Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Փոքր աղ­ջիկ մըն էի, երբ ըն­տա­նիքս փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Լի­բա­նա­նի Սու­րիոյ հետ սահ­մա­նին մօտ, Պե­քաա­յի դաշ­տին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան փոքր գիւղ մը՝ Այն­ճար։

Մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թէն Այն­ճար փո­խադ­րո­ւի­լը մեծ ցնցում մըն էր։ Այն­ճա­րը սկիզ­բը ձանձ­րա­ցու­ցիչ էր։ Հա­զիւ տա­րի­ներ ետք անդ­րա­դար­ձայ, թէ որ­քան բախ­տա­ւոր եմ Այն­ճա­րի մէջ հայ հե­րո­սա­կան տի­պար­նե­րու կող­քին ման­կու­թիւնս ան­ցու­ցած ըլ­լա­լուս հա­մար։

Յա­ջորդ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ծա­նօ­թա­ցայ գիւ­ղի ե­րէց­նե­րուն եւ լսե­ցի Թուր­քիոյ մէջ գտնո­ւող ի­րենց բնօր­րա­նին Մու­սա­տա­ղի մա­սին ի­րենց պատ­մու­թիւն­նե­րը։ Ծա­նօ­թա­ցայ Մու­սա Տա­ղի ա­ւան­դու­թեանց մե­ծա­մաս­նու­թեան՝ խո­հա­նոց, պար, հար­սա­նե­կան խրախ­ճանք­ներ եւ որ­սոր­դու­թեան ար­շաւ­ներ։ Օ­րին Այն­ճա­րը, պատ­մու­թիւն­ներ պատ­մող մեծ մայ­րե­րու եւ մեծ հայ­րե­րու կող­քին, ու­րախ վայ­րի մը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ։ Երբ 1978-1979 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մէն փա­խուստ տո­ւող հա­յե­րը ե­կան Այն­ճար, այդ ա­տեն անդ­րա­դա­ձայ, որ կեան­քը միշտ ու­րախ չէ։

Ու­թը տա­րե­կա­նիս յան­կարծ ստի­պո­ւե­ցայ չա­փա­հաս դառ­նալ։ Ի­մա­ցայ, թէ մեր գիւ­ղի բո­լոր ե­րէց­նե­րը տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ իմ տա­րի­քիս էին պա­տե­րազմ տե­սած են։ Եւ «այժմ» 1979ին, Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, կը վե­րապ­րին 1915ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիրք­նե­րը։ Ա­նոնց յի­շա­տակ­նե­րը կ­՚արթն­նա­յին։

Այդ ա­մառ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թեան ա­ւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցայ։ Ի­մա­ցայ, որ մեծ հայ­րերս, ի­րենց մա­նուկ տա­րի­քին, մա­հէն փրկո­ւած ու կեան­քը վե­րապ­րած են։ Ի­մա­ցայ, թէ վե­րապ­րող­նե­րուն եր­րորդ սե­րունդն եմ։ 1979ի Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, Այն­ճա­րի տա­րեց­նե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րուն ունկն­դիր՝ 1915ի Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րե­ցայ։ Կա­յին պա­հեր, երբ պա­տե­րազմ­նե­րուն եւ պատ­մու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ կը շփո­թէի։ 8 տա­րե­կան աղջ­նա­կի մը հա­մար՝ ա­նոնք եր­կուքն ալ կը թո­ւէին նոյն պա­հուն տե­ղի ու­նե­ցող դէպ­քեր։

Կեան­քիս ըն­թաց­քին ինք­զինքս զոհ զգա­ցի։ Ին­ծի հա­մար՝ հայ ծնած ըլ­լա­լը մե­լա­մաղ­ձոտ կեանք մը ապ­րե­լու վճիռ մըն էր։ Ար­դա­րամ­տու­թեան գա­ղա­փա­րին նկատ­մամբ ան­յոյս ըլ­լա­լով՝ ար­դա­րու­թեան չէի հա­ւա­տար։ Ո­րով­հե­տեւ հայ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րա­ծի շա­ռա­ւիղ ըլ­լալ։ Ա­նոնց յու­շե­րը, ցա­ւե­րը, պատ­մու­թիւն­նե­րը եւ ար­դա­րու­թեան նկատ­մամբ յու­սա­խա­բու­թիւն կրե­լը մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն մըն է։ Ամ­բողջ աշ­խար­հէն լքո­ւած ըլ­լա­լու զգա­ցում մը հո­գիիս խոր­քը տե­ղա­ւո­րո­ւած էր եւ զիս շատ կ­՚ընկ­ճէր։

