Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կե­լու Ֆ­րան­չիս­կոս Սր­բա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին ո­րո­շու­մը, որ հրա­պա­րա­կուեցաւ Փետ­րո­ւա­րի 21-ին, ող­ջունուեցաւ եւ լայն ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նա­ցաւ ոչ միայն հայ հա­սա­րա­կու­թեան, այլ նաեւ հա­մայն քրիս­տո­նեայ հան­րու­թեան կող­մէ, որ հա­յազ­գի մեծ խորհր­դա­բան աս­տո­ւա­ծա­բան Սուր­բի սրբակ­րօն վար­քին ու սրբադ­րոշմ հո­գե­ւոր վաս­տա­կին ծա­նօ­թա­նա­լու ու ա­նոր վրայ հիա­նա­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րուն՝ շնոր­հիւ ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­բար գլուխ գոր­ծո­ցին՝ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ի թարգ­մա­նու­թեան բազ­մա­տաս­նեակ լե­զու­նե­րու, ա­ռա­ջի­նը՝ ֆրան­սե­րէն, հայր Սա­հակ վրդ. Քե­շի­շեա­նին կող­մէ։ «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան»ը, որ 95 ա­ղօթք­նե­րու ընդ­մէ­ջէն տե­ղի ու­նե­ցող հո­գեխ­ռով, անձ­կա­լի ու սրտա­բուխ զրոյց մըն է Աս­տու­ծոյ հետ՝ մեղ­քի, ա­պաշ­խա­րու­թեան, երկ­նա­յին գթու­թեան, հո­գե­ւոր պայ­քա­րի, հո­գե­կան տա­ռա­պան­քի եւ միս­թիք կեան­քի մա­սին, հա­մաշ­խար­հա­յին հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ա­մէ­նէն փայ­լուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մէ­կը նկա­տո­ւե­ցաւ։ Նա­րե­կա­ցիին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը պատ­մու­թեան ան­ցած հա­մաշ­խար­հա­յին ար­ժէք մը չեն միայն, այլ իր յա­րու­ցած խնդիր­նե­րով եւ ա­ռա­ջար­կած լու­ծում­նե­րով նաե՛ւ ժա­մա­նա­կա­կից ար­ժէք մըն են։ «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան»ը Սուրբ Հո­գիին ներշն­չու­մով գրո­ւած բա­րե­գործ ա­ղօ­թա­գիրք մըն է ո՛չ միայն հայ ազ­գին հա­մար, այլ բո­լո՛ր ազ­գե­րուն ու բո­լո՛ր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հա­մար։

ՀԱՅ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲԸ

Ար­դա­րեւ, դա­րեր ամ­բողջ, Սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին պաշ­տա­մուն­քի ու սի­րոյ ա­ռար­կան ե­ղաւ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դին, մինչ­դեռ ա­նոր քրիս­տո­սան­ման վար­քը, լայ­նա­խոհ, Ք­րիս­տո­սի ճշմա­րիտ ա­շա­կեր­տի պատ­շաճ մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, հա­ւատ­քի ապ­րու­մը, հա­մայն մարդ­կու­թեան մեղ­քե­րուն քա­ւու­թեան տա­ռա­պան­քը, Սուրբ Հո­գիէն ներշնչուած ա­ղօթք­նե­րը, բա­րե­պաշ­տա­կան զգա­ցում­նե­րը, ա­ռանց հա­տուա­ծա­կա­նու­թեան կամ ան­ջա­տո­ղա­կա­նու­թեան հա­կում­նե­րու Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ուղ­ղա­դա­ւան վար­դա­պե­տու­թեան հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը՝ ո­րուն հա­մար հա­լա­ծո­ւե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն կող­մէ, ա­նոր աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր վաս­տա­կին ընդ­հան­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ 10-րդ դա­րուն ապ­րած այս հայ Սուր­բը կը դարձ­նեն ար­ժա­նի Ք­րիս­տո­սի բո­լո՛ր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու սի­րոյն ու պաշ­տա­մուն­քին։

