Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Հայ­կու­հի Ա­զա­րեա­նի Ծն. 1908 թ., Ա­տա­պա­զար

Ա­տա­պա­զա­րի մէջ թուր­քերն ան­գամ հա­յա­խօս էին։ Երբ Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մը սկսաւ, քա­ղա­քի բո­լոր մե­ծա­մեծ­նե­րուն ծե­ծե­լով ստի­պե­ցին զէն­քե­րը յանձ­նել։ Ե­կե­ղեց­ւոյ դռնե­րը փա­կե­ցին։ Ներ­սը ա­մէն ինչ պի­տի ըլ­լար՝ ու­տել, խմել, պառ­կիլ, մի­զել։ Ալ հա­շիւդ ը­րէ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ սրբու­թիւ­նը ինչ­պէ՜ս պղծո­ւե­ցաւ։ Տա­սը-տաս­նը­հինգ օր տղա­մար­դիկ մնա­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Թուր­քե­րը սկսան տու­նէ-տուն զէնք փնտռել։ Պար­տէզ­նե­րը ան­գամ՝ ծառ, ծա­ղիկ, տակնուվրայ ը­րին, հո­ղի մէջ թաք­ցո­ւած զէնք կը փնտռէին։ Շա­տե­րը ի­րենց զէն­քե­րը յանձ­նե­ցին, որ փրկո­ւին։ Շա­տերն ալ ժա­մէն դուրս ե­կան այն­քան ծե­ծո­ւած ու խոշ­տան­գո­ւած, ոտ­քեր­նին, քիթ-բե­րան­նին ու­ռած, չդի­մա­ցան՝ մե­ռան։

Մեր տու­նը, որ բարձր տուն էր՝ քա­րա­շէն, կող­քը բեռ­ջեկ­լըկ՝ շե­րա­մա­տուն ու­նէինք, ուր թուրք աս­կեար­նե­րը տե­ղա­ւո­րո­ւած էին, իսկ զա­բիթն ու իր օգ­նա­կա­նը մեր տու­նը տե­ղա­ւո­րո­ւած էին։ Ա­մէն ա­ռա­ւօտ թա­լի­մի՝ մար­զան­քի դուրս կու­գա­յին մեր տու­նին պար­տէ­զը։

Հայ­րի­կիս ծե­ծած էին, բայց չէր խոս­տո­վա­նած, որ զէնք ու­նի թա­ղո­ւած պար­տէ­զին հո­ղին մէ­ջը։

Թուրք զա­բի­թը, որ մեր տու­նը կ­’ապ­րէր, մեծ մայ­րի­կիս օր մը կան­չեց, ը­սաւ.- Մայ­րա՜մ հա­նըմ, ձե­զի սնքիեթ՝ աք­սոր, պի­տի ղրկենք, ե­կէք ձեզ ըն­տա­նի­քով ղրկեմ իմ ըն­տա­նի­քիս քո­վը՝ Պո­լիս։

Ան գի­տէր՝ մեր գլու­խը ի՛նչ պի­տի գար։

Հայ­րիկս, որ ար­դէն ե­կե­ղե­ցիին մէջ կե­րած ծե­ծե­րէն ու­ժաս­պառ էր, ը­սաւ.- Ա­մա՜ն, աս­քա՜ն ժո­ղո­վուրդ, ո՞ւր պի­տի աք­սո­րեն,- չհա­ւա­տաց, Պո­լիս չգա­ցինք։

Յե­տոյ սկսաւ աք­սո­րը։ Տու­նե­րէն դուրս կը հա­նէին հա­յե­րուն, պո­ռա­լով.- Քալ­քը՛ն, չը­խը՛ն, եը­խը՛ն, կի­տը՛ն (ոտ­քի ե­լէք, դո՛ւրս գա­ցէք, վա­ռէ՛ք, գա­ցէ՛ք)։ Աս խօս­քե­րը լսե­ցինք մին­չեւ Է­րէյ­լի. ի­րենց լո­զունգն էր։

