Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը եւ շնչող էակներուն ազատ կեանք մը ապրելու իրաւունքը շնորհեց։ Այսպէս, ազատութեան գաղափարը ծնունդ առաւ աշխարհի ստեղծագործութեան առաջին իսկ օրէն։ Թռչունները օրինակ անսահման երկինք մը ունեցան
ազատօրէն թռչելու համար։ Ձուկերն ու կարգ մը կենդանիներ անսահման ովկիանոսներ, գետեր ու լիճեր ունեցան ազատօրէն լողալու համար։ Իսկ մարդուն յանձնուեցաւ անսահման երկիրը, որպէսզի ազատօրէն ապրի։ Ազատութիւնը կեանքի գեղեցկութիւնն է, որ յատուկ ջանքերով կը ծաղկի եւ մեծ զոհողութեամբ կը պահուի։
Ազատութեան կողքին, Տէր Աստուած ապրող էակներուն մէջէն մարդուն տուաւ յատուկ շնորհք, որ մտային ու ֆիզիքական բազմատեսակ կարողութեանց աղբիւրն է։ Այլ խօսքով, ան ստեղծագործական ներքին մեծ ուժն է, որու միջոցաւ մարդը գիտական, բժշկական, իմաստասիրական, արուեստի, արհեստի ու այլ մարզերէ ներս կարեւոր յայտնաբերումներ կը կատարէ ու յաջողութիւններ կ'արձանագրէ։ Այդ իսկ պատճառով Տէրը աշխարհը վստահեցաւ մարդուն։
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ մարդիկ, ոչ բոլորը անշուշտ, ազատութիւնը եւ շնորհքը արժեւորելով իրենց կարեւոր ներդրումը բերած են աշխարհին ու մարդկութեան։ Կը կարդանք, կը տեսնենք ու կ'ապրինք հանգրուանային այդ զարգացումը, որ տակաւին կը շարունակուի։ Կեանքի այս բաժնին մէջ կարելի է ըսել, թէ մարդը յաջողութիւն արձանագրած է ու կը շարունակէ տակաւին։
Մարդկային կեանքը սակայն միայն այս բաժինը չէ։ Աստուծոյ տնօրինումը եւ նպատակը միայն այս չէ։ Հարկ է տեսնել միւս բաժինը եւս որպէսզի ամբողջական պատկերը ունենանք։ Աստուած մարդուն նախ կեանք պարգեւեց։ Առանց կեանքի մարդ չկրնար ապրիլ ու առանց ապրելու չկրնար գործել։ Ուրեմն մարդ ունի ապրելակերպ ու գործելակերպ։ Ահաւասիկ շնորհքին մէկը միւսը ամբողջացնող բաժինները։ Ինչպէս գործելը ունի իր միջոցը, այնպէս ալ ապրիլը ունի իր պայմանը։ Ինչպէս գործելն ու յաջողիլը շնորհքի կը կարօտին, այնպէս ալ լաւ կեանք մը ապրիլը։
Քիչ մը եւս եթէ խորանանք, պիտի տեսնենք ապրելակերպի ու գործելակերպի հիմքը, որն է մտածելակերպը։ Առողջ միտքը նախ կը դատէ ծրագիրը, քայլն ու շարժումը, որմէ ետք հրահանգ կու տայ գործունէութեան։ Կայ նաեւ հակառակը, որ նախ հրահանգ կու տայ ապա կը դատէ։ Ասոր արդիւնքը անշուշտ գրեթէ ձախող կ'ըլլայ։ Մտածելակերպէն կը բխի ամէն ինչ։ Եւ այդ մէկը ճշգրիտ սկիզբ եւ դրական արդիւնք ունենալու համար հարկ է հետեւիլ կեանքի օրէնքին։ Աշխարհի վրայ ապրելու ու գործելու համար գոյութիւն ունի կարգն ու կանոնը, այսինքն օրէնքը։ Առանց անոր մարդ կը դառնայ անօրէն եւ ամէն ինչ կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը։ Օրէնքը մարդու մտածելակերպին ուղղութիւն կու տայ, որու կը յաջորդեն ապրելակերպն ու գործելակերպը։ Օրէնքը մարդու կոչումին հիմքն է։