Այդ սի­րոյն ու պաշ­տա­մուն­քին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ զինք Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կե­լու Ֆ­րան­չիս­կոս Սր­բա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին ո­րո­շու­մը, որ ար­դիւնքն է տաս­նեակ մը տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող խստա­պահ ու բարդ գոր­ծըն­թա­ցի մը, ո­րուն ազ­դան­շա­նը տո­ւաւ Հայ կա­թո­ղի­կէ նո­ւի­րա­պե­տու­թիւ­նը ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ա­մե­նա­պա­տիւ Տէր Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կոս Պատ­րիար­քին, մտա­ծե­լով որ ինչ­պէս Հայ ազ­գի հա­ւատ­քի հայ­րը՝ սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը՝ շնոր­հիւ դար­ձեալ Հայ կա­թո­ղի­կէ նո­ւի­րա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան, իր ար­ժա­նի պա­տո­ւան­դա­նը ու­նե­ցաւ Վա­տի­կա­նի «­Սուրբ Պետ­րոս»ի պա­զի­լի­քա­յին ճա­կա­տը զար­դա­րող Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ սուր­բե­րու քան­դակ­նե­րու շար­քին՝ ի գի­տու­թիւն հա­մայն աշ­խար­հի հա­ւա­տա­ցեալ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն, ժա­մա­նակն էր որ Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղե­ցին իր 36-րդ Վար­դա­պե­տը հռչա­կէր սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին։ Հայ կա­թո­ղի­կէ սիւն­հո­դո­սա­կան հայ­րե­րուն կող­մէ շուրջ տա­սը տա­րիէ ի վեր տա­րո­ւող աշ­խա­տան­քին պսա­կու­մը պի­տի հան­դի­սա­նայ Հայ Սուր­բին Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կու­մը յըն­թացս հա­մա­պա­տա­րա­գին զոր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով Սր­բա­զան Պա­պը Հայ Կա­թո­ղի­կէ սիւն­հո­դո­սա­կան հայ­րե­րուն հետ պի­տի մա­տու­ցա­նէ 12 Ապ­րի­լին Վա­տի­կա­նի «­Սուրբ Պետ­րոս»ի տա­ճա­րին մէջ։ Այդ աշ­խա­տան­քի մա­սին կա­րե­ւոր վկա­յու­թիւն­ներ կը հան­դի­սա­նան Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­մե­նա­մեայ Սիւն­հո­դոս­նե­րուն ա­տե­նագ­րու­թիւն­նե­րը եւ նա­մա­կագ­րու­թիւն­նե­րը Վա­տի­կա­նի պատ­կան մար­մին­նե­րուն հետ։

Կարգ մը հայ­կա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ, դժբախ­տա­բար, փութ­կոտ հրա­պա­րա­կում­նե­րով թիւր եւ խե­ղա­թիւ­րո­ւած ձե­ւով ար­ձա­գան­գած ըլ­լա­լով պատ­մա­կան այս ի­րա­դար­ձու­թեան յատ­կա­պէս նա­խա­պատ­րաս­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցին, Հայ կա­թո­ղի­կէ Պատ­րիար­քու­թեան Սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցի Կեդ­րո­նի տնօ­րէն հայր Վար­դան վրդ. Գա­զան­ճեա­նին, ա­պա նաեւ վաս­տա­կա­շատ հո­գե­ւո­րա­կան ար­հիա­պա­տիւ հայր Մա­նո­ւէլ ե­պիսկ. Պա­թա­գեա­նին կող­մէ տրո­ւած հե­տա­գայ բա­ցատ­րու­թիւն­ներն ու լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նո­ւած են ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տե­լու հա­մայն հա­յու­թեան հպար­տու­թիւն առ­թող այս պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը, որ ա­ւե­լի եւս պի­տի սեր­տաց­նէ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ու վստա­հու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Կա­թո­ղի­կէ եւ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ։

ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ ԾՆՈՒՆԴՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

Սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կել տա­լու գա­ղա­փա­րը ծնունդ ա­ռաւ յետ Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի մե­ծա­դիր ար­ձա­նի հան­դի­սա­ւոր օրհ­նու­թեան ու զե­տե­ղու­մին Հ­ռո­մի «­Սուրբ Պետ­րոս» Մայր Տա­ճա­րին ար­տա­քին գա­ւի­թին մէջ, ձե­ռամբ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ սուրբ Յով­հան­նէս Պօ­ղոս Բ. քա­հա­նա­յա­պե­տին, 2005-ի Յու­նո­ւա­րի 19-ին։ Այս ե­զա­կի պա­տի­ւը կը շնոր­հո­ւի միայն քրիս­տո­նեայ մեծ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հիմ­նա­դիր­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին դա­սո­ւե­ցաւ Հա­յոց Լու­սա­ւո­րի­չը։

