Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հա­յե­րու կա­պը Փա­րի­զի հետ կը սկսի Խա­չա­կիր­նե­րու շրջա­նէն։ Զո­ւարթ­նո­ցի տա­ճա­րի ման­րա­կեր­տը փո­րագ­րո­ւած է Փա­րի­զի կեդ­րո­նը գտնո­ւող Սէնթ Շա­փէլ մա­տու­ռի դրան վրայ, Նո­յեան Տա­պա­նին վրայ հանգ­չած դիր­քով։ Հա­յե­րու կա­պը Ֆ­րան­սա­յի հետ կը սկսի Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան շրջա­նէն, ո­րու ան­կու­մէն՝ 1375-էն ետք հա­յոց վեր­ջին թա­գա­ւո­րը՝ Լե­ւոն Լու­սի­նեան (Lusignan) կը հաս­տա­տո­ւի Ֆ­րան­սա եւ կը մա­հա­նայ Թուռ­նե­լի մէջ 1393-ին, եւ ո­րու գե­րեզ­մա­նը մին­չեւ հի­մա կը գտնո­ւի Սէն Տը­նիի Մայր Տա­ճա­րին մէջ։

1799-ին Նա­փո­լէոն Ա­րե­ւե­լեան Լե­զու­նե­րու Հիմ­նար­կին մէջ ստեղ­ծեց հա­յե­րէն լե­զո­ւի բա­ժի­նը։ 1850-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն Կ. Պո­լի­սէն Նա­հա­պետ Ռու­սի­նեան բժշկու­թիւն ու­սա­նե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ։ Այդ ըն­թաց­քին ան ներշն­չո­ւե­լով «Եր­թամ տես­նեմ իմ Նոր­ման­տին» եր­գէն, այդ եր­գը հա­յե­րէ­նի կը վե­րա­ծէ, գրե­լով հռչա­կա­ւոր «­Կի­լի­կիա» կա­րօ­տի եր­գը։ Հայ գրա­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը յա­ճա­խէին լա­տի­նա­կան թա­ղա­մա­սը, ուր «­Սա­մո­ւէ­լեան» գրա­տու­նը 1930-էն մին­չեւ մեր օ­րե­րը դար­ձած էր հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ հայ գրքի սի­րա­հար­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը։

1860 թո­ւա­կա­նէն ար­դէն պա­տա­րագ կը մա­տու­ցո­ւէր Tournon փո­ղո­ցի յար­կա­բաժ­նի մը մէջ, ա­պա 1865-ին՝ Մոն­փառ­նաս պո­ղո­տայ 135, ա­ւե­լի ուշ՝ 1875-ին հո­գա­բար­ձու­թիւն մը կը կազ­մուի, նստա­վայր ու­նե­նա­լով Վիէն փո­ղոց թիւ 20-ը։ 1900 թո­ւա­կա­նին հայ­կա­կան հա­մայն­քի թի­ւը ար­դէն կը հաս­նէր 1000 հո­գիի։ 1848-1914 122 հայ ու­սա­նող­ներ հաշո­ւ­ուած են Փա­րի­զի մէջ։ Ժան Կու­ժոն փո­ղո­ցի հայ­կա­կան հո­յա­կապ ե­կե­ղե­ցին սկսած է կա­ռու­ցո­ւիլ 1902-ին եւ օ­ծո­ւած է 1904-ին։

Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած գաղ­թա­կան­նե­րը կը սկսին ժա­մա­նել 1923-ին։ Պել­վի­լը, որ ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ հնչիւ­նա­փո­խու­թեամբ կը կո­չո­ւէր նաեւ Պեվ­լիլ, պի­տի ըլ­լար գաղ­թա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նը, եւ ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ պի­տի ըլ­լար կօշ­կա­կա­րու­թեան կեդ­րո­նը։

