Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րը շա­բաթ օ­րե­րը ա­զատ կ­՛ըլ­լան եւ ա­ռիթ կ­՛ու­նե­նան ի­րենց կա­րե­ւոր գոր­ծե­րը ը­նե­լու եւ այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու:

Իմ ալ հան­գիս­տի օրս էր եւ բա­րե­կա­մի մը պէտք էր հան­դի­պէի: Ուղ­ղո­ւած վայրս մօտ էր եւ շտա­պե­լու պատ­ճառ ալ չկար. նա­խընտ­րե­ցի քա­ լել զով օ­դին:

­Ճա­նա­պար­հին դի­մա­ցէն բա­րե­կա­մի մը մօ­տե­նա­լը նկա­տե­ցի, բա­րե­ւե­լէ եւ քա­նի մը վայր­կեան զրու­ցե­լէ ետք տի­րող կա­ցու­թեան շուրջ` բաժ­նո­ւե­ցանք:

­Շա­րու­նա­կե­ցի ճամ­բաս. մինչ զա­նա­զան մտա­հո­գու­թիւն­ներ կ­՛ան­հանգըս­տաց­նէր զիս, իս­կոյն նկա­տե­ցի ե­րեք ե­րե­խա­ներ, մե­ծը ե­րե­ւի հա­զիւ ի­նը տա­րե­կան էր, իսկ միւս­նե­րը` ա­ւե­լի փոքր, ի­րենց ձեռ­քին փոք­րիկ կա­պոց մը ա­րագ քայ­լե­րով կը շտա­պէին գոր­ծի` վար­ժա­րան յա­ճա­խե­լու փո­խա­րէն:

­Ցա­ւա­լի ճա­կա­տա­գիր… ի հար­կէ պա­տե­րազմն էր, որ խան­գա­րած էր ա­նոնց բնա­կա­նոն կեան­քը. քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ, իսկ մարդ ա­րա­րա­ծը ա­ւե­լի վայ­րե­նի կը դառ­նայ: ­Պէտք է ա­մէն գնով պաշտ­պա­նել ի­րա­ւազր­կո­ւած փոք­րիկ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու ի­րա­ւուն­քը… ­Սա­կայն դժո­ւար հարց է:

­Յան­կարծ ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց սիւ­նի մը վրայ զե­տե­ղո­ւած ծա­նու­ցու­մը (յա­ճախ հան­դի­պած ենք այս­պի­սի ծա­նու­ցում­նե­րու, կոր­սո­ւած է շուն կամ կա­տու մը): ­Կոր­սո­ւած էր նրբիկ կա­տու մը եւ նկա­րագ­րո­ւած էր, թէ ձա­գուկ է, ու­նի կարճ պո­չիկ… եւ ար­ձա­նագ­րո­ւած` հե­ռա­խօ­սի թի­ւի մը: ­Բա­րե­խիղճ տէ­րը իր սի­րե­լի փոք­րիկ ա­նա­սու­նը կը փնտռէր:

­Պահ մը ընդվ­զե­ցայ…

­Լա­ւա­տե­ղեակ ենք, թէ Եւ­րո­պա­յի մէջ ա­նա­սու­նը ի՛նչ ար­ժէք ու­նի…

­Սա­կայն նոյ­նինքն Եւ­րո­պան 1915-ին մնաց ան­տար­բեր եւ լուռ դի­տո­ղի դե­րին մէջ, երբ Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւ­նը` ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու հա­մար ­Հայ­կա­կան հար­ցէն, գոր­ծադ­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­մա­տա­խիլ ը­նե­լով աշ­խար­հի ե­րե­սէն ան­հե­տաց­նե­լու իր ան­մարդ­կա­յին ծրա­գի­րը: ­Ժո­ղո­վուրդ մը ամ­բողջ տե­ղա­հան կ­՛ըլ­լար եւ մի­լիոն ու կէս կը ջար­դո­ւէր, սա­կայն հա­յուն ոչ ոք ձեռք մեկ­նեց. հա­յը ա­ռան­ձին մնաց իր ահ ու դո­ղին մէջ եւ բռնի ու­ժով դուրս դրո­ւե­ցաւ իր սուրբ հո­ղէն` հայ­րե­նի­քէն:

Այ­սօր ալ ոչ միայն Եւ­րո­պան, այլ ամ­բողջ աշ­խար­հը ա­կա­նա­տես է եւ լուռ դի­տո­ղի դե­րին մէջ է` մեր օ­րե­րուն կա­տարուող մարդ­կա­յին ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու դէմ (ինչ­պէս` սպանդ, ջարդ, տե­ղա­հա­նու­թիւն, ա­րո­ւես­տի գոր­ծե­րու կոր­ծա­նում…): Սկ­սայ Աս­տու­ծոյ դի­մե­լով` խօ­սիլ. «Այս ի՛նչ դա­ժան օ­րե­րու մէջ ենք, ­Տէր Աս­տո­ւած, քու ստեղ­ծած մարդդ դար­ձած է ա­նար­ժէք, իսկ չար­հո­գի մար­դիկ գա­զա­նի շա­պիկ կրած` պաղսր­տու­թեամբ ու ար­հա­մար­հան­քով, հան­գիստ, կը սպան­նեն ի­րենց նմա­նը` մար­դը:

Կ­՛ապ­րինք այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշըր­ջան մը, ուր կան ան­պա­տաս­խա­նա­տու եւ ոճ­րա­գործ ծնող­ներ, ո­րոնք այն­քան կը չար­չա­րեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը, որ վեր­ջին­նե­րուն հա­մար ապ­րի­լը ա­նի­մաստ կը դառ­նայ, ա­նոնց­մէ ո­մանք նոյ­նիսկ կրնան դրա­մի փո­խա­րէն` վա­ճա­ռել այդ ան­մեղ հո­գի­նե­րը…