Ե­կան ոս­տի­կան­նե­րով տու­նե­րէն հա­նե­ցին։ Ո՞ւր եր­թանք։ Սա­րե­րը գնչու­ներ՝ չին­գե­նե­ներ կա­յին։ Ա­մէն մարդ իր ապ­րան­քը դուրս թա­փեց, որ վա­ճա­ռէ։ Ո՞վ է առ­նո­ղը։ Տա­նող՝ տա­նո­ղի, սկսաւ թա­լա­նը։ Գն­չու­նե­րը ե­կան, տե­սան ա­մէն ինչ թա­փո­ւած է փո­ղո­ցը, ա­ռին տա­րին ինչ որ տե­սան։

Ամ­բողջ քա­ղա­քը դա­տար­կո­ւե­ցաւ։ Ո՞ւր պի­տի եր­թանք։

Հ­րա­ման ե­կաւ.- Գա­ցէ՛ք կա­յա­րան։

Թուրք դրա­ցի մը ու­նէինք, ռանչ­պար էր, իր ա­րա­պան (սայ­լա­կառ­քը) բե­րաւ, ը­սաւ՝ ինչ կը լեց­նէք, լե­ցու­ցէք, ձե­զի տա­նիմ կա­յա­րան։ Ա­տա­պա­զա­րի կա­յա­րա­նի ա­նու­նը Ա­րի­ֆիէ էր։ Գա­ցինք կա­յա­րան։ Տե­սանք ա­մէն մարդ իր բա­րե­կամ­նե­րով՝ հօ­րեղ­բայր­նե­րով, մօ­րեղ­բայր­նե­րով լե­ցո­ւած են հոն։ Գ­նացք չի հե­րի­քեր, որ տա­նի այս­քան ժո­ղո­վուր­դին։ Վեր­ջա­պէս գնացք մը ե­կաւ, հրա­ման ե­կաւ, որ ու­նե­ցած­նիս թող­նենք, մտնենք վա­գոն։ Բո­լո­րը լցո­ւան մէ­ջը՝ ա­մէն ինչ թող­նե­լով կա­յա­րան։ Ի­րար վրայ լցո­ւած հա­սանք Էս­քի­շե­հիր։

Էս­քի­շե­հիր ի­ջանք թէ չէ, անձ­րեւ մը սկսաւ, ժո­ղո­վուր­դը թրջո­ւե­ցաւ, ինչ կարչ­կար՝ ջու­րի ե­րե­սը կը լո­ղար։ Սոս­կա­լի անձ­րեւ էր։ Ատ ե­րե­ւի ա­ռա­ջին քա­րա­ւանն էր։ Ա­տա­պա­զար ե­րեք հա­րիւր հա­զար հայ կար։

Յա­ջորդ օ­րը ա­րեւ ե­լաւ։ Ժո­ղո­վուր­դը իր թրջո­ւած ի­րե­րը ա­րե­ւին հա­նեց։ Կա­յա­րա­նին մէջ ա­րե­ւի տակ նստած ենք, ոս­տի­կանն ալ գլուխ­նուս վե­րեւն է։ Մայ­րիկս խնդրեց ոս­տի­կա­նին, որ եր­թանք շու­քին նստինք, քա­նի որ ա­րե­ւը կը վա­ռէր։ Ոս­տի­կա­նը ը­սաւ.- Աս­քան աղ­ջիկ ու­նիս, մէ­կը տուր ին­ծի՝ թող­նեմ քեզ շու­քին նստիս։

Մայ­րիկս ը­սաւ.- Ո՛չ մէկն ալ չե՛մ տար, ա­րե­ւին ալ կը նստիմ...

Ա­տի­կա լաւ կը յի­շեմ։ Հոն քա­նի մը օր մնա­ցինք։ Տե­սանք Էս­քի­շե­հի­րի հա­յե­րուն ալ սկսան հա­ւա­քել, մե­զի հետ գնացք դրին։

Հօ­րեղ­բօրս տղան՝ Վա­ղար­շակ Ա­զա­րեա­նը, Էս­քի­շե­հի­րի կա­յա­րա­նին մէջ պաշ­տօ­նեայ էր։ Եր­կու եղ­բայր միա­սին հոն կ­´աշ­խա­տէին։ Մե­զի տե­սան, ը­սին.