Ֆիլ­մա­րո­ւես­տի մէջ իմ ա­ռա­ջին փոր­ձերս կա­տա­րե­ցի: Դար­ձայ բե­նադ­րիչ: Հե­տա­գա­յին, Ա­թոմ Է­կո­յեա­նի «Ա­րա­րատ» շար­ժան­կա­րի տե­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ բռնա­բա­րո­ւած ու սպան­նո­ւած մօ­րե­նա­կան Խա­թուն մեծ մօրս ճա­կա­տա­գի­րը կրող կնկայ մը դե­րը ստանձնե­ցի։ Թե­րեւս յու­սա­ցի, որ այդ մէ­կը զիս կը բժշկէ։ Սա­կայն միայն երբ Այն­ճա­րի մէջ իմ նա­խա­սի­րած մեծ մօրս մահո­ւան մա­սին լսե­ցի գի­տակ­ցե­ցայ, որ տե­սա­կէտս պէտք է փո­խեմ։ Ա­յո՛, թուր­քե­րը փոր­ձե­ցին հա­յե­րը բնաջն­ջել, ա­նոնք մեզ­մէ 1,5 մի­լիոն հո­գի սպան­նե­ցին, սա­կայն ձա­խո­ղե­ցան։ Մենք այս­տեղ ենք ու կ­՚ապ­րինք։

Իմ «ԱՅՆՃԱՐ» ա­նու­նով շար­ժան­կարս կը պատ­մէ դժո­ւար կա­ցու­թեանց վրայ յաղ­թա­նա­կի պատ­մու­թիւ­նը։ Ա­նի­կա պատ­մու­թիւնն է Մու­սա Տա­ղի քաջ հա­յե­րուն, ո­րոնք դի­մադ­րու­թեան եւ պա­տե­րազ­մի հե­րո­սա­կան դրո­ւագ­ներ կեր­տե­ցին։ Հինգ հա­զար հայ գիւ­ղա­ցի­ներ դի­մադ­րե­ցին տե­ղա­հա­նու­թեան թրքա­կան հրա­մա­նին։ Ա­նոնք բարձ­րա­ցան Մու­սա լեռ, ի­րենց որ­սոր­դա­կան հրա­ցան­նե­րով ու բուռն դի­մադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին: 40 օր շա­րու­նակ կռո­ւե­ցան եւ ի վեր­ջոյ փրկո­ւե­ցան ֆրան­սա­կան «­Կի­շէն» մար­տա­նա­ւին կող­մէ։ Տա­րի­նե­րով տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան, ի վեր­ջոյ հաս­տա­տո­ւե­ցան Լի­բա­նա­նի մէջ եւ կա­ռու­ցե­ցին Այն­ճա­րը, այն գիւ­ղը, ուր հա­սակ ա­ռի։ Մու­սա Տա­ղի այս քաջ ժո­ղո­վուր­դը յա­ւի­տեանս ան­մա­հա­ցաւ «­Նիւ Եորք Թայմզ»ի կող­մէ best seller նկա­տո­ւած Ֆ­րանց Վեր­ֆէ­լի «­Մու­սա Լե­րան քա­ռա­սուն օ­րե­րը» վէ­պի ճամ­բով։ Սա­կայն ին­ծի հա­մար, այդ մար­դի­կը իմ նե­նէ­ներն ու պա­պուկ­նե­րը՝ մեծ մայ­րերս ու մեծ հայ­րերս էին, դրա­ցի­ներս, ժո­ղո­վուրդս։ Ա­նոնք ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րե­ցան։ Ա­նոնք ապ­րե­ցան եւ մաս կը կազ­մեն իմ կեան­քիս։ «ԱՅՆՃԱՐ»ի ճամ­բով կ­՚ո­գե­կո­չեմ ա­նոնց վե­րապ­րու­մին 100ա­մեա­կը։

Նո­րա Գէոր­գեան