Անցեալ ամիս ես տեղեկացուցած էի, որ Կլենտէյլի մէջ գտնուող «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնը երեք հայ երիտասարդներու արգիլած էր վաճառել ցեղասպանութեան վերաբերեալ շապիկներ իրենց վարձակալած սեղան ներէն:
Յօդուածս համացանցին մէջ տեղադրուելէն եւ առեւտուրի կեդրոնին դէմ բողոքի մեծ ալիք յառաջացնելէն կարճ ժամանակ անց, «Ամերիքանա»-ի տնօրինութիւնը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Մենք կը ցանկանայինք ներողութիւն խնդրել մեր վաճառասեղանը վարձակալող Թինա Չուլճեանէն, Ալեքս Քոտակոլեանէն եւ Արմին Հարիրէն` անոնց կողմէ վաճառուող ապրանքներուն հետ կապուած թիւրիմացութեան համար: Աւելի քան ողջունելի է վարձակալներուն կողմէ խնդրոյ առարկայ հանդիսացող իրենց ապրանքներուն ցուցադրումը վաճառասեղաններուն վրայ»:
Թէեւ «Ամերիքանա»-ի ներողութիւնը ողջունելի էր, սակայն հապճեպ տեղադրուած գրառումը կը խեղաթիւրէր անոր անօրինական որոշումը` զայն անուանելով «թիւրիմացութիւն»: Տարօրինակ է, որ առեւտրական կենտրոնը նեղութիւն չէր քաշած վարձակալներուն տեղեկացնելու, որ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հագուստի վաճառքի արգելքը հանուած է:
Մերժելով այս կիսատ-պռատ ներողութիւնը, քանի մը հարիւր զայրացած հայեր բողոքի ցոյց կազմակերպեցին «Ամերիքանա»-ին առջեւ` երեք հայ վարձակալներու հանդէպ անոր անընդունելի արարքին համար: «Կլենտէյլ նիւզ փրես»-ը լուսաբանեց բողոքի ցոյցը եւ տարաձայնութիւնը երեք յօդուածներու շարքով, որոնք յաջորդեցին այս թեմայով իմ սկզբնական յօդուածին:
Ապշեցուցիչ է, որ Կլենտէյլի խոշորագոյն ընկերութիւնը կրնայ այսպէս անհոգօրէն վարուիլ իր մեծ թիւով հայ յաճախորդներուն` քաղաքի բնակչութեան գրեթէ կէսին հետ, ուր քաղաքային խորհուրդի հինգ անդամներէն երկուքը, որոնց մէջ քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը, հայ են: Բացի այդ, քաղաքային իշխանութիւնները «Ամերիքանա»-ի սեփականատէրերուն շռայլ դրամական օժանդակութիւն տրամադրած էին Կլենտէյլի մէջ իրենց գործարարութիւնը հաստատելու համար:
Քաղաքապետ Սինանեանը շատ կոշտ արտայայտուած էր «Ամերիքանա»-ի ամբարտաւանութեան վերաբերեալ: Ան ըսաւ «Նիւզ փրես»-ին, որ յուսախաբ էր «Ամերիքանա»-ի տնօրինութեան «անմիտ հակազդեցութենէն», եւ որ առեւտրային կեդրոնի յարաբերութիւնները հայկական համայնքին հետ «փչացած էին»: Քաղաքապետը նաեւ զարմանք արտայայտեց, որ «Ամերիքանա»-ն կրնար «այդքան անզգայ» ըլլալ իր յաճախորդներուն մեծ մասին հանդէպ, որոնք հայեր են:
Մարտ 13-ին, երեք վաճառողները` Չուլջեանը, Հարիրին (բաշխող «Ար-մին») եւ Քոտակոլեանը, իրենց ընկերութեան` «Փենթակոն ռիքորտս»-ի անունէն հայց ներկայացուցին Լոս Անճելըսի Գերագոյն դատարան` «Ամերիքանա»-ի, «Քարուզօ հոլտինկս»-ի եւ քանի մը այլ անանուն ամբաստանեալներու դէմ` զանոնք մեղադրելով հինգ տարբեր խախտումներու մէջ.