- Ձե­զի պի­տի աք­սո­րեն։ Աղ­ջիկ­նե­րէդ մէ­կը գո­նէ հոս­տեղ ձգէ։

Բայց մայրս ոչ մէ­կիս ալ չթո­ղուց։

Յե­տոյ Վա­ղար­շա­կը ա­ռա­ջար­կած է նաեւ Գ­րի­գոր Զոհ­րա­պին Պո­լիս ղրկել, բայց ան մեր­ժած է։

Հա­սանք Գո­նիա։ Հոն ալ մի քիչ մնա­ցինք։ Յե­տոյ Գո­նիա­յի հա­յե­րուն ալ հա­ւա­քե­ցին, մեր՝ ա­տա­պա­զար­ցի­ներս, էս­քի­շե­հիր­ցի­նե­րու եւ ու­րիշ տե­ղե­րէ ե­կած հա­յե­րուն հետ խառ­նե­լով, մեզ նո­րէն գնացք դրին, հա­սանք Է­րէյ­լի։ Ան­տե­ղի ժո­ղո­վուր­դին ալ հա­ւա­քե­ցին, բո­լո­րիս միա­սին աք­սոր ղրկե­ցին...

Մե՜ծ, ա­մա­յի՜ տա­րա­ծու­թիւն­ներ։ Աչքդ կտրա­ծին չափ չոլ-ա­նա­պա­տի մէջ լե­ցու­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին...

Է­րէյ­լիէն ոտ­քով ճամ­բայ հա­նե­ցին մե­զի մին­չեւ Պո­զան­թի։ Ան ան­ցեա­լի Բիւ­զան­դիոնն է ե­ղած։

Հոն բա­ւա­կան մնա­ցինք։

Լու­րեր կը հաս­նէին, որ ե­թէ ա­ռաջ եր­թանք՝ պի­տի մեզ մոր­թեն։ Ա­նոր հա­մար հայրս ոտ­քը կախ կը գցէր, որ ու­շա­նանք, չեր­թանք ա­ռաջ...

Բաց տա­րա­ծու­թեան վրայ ա­մէն կող­մէ հա­ւա­քո­ւած հա­յե­րը կար­պետ­նե­րով, գոյն-գոյն շո­րե­րով չադր­ներ (վրան­ներ) խփած, ճան­ճե­րը կը վխտան, ջուր չկայ, հաց չկայ, խոտ կը քա­ղէինք կ­´ու­տէինք, որ ա­նօ­թի չմեռ­նինք...

Թուր­քե­րը կու­գա­յին կը հարց­նէին.- Նէ՞ վար սաթ­լըք (ի՞նչ կայ ծա­խու)։

Մայ­րիկ­նե­րը կ­´ը­սէին.- Պիթ վար սա­թը­լըք, ա­լըր­սը­նը՞զ (Ո­ջիլ կայ ծա­խու, կ­’առ­նէ՞ք), ո­րով­հե­տեւ ար­դէն ոջ­լո­տո­ւած էինք։

Թուր­քե­րը ոս­տի­կա­նի հա­գուս­տով, բայց յան­ցա­գոր­ծի ե­րե­սով, կու­գա­յին, կը քան­դէին մեր չա­դըր­նե­րը. -­Քալ­քը՛ն, չը­խը՛ն, կի­տը՛ն,- կ­´ը­սէին։ Երբ շա­տե­րը կ­’եր­թա­յին, մենք ոտ­քեր­նիս կախ կը գցէինք, քան­դո­ւած չա­դը­րը նո­րէն կը լա­րէինք, կը մտնէինք, քան­դո­ւած չա­դը­րը նո­րէն կը լա­րէինք, կը մտնա­յինք տա­կը, որ չեր­թանք։ Հայրս կ­’ը­սէր.- Ա­ռաջ չեր­թանք. ինչ­քան կրնանք ոտ­քեր­նիս կախ գցենք։

Ար­դէն մայ­րիկս ու քոյ­րերս հի­ւան­դա­ցան տի­ֆով։ Միայն ես ու հայրս չհի­ւան­դա­ցանք։ Բայց յե­տոյ ես ալ սթմա՝ ջերմ, ըն­կայ։

Հայրս մտա­ծեց տուն մը վար­ձէ՝ հի­ւան­դա­նե­րուն խնա­մէ։

Ոս­տի­կա­նը ը­սաւ.- Ո՞ւր կ­´եր­թաք։

Հայրս բա­ցատ­րեց.- Տուն մը վար­ձեմ հի­ւան­դա­նե­րուն խնա­մեմ։

- Հի­ւանդ են՝ թող մեռ­նին,- ը­սաւ անզգայ ոս­տի­կա­նը։

Խամ­շիով հօրս վզին տո­ւաւ, ա­րիւ­նը չռռաց...

