Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ող­բեր­գա­կան դրո­ւա­գէն աս­դին թա­ւա­լած է տա­րի մը…:

Մարտ 21, 2014-ին ալ, օգ­տո­ւե­լով քա­նի մը տա­րիէ ի վեր Սու­րիոյ մէջ խախ­տո­ւած ան­դոր­րու­թե­նէն եւ տի­րող

ա­նիշ­խա­նա­կան կա­ցու­թէ­նէն, Թուր­քիոյ եւ …բնա­կա­նա­բար թրքա­կան դրդում­նե­րով, մա­տա­կա­րա­րու­մով եւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցան ներ­թա­փան­ցում­ներ, ո­րոնց ծա­ւալն ու գոր­ծած ա­ւե­րը, ե­ղաւ սպասուա­ծէն շատ ա­ւե­լի քան­դիչ եւ ա­հա­ւոր:
Ան­գամ մը եւս հա­յոր­դին, այս պա­րա­գա­յին Քե­սա­պա­հա­յը ստի­պո­ւած էր…­գէթ ա­նո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար, հե­ռա­նալ իր շատ սի­րե­լի եր­դի­քէն ու հո­ղէն:

Յա­ջոր­դող օ­րե­րուն, ե­թէ Քե­սա­պէն ներս զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն ու ընդ­հա­րում­նե­րը սաստ­կա­ցած էին, նոյն­քան սաստ­կա­ցած էին հա­յու­թեան վիշտն ու բո­ղո­քը:

Բա­րե­բախ­տա­բար, եր­կար չտե­ւեց այս ար­դի օ­րե­րու «­Սել­ճու­քեան» ար­շա­ւան­քը, եւ հա­զիւ ե­րեք ա­միս ան­ցած, Յու­նիս 15, 2014-ին տա­րա­ծաշր­ջա­նը պար­պո­ւե­ցաւ խու­լի­կան­նե­րէ, ո­րոնք այս ան­գամ կեդ­րո­նա­ցած էին, ա­ւե­լի Ա­րե­ւե­լեան թրքա­կան սահ­մա­նէն ներս՝ Ա­րա­բու­նա­րի (­Քո­պա­նի) շուրջ, ուր շատ ա­ւե­լի եր­կար տե­ւեց ճա­կա­տու­մը…:

Պատ­մու­թիւնն էր որ ինք­զինք կը կրկնէր եւ ա­ւե­լի յստակ ըլ­լա­լու հա­մար, պատ­մու­թեան սեւ ու մռայլ է­ջերն էին ո­րոնք կը կրկնո­ւէին:

13-րդ­ եւ 14-րդ դա­րաշր­ջան­նե­րուն, հա­յոր­դին զերծ մնա­լու հա­մար Մամ­լու­քեան եւ Օս­մա­նեան ար­շա­ւանք­նե­րէն, եւ ա­նոնց յա­ջոր­դող կո­տո­րած­նե­րէն եւ հա­լա­ծանք­նե­րէն, կը հե­ռա­նար իր օ­ճա­խէն ու բնա­կա­վայ­րէն, եւ կ­՛ա­պաս­տա­նէր ա­ւե­լի լեռ­նա­յին շրջան­ներ, ո­րոնց կար­գին յատ­կա­պէս՝ Մու­սա Լեռ եւ Քե­սապ:

Տա­րի մը ա­ռաջ էր…­Քե­սա­պի վ­րայ կա­տա­րո­ւած ներ­խու­ժու­մը

Ող­բեր­գա­կան դրո­ւա­գէն աս­դին թա­ւա­լած է տա­րի մը…:

Մարտ 21, 2014-ին ալ, օգ­տո­ւե­լով քա­նի մը տա­րիէ ի վեր Սու­րիոյ մէջ խախ­տո­ւած ան­դոր­րու­թե­նէն եւ տի­րող ա­նիշ­խա­նա­կան կա­ցու­թէ­նէն, Թուր­քիոյ եւ …բնա­կա­նա­բար թրքա­կան դրդում­նե­րով, մա­տա­կա­րա­րու­մով եւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցան ներ­թա­փան­ցում­ներ, ո­րոնց ծա­ւալն ու գոր­ծած ա­ւե­րը, ե­ղաւ սպասուա­ծէն շատ ա­ւե­լի քան­դիչ եւ ա­հա­ւոր:
Ան­գամ մը եւս հա­յոր­դին, այս պա­րա­գա­յին Քե­սա­պա­հա­յը ստի­պո­ւած էր…­գէթ ա­նո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար, հե­ռա­նալ իր շատ սի­րե­լի եր­դի­քէն ու հո­ղէն:

Յա­ջոր­դող օ­րե­րուն, ե­թէ Քե­սա­պէն ներս զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն ու ընդ­հա­րում­նե­րը սաստ­կա­ցած էին, նոյն­քան սաստ­կա­ցած էին հա­յու­թեան վիշտն ու բո­ղո­քը:

Բա­րե­բախ­տա­բար, եր­կար չտե­ւեց այս ար­դի օ­րե­րու «­Սել­ճու­քեան» ար­շա­ւան­քը, եւ հա­զիւ ե­րեք ա­միս ան­ցած, Յու­նիս 15, 2014-ին տա­րա­ծաշր­ջա­նը պար­պո­ւե­ցաւ խու­լի­կան­նե­րէ, ո­րոնք այս ան­գամ կեդ­րո­նա­ցած էին, ա­ւե­լի Ա­րե­ւե­լեան թրքա­կան սահ­մա­նէն ներս՝ Ա­րա­բու­նա­րի (­Քո­պա­նի) շուրջ, ուր շատ ա­ւե­լի եր­կար տե­ւեց ճա­կա­տու­մը…:

Պատ­մու­թիւնն էր որ ինք­զինք կը կրկնէր եւ ա­ւե­լի յստակ ըլ­լա­լու հա­մար, պատ­մու­թեան սեւ ու մռայլ է­ջերն էին ո­րոնք կը կրկնո­ւէին:

13-րդ­ եւ 14-րդ դա­րաշր­ջան­նե­րուն, հա­յոր­դին զերծ մնա­լու հա­մար Մամ­լու­քեան եւ Օս­մա­նեան ար­շա­ւանք­նե­րէն, եւ ա­նոնց յա­ջոր­դող կո­տո­րած­նե­րէն եւ հա­լա­ծանք­նե­րէն, կը հե­ռա­նար իր օ­ճա­խէն ու բնա­կա­վայ­րէն, եւ կ­՛ա­պաս­տա­նէր ա­ւե­լի լեռ­նա­յին շրջան­ներ, ո­րոնց կար­գին յատ­կա­պէս՝ Մու­սա Լեռ եւ Քե­սապ:

Շա­տեր Քե­սա­պը կը նկա­տեն Կի­լի­կեան Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­կից եւ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կազ­մո­ւած հայ­կա­կան գա­ւառ: Այլ փաս­տագ­րու­թիւն­ներ կը վկա­յեն, թէ այդ շրջա­նի հա­յե­րը Ան­տիո­քի շրջա­նին մէջ գո­յա­ցած հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան մը մնա­ցոր­դացն են:

Քե­սապ­ցիին հա­մար միայն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նշու­մը Ապ­րիլ 24, 1915 թուա­կա­նը չէ, ոչ ալ ան­ցեալ Մար­տի պա­տա­հած­նե­րը:

­Քե­սապ­ցիին հա­մար, Ե­ղեռ­նը սկսած էր Ապ­րիլ 1909-ին, երբ հինգ հա­զա­րէն ա­ւե­լի թուրք զի­նեալ­ներ յար­ձա­կե­ցան Քե­սա­պի վրայ եւ հրկի­զե­ցին ու թա­լա­նե­ցին գիւ­ղե­րը:

­Տաս­նեակ­նե­րու դէմ մէկ էր հա­մե­մա­տու­թիւ­նը: Խու­ժա­նին դէմ, քա­նի մը հա­րիւր մար­տիկ­նե­րը դի­մադ­րե­ցին եւ ի վեր­ջոյ ծո­վա­յին ճամ­բով, ֆրան­սա­կան փո­խադ­րա­նա­ւի մը օ­ժան­դա­կու­թեամբ, փո­խադ­րո­ւե­ցան Լա­թա­քիա:

Իսկ 1915-ին, դի­մադ­րու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու աշ­խա­տանք կը կա­տա­րո­ւէր, որ դժբախ­տա­բար ձա­խո­ղու­թեամբ կ­՛ա­ւար­տէր եւ տա­րագ­րու­թիւ­նը կ’ըն­թա­նար դէ­պի Յոր­դա­նան եւ Տէր Զօր:

Սա­կայն Քե­սապ­ցիին բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը եր­կար չտե­ւեց եւ զի­նա­դա­դա­րէն ետք, վե­րապ­րող­նե­րը վե­րա­դար­ձան ի­րենց գիւ­ղերն ու տու­նե­րը:

Ան­ցեալ տա­րի ալ, Քե­սապ­ցին վե­րա­դար­ձած է տուն եւ ար­դէն իսկ վե­րա­շի­նած իր բնա­կա­րանն ու գոր­ծա­տե­ղին: Վե­րա­բա­ցո­ւած են կրթօ­ճախ­ներն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը:

Սա­կայն դեռ թարմ է ա­րիւ­նա­թա­թախ ան­ցեա­լը:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