Մօ­տա­կայ­քը կը գտնո­ւի Փեր Լա­շէ­զի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր թա­ղո­ւած են Զօ­րա­վար Անդ­րա­նիկ եւ բազ­մա­թիւ այլ մե­ծա­նուն հա­յեր։ Ոչ շատ հե­ռու՝ կը գտնուի Մա­նու­շեան Խում­բի փո­ղո­ցը։ Ուրիշ մե­ծա­նուն հա­յի մը՝ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը 1935-ին դար­ձեալ տակ­նուվ­րայ պի­տի ը­նէր հայ­կա­կան հա­մայն­քը։ Անձ մը՝ որ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գին ներ­կա­յաց­նող եր­գե­րը փրկած էր կո­րուս­տէ։ Այ­սօր Կո­մի­տա­սի ար­ձա­նը կանգ­նած է Սէն գե­տի ա­փին, որ­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձան։

Զա­պէլ Ե­սա­յեան իր աղ­ջի­կը՝ Սո­ֆին կը ծննդա­բե­րէ Պո­տը­լոք հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ 1901-ին։ Գ­րի­գոր Զօհ­րապ իր պատ­մո­ւածք­նե­րէն մէ­կուն մէջ կը յի­շէ իր կե­ցու­թիւ­նը Փա­րի­զի մէջ։ Նու­պա­րեան գրա­դա­րա­նը կը գտնո­ւի Ալ­պիո­նի հրա­պա­րա­կին վրայ։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը Ք­լե­պէր պո­ղո­տա­յին վրայ ու­նէր իր նստա­վայ­րը, ուր­կէ կը ղե­կա­վա­րէր գաղ­թա­կան­նե­րու տե­ղա­ւո­րու­մը եւ կը զբա­ղէր ա­նոնց հար­ցե­րով։ Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ հա­յե­րը Ապ­րիլ 24-ին կը հա­ւա­քո­ւէին Շանզ՚Է­լի­զէի հրա­պա­րա­կին վրայ ու թա­փօ­րով կ­՚եր­թա­յին նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կի կրա­կը բո­ցա­վա­ռե­լու։

Հա­յե­րը մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն էին Ք­լի­նիան­քու­րի ժո­ղովր­դա­կան շու­կա­յին մէջ, որ գաղ­թա­կան­նե­րու կող­մէ հնչիւ­նա­փո­խու­թեամբ կը կո­չո­ւէր նաեւ Ք­րիան­քուր։

Հռ­չա­կա­ւոր է հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը 9-րդ թա­ղա­մա­սին մէջ, որ ար­դէն իսկ գաղ­թա­կան­նե­րու ժա­մա­նու­մէն ա­ռաջ ար­հես­տա­ւոր­նե­րու կեդ­րոն էր (դեր­ձակ­ներ, ոս­կե­րիչ­ներ, ա­դա­ման­դա­գործ­ներ)։

Սի­նե­մա Ռեք­սի առ­ջեւ, Փո­ւա­սո­նիէր պո­ղո­տայ թիւ 1 (այժմ քան­դո­ւած) կը գտնո­ւէր Սե­մեր­ճեա­նի գոր­ծա­տու­նը կամ սթիւ­տիօ Ֆե­պիւս՝ Կ. Պոլ­սոյ իր վար­պե­տին ա­նու­նով։ Այս խաչ­մե­րու­կին վրայ 1954-ի ձմրան ինք­նա­շար­ժի ար­ծա­կի զոհ գնաց հայ մշա­կոյ­թի ան­խոնջ գոր­ծիչ Ար­շակ Չո­պա­նեա­նը, որ կը բնա­կէր 9-րդ թա­ղա­մա­սի հիւ­սի­սա­յին շրջա­նը։ Այս խաչ­մե­րու­կին սահ­մա­նա­կից էր Սան­թիէն, ուր Ա­պու­քիր եւ Ք­լե­րի փո­ղոց­նե­րուն մէջ կը գոր­ծէին կեր­պա­սի եւ հիւսուա­ծե­ղէ­նի վա­ճա­ռա­կան­նե­րը։

Մոն­մարթ­րի փո­ղո­ցէն դէ­պի Ռէո­միւր գտնո­ւող շէն­քե­րուն մէջ կը գոր­ծէին կարգ մը օ­րա­թեր­թեր, ուր կ­՚աշ­խա­տէին բազ­մա­թիւ հա­յեր։ Պո­ռա­լով վա­ճա­ռող­նե­րէն մին կը կո­չո­ւէր «­Փը­թի Փա­րի­զիէն», ո­րով­հե­տեւ այդ թեր­թի ա­նու­նը պո­ռա­լով կը հատ­ցը­նէր իր շուն­չը։ Տ­պա­րան­ներ եւ զին­կի վրայ փո­րագ­րող­ներ ալ կա­յին շրջա­նին մէջ։ Այդ գոր­ծի նշա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն էր մե­ծա­նուն գրող Նի­կո­ղոս Սա­րա­ֆեա­նը։ Դի­մա­ցը՝ Ֆո­պուր Մոն­մարթր փո­ղո­ցին մէջ կը գոր­ծէին հայ ար­հես­տա­ւոր վար­պետ­նե­րը, ո­րոնց «ձեռ­քէն ա­մէն բան կու գար»։ Ա­րա­մի գոր­ծա­տե­ղին կը գտնո­ւէր թիւ 15-ի վրայ։ Մեր հայ­րե­րը հռչա­կա­ւոր էին ի­րենց ճար­տա­րու­թեամբ եւ նո­ւի­րու­մով։ Ա­րա­մի ա­շա­կերտն էր Օ­հան Թուհ­տա­րեա­նը, որ յե­տա­գա­յին պի­տի փայ­լէր Ժան Վան­տո­մի ստո­րագ­րու­թեամբ եւ ֆրան­սա­կան ոս­կեր­չու­թիւ­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէր 1964-ի Օ­սա­քա­յի հա­մաշ­խար­հա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին։ Քիչ ան­դին կը գտնո­ւէր Տ­րո­ւօ կեդ­րո­նը, ուր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րէն շա­տեր կը գնէին ու կը վե­րա­վա­ճա­ռէին գո­հա­րե­ղէն­ներ եւ զար­դա­յին ա­նօթ­ներ։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կը կո­չէին «ոտ­քի վրայ գոր­ծել», ա­ռանց խա­նու­թի։ Chauchat փո­ղոց թիւ 16 կը գտնո­ւէր լու­տե­րա­կան ե­կե­ղե­ցին, ուր կը յա­ճա­խէին հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան­նե­րը։ Կա­թո­ղի­կէ հա­յոց մա­տու­ռը կը գտնո­ւէր 5-րդ թա­ղա­մա­սին մէջ՝ Թո­ւէն փո­ղոց։

Հայ­կա­կան ե­ռու­զե­ռով լե­ցուն էր Թ­րե­վիզ փո­ղո­ցը։ Թիւ 9-ի վրայ կը գտնո­ւէր Բա­լո­ւեան գրա­տու­նը։ Ինք բա­նաս­տեղծ էր, ար­հես­տով կօշ­կա­կար, որ ձեռ­նար­կած էր «­Զո­ւարթ­նոց» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան։ Քա­նի մը հայ նպա­րա­վա­ճառ­ներ կա­յին, ո­րոնց­մէ վեր­ջի­նը՝ «Հ­րա­չեան»ը տա­կա­ւին կը գոր­ծէ Լա­մար­թին փո­ղո­ցին մէջ։ Ա­նու­շա­վա­ճառ «Au duc de Trévise» կը գտնո­ւէր Թ­րե­վիզ 32, ուր կը գտնո­ւէր Հայ Ազ­գա­յին Տու­նը իր զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րով։

Ռի­շէ փո­ղո­ցին մէջ կա­յին բազ­մա­թիւ հայ ար­հես­տա­ւոր­ներ, գրող­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, գծագ­րիչ­ներ, տպա­րան­ներ։ Ա­րիս­տո­տէ­լի խօս­քով՝ «­Ձեռ­քը մտքի շա­րու­նա­կու­թիւնն է»։ Ինչ­պէս վե­րը նշե­ցինք՝ Նի­կո­ղոս Սա­րա­ֆեա­նը իր «­Վեն­սե­նի Ան­տա­ռը» գոր­ծին մէջ հիա­նա­լիօ­րէն կը նկա­րագ­րէ այս փո­ղո­ցը, թա­ղա­մա­սը, ար­մա­տա­խիլ ե­ղած հայ գաղ­թա­կան­նե­րու կեան­քը։

Քա­տէ փո­ղո­ցը մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու քիմ­քի նա­խա­սի­րած վայրն էր։ Թիւ 14-ի վրայ կար «Ոս­կե­րիչ­նե­րու Ա­կումբ»ը, Club des diamantaires. Թիւ 8-ի վրայ կը գտնո­ւէր Գե­ղա­մի փոք­րիկ ճա­շա­րա­նը՝ Chez Kégham. Սուր­ճի ժա­մա­նակ Գե­ղամ կը խօ­սէր հայ մշա­կոյ­թի հարս­տու­թեան մա­սին։

Շա­թո­տէօն եւ Պիւ­ֆօ փո­ղոց­նե­րուն մէջ կա­յին հայ ոս­կե­րիչ­ներ։ Ին­ճի­ճեա­նը թան­կա­գին քա­րե­րու վա­ճա­ռա­կան էր La Tour d’Auvergne փո­ղո­ցին վրայ։

Լա­ֆա­յէթ փո­ղո­ցին վրայ կը գտնո­ւի ա­մե­նա­հին եւ ազ­նո­ւա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը՝ «Աղ­քա­տախ­նամ»ը, ո­րու ըն­կե­րա­յին օգ­նու­թիւ­նը անգ­նա­հա­տե­լի կը մնայ։ «­Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թը, նոյն­պէս կա­րե­ւո­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւն, կը հիմ­նո­ւի 1925-ին Շա­ւարշ Մի­սա­քեա­նի կող­մէ, ո­րու ա­նու­նով կո­չո­ւե­ցաւ Մոն­թո­լոն հրա­պա­րա­կի դի­մա­ցի փոք­րիկ հրա­պա­րա­կը։ Զա­նա­զան տե­ղեր փո­խադ­րո­ւե­լէ ետք ի վեր­ջոյ «­Յա­ռաջ»ը հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Hauteville փո­ղո­ցին մէջ, 10-րդ թա­ղա­մաս, 9-րդի ան­մի­ջա­պէս կից։ Այ­սօր «­Նոր Յա­ռաջ»ը կը շա­րու­նա­կէ նոյն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Փա­րի­զեան մեր այս փոք­րիկ շրջապտոյ­տը ա­ւար­տենք Bleue փո­ղո­ցին մէջ, թիւ 17, ուր կը գտնո­ւի Հայ Մ­շա­կոյ­թի Տու­նը, ուր կը գոր­ծեն կարգ մը միու­թիւն­ներ եւ փոքր ճա­շա­րան մը հայ­կա­կան մթնո­լոր­տի մէջ։

1960-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն Հայ­կա­կան Փա­րի­զը հետզ­հե­տէ կորսն­ցուց իր ջեր­մու­թիւ­նը։ Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին այս աշ­խար­հէն մեկ­նե­ցան հին սե­րուն­դի մար­դի­կը, ո­րոնք հայ­րե­նի հո­ղէն ի­րենց հետ բե­րած էին ի­րենց հնա­րամ­տու­թիւնն ու ստեղ­ծա­գործ ո­գին, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ստեղ­ծած էին ի­րենց գոր­ծա­ծած լե­զուն, որ խառ­նուրդ մըն էր հա­յե­րէ­նի, թրքե­րէ­նի եւ ֆրան­սե­րէ­նի։ Քա­տէ 14-ի Ոս­կե­րիչ­նե­րու Ա­կում­բը խա­ղա­տան վե­րա­ծո­ւե­ցաւ։ Ան­ցեա­լի մթնո­լոր­տը եւ շրջա­նի հայ­կա­կան գոր­ծա­տե­ղի­նե­րը չքա­ցան, թէեւ ա­նոնց­մէ ո­մանք մին­չեւ հի­մա կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, Կ. Պո­լի­սէն կամ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ե­կած հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­մէ։

Հայ-ֆրան­սա­կան կա­պե­րու եւ Ֆ­րան­սա­յի մէջ հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թեան մա­սին լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած են Գ­րի­գոր Պը­լը­տեան, Ա­նա­հիտ Տէր Մի­նա­սեան, Ք­լոտ Մու­թա­ֆեան, Ա­նոյշ Քունթ, Ծո­վի­նար Գե­ւո­նեան եւ ու­րիշ­ներ։

Հայկ Տէր Յա­րու­թիւ­նեան
Հա­յա­ցուց՝ Գ. Դ.