Այս պատ­մա­կան դէպ­քին յա­ջոր­դեց նոյն գա­ւի­թին պաշ­տօ­նա­կան յոր­ջոր­ջու­մը իբր «Cortile San Gregorio Illuminatore d’Armenia», Բե­նե­դիկ­տոս ԺԶ. Պա­պին կող­մէ, 2008-ի Փետ­րո­ւար 22-ին, դար­ձեալ ի ներ­կա­յու­թեան Հայ Կա­թո­ղի­կէ Նո­ւի­րա­պե­տու­թեան եւ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պա­տո­ւի­րակ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան հայ եւ օ­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու։

Մինչ այդ, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­պիս­կո­պո­սաց Սիւն­հո­դո­սը լծո­ւած էր՝ սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կել տա­լու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ իր 2003-ի սիւն­հո­դո­սա­կան նիս­տե­րու ըն­թաց­քին։ Կազ­մո­ւած էր յա­տուկ յանձ­նա­խումբ գլխա­ւո­րու­թեամբ ար­հի. Գ­րի­գոր ե­պիսկ. Կապ­րո­յեա­նի, ան­մի­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ փրոֆ. Ժան-­Բիէր Մա­հէի եւ գե­րա­պայ­ծառ հայր Լե­ւոն արք. Զէ­քիեա­նի։ Ա­նոնց ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան զոյգ գի­տա­ժո­ղով­ներ, ա­ռա­ջի­նը՝ Հ­ռո­մի Ա­րե­ւե­լեան Ուս­մանց Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան Ինս­տի­տու­տին մօտ, 2005-ի յու­նո­ւար 20-22-ին, իսկ երկ­րոր­դը՝ Լի­բա­նան, Քաս­լի­քի «­Սուրբ Հո­գի» Հա­մալ­սա­րա­նին մօտ, 2009-ի Հոկ­տեմ­բե­րին, կեդ­րո­նա­նա­լով գլխա­ւո­րա­բար Նա­րե­կա­ցիի դե­րին վրայ Հայ ծէ­սին մէջ։ Եր­կու ձեռ­նարկ­ներն ալ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րե­ցին, ըլ­լայ շնոր­հիւ հան­րա­ծա­նօթ մաս­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան, ըլ­լայ ա­նոնց գտած դրա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար հայ թէ օ­տար շրջա­նակ­նե­րու մէջ։ Մաս­նակ­ցող­նե­րու խում­բին մաս կը կազ­մէին հան­րա­ծա­նօթ աս­տո­ւա­ծա­բան­ներ, ծի­սա­գէտ­ներ ու պատ­մա­գէտ­ներ, ի շարս ո­րոնց՝ Ժե­րար Տէ­տէեան, Հ­րա­չեայ Թամ­րա­զեան, Աբ­րա­համ Տէ­րեան, Ժան-­Բիէր Մա­հէ, գե­րա­պայ­ծառ Գ­լաու­տիօ Կու­ճե­րոթ­թի, գերշ. Շա­հան արք. Սար­գի­սեան, գերշն. Մես­րոպ արք. Գ­րի­գո­րեան, գերշն. Նա­րեկ արք. Ա­լեէ­մէ­զեան, հայր Լե­ւոն վ. Զէ­քիեան, Ի­կոր Տորֆ­ման, հայր Անդ­րա­նիկ ծ.վ. Կ­ռա­նեան ե­ւայլք։

Սիւն­հո­դո­սա­կան Հայ­րե­րը, յու­սադ­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու դրա­կան ըն­թաց­քէն, կապ կը պա­հէին Հ­ռո­մի պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս Հա­ւա­տոյ Վար­դա­պե­տու­թեան պահ­պան­ման Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Կար­դի­նա­լին հետ ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար պա­հան­ջո­ւած պայ­ման­նե­րը՝ Տիե­զե­րա­կան Վար­դա­պե­տի տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­նա­լու հա­մար։ Ա­նոնց կար­գին էին գլխա­ւո­րա­բար՝ փաս­տե­րը ա­ռա­ջադ­րո­ւած ան­ձին կեան­քի սրբու­թեան ու դա­ւա­նած վար­դա­պե­տու­թեան ուղ­ղա­փա­ռու­թեան, յայտ­նուած յատ­կա­պէս ա­նոր գրու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։ Առ այդ՝ հարկ էր ներ­կա­յաց­նել ա­նոր թարգ­մա­նո­ւած գրու­թիւն­նե­րը, եւ յատ­կա­պէս «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» եւ «­Գան­ձեր եւ Տա­ղեր» հա­տոր­նե­րը, ինչ որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ շնոր­հիւ Ժան-­Բիէր Մա­հէի եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րուն։

Հարկ է նշել որ թէ՛ Նա­րե­կա­ցին եւ թէ սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը ան­ծա­նօթ չեն Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ծի­սա­գէտ­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, եր­կուքն ալ կը յի­շո­ւին հռո­մէա­կան ծի­սա­կան օ­րա­ցոյ­ցին մէջ։ Այս ի­մաս­տով ա­նոնք ի­րա­ւամբ կը սե­պուին Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ սուր­բեր։

Ինչ­պէս, կը տես­նո­ւի, ան­ցեալ տա­սը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ Սիւն­հո­դո­սա­կան Հայ­րե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­մե­նա­պա­տիւ Տէր Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Տանն Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Պատ­րիար­քին, ջանք ու ժա­մա­նակ չխնա­յե­ցին լու­սար­ձակ­նե­րը կեդ­րո­նաց­նե­լու հա­մար սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցիի ար­ժէ­քին վրայ հա­մայն քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին հա­մար։ Վե­րոն­շեալ եր­կու գի­տա­ժո­ղով­նե­րը, եւ ա­նոնց ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւած զե­կու­ցում­նե­րը զար­գա­ցու­ցին Ա­րեւ­մուտ­քի եւ ընդ­հան­րա­պէս քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին գի­տե­լիք­նե­րը սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցիի եւ ա­նոր ար­ժէ­քի մա­սին։ Շ­նոր­հիւ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ի ֆրան­սե­րէ­նով թարգ­մա­նու­թեան Ժան-­Բիէր Մա­հէի կող­մէ՝ ամ­բողջ ֆրան­սա­խօս աշ­խար­հը ծա­նօ­թա­ցաւ Նա­րե­կա­ցիին։ Սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցիի մա­սին եր­կու գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին տրո­ւած վկա­յու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար չէին կրնար ան­տար­բեր ձգել Սուրբ Ա­թո­ռը։

Սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կե­լու ա­ռա­ջար­կը հա­մա­պա­տաս­խան թղթածը­րա­րով՝ Հո­գե­ւոր Տէ­րը ան­ձամբ ներ­կա­յա­ցուց Բե­նե­դիկ­տոս ԺԶ. Քա­հա­նա­յա­պե­տին։ Ա­սի­կա բա­ւա­րար չէր ան­շուշտ։ Գոր­ծը հե­տապն­դու­մի կը կա­րօ­տէր։ Հոս կ­‘ար­ժէ յի­շա­տա­կել անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը՝ որ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ այդ գոր­ծի հե­տապն­դու­մին մէջ։ Ան՝ Հա­յաս­տա­նի, Վ­րաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի եր­բեմ­նի պա­պա­կան նո­ւի­րակն է, Մոն­սէ­նիէօր Գ­լաու­տիօ ար­քե­պիս­կո­պոս Կիւ­ճե­րոթ­թի, որ այժմ Մինս­քի ա­ռա­քե­լա­կան նո­ւի­րակն է։ Հա­յա­գէտ է, հա­յա­սէր եւ հա­յա­խօս։ Հե­ղի­նակ է Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցիի մա­սին բազ­մա­թիւ յօ­դո­ւած­նե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու։ Հո­գե­ւոր Տի­րոջ թե­լադ­րան­քով, այս հա­յա­գէտ հո­գե­ւո­րա­կա­նը մե­ծա­պէս օգ­նեց Նա­րե­կա­ցիի թղթած­րա­րի քննարկ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ վար­չա­կան ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հա­րու­մին։

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Doctor Ecclesiae տիտ­ղո­սը շնոր­հե­լու հա­մար Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղե­ցին կը պա­հան­ջէ ե­րեք հիմ­նա­կան նա­խադ­րեալ.- eminens doctrina՝ գե­րա­զանց ուս­մունք, insignis vitae sanctitas՝ ար­տա­սո­վոր սրբա­կե­ցու­թիւն եւ Ecclesiae declaratio՝ հռչա­կում Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ։ Սր­բա­դաս­ման եւ ե­րա­նաց­ման դա­տե­րու ե­պիս­կո­պոս­նե­րու ժո­ղո­վը, ո­րուն նա­խա­գահն է կար­դի­նալ Ան­ճե­լօ Ա­մա­թօ, ման­րակր­կիտ կ՛ու­սում­նա­սի­րէ ի­րեն ա­ռա­ջար­կո­ւած ան­ձի հո­գե­ւոր վաս­տա­կի, Ե­կե­ղեց­ւոյ աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան, խորհր­դա­բա­նու­թեան զար­գաց­ման հա­մար ա­նոր հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ար­ժէ­քի մա­սին փաս­տարկ­նե­րը ու հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը եւ ըստ այնմ կը կա­յաց­նէ ա­ռա­ջար­կո­ւած ան­ձին Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ տիտ­ղո­սին ար­ժա­նի ըլ­լա­լու մա­սին իր ո­րո­շու­մը, որ ար­դիւնքն է մէ­կը՝ կա­նո­նա­կան, իսկ միւ­սը աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան եր­կու յանձ­նա­խում­բե­րու դրա­կան պա­տաս­խա­նին զոր կար­դի­նալ Ա­մա­թօ փո­խան­ցեց Պա­պին։ Իսկ սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցիին այդ տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ան­վի­ճե­լի դարձ­նող 500 էջ­նոց թղթած­րա­րը պատ­րաս­տե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ մեծ է ներդ­րու­մը ա­ռա­ւե­լա­բար Պոլ­սոյ թե­մի հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նորդ եւ ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ հայր Լե­ւոն ար­քե­պիս­կո­պոս Զէ­քիեա­նին։

ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայ Կա­թո­ղի­կէ սիւն­հո­դո­սա­կան Հայ­րե­րը ա­մէն ջանք թա­փե­ցին որ­պէս­զի Նա­րե­կա­ցիին այս տիտ­ղո­սի տու­չու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, Ապ­րի­լի 12-ին, «­Սուրբ Պետ­րոս»ի Տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցո­ւե­լիք քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան սուրբ Պա­տա­րա­գին ըն­թաց­քին, ինչ որ ա­ռիթ պի­տի տայ բազ­մա­հա­զար օ­տա­րազ­գի ժո­ղո­վուր­դի ծա­նօ­թա­նա­լու հայ սուր­բին եւ ի­մա­նա­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին։

Ինչ­պէս նկա­տել կու տայ Հայ կա­թո­ղի­կէ պատ­րիար­քու­թեան Սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցի կեդ­րո­նին տնօ­րէ­նը, ո­րո­շե­լով հայ սուր­բին Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ պաշ­տօ­նա­կան հռչա­կու­մը կա­տա­րել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ «­Սուրբ Պետ­րոս»ի տա­ճա­րին մէջ 12 Ապ­րի­լին մա­տու­ցա­նե­լիք Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, Սր­բա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը լա­ւա­գոյն ա­ռիթ մը ստեղ­ծած կ­‘ըլ­լայ ե­կե­ղե­ցա­կան ազ­նո­ւա­գոյն ձե­ւով աշ­խար­հին ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րե­լու Հայ Դա­տին վրայ, աշ­խար­հին ծա­նօ­թաց­նե­լու Հայ Դա­տը։ Նա­րե­կա­ցիի մա­սին մտա­ծե­լով, քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը պի­տի կա­տա­րէ մին­չեւ 1915 եւ հարց պի­տի տայ թէ ո՞ւր է Նա­րե­կայ Վան­քը այ­սօր, ին­չո՞ւ քան­դո­ւած է ան։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա՛յ վար­դա­պե­տը կա­թո­ղի­կէ եւ ոչ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն հա­մար պի­տի հան­դի­սա­նայ հայ հնա­դա­րեան հա­րուստ մշա­կոյ­թին վրայ, մա­նա­ւանդ հո­գե­ւոր մշա­կոյ­թին, հայ միջ­նա­դա­րեան գրա­կա­նու­թեան, հայ­կա­կան հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան վրայ բա­ցո­ւող պա­տու­հան մը, ինչ որ ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ նոր գի­տա­ժո­ղով­նե­րու՝ կազ­մա­կեր­պո­ւած այս ան­գամ տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րու կող­մէ եւ ոչ միայն հա­յե­րու։ Հա՛յ Վար­դա­պե­տին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ներշնչ­ման աղ­բիւր պի­տի դառ­նան Ք­րիս­տո­սի հե­տե­ւորդ ա­մէն հա­ւա­տա­ցեա­լի, ո­րով­հե­տեւ ան՝ իր «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ով ամ­բողջ մարդ­կու­թեան մեղ­քը իր ու­սե­րուն վրայ կ՛առ­նէ, մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ ինքն իր ան­ձին մէջ։

 ՆԱՐԵԿԸ՝ ՀՐԱՒԷՐ ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ

Իսկ մե­զի, Մեծ Սուր­բի ազ­գա­կից­նե­րուս հա­մար, այս պատ­մա­կան հռչա­կու­մը, ինչ­պէս կ­‘ը­սէ Հայր Գա­զան­ճեան, նոր զար­թօն­քի ու վե­րա­նո­րո­գու­մի հրա­ւէր մը պի­տի ըլ­լայ, մա­նա­ւանդ մեր ա­նա­ռար­կե­լի ար­ժէք­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լու հրա­ւէր մը։ Մե­զի պի­տի վեր­յի­շեց­նէ որ 1915-ին չկար հայ տուն մը, հայ ըն­տա­նիք մը, որ ՆԱՐԵ­Կը չու­նե­նար, ՆԱՐԵ­Կին ներշն­չած հա­ւատ­քով զօ­րա­ցած չըլ­լար։ Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ­նե­րը ան­պայ­ման ըլ­լա­լու են հա­ւատ­քը ի­րենց մի­ջա­վայ­րին մէջ փո­խան­ցող ա­ռա­քեալ­ներ, ինչ­պի­սին ե­ղաւ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին։

Հա­ւատ­քը ընդ­հան­րա­կան է ան­շուշտ։ Ք­րիս­տոս բո­լո­րին հա­մար է։ Բայց Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին Ք­րիս­տո­սը հա­յու սնա­րին մօտ բե­րաւ, հա­յու հո­գիին մէջ դրաւ։ Հայ մշա­կոյ­թին ան­բա­ժան մա­սը դար­ձուց։ Նա­րե­կա­ցիին ներշն­չած հա­ւատ­քով զօ­րա­ցած էին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րը։ Ա­նոնք Ք­րիս­տո­սի սէ­րը սոր­ված էին Նա­րե­կա­ցիէն։

Նա­րե­կը ա­նոնց սնա­րի գիրքն էր, ա­ղօ­թա­մա­տեա­նը։ Ա­սի­կա էր որ զի­րենք հաս­տա­տեց Ք­րիս­տո­սի հա­ւատ­քին մէջ։ Շ­նոր­հիւ ա­սոր է որ մեր ժո­ղո­վուր­դը իր պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թեան, Մեծ Ե­ղեռ­նի ժա­մա­նակ չկորսն­ցուց իր հա­ւատքն ու յոյ­սը ա­պա­գա­յին հան­դէպ։ Ա­սի­կա կա­տա­րո­ւե­ցաւ Նա­րե­կա­ցիին ու­ժով։ Նա­րե­կա­ցին է որ սնու­ցա­նեց այդ սե­րուն­դը, նա­հա­տակ սե­րուն­դը, նա­հա­տակ սե­րուն­դին հա­ւատ­քը։ Ան այ­սօր մե­զի կը բե­րէ միեւ­նոյն պատ­գա­մը, որ՝ ա­նոր Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կու­մով Վա­տի­կա­նէն՝ աշ­խար­հին բո­լոր կող­մե­րը հնչող մշտա­կան ղօ­ղանջ պի­տի դառ­նայ եւ մե­զի հետ զայն պի­տի ի­մա­նայ Ք­րիս­տո­սի ա­մէն հա­ւա­տա­ցեալ։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցի Կեդ­րոն