Մեղ­քեր­նիս ան էր, որ հա՜յ էինք եւ կ­´ու­զէինք մեզ հա­մար տուն մը վար­ձել։ Ար­դէն հի­ւանդ­նե­րը պառ­կած են, ես ալ հե­տեր­նին։ Հայրս մի­նա­կը մեզ կը խնա­մէ։ Բայց հրա­ման կար, որ տղա­մարդ տա­նը չպի­տի ըլ­լայ։ Հայրս օ­րո­ւայ մէջ ան­տառ­նե­րը կը պտտէր, գի­շե­րը գաղտ­նի տուն կու­գար, չա­միչ կը բե­րէր։ Յե­տոյ լսե­ցինք, որ հաց­թուխ­նե­րուն եւ զի­նո­ւո­րի ըն­տա­նիք­նե­րուն աք­սոր չեն տար­նիր։ Ա­նոր հա­մար հայրս ա­մէն օր հինգ փա­րա­յի խմոր կ­´առ­նէր, վրան կը քսէր, իբր թէ հաց­թուխ է...

Տի­ֆով հի­ւանդ­նե­րը չա­միչ ու հաց կ­´ու­տէին։ Հայ­րիկս, որ ողջ-ա­ռողջ գի­շե­րը տուն կու­գար, կ­’ու­րա­խա­նա­յինք։ Ալ չգի­տեմ չա­միչ­հա՞­ցը օգ­նեց, թէ՞ Աս­տո­ւած. կա­մաց-կա­մաց տի­ֆով հի­ւանդ մայրս եւ քոյ­րերս բա­ւա­կան ա­ղէկ­ցան, բայց դեռ պառ­կած են։ Ես հա­զիւ ոտ­քի վրայ հի­ւանդ­նե­րը կը խնա­մեմ, չու­քա­լի­նե­րը կը թա­փեմ...

Օր մըն ալ գի­շե­րը ե­րազ մը տե­սայ. պէտ­քա­րա­նին քո­վը մօ­րու­քով մարդ մը կար. «Աղ­ջի՜կս, մի՛ մտա­ծեր. կը փրկուիք»,- ը­սաւ։ Ես ա­նոր ճանչ­ցայ ե­կե­ղեց­ւոյ գմբէ­թի վրա­յի նկա­րէն։ Ա­տի ը­սաւ, ես ու­րա­խա­ցայ, ե­կայ մայ­րի­կիս ը­սի.- Ա­սա՜նկ-ա­սա՜նկ ե­րազ տե­սայ։

Մայրս ը­սաւ.- Ա­տի Աս­տո­ւած հայ­րիկն է, հի­ւանդ­նե­րը Աստ­ծոյ հրա­մա­նով պի­տի ա­ղէկ­նան։ Եւ իս­կա­պէս ալ ա­ռանց դե­ղի լա­ւա­ցան։

Օր մը ա­սանկ պէտ­քա­րա­նի վե­րե­ւի պալ­քո­նէն մօ­րաք­րոջս աղ­ջի­կը կը պո­ռայ.- Հայ­կու­հի՜, ո՞ւր կ­´ապ­րիք։

- Մենք ալ ձեռ­նա­յարկն ենք։

- Կու­գամ՝ կը տես­նամ։

Ե­կաւ, բայց ի­րար օգ­նե­լու հնա՜ր չկայ։ Գո­նէ ի­րար գտնանք այդ ժխո­րին մէջ... Մօ­րաք­րոջս ա­մու­սի­նը եւ իմ հայ­րի­կը կը մտա­ծեն՝ աս հի­ւանդ­նե­րը ո՞ւր տա­նինք։

