Անձնապէս Ճշգրիտ չեմ գիտեր, թէ ինչ չափով ու քանակով եղաւ ընդառաջումը: Բայց դատելով միայն մէկ ակումբի մէջ կեդրոնացած ուտեստեղէններու պատկառելի ծաւալէն, նաեւ նոյն նպատակին համար կատարուած դրամական նուէրներէն, կարելի է անվարան եզրակացնել, որ ինչպէս միշտ, անգամ մը եւս Հայ Կապոյտ Խաչը իր այս նախաձեռնութեան ընդմէջէն հարազատօրէն թարգմանը հանդիսացաւ հայ մարդու ազնիւ զգացումներուն:
Ապրիլ 24-ի օրը օտարազգի գաղթականներուն ծրար մը սննդեղէն տալու նախաձեռնութիւնը խորհրդանշական իմաստ մը ունի, հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած հայ բազմութեանց գաղթականի պայմանները պահ մը յիշելու շարժուձեւ մըն է եւ երախտագիտական դոյզն արտայայտութիւն մը բոլոր անոնց, որոնք բարեացակամ եղան մեզի հանդէպ այդ տխուր օրերուն:
Վարձքը կատար նախաձեռնող Շրջանային Վարչութեան , մասնաճիւղերուն եւ բոլոր նուիրաբերող հայրենակիցներուն:
Զարմինէ Քիւրտօղլեան