Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Եօ­թը տա­րե­կան եմ: Կ­’ապ­րիմ Պոլսոյ մէջ եւ կը յա­ճա­խեմ Մ­խի­թա­րեան Հայ­րե­րու Վար­ժա­րա­նը: Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8ին մեր տու­նէն կ’ել­լեմ եւ կը վե­րա­դառ­նամ կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4ին: Պա­տե­րազմ մը տե­ղի կ’ու­նե­նայ: Մար­դիկ կ’ը­սեն  Հա­մաշ­խար­հա­յին Երկ­րորդ Պա­տե­րազմն է:  Թուր­քիան պա­տե­րազ­մին չի մաս­նակ­ցիր: Շի­տա­կը չեմ գի­տեր թէ այդ ինչ կը նշա­նա­կէ: Կը փոր­ձեմ լու­ծել շքեղ վեր­նագ­րե­րը եւ կը նա­յիմ հօրս գնած թեր­թե­րուն մէջ ե­րեւ­ցող զազ­րե­լի նկար­նե­րուն:

Կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը չոր­սը քսան անց է: Դպ­րո­ցէն տուն կը վե­րա­դառ­նամ: Դ­րան զան­գը եր­կու ան­գամ կը զար­նեմ: Մայրս գի­տէ որ ես եմ, եւ ա­ռանց «ո՞վ է» հարց­նե­լու կը բա­նայ դու­ռը:

«Օ՜հ, ճա­նըս, հո՞ս ես ար­դէն» ը­սե­լով եւ զո­ւարթ ժպի­տով մը կը դի­մա­ւո­րէ զիս:

«­Մայ­րիկ, ան­շուշտ որ հոս եմ, ու­րիշ ո՞ւր կրնա­յի ըլ­լալ»:

«Աս­տու­ծոյ սի­րոյն, գի­տես ինչ ը­սել կ’ու­զեմ»:

Մայրս Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած վե­րապ­րող մըն է: Ս­վա­զէն է: Իր եր­կու եղ­բայր­նե­րէն եւ ծնող­քէն բաժ­նո­ւած է հայ­կա­կան տե­ղա­հա­նու­թեան ա­տեն: Ա­միս­ներ տեւող եւ չար­չա­րան­քով լե­ցուն փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէ յե­տոյ, հրա­շա­բար զի­րար կը գտնեն:

Ան սա­կայն վի­րա­յին եր­կա­րա­տեւ տա­ռա­պանք ու­նե­ցող մայր մըն է: Ինք­նին՝ ապ­շե­ցու­ցիչ պատ­մու­թիւն մը ու­նե­ցող մայր:

Մե­ր պատմութեան պէս, ա­մէն մէկ պատ­մու­թիւն մաս­նա­կի ման­րա­մաս­նու­թիւն մըն է, դրո­ւագ մը՝ ամ­բող­ջա­կան հա­մա­խոր­տակ­ման: Մե՛ր պատ­մու­թիւն­նե­րը, միաս­նա­բար գիր­քի մը մէջ բո­ցա­վա­ռո­ւե­լով՝  կը լու­սա­ւո­րեն  դժոխ­քը հայ ազ­գին:

Ա­մէն ան­գամ երբ մեր դրան զան­գը կը զար­նէի եւ մայրս դու­ռը կը բա­նար, կը հա­ւա­տաց­նէր զիս որ ան պարզ մայր մըն է, որ ու­րախ էր իր զաւ­կին ողջ-առողջ տուն վե­րա­դառ­նա­լը տես­նե­լով:

Բայց ան վե­րապ­րող մըն էր, կաս­կա­ծա­միտ, երկ­չոտ եւ հնա­զանդ:Ան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը պա­հած էր շա­րու­նա­կա­բար ցնցո­ւող իր ան­գի­տակ­ցու­թեան շտե­մա­րա­նին ծալ­քե­րուն մէջ:

Երբ ան վեր­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով փա­կեց իր աչ­քե­րը, ես հոն չէի: Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը գտնո­ւէի: Կը յու­սամ,  որ ան իր կեան­քի վեր­ջին պա­հուն չ’ե­րե­ւա­կա­յեց որ իր փոք­րիկ զա­ւա­կը խլո­ւած է թուր­քե­րուն կող­մէ,  այն­պէս ինչ­պէս որ ինք խլո­ւած էր իր ծնող­քէն, երբ ան փոք­րիկ աղ­ջիկ մըն էր: Կը յի­շեմ ի­րեն ը­սած իմ վեր­ջին խօս­քե­րը. «­Մայ­րիկ, Ա­մե­րի­կան եր­բեք պի­տի չկրնայ մեզ ի­րար­մէ բաժ­նել»: Բայց՝ ան­շուշտ, ան բա­ժեց մե­զի: Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ֆ­րան­սա, Աւստ­րիա, Գա­նա­տա, Մի­ջին Ա­րե­ւելք, Հո­լան­տա, Ս­կան­տի­նա­ւիա…­բո­լորն ալ ի­րենց դռնե­րը բա­ցին բիւ­րա­ւոր հա­յե­րուն դի­մաց, ըն­ծա­յե­լով բա­ժան-բա­ժան ե­ղած եր­կիր մը Ս­փիւռք ա­նու­նով:

Այն Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը որ մեր մայ­րե­րը ապ­րե­ցան ա­րիւ­նա­հեղ, դի­ւա­յին եւ ա­նար­դար էր նման միւս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն: Շա­տեր մեր­ժե­ցին խօ­սիլ այդ մա­սին: Փո­խա­րէն՝ ամփոփե­ցին զայն այս կարճ հինգ բա­ռե­րուն մէջ. «Օ՜հ, որ­դիս, հո՞ս ես ար­դէն»

Ռա­ֆա­յէլ Լէմ­քին, լեհ հրեայ մը, դար­ձաւ բա­ռա­կեր­տը «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռին, ո­րը գոր­ծա­ծած էր  1944-ին հրա­տա­րա­կո­ւած “Axis Rule in Occupied Europe”  գոր­ծին մէջ. ա­նո­ւա­նում մը ո­րը տա­րի­նե­րով լայ­նօ­րէն գոր­ծա­ծո­ւած եւ նոյ­նիսկ շա­հա­գոր­ծո­ւած է: «­Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»ին փո­խա­րէն ես կը նա­խընտ­րեմ «­Հայ­կա­կան Կիրք» ա­նո­ւա­նու­մը,  ո­րով­հե­տեւ 1915-ին, եւ ատ­կէ յե­տոյ, իմ ժո­ղո­վուր­դին  գար­շե­լի այդ մղձա­ւան­չը ապ­րե­լով հան­դերձ՝  տո­կա՛լ կրցած ըլ­լուն հա­մար…: Ա­նոնց հա­մար, իբր Ք­րիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ,  այդ տա­ռա­պան­քը խո­րա­թա­փանց, կա­տա­րեալ եւ, ի վեր­ջոյ, հո­գե­կա՛ն էր, այն­պէս ինչ­պէս որ էր մեր Փր­կի­չի­նը, իր խա­չե­լու­թեան ժա­մե­րուն: Ա­նոնք մե­ռան մեր բո­լո­րին հա­մար, չար­չա­րո­ւե­ցան բո­լոր հա­յու­թեան հա­մար, որ մենք, իբր ժո­ղո­վուրդ, կա­րե­նանք մա­քա­ռիլ տո­կա­լու հա­մար:

Հա­րիւր տա­րի ան­ցած է րո­պէ­նե­րու ան­մի­ջա­կա­նու­թեան մէ­ջէն մեզ ձգե­լով ան­վեր­ջա­նա­լի պատրանք, եւ բեռ­նա­ւո­րե­լով մեզ կո­թո­ղա­կան պար­տա­կա­նու­թեամբ մը: Պար­տա­կա­նու­թիւն՝ որ կը մղէ  մեզ հա­մայն աշ­խար­հին բարձ­րա­ձայն եւ յստա­կօ­րէն լսե­լի դարձ­նե­լու,  թէ այդ շա­բաթ օ­րը, 1915-ի  Ապ­րիլ 24-ին, Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձեր­բա­կա­լեց Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ  հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնն ու ղե­կա­վա­րու­թի­նը եւ խե­ղա­թիւ­րու­թեամբ աք­սո­րեց եւ սպան­նեց ա­նոնց:

Ո՞վ կը լսէր այդ ա­տեն: Ո­րո՞ւն աչ­քե­րը կը դի­տէին:

Ո՞վ կը դի­տէր երբ մայ­րեր, հայ­րեր, քոյ­րեր, եղ­բայր­ներ եւ զա­ւակ­ներ կ’ա­ռաջ­նոր­դո­ւէին դէ­պի ան­յագ խոր­քե­րը կի­զիչ ա­նա­պա­տին, տեղ մը ուր չոր­ցած ոս­կոր­ներ ու գան­կեր պի­տի թա­ղո­ւէին  լռու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած ա­ղեր­սանք­նե­րու եւ հեղ­ձա­մահ ձայ­նե­րու հետ:

Ո՞վ կը դի­տէր երբ ան­շօ­շա­փե­լի պա­տե­րը կը բան­տար­կէին զիրենք՝ խեղ­դե­լով ճիչն ու հեծկլ­տան­քը ա­նոնց:

Ո՞վ կը դի­տէր երբ ան­տե­սա­նե­լի վան­դակ­նե­րը կը փա­կէին ա­նոնց ա­ղի­տա­լի հա­ռա­չանք­նե­րը՝ դադ­րեց­նե­լով թռիչքն ա­նոնց:

Ո՞վ կը դի­տէր երբ ա­նոնք կը չախ­չախուէին  խեղ­դիչ ա­հով եւ տա­ռա­պան­քով:

Ո՞վ կը դի­տէր երբ թա­ղումն իսկ կը մեր­ժո­ւէր ա­նոնց մար­մին­նե­րուն: Մար­մին­նե­րը կը ձգո­ւէին որ փա­րա­տին ա­ւա­զին եւ ան­հա­մար քա­րե­րուն մէջ՝ դառ­նա­լու քա­րա­ցած կտակ ա­պա­գա­յին հա­մար:

Ո՞վ կը դի­տէր…

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­ր դի­տեց ա­նոնց: Եւ­րո­պան նկա­տեց ա­նոնց: Իսկ աշ­խար­հի մարդ­կու­թիւ­նը՝  ե­րես դար­ձուց: Ա­նոնք որ ի­րա­պէ՛ս նա­յե­ցան՝  տե­սա՛ն ան­տե­սա­նե­լի սե­ւե­ռու­մով…: Եւ յե­տոյ, ա­նա­պա­տին ան­վեր­ջա­նա­լի տա­րա­ծու­թիւ­նը կլլեց զա­նոնք, սփռո­ւե­լով  նա­խա­ճա­շի ան­սահ­ման  սե­ղա­նի մը նման՝ պատ­րաս­տուած  բարբա­րոս մարդ­կանց հաց­կե­րոյ­թի խնճոյ­քին հա­մար.. «Բար­բա­րոս­նե­րուն հա­մար կար այդ ան­ճարելի ա­խոր­ժա­կը՝ ճա­շի մը հետ կապ չու­նե­ցող ա­խոր­ժակ, որ կ’ըն­ծա­յէր ան­հա­ւա­տա­լի տե­սիլք­ներ գա­զան­նե­րու հետ ու­նե­ցած ճաշ­կե­րոյ­թի մը ըն­թաց­քին…»:  (1)

Ան որ հա­ւատք ու­նէր ա­ղօ­թեց: Ան որ ան­հա­ւատ էր հա­ւա­տա­ցեալ դար­ձաւ: Ա­նոնք որ ձայն ու­նէին մռնչա­ցին: Ա­նոնք որ զէնք ու­նէին կռո­ւե­ցան: Եւ ա­նոնք որ գրիչ ու­նէին գրե­ցին:

Հա­յե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն (թուղ­թեր) մրո­տել, վի­ճիլ եւ ազ­դա­րա­րել մին­չեւ որ Միա­ցեալ Նա­հան­գնե­րը, Անգ­լիան եւ բո­լոր միւս «ծե­փո­ւած սուր­բեր»ը քա­ւու­թիւն խնդրեն ի­րենց կեղ­ծա­ւո­րու­թեան հա­մար: Հա­յե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն մին­չեւ որ Թուր­քիան ճանչ­նայ –­ ըն­դու­նի իր գոր­ծադ­րած ո­ճի­րը եւ դադ­րի իր գոր­ծած սպան­դը ու­րա­նա­լէ եւ պատ­մու­թիւ­նը վե­րաքն­նու­թեան են­թար­կե­լէ:

Հա­յե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն պահ­պա­նել ի­րենց ստոյգ պատ­մու­թիւ­նը՝  ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ա­նոր ար­ժա­նի մշտնջե­նա­կա­նու­թիւ­նը: Եւ ա­տի­կա պի­տի ը­նեն հպար­տու­թեամբ, պի­տի ը­նեն ճա­ռա­խօ­սու­թեամբ ու վի­ճա­բա­նու­թեամբ, դժգո­հու­թեամբ, քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, դի­ւա­նա­գի­տու­թեամբ եւ ըստ կա­նո­նի: Պի­տի ը­նեն ի­րենց բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով, պատ­մա­կան տե­ղե­կագ­րու­թիւն­նե­րով եւ վա­ւե­րագ­րու­թիւն­նե­րով: Պի­տի ը­նեն ի­րենց պատ­մու­թիւն­նե­րով, թա­տե­րա­խա­ղե­րով եւ վէ­պե­րով: Ա­նոնք պի­տի գոր­ծա­ծեն գրա­կան ա­մեն մէկ տե­սակ, եւ ա­մեն մէկ քննա­տա­տու­թիւն ու վի­ճա­բան­ռու­թիւն  իր բա­ժի­նը պի­տի բե­րէ այդ բարձ­րա­ձայն ու ան­վեր­ջա­նա­լի սաղ­մո­սեր­գու­թիւ­նը կեր­տե­լու հա­մար: Եւ հա­յուն միակ ձգտու­մը՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ,  հասց­նե­լու  բարձ­րա­գոյն այն­պի­սի մա­կար­դա­կի՝ ուր ան իր եր­գով պի­տի կա­րե­նայ հա­րիւ­րա­մեայ մեր­ժու­մը  շնչա­հեղձ  դարձ­նել:

Ձե­ռա­գիրն ու տպա­գի­րը դեռ հիմ­նա­կան մի­ջոց­ներն են յի­շո­ղու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու, տե­ղե­կու­թիւ­նը ծա­ւա­լե­լու, գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը  դրոշ­մե­լու, հարս­տու­թիւ­նը բաշ­խե­լու եւ զօ­րու­թիւ­նը  գոր­ծադ­րե­լու հա­մար: Գիր­քը  միշտ հիմքն է ե­ղեր հայ­կա­կան աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին եւ հա­յուն յա­րա­տեւ­ման:

Այս ե­րե­ւոյ­թը սա­կայն ամ­բող­ջո­վին կը հա­կա­սէ նշա­նա­ւոր ըն­կե­րա­յին քննա­դա­տա­կան տե­սա­բան Թիօ­տօր Ա­տոր­նո­յի այն յայ­տա­րա­րու­թեան, թէ Աու­շո­ւի­ցէն յե­տոյ,  այ­լեւս բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը գո­յու­թիւն պէտք չէ ու­նե­նայ, եւ միա՛յն լռու­թիւ­նը  տի­րա­կան պի­տի դառ­նայ: Իր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ու­նի իւ­րա­յա­տուկ ի­րա­կա­նու­թիւն մը ո­րը տար­րա­կան երկ­սայ­րի դժո­ւա­րու­թիւն մը ստեղ­ծած է  ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն հա­մար: Բայց ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թիւնն ու ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը չեն դադ­րած: Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ բազ­մա­պատ­կո­ւած են: Ա­մե­րի­կա­ցի հրեայ վե­րապ­րող Սին­թիա Օ­զիք հե­տե­ւեալը ը­սած է Ող­ջա­կիզ­ման մա­սին. «­Կը գրեմ այդ մա­սին: Չեմ կրնար չգրել: Բայց չեմ կար­ծեր որ պէտք է գրեմ: Մենք պէտք է որ սպա­ռենք ան­սահ­ման  վա­ւե­րագ­րերն ու  նօ­թե­րը, ան­վերջ ու անս­պառ պա­տա­հար­նե­րը: Ես չեմ ու­զեր մի­ջա­մուխ ըլ­լալ,  ստեղ­ծել կամ ե­րե­ւա­կա­յել այդ մա­սին: Բայց եւ այն­պէս,  ը­րած եմ: Չեմ կրնար չը­նել: Ո­րով­հե­տեւ ան կու գայ, կ’ար­շա­ւէ…»: (2)