Մօ­րաք­րոջս ա­մու­սի­նը, իմ հայ­րի­կը եւ Սու­րէն Ֆես­ջեա­նի հայ­րը՝ Տիգ­րան է­ֆէն­տին, մոր­քու­րօղ­լի են։ Կը հան­դի­պին ի­րար, կ­´ը­սեն, որ յոյն մը, կա­շառ­քով, յոյ­նի ա­նու­նով մեզ կրնայ տա­նիլ, անցնել Տաւ­րո­սի լեռ­նե­րը, ուր Պեռ­լին-­Պաղ­տատ եր­կա­թու­ղիին վրայ աշ­խա­տող կը փնտռեն, եր­կա­թա­գործ որ աշ­խա­տի, բայց ե­րեք հա­րիւր ոս­կի կ­´ու­զեն։ Բո­լորս ըն­տա­նի­քով՝ օ­լուխ-չո­ճուխ, միայն ե­րեք տղա­մարդ ու­նէինք։ Այդ ե­րեք ար­հես­տա­ւոր­նե­րը իբր պի­տի եր­թան թու­նել բա­նան Պեռ­լին-­Պաղ­տատ եր­կաթ­գի­ծին հա­մար։ Տիգ­րան է­ֆէն­տին փող ու­նէր, եր­կու հա­րիւր ոս­կին ին­քը տո­ւաւ, հա­րիւր ոս­կին ալ՝ յի­սուն-յի­սուն կի­սե­լով, մենք ու մօ­րաք­րոջս ա­մու­սի­նը տո­ւինք, քե­մեր­նե­րը (գօ­տի­նե­րը) պար­պե­ցինք, նստանք է­շե­րուն վրայ։ Բո­զան­թիէն ադ յոյ­նը մե­զի վե­սի­կա­յով՝ այ­սինքն ան­ցագրով պի­տի դուրս հա­նէ։ Գի­շե­րով, ջո­րի­նե­րով ճամ­բայ ե­լանք։ Ու­նե­ցած­նիս ալ ի՞նչ է, պա­խըր-չա­խըր, սը­խը սանր, ու­րիշ բան չկայ։ Հի­ւանդ ենք, ան­կա­րող քայ­լե­րու։ Տաւ­րո­սի լե­ռը ինչ­պէ՞ս պի­տի բարձ­րա­նանք։ Տիգ­րա­նենք չորս հո­գի, մենք՝ տա­սը-տաս­ներ­կու հո­գի։ Ջո­րի­ներն ու է­շե­րը պի­տի բարձ­րա­նան Տաշ Տուր­մազ (­Քար չի կե­նար) սա­րին գլու­խը, որ Տաւ­րո­սի լեռ­նե­րուն մէջ­տեղն է։ Թէո­դիկն ալ մե­զի հետ էր, ան որ­պէս գրա­գէտ մարդ դրամ տո­ւեր էր, ե­կած էր մեզ հետ։ Շուր­ջեր­նիս գիւղ չկայ։ Միայն թու­նել բա­ցող բա­նո­ւոր­ներն են։ Բո­լորն ալ զի­նո­ւո­րու­թե­նէ (ա­մե­լէ թա­պու­րէն) փա­խած մար­դիկ են։ Մենք Ղուշ­չու­լար գիւ­ղը պի­տի բարձ­րա­նանք։ Մեզ լե­ցու­ցին կա­զար­մա­յի մը մէջ։ Մենք ե­րեք ըն­տա­նիք ենք՝ մօ­րա­քոյ­րենքս, Ֆես­ջեան­նե­րը եւ մենք։ Սե­նեա­կի մը մէջ ենք լե­ցո­ւած, բայց հո­գի­ներ­նիս ա­զա­տած ենք աք­սո­րէն։ Ֆես­ջեա­նը կ­’ը­սէր.- «Աս քա­շո­ւե­լի՛ք բան չէ, չե­քիջ (մուրճ) է պէտք, որ ո­ջիլ­նե­րը կոտ­րենք»։ Այն­քան շա՜տ ո­ջիլ կար զի­նո­ւոր­նե­րէն մնա­ցած։