ԶԷՆՔԸ բո­լո­րին ձեռ­քը դար­ձած է խա­ղա­լիք:

Ա­մե­նա­կա­րող եւ բա­րի­քի աղ­բիւր Աս­տո­ւած, ­Ձե­զի կը դի­մեմ` իբ­րեւ մեր փրկի­չին ու բո­լո­րին պա­հա­պան հօ­րը:

­Գի­տա­կից ենք, թէ ան, որ Աս­տո­ւած կը մեր­ժէ, մեղ­քեր կը գոր­ծէ:

Ուս­տի ա­նըն­դու­նե­լի եւ մեր­ժե­լի կը գտնենք մար­դու կող­մէ մար­դու շա­հա­գոր­ծու­մը, նո­ւաս­տա­ցու­մը, ի­րա­ւազր­կու­մը եւ զէն­քի ու բռնի ու­ժով ոչն­չա­ցու­մը:

Ար­դա­րու­թիւն եւ խա­ղա­ղու­թիւն կ­՛ու­զենք հա­մայն աշ­խար­հին: ­Մա­նա­ւանդ չեն ըն­դու­նիր եր­բեք, երբ կը խլո­ւի ման­կան կա­պոյտ երկն­քի տակ եր­ջա­նիկ, ու­րախ ու ա­զատ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը:

­Մենք` հա­յերս, լաւ գի­տենք, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ ման­կու­թիւն չու­նե­ցող մար­դիկ:

­Հե­քիաթ­նե­րը ստեղ­ծո­ւած են ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար եւ մե­ծերն են, որ փոք­րե­րուն պի­տի պատ­մեն, իսկ ես երբ պա­տա­նի էի (12-13 տա­րե­կան), Ղ. Ա­ղա­յեա­նի եւ Յ. ­Թու­մա­նեա­նի ման­կա­կան հե­քիաթ­նե­րը ինքս կը պատ­մէի մեծ մօրս, ան­շուշտ` ոչ հա­յե­րէ­նով, ո­րով­հե­տեւ թրքա­խօս էր. հիա­ցած ու զար­մա­ցած` մտիկ կ­՛ը­նէր եւ կը հրճո­ւէր ե­րե­խա­յի պէս:

Երբ խե­լա­հաս դար­ձայ, ար­դէն իսկ կեան­քէն հե­ռա­ցած էին մեծ հայրս ու մեծ մայրս, եւ անդ­րա­դար­ձայ, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ ան­հա­տի մը կեան­քէն խլել ման­կու­թիւ­նը եւ ման­կա­կան աշ­խար­հը պղտո­րելն ու թու­նա­ւո­րե­լը: ­Կամ թէ, մեծ հօրս պա­րա­գա­յին,  գեր­դաս­տան մը ամ­բողջ ոչն­չա­ցած տես­նել եւ կեան­քի մէջ ա­ռան­ձին մնալ:

­Փոքր տա­րի­քէս լսած եմ մեծ հօրս` Ե­ղեռ­նի մա­սին պատ­մած­նե­րը եւ լաւ ըմբռ­նած եմ, թէ` «ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ ողջ հա­յու­թեան սրտին մխրճո­ւած դա­շոյ­նի հա­րո­ւած մըն էր»: Իմ մեծ մօրս պէս շա­տեր զրկո­ւե­ցան ի­րենց ե­րա­զա­յին աշ­խարհ ման­կու­թե­նէն, երբ 1915 թ­.ին վայ­րագ թուր­քե­րու կող­մէ բռնի տե­ղա­հա­նո­ւե­ցան ի­րենց հայ­րե­նի հո­ղէն, տու­նէն ու հայ­րե­նի­քէն:

Ա­նոնց­մէ ման­կու­թիւ­նը խլող­նե­րը վայ­րագ մար­դաս­պան­ներ էին, ո­րոնց հո­գիին մէջ կը պակ­սէր բա­րիին հան­դէպ սէրն ու մարդ­կա­յին գի­ծե­րը, ո­րոնք կը նա­խընտ­րէին` անբ­նա­կա­նոն կեանք, ջարդ, սպանդ ու կո­տո­րած: Այ­սօր ալ կան այդ­պի­սի ան­մարդ­կա­յին ու գա­զա­նա­յին ու­ղե­ղով մար­դոց խմբակ­ներ:

ՄԵՆՔ հա­ւա­տա­ցած ենք, որ օր մը ար­դա­րու­թիւ­նը պի­տի  յաղ­թէ եւ ոչ մէկ ուժ մեր պայ­քա­րի ու աշ­խա­տան­քի թափն ու յա­ռա­ջըն­թա­ցը պի­տի կրնայ կա­սեց­նել: ­Մեր նպա­տա­կին կը հաս­նինք հզօր կամ­քով, սուր պայ­քա­րով եւ միաս­նա­կա­նու­թեամբ: ­Բո­լորս ձեռք ձեռ­քի տա­լով եւ մեր ջան­քե­րով է, որ պի­տի յաղ­թա­նա­կենք:

­Մեծ ե­ղեռ­նի 100-ա­մեակն է. ուս­տի հայ­րե­նիք, սփիւռք միա­կամ` ցոյց տանք ողջ աշ­խար­հին, որ հա­յը ե­ղեր է, կայ ու պի­տի մնայ:

«Ծ­նած ենք հայ, կը մնանք հայ. կեան­քի գնով գի­տենք պաշտ­պա­նել հա­ւատք, մայ­րե­նի լե­զու եւ սուրբ հայ­րե­նիք»:

Զար­մի­նէ ­Կա­նա­չեան-Աս­մի­նեան