Որովհետեւ մարդը սկիզբէն Աստուծոյ խնամքին արժանացաւ, անոր համար տրուեցաւ անոր կեանքի օրէնքը։ "Մի ստեր, մի գողնար, ուրիշին ունեցածին վրայ աչք մի տնկեր, յարգէ հայրդ ու մայրդ, մի սպաններ" եւայլն։ Աստուածային յատուկ պատուիրաններու ճամբով Տէրը մարդուն սորվեցուց մարդկային արժանիքները։ Իսկ Ս. Գիրքը յանձնեց անոր որպէս ուսուցման աղբիւր, գիտութեան լոյս եւ կեանքի ապահովութիւն։ Տէրն Աստուած մարդուն պարգեւեց շնորհք, տուաւ օրէնք ու այդպէս ղրկեց աշխարհ։
Շնորհքի կամ կեանքի այս բաժնի պատմութիւնը սակայն միւսին նման փայլուն ու գոհացուցիչ չէ։ Եւ այս մէկը հանգրուանային վատ զարգացումի մը մէջ տակաւին կը շարունակէ իր ընթացքը։
Հակառակ տրուած օրէնքի ուղղութեան եւ տրամադրած դիւրիւթեան, մարդու սխալ մտածելակերպը դժուարացուց կեանքը։ Օրէնքին հետեւելով մարդ իր կեանքը գեղեցկացնելու փոխարէն, անօրինութեամբ զայն տգեղցուց։ Օրէնքին հնազանդելով երջանկութիւն շինելու փոխարէն, անօրինութեամբ ինքզինք ու շրջապատը տխրեցուց։ Ամէն ինչ շնորհուած էր՝ երկիր, ջուր, լոյս, սնունդ, մտային ու ֆիզիքական ուժ, մինչեւ իսկ օրէնք լաւ ու ինքնաբաւ կեանք մը ապրելու համար։ Մարդ կոչուածը սակայն Աստուածային օրէնքէն հեռանալով իր սե-փական օրէնքը գրեց։ Երկնային շնորհքէն հեռանալով, իր քմահաճոյքին պատուիրանները տնօրինեց։ Երկիրը իր սեփականութիւնը կար-ծեց, իր նմանը իրեն ենթակայ դարձուց։ Եւ գերիշխելու ու տիրելու այդ զօրաւոր ձգտումը անբաղձալի կացութեան հասցուց ամէն ինչ։ Այսպիսով երկիրներու միջեւ արգելքներ դրուեցան, մարդոց միջեւ մեծ հեռաւորութիւններ յառաջացան, մարդկային իրաւունքները բռնի յափշտակուեցան ու մեծ գայթակղութիւն մը տիրեց աշխարհին։
Ամէն օր տեղ մը ոճիր, ուրիշ տեղ մը գողութիւն, խաբեբայութիւն, դաւաճանութիւն, պատերազմ, անօթութիւն, արտագաղթ եւ այլ պատուհասներ։ Շնորհքը արժեզրկուեցաւ, իսկ ազատութեան գաղափարը ոչնչացաւ։ Սխալ մտածելակերպի պատճառով ապրելակերպը սխալ ճամբու մէջ մտաւ։ Յատուկ կերպով կը նշուի այս կէտը, որովհետեւ գործելակերպէն աւելի կարեւոր է մարդու ապրելակերպը։ Օրինակի համար մէկը գիտնական կրնայ ըլլալ, միեւնոյն ժամանակ վատ նկարագրի տէր անձ։ Միւսը զանազան յաջողութիւններ կրնայ արձանագրել, բայց ընկերային կեանքէ ներս վնասակար անձ մը կը դառնայ։ Հանգամանքէն աւելի կարեւոր է մարդու որակը։
