Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ա­ռա­ջին ան­գամ Անգ­լիոյ մէջ հա­յե­րու կո­տո­րած­նե­րու մա­սին պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րեց ­Վայ­քաունթ ­Ճէյմս Պ­րայ­սը, 1915-ի ­Հոկ­տեմ­բեր 6-ին եւ այն բնու­թագ­րեց կան­խամը­տա­ծո­ւած ծրագ­րի գոր­ծադ­րում:

Բ­րի­տա­նա­կան հա­յա­սի­րա­կան շարժ­ման ա­կա­նա­ւոր գոր­ծիչ, ի­րա­ւա­բան, պատ­մա­բան եւ պե­տա­կան գոր­ծիչ՝ ­Ճէյմս Պ­րայս, ծնած է Իր­լան­տա­յի ­Պել­ֆաստ քա­ղա­քը 1838-ին: Ու­սու­մը ստա­ցած է Կ­լաս­գո­յի հա­մալ­սա­րա­նին եւ Օքս­ֆոր­տի Թ­րի­նի­տի քո­լէ­ճին մէջ: Ե­ղած է Անգ­լիոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ, դի­ւա­նա­պետ, ԱՄՆ-ի մէջ դես­պան, փոխ­նա­խա­րար եւ նա­խա­րար: Ար­ժա­նա­ցած է ­Լորտ տիտ­ղո­սին:

Ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լած է Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան 1876-ին եւ բարձ­րա­ցած Ա­րա­րատ լե­ռը: Հ­րա­տա­րա­կած է « Անդր­կով­կաս եւ Ա­րա­րատ» գիր­քը 1877-ին: 1878-ին կը հիմ­նէ ա­ռա­ջին անգ­լո-հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը: 1880-ին Պ­րայս իր երկ­րորդ ճամ­բոր­դու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տան, կ’այ­ցե­լէ նաեւ Զ­միւռ­նիա եւ Կ. ­Պո­լիս: 1893-ին կը հիմ­նադ­րէ նոր անգ­լո-հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը:

­Հա­յա­սի­րա­կան շարժ­ման նոր վե­րել­քը Բ­րի­տա­նիոյ մէջ կը սկսի 1894-1896 թո­ւա­կան­նե­րու հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րէն ետք: Պ­րայս բազ­միցս հան­դէս ե­կած է հա­յան­պաստ յօ­դո­ւած­նե­րով՝ անգ­լիա­կան եւ ա­մե­րի­կեան մա­մու­լի մէջ: 1896-ին ան չոր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը վե­րահ­րա­տա­րա­կէ իր «Անդր­կով­կաս եւ Ա­րա­րատ» աշ­խա­տու­թիւ­նը, հա­մալ­րե­լով այն « հայ­կա­կան հար­ցի քսան տա­րի­նե­րը» գլխով:

­Լորտ ­Ճէյմս Պ­րայս ա­ռա­ջին­նե­րէն էր, որ ձայն կը բարձ­րաց­նէ Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րա­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն (1914-1918) Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ե­րիտ­թուր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ հա­յե­րու հան­դէպ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող հա­յաս­պան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ: Ան այս հար­ցը բազ­միցս բարձ­րա­ցու­ցած է Բ­րի­տա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի ամ­պիո­նէն:Այդ տա­րի­նե­րուն Ճ. Պ­րայս մեծ մաս­նակ­ցու­թիւն կ’ու­նե­նայ բրի­տա­նա-հայ­կա­կան ­Կար­միր խա­չի եւ փախս­տա­կան­նե­րու ֆոն­տի ստեղծ­ման:

Պ­րայ­սի խնդրան­քով է, որ Անգ­լիա­ցի պատ­մա­բան Ար­նոլտ ­Թոյն­պի, Անգ­լիոյ պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը քննե­լով եւ մեծ թի­ւով փաս­տա­թուղ­թեր եւ վկա­յու­թիւն­ներ հա­ւա­քե­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դի կո­տո­րած­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը կը գրէ: 1916-ին Պ­րայ­սի խմբագ­րու­թեամբ եւ ըն­դար­ձակ ա­ռա­ջա­բա­նով  ­Թոյն­պիի այդ գոր­ծը՝ «­Հա­յե­րու վի­ճա­կը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ 1915-1916» փաս­տա­թուղ­թե­րու ժո­ղո­վա­ծուն, որ յայտ­նի է «­Կա­պոյտ գիրք» ա­նու­նով, պատ­մա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն եւ ար­ժէք ու­նի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տող եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն սկզբնաղ­բիւր է: ­Գիր­քին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած են փաս­տա­թուղ­թեր՝ թի­ւով 158, ո­րոնք հիմ­նա­կա­նին մէջ չէ­զոք եր­կիր­նե­րու եւ գեր­մա­նա­ցի ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներ են հա­յե­րու տե­ղա­հա­նու­թեան եւ կո­տո­րած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ(կա­պոյտ կո­չո­ւած է կազ­մին պատ­ճա­ռով):