Ա­ռա­ւօ­տեան մեր ե­րեք տղա­մար­դի­կը ե­լան գա­ցին եր­կա­թա­գոր­ծու­թեան։ Հայրս դեր­ձակ մարդ, մուր­ճով գործ չէ ը­րած, մուր­ճը մա­տե­րուն զար­կած էր, սաս­տիկ ցաւ­ցու­ցած։ Ալ հա­շիւդ ը­րէ, ատ ձե­ւով թու­նել պի­տի բա­նան, որ Պեռ­լին-­Պաղ­տա­տի եր­կաթ­գի­ծը անց­նի։ Բո­լոր մե­հեն­տիզ­նե­րը (երկ­րա­չափ­նե­րը) գեր­մա­նա­ցի էին։ Ես ե­լեկտ­րա­կան լամպ ա­ռա­ջին ան­գամ հոն տե­սայ։ Թու­նե­լը փո­րե­ցին, մին­չեւ պա­տե­րազ­մի վեր­ջա­նա­լը եր­կաթ­գի­ծը միա­ցու­ցին։

Սու­րէ­նի մայ­րը եր­կու քե­ռի ու­նէր՝ Ներ­սէս եւ Պետ­րոս Է­ֆէ­յեան­ներ։ Ա­նոնք որ­պէս գեր­մա­նա­ցի սպայ կ­’աշ­խա­տէին, կ­’եր­թա­յին հե­ռու­նե­րէն հայ որ­բեր կը բերէին մեծ մայ­րի­կիս կու­տա­յին, որ պա­հէ մին­չեւ ճար մը գտնէին։

Օր մը այդ Պետ­րոսն ու Ներ­սէ­սը, ո­րոնք Գեր­մա­նիա ու­սում ստա­ցած էին ու լաւ պաշ­տօ­նեայ էին, ե­կան, որ Սու­րէ­նի պա­պա­յին, մա­մա­յին տա­նին գծի վրայ, որ Պո­լիս փախց­նեն։ Ա­ռաջ եր­կու ե­րե­խա­նե­րը, յե­տոյ՝ հօրն ու մօ­րը տա­րին հաս­ցու­ցին Խաչ­կը­րըն (խա­չա­կիր բա­ռէն էր այդ վայ­րի ա­նու­նը), իսկ մենք մնա­ցինք մին­չեւ զի­նա­դա­դա­րը։ Բո­լո­րիս նե­րում շնոր­հե­ցին։ Ի՞նչ մեղք գոր­ծած էինք՝ չի­մա­ցանք։ Ետ ե­կանք, բայց շատ պակ­սած։ Մէ­կուն մայ­րը չկայ, մէ­կուն քոյ­րը չկայ, մէ­կա­լին՝ հայ­րը, եղ­բայ­րը չկան...։ Այդ­պէս լա­ցո՜վ, ող­բո՜վ գա­ցինք ետ՝ Ա­տա­պա­զար։

Մեր տու­նը քա­րու­քանդ ե­ղած էր, բայց թուր­քեր մտած էին ու կ­’ապ­րէին։ Մեծ մայ­րիկս ա­նոնց դուրս հա­նեց, թուր­քե­րը գա­ցին։ Այդ մեր ազ­նիւ, շի­նա­րար ժո­ղո­վուր­դը նո­րէ՛ն սկսաւ շի­նել տու­նե­րը։ Հօ­րեղ­բայր­նե­րուս, մօ­րեղ­բայր­նե­րուս տու­նե­րը դա­տարկ մնա­ցին։ Հայրս կա­րի մե­քե­նայ ա­ռաւ, խա­նութ բա­ցաւ։

Հա­զիւ ինք­զինք­նիս գտանք, միլ­լի­ջի­նե­րը ե­կան։ Միլ­լի­ջի­նե­րը ազ­գայ­նա­կան­ներն էին՝ զի­նո­ւած։ Մենք զար­մա­ցանք։ Այ­լեւս ան­ցեա­լի խեղճ ու կրակ թուր­քը չէր, որ պա­տե­րազ­մէն պար­տո­ւած էր դուրս ե­կած։ Մին­չեւ ա­տամ­նե­րը զի­նո­ւած միլ­լի­ջի­նե­րը ե­կան, սկսան ի­րենց գոր­ծը։ Քե­մա­լը կազ­մա­կեր­պած էր հա­յե­րուն, յոյ­նե­րուն, ո­րոնք մահ­մե­տա­կան չէին՝ քշել...

Է­լի իմ հօ­րեղ­բօր տղան՝ Ներ­սէ­սը, ե­կաւ, ը­սաւ. «­Շո՜ւտ ը­րէք, փա­խէ՛ք, միլ­լի­ջի­նե­րը ե­կած են, պի­տի կո­տո­րեն»։

Տուն, ու­նե­ցած-չու­նե­ցած ապ­րանք­նե­րը, խա­նու­թը, որ հայ­րիկս նոր ստեղ­ծած էր, թո­ղե­ցինք, գա­ցինք Իզ­միր։ Լաւ է յոյ­նը շո­գե­նա­ւե­րը բե­րաւ, հա­յե­րուն եւ յոյ­նե­րուն օգ­նեց, որ փախ­չին Յու­նաս­տան։ Քե­մա­լա­կան­նե­րը կը վա­ռէին գիւ­ղե­րը, ի՜նչ որ կը հան­դի­պէին։

Մենք ե­կանք Յու­նաս­տան։ Ա­զա­տե­ցանք։ Յոյն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ա­տա­պա­զա­րէն, Էս­քի­շե­հի­րէն, Իզ­մի­րէն ե­կած հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն տնա­ւո­րեց, նոյ­նիսկ դպրոց­նե­րը փա­կեց, որ մեզ ա­պաս­տան տրո­ւի։ Օ­րա­կան եր­կու տրախ­մի կու­տար՝ մարդ գլուխ։ Գաղ­թա­կան­նե­րուն տուն տո­ւաւ։ Մենք մնա­ցինք Տ­րա­մա քա­ղա­քը, Գա­ւա­լա, յե­տոյ՝ Թե­սա­ղո­նի­կէ...

1925 թո­ւա­կա­նին ներ­գաղ­թով ե­կանք Հա­յաս­տան։

«Ա­մա՜ն, եր­թա՜նք,- ը­սաւ հայ­րիկս,- թուր­քին ձեռ­քէն ա­զա­տո­ւի՜նք»։ Ե­կանք հոս՝ Ե­րե­ւան։ Ու­սում ա­ռի, գի­շե­րա­յին դպրո­ցը յա­ճա­խե­ցի, կոմ­սո­մոլ ըն­դունուե­ցայ, յե­տոյ գա­ցի Թիֆ­լիս սոր­վե­լու, քաղ­պա­րապ­մունք­նե­րու կ­’եր­թա­յի Կի­րա­կի օ­րե­րը, հա­մալ­սա­րան ըն­դունուե­ցայ պար­տիա­յի շար­քե­րը։ Հան­դի­պե­ցայ Մա­ցա­կին։ Ժիր, ճար­պիկ աղ­ջիկ էի, հա­զիւ ա­զա­տու­թիւն ստա­ցած էի։ Ա­մուս­նա­ցանք։ Հան­րա­կա­ցա­րա­նին մէջ կ­’ապ­րէինք։ Թիֆ­լի­սի մէջ մայր ե­ղայ, ե­կանք Ե­րե­ւան։ Պար­տիա­կան աշ­խա­տան­քի նշա­նա­կո­ւե­ցայ։ Ա­ռաջ կոմ­սո­մո­լի կենտ­կո­մումն կ­’աշ­խա­տէի, կու­լա­կա­թափ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցէի, կոլ­խոզ շարժ­ման կ­’ա­ջակ­ցէի: Յե­տոյ ե­կաւ 1937 թո­ւա­կա­նը։ Սկ­սան մար­դոց բռնել։ Ես կոմ­սո­մո­լի կեդ­րո­նի պրո­պա­գան­դա­յի բաժ­նի վա­րիչն էի, ար­տա­սահ­մա­նի հետ կապ ու­նե­նա­լուս հա­մար ինձ մե­ղադ­րե­ցին։ Այդ ժա­մա­նակ Ա­նաս­տաս Մի­կո­յեան ե­կաւ Ե­րե­ւան. ար­դէն Ա­մա­տու­նին, Են­գի­բա­րեա­նը, Ա­բու­լեա­նը բռնո­ւած էին։ Մի­կո­յեա­նը ե­կաւ ը­սաւ՝ ի՞նչ է միայն մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն բռնած էք, կոմ­սո­մո­լի աշ­խա­տող­նե­րու մէջ չկա՞ն ժո­ղո­վուր­դի թշնա­մի­ներ։ Ա­մու­սի­նիս ալ բռնե­ցին որ­պէս ժո­ղո­վուր­դի թշնա­մի։ Թուղթ մը կը բե­րեն ա­մու­սի­նիս առ­ջե­ւը կը դնեն, որ ա­մու­սինս ստո­րագ­րէ։ Ա­մու­սինս չի ստո­րագ­րեր, իսկ Շաղ­բա­թեա­նը կը ստո­րագ­րէ։ Ան ալ որբ էր։ Ք­շե­ցին աք­սոր՝ Սի­բիր, ան­տառ­նե­րուն, ճա­հիճ­նե­րուն ծառ կտրե­լու։ Կի­նը ա­մու­սի­նին հա­մար սա­բոկ­ներ (բարձր կօ­շիկ­ներ) ճա­րեց, ա­ռաւ, տա­րաւ Սի­բիր, որ ճա­հիճ­նե­րուն մէ­ջը աշ­խա­տե­լու ժա­մա­նակ հագ­նի։ Կի­նը մեծ դժո­ւա­րու­թեամբ կ­´եր­թայ, կը հաս­նի Սի­բի­րի լա­գե­րու դու­ռը։ Պա­հա­կը չի թող­ներ ներս մտնէ։ կ­´ը­սէ՝ ա­րի ինձ հետ ե­ղիր, յե­տոյ՝ գնայ ներս, ա­մու­սինդ տես­նե­լու։ Կի­նը չի հա­մա­ձայ­նիր, ետ կ­´եր­թայ, սա­բոկ­նե­րը ձեռ­քը բռնած՝ ա­ռանց ա­մու­սի­նին տես­նե­լու։

Այն­պէս որ, ա­մու­սինս ալ բռնե­ցին, ժո­ղո­վով ինձ հե­ռա­ցու­ցին կու­սակ­ցու­թե­նէն, որ­պէս ժո­ղո­վուր­դի թշնա­մի։ Ես դուր­սէն կը լսէի՝ իմ մա­սին ժո­ղո­վը ո­րո­շում հա­նեց, լսե­ցի ու լա­ցի։ Ինձ ծա­նօթ տղայ մը ե­կաւ ձեռքս բռնեց, ու­զեց ինձ տուն տա­նիլ, ը­սի՝ գործ չու­նիս, քեզ ալ կը մե­ղադրեն, որ­պէս ժո­ղո­վուր­դի թշնա­մի...։ Ի՜նչ ցաւ է, գի­տե՞ս։ Այն­քա՜ն յար­գան­քէ ետք՝ ժո­ղո­վուր­դի թշնա­միի ա­նուն վաս­տա­կել։ Ա­մու­սինս՝ բան­տար­կո­ւած, ես՝ կու­սակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­ցո­ւած։ Մ­նա­ցի ան­գործ։ Շատ սո­ված, դժո­ւար օ­րեր ու­նե­ցանք զա­ւակ­նե­րուս հետ։ Յե­տոյ ստի­պո­ւած լու­սան­կար­չու­թիւն սոր­վե­ցայ։ Սկ­սայ աշ­խա­տիլ, ե­րե­խա­ներս փոքր էին, շատ խեղ­ճա­ցած էինք։ Պա­տե­րազ­մը սկսաւ։ Տ­ղա­մար­դիկ ճա­կատ մեկ­նե­ցան։ Ես աշ­խա­տե­ցայ, ըն­տա­նիքս պա­հե­ցի։ Յե­տոյ ա­մու­սինս վե­րա­դար­ձաւ։ Վե­րա­կանգ­նե­ցին ինձ ու ա­նոր։ Սկ­սայ աշ­խա­տիլ պե­տա­կան ար­խի­ւին մէջ որ­պէս լու­սան­կա­րիչ։ Ա­մու­սինս չդի­մա­ցաւ այդ յու­զու­մին՝ վախ­ճա­նե­ցաւ։

Հի­մա թո­շա­կա­ռու եմ, աշ­խա­տան­քի եւ կու­սակ­ցու­թեան վե­թե­րան եմ, կ­´ապ­րիմ տղուս ըն­տա­նի­քին հետ։