Ի տես վերոնշեալ կացութեան, վտանգի ենթարկուած մոլորածներն ու յուսալքուածները երբեմն հարց կու տան. "Ի՞նչ ընել, ո՞ւր երթալ, որո՞ւ դիմել"։ Պատասխանը արագ է ու յստակ. վերադարձ Աստուծոյ։ Այլ հասցէ կամ ճամբայ չկայ մարդու փրկութեան համար։
Վերադարձ Աստուծոյ տունը՝ եկեղեցի։ Այն միակ վայրը, որ ապահով գետին կու տայ մարդուն։ Եկեղեցին հաւաքավայր չէ, այլ աղօթավայր, ուր չկայ որեւէ մէկ աղօթք կամ սաղմոս, որ մարդուն կը պատուիրէ մեղք գործել։ Եկեղեցւոյ մէջ շարականի երգեցողութիւնը, սաղմոսերգութիւնը, քարոզխօսութիւնը, մոմավառութիւնը մարդը միայն Աստուծոյ կը մօտեցնեն։
Վերադարձ Աստուծոյ պատուիրաններուն։ Անոնք են իսկական ու յաւիտենական օրէնքը կեանքին, որոնք մեր իմաստուն Ուսուցիչը անձամբ սորվեցուց մարդոց։ Իսկ Անոր բացակայութեան, դարեր շարունակ Ս. Աւետարանը դարձաւ օրէնքի դասագիրք։ Այլ գիրքերու միջոցաւ հանգամանքի տէր կը դառնանք, բայց Ս. Գիրքին միջոցաւ մենք մեր անձին տէրը կը դառնանք։ Այլ գիրքերու ընդմէջէն գիտելիքներ կը ճանչնանք, մինչ Ս. Գիրքին ընդմէջէն մենք մեր անձը կը ճանչնանք։ Գիտութիւնը մարդու միտքը կը զարգացնէ, իսկ Ս. Գիրքը՝ մարդկային արժանիքները։
Վերադարձ դէպի իր նմանին։ Չկայ մարդ որեւէ հանգամանքի, որ կրնայ կեանք մը ամբողջ առանձին ապրիլ։ Չկայ մարդ որեւէ մակարդակի, որ կրնայ ամբողջ կեանք մը գերազանցել ու իշխել իր նմանին։ Անձնասիրութիւնը, փառասիրութիւնը, շահախնդրութիւնը եւ այլ վատ մոլութիւնները ոտնակոխելով մարդ պէտք է վերադառնայ իր նմանին։ Եւ այդպէս, Աստուծոյ շնորհած բարիքները միասնաբար բաժնելով ու վայլելով կրնայ շինել կեանքի երջանկութիւնը։
Աստուած Սէր է։ Ներող ու բարեգութ Հայրն է բոլորին, որ միշտ առիթ կ'ընծայէ իր զաւակներուն սխալները անդրադառնալով ինքզինք սրբագրելու։ Զղջումի ճամբով մեղքը քաւելու եւ սիրոյ հասկացողութեամբ դժուարութիւններուն յաղթահարելու։ Ան Ս. Գիրքն ու Ս. Խաչը յանձնեց մարդուն, որպէսզի անոնց առաջնորդութեամբ վերադառնայ իր արմատին։ Եւ այս պատկերին լաւագոյն օրինակը "Անառակ որդիին" առակն է, որ Յիսուս անձամբ պատմեց ժողովուրդին։
Հետեւաբար Տիրոջ բազուկները բաց են, գրկելու համար Իրեն վերադարձող զաւակները։ Անոր տան՝ եկեղեցւոյ դռները բաց են, ջերմօրէն ընդունելու համար վերադարձող հարազատները։ Վերադարձի ճանապարհը անշուշտ հեռանալու ճանապարհին նման փշոտ չէ, սակայն դիւրին ալ չէ, բայց հոգիի ու անձի փրկութեան միակ ճանապարհն է։
Տիտիմոթիքօ, 2015
Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան