Թուրքիոյ յայտնի ռոք երգիչ Եաշար Քուրթը հոգիով միշտ յեղափոխական եղած է: Ան մասնակցած է հակակառավարական ցոյցերու, զայն ձերբակալած են եւ նոյնիսկ դատապարտած՝ ազատազրկման: Անոր երգերը ընկալուած են որ պէս այլախոհութեան խորհրդանիշ, հնչած են` որպէս պատերազմներու, բռնութեան, կրօնական անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի քայլերգ: Թուրքիոյ մէջ ոչ ոք զարմացաւ, երբ 2008-ի Հոկտեմբերին Եաշարը առանց երկմտելու ստորագրեց յայտնի դիմումը, որուն հեղինակները ներողութիւն կը խնդրէին հայերէն` Ցեղասպանութեան հարցով իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան համար: Ա՜յ եթէ ան իմանար այն ժամանակ, որ ինք իրմէ ներողութիւն կը խնդրէ…
Եաշարը 40 տարեկան էր, երբ իմացաւ, որ ինքն ալ հայ է: Ան շատոնց կը նկատէր, որ կը տարբերի շրջապատող մարդոցմէ. թուրքի նման չէ: Բայց ծնողները շարունակ կը թաքցնէին իրենց ընտանիքին ծագման պատմութիւնը: 2009-ին արդէն յայտնի երաժիշտ Եաշարը առաջին անգամ համերգով Երեւան եկած էր. «Հայաստանի մէջ շատ հարազատ մթնոլորտ էր,-կը յիշէ Եաշարը,-օր մը` փողոցներով կը զբօսնէի, խանութէ մը գնեցի հայ մեծ երգահան Կոմիտասի երաժշտութեան սկաւառակը: Նկատեցի, որ սկաւառակին վրայ պատկերուած Կոմիտասը ինծի շատ կը նմանի: Այնքան նման էր, որ ինծի թուաց, թէ սկաւառակին վրայ իմ լուսանկարս է: Ապշած էի` ինչո՞ւ այսչափ հայու նման եմ, եթէ թուրք եմ: Ինչո՞ւ կ՛արտասուիմ, երբ հայկական երաժշտութիւն կը լսեմ»:
Պոլիս վերադառնալուն պէս ան գնաց հօր մօտ եւ պահանջեց, որպէսզի պատմէ ամբողջ ճշմարտութիւնը իր ընտանիքին մասին, որքան ալ անիկա դաժան ըլլայ: Պատմութիւնը աւելի ողբերգական էր, քան Եաշարը կրնար ակնկալել: Պարզուեցաւ, որ անոր նախնիները ապրած են Վանի շրջանի՝ հայկական Անձար գիւղին մէջ: 1895 թուականին` հայերու առաջին ջարդերուն ժամանակ, կոտորուած է ամբողջ ընտանիքը: Ողջ մնացած է միայն Իսմայիլ անունով 9-ամեայ տղան, որ ոտքով հասած է մինչեւ Սեւ ծով, ուր բարի մարդիկ անոր ապաստան տուած են: Այդ տղան Եաշարին նախապապն է: Յատկանշական է, որ համշէնական գիւղին մէջ, ուր ան յայտնուած էր եւ ուրկէ ընտրած է իր հարսնցուն, կ՛ապրէին իսլամացած հայերու յետնորդներ: Այսինքն` Եաշարին նախատատը, ըստ երեւոյթին, ծագումով նոյնպէս հայ էր, ինչպէս եւ երգիչին տատը, որուն հետ ամուսնացած է Իսմայիլի որդին, ինչպէս եւ մայրը, որ նոյնպէս Համշէն ծնած է:
Եաշարին հոգիին մէջ յեղաշրջում տեղի ունեցաւ: Լոյս սփռելով իր ընտանիքի պատմութեան մութ էջերուն վրայ` ան հասկցաւ, թէ իրականութեան մէջ ինչով պայմանաւորուած էր ստեղծագործելու շարժառիթ հանդիսացող անոր ներքին բողոքը: Դիւրին չէ 40 տարեկանին նոր կեանք սկսիլ: Եաշարը դեռ պէտք է ինքն իրեն գտնէր հայերուն մէջ: Ան սկսաւ հայոց լեզու սորվիլ, Հայաստանի պատմութեան մասին գիրքեր կարդալ:
Քէոլնի հայկական եկեղեցիին մէջ կնքուելով` Եաշարը այլեւս Արշակ Քուրթն է:
«Բարձրաձայն յայտարարելով, որ ես այլեւս հայ եմ, բազմաթիւ թշնամիներ ձեռք բերի, – կը պատմէ ան,- ինծի երես դարձուցին նոյնիսկ անոնք, որոնց ես ընկեր կը համարէի: Յայտնուեցան մարդիկ, որոնք ըսին` թէ, եթէ հայ ես, հեռացիր Հայաստան: Ինծի դժուար էր բացատրել, որ եթէ ես հայ եմ, ապա այստեղ է իմ տունս: Իմ նախնիներուս հայրենիքը անոնց կամքէն անկախ այս երկրի մաս դարձած է: Հակառակ ատոր, հայերը այս երկրի համար այնքան դրական բաներ ըրած են, որ ես առանց քաշուելու կրնամ հպարտանալ իմ ծագումովս»:
Եաշար Քուրթը վառ օրինակ է, թէ ինչպէս Թուրքիոյ մէջ սակաւաթիւ հայերը, սարսափելի ողբերգութիւն վերապրելով, մինչեւ այսօր կը շարունակեն նկատելի ներդրում ունենալ Թուրքիոյ մշակոյթի զարգացման մէջ: Առաջին հերթին սա երաժշտութեան կը վերաբերի: Թուրքիոյ արդի երաժշտութիւնը անհնար է առանց հայերու պատկերացնել: Չեմ սխալիր, եթէ ըսեմ, որ մեր հայրենակից Հայկօ Չեփքինը թրքական ռոքի ամենավառ աստղն է: Թուրք ռոք երաժիշտներէն ան թերեւս միակն է, որ յայտնի է արտասահմանի մէջ: Թրքական էստրատայի ամենայայտնի աստղերը իրենց ասպարէզին համար պարտական են յայտնի արտադրող եւ գործիքաւորող, ազգութեամբ հայ Օնօ Թունճին: Երաժշտական քննադատները կը պնդեն, որ անկէ առաջ փոփ երաժըշտութիւն, որպէս այդպիսին, Թուրքիոյ մէջ չէ եղած: Յայտնի թուրք երգահան Չենք Թաշքանի իսկական անունը Մաժակ Թոշիկեան է. ան կեղծանուն ընտրած է, որպէսզի խուսափի պետական գրաքննութենէն: Թոշիկեանի հեղինակած երգերը համաշխարհային հռչակ պարգեւած են հանրայայտ երգչուհիներ Սեզէն Աքսուին, Աժտա Փեքքանին, Նուքհետ Տուռուին: Սիպիլ Փեքթորոսօղլուն` Չենք Թաշքանի երգերու լաւագոյն կատարողներէն մէկը, նոյնպէս հայ է: Ահա այսպէս, Մեծն Կոմիտասի հայրենակիցները, ի հեճուկս երիտթուրք յանցագործներու ծրագիրներուն, կը շարունակեն ապրիլ եւ ստեղծագործել Պոսֆորի ափերուն:
«Կոմիտասին շատ բանով պարտական եմ: Եթէ ան չըլլար, թերեւս չիմանայի ալ, որ հայ եմ: Կոմիտասի շնորհիւ գտայ ես ինծի, ձեռք բերի ներդաշնակութիւն եւ վերադարձուցի հաւատքս», – կ՛ընէ Եաշար Քուրթը:
Արտեոմ Երկանեան