1. Համաձայն ԱՄՆ օրէնքներու ժողովածուի (42, բաժին 1983) սահմանադրական եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն` ԱՄՆ Սահմանադրութեան առաջին բարեփոխութեամբ պաշտպանուող խօսքի ազատութեան իրաւունքի խախտում.
2. Համաձայն ԱՄՆ օրէնքներու ժողովածուի (42, բաժին 1985(3)) սահմանադրական եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն` խտրական դաւադրութեամբ զբաղիլ` հայցուորներուն օրէնքի հաւասար պաշտպանութենէն զրկելու նպատակով.
3. Անրուի անուամբ կոչուող քաղաքացիական իրաւունքներու օրէնքի Քաղաքացիական օրէնսգիրքի 51-52-րդ բաժիններու խախտում` հայցուորներու ամբողջական եւ հաւասար հնարաւորութիւններու, առաւելութիւններու, արտօնութիւններու եւ ծառայութիւններու մերժում իրենց հայկական ծագման պատճառով, եւ ամբաստանեալներու խտրական, կամայական եւ անխոհեմ վարքի դրսեւորում առանց որեւէ օրինական գործարարական շահի.
4. Կալիֆորնիոյ գործարարութեան եւ մասնագիտութիւններու օրէնսգիրքի բաժին 17200-ի խախտում` ամբաստանեալները հայցուորներուն նկատմամբ ցուցաբերած են անարդարացիօրէն խտրական վերաբերմունք եւ զբաղած են հակաօրինական գործարարութեամբ.
5. Պայմանագրի խախտում` «Ամերիքանա»-ն խախտած է համաձայնագիրը` թոյլ չտալով երեք առեւտրականներուն վաճառել Shop1915.com կայքին առնչուող ապրանքները, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ապրանքներ:
Հայ վաճառողները խնդրեցին, որպէսզի դատարանը ընդհանուր, պատժիչ եւ եռակի վնասի փոխհատուցում նշանակէ «Ամերիքանա»-ին վրայ: Հայցուորներուն փաստաբան Ռիչըրտ Ֆոսթըրը յայտարարեց, որ ինք դատական հայց ներկայացուցած էր «ամբաստանեալներու խայտառակ վարքագիծին պատճառով… որ նողկալի եւ անյարգալից է ոչ միայն իմ յաճախորդներուն, այլեւ հայկական համայնքին համար, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ»: Ֆոսթըր աւելցուց, որ «ամբաստանեալները պետական զգալի օժանդակութեան շահառուներ են, եւ որպէս այդպիսին, պէտք է ձեռնպահ մնան նման խտրական վարքագիծէ»:
Միայն հայ վարձակալներուն կողմէ դատական հայց ներկայացնելէն ետք է, որ «Ամերիքանա»-ն անոնց նամակ յղած է` տեղեկացնելով, որ այժմ անոնց «կը թոյլատրուի ցուցադրել եւ վաճառել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ապրանքները»:
Հայ համայնքը եւ Կլենտէյլի բոլոր բնակիչները, որոնք մտահոգուած են քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, պէտք է «Ամերքանա»-ի սեփականատէրերուն հասկցնեն, որ իրենք չեն հանդուրժեր նման անօրինական եւ խտրական վերաբերմունք ընկերութեան մը կողմէ, որ հանրային միջոցներու շահառու է եւ վաճառքի հասոյթին մեծ մասը կը ստանայ հայ յաճախորդներէն:
Եթէ «Ամերիքանա»-ն հրաժարի ուղղել իր կեցուածքը եւ չկարենայ վստահեցնել համայնքի ղեկավարներուն, որ այլեւս նման սխալ վերաբերմունք պիտի չունենայ, ապա Կլենտէյլի բնակիչները պէտք է պոյքոթեն առեւտուրի կեդրոնը, շարունակեն իրենց բողոքի ցոյցերը եւ կոչ ընեն քաղաքային խորհրդին ձեռնարկելու վճռական քայլեր, որոնց շարքին` վերցնել նախապէս յատկացուած ֆինանսական օժանդակութիւնը:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»