Յայտ­նի է,  ո­րե­ւէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը կա­տա­րեալ կեր­պով կրնան հասկ­նալ միայն մեռ­նող­ներն ու վե­րապ­րող­նե­րը: Այդ ճշմար­տու­թիւ­նը թաք­նո­ւած է ա­նոնց ան­կեն­դան մար­մին­նե­րուն մէջ, մո­խիր­նե­րուն մէջ: Դիակ­նե­րու,  զո­հե­րու եւ նա­հա­տակ­նե­րու վի­ժած ե­րազ­նե­րուն մէջ է թաք­նո­ւած ճշմար­տու­թիւ­նը: Նոյ­նիսկ այն պատ­մա­բա­նը որ կա­րող է փաս­տել թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցեր է, զո­հե­րուն եւ վե­րապ­րող­նե­րուն գիտ­ցա­ծէն ա­ւե­լի ան եր­բեք պի­տի չգիտ­նայ:

Գա­լով ստեղ­ծա­գործ գրո­ղին, ան, կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, կրնայ նրբամ­տու­թեամբ ե­րե­ւա­կա­յել թէ այդ մար­դի­կը ին­չե­րէ՜ ան­ցան,  ի՞նչ կը զգա­յին եւ ի՞նչ կը մտա­ծէին ի­րենց ապ­րած վեր­ջին պա­հուն՝ մա­հո­ւա՛ն  ա­տեն: Գ­րո­ղը ու­շա­դիր պէտք է ըլ­լայ, վա­ւե­րա­գիր մը պատ­րաս­տո­ղէն ա­ւե­լի ու­շա­դիր, յար­գան­քով եւ ակ­նա­ծան­քով յայտ­նե­լու զո­հե­րուն ու­նե­ցած յու­զում­նե­րը, զգա­ցում­նե­րը, յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րը, վա­խերն ու ա­տե­լու­թիւն­նե­րը:  Գ­րո­ղին փո­խա­նոր­դա­կան զգա­ցում­նե­րը պէտք է հո­սին փխե­լով իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան զօ­րու­թե­նէն,  եւ՝ ա­յո՛,  նոյն­քա՛ն կա­րե­ւոր, իր ըն­թեր­ցա­նու­թիւն­նե­րէն, ու­սում­նա­սի­րած փաս­տա­թուղ­թե­րէն եւ ա­կա­նա­տես­նե­րէն հա­ւա­քած իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէն: Գ­րո­ղին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած  ըլ­լալու է  թէ՛ գրա­կան, եւ թէ՛ բա­րո­յա­կան ճի­գի վրայ:

Հայ գրո­ղը բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն մը ու­նի բարձ­րա­ձայն ար­տա­յայ­տուե­լու դառ­նու­թեան, կեղ­ծա­ւո­րու­թեան եւ նեն­գու­թեան դէմ: Մեր հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը վէր­քե­րու եւ սպի­նե­րու շտե­մա­րան մըն է: Իբր զա­ւակ­ներն ու թոռ­նե­րը ե­րա­նա­ցո­ւած վե­րապ­րող­նե­րուն, եւ իբր ժա­ռան­գորդ­նե­րը ա­նոնց վի­րա­յին փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն, մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք գրել բո­լոր լե­զու­նե­րով ու գրա­կան զա­նա­զան  տե­սակ­նե­րով ու ո­ճե­րով: Եւ կը յու­սանք հայ­թայ­թել աղմ­կա­լից հա­կա­կէտ մը բո­լոր ու­րա­ցող մարդ­կանց: Հայ­թայ­թե՛լ՝, մին­չեւ որ ա­նոնց մտքե­րը ձեր­բա­զա­տո­ւին սխալ ող­ղամ­տու­թե­նէ եւ թա­քուն եր­կիւ­ղէ:

Ապ­րիլ ա­մի­սը մեր մե­ռել­նե­րուն յի­շա­տա­կու­թեան ա­միսն է:  Եւ 2015 թո­ւա­կա­նը 100-րդ տա­րե­դարձն է Հայ­կա­կան Կիր­քին: Պի­տի յի­շենք բո­լոր ա­նոնց ո­րոնք զո­հո­ւե­ցան Ա­նա­տո­լիաի եւ Կով­կա­սի մէջ 1914-1923 տա­րի­նե­րուն: Պի­տի յի­շենք բո­լոր ա­նոնց ո­րոնք ան­հե­տա­ցան Սու­րիոյ ա­նա­պա­տին մէջ: Պի­տի յի­շենք ա­նոնց ո­րոնք  մե­ռան պար­զա­պէս հայ ծնած ըլ­լալ­նուն հա­մար: Եւ պի­տի յի­շենք հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­րիու­թիւ­նը, ո­գին, քա­ջու­թիւնն ու յա­րա­տե­ւե­լու ապ­շե­ցու­ցիչ կամ­քը: Ի­րենց պի­տի ը­սենք. «­Պի­տի բե­րենք ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ո­րուն բո­լո՛րդ ար­ժա­նի էք…»:

Յ.Գ.-

Բա­ցա­ռիկ ա­ռիթ ու­նե­ցայ ծա­նօ­թա­նա­լու Փ­րոֆ. Ճորճ Ս­թայ­նը­րին, գրա­կան աշ­խա­հի տի­տան­նե­րէն մէ­կը, երբ կը դա­սա­ւան­դէի Ժը­նե­ւի Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ  1975-ին: 1971-ին հրա­տա­րա­կո­ւած իր “In Bluebird’s Castle”  գիր­քին մէջ Ս­թայ­նըր կը գրէ. «Ան որ լիո­վին կ’ըմբռ­նէ ի­մաս­տը Տան­թէի  Դ­ժողք-ին Գիրք 33-ին մէջ յի­շո­ւած  ‘­Հո՛ն՝  նոյ­նիսկ ար­տասուե­լու ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կ’ար­գի­լէ ար­տա­սո­ւի­լը՝ խօս­քին, կը հա­ւա­տամ որ ան ըմբռ­նած պի­տի ըլ­լայ էա­բա­նա­կան  ձե­ւի բան­տար­կու­թեան (Concentration Camp)  աշ­խար­հը»  (3): Ս­թայ­նըր հոս կ’ակ­նար­կէ սա տո­ղե­րուն.

ՆՕԹԵՐ

(1 ) Տե՛ս Gwendolyn MacEwen, “A Breakfast for Barbarians” from Magic Animals:Selected Poems Old and New. Copyright 1974 by David Mackinnon.

(2) Տե՛ս Interview by Tom Teicholts with Cynthia Ozik. The Paris Review v.102 (the Art of Fiction 95). Spring  1987.

(3) Տե՛ս George Steiner. In Bluebird’s Castle: Some Notes Towards the Redefinition of Culture (Yale University Press. 19710.P.54.

Գ­րեց՝  Յա­կոբ Խա­չի­կեան *
Թարգ­մա­նեց՝ Յա­րու­թիւն Մըսր­լեան

 * Յա­կոբ Խա­չի­կեան (Agop  Acikyan)  ծնած է Իս­թան­պուլ եւ 1975-փո­խադ­րո­ւած է Գա­նա­տա: Ե­ղած է Գ­րա­կա­նու­թեան Պա­տո­ւա­կան Փ­րոֆ. Royal Military College-ի մէջ: Հե­ղի­նակն է եօ­թը վէ­պե­րու եւ գրա­կան եւ լե­զո­ւա­կան զա­նա­զան հա­տոր­նե­րու:  Իր “A Summer Without Dawn” վէ­պը թարգ­մա­նո­ւած է  զա­նա­զան լե­զու­նե­րու եւ  ար­ժա­նա­ցած հա­մաշ­խար­հա­յին ու­շադ­րու­թեան: Յա­կոբ Խա­չի­կեան կը գրէ անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով: Սոյն գրու­թիւ­նը լոյս տե­սաւ Keghart.com –ի Մարտ 26, 2015-ի հա­մա­րին մէջ, անգ­լե­րէն լե­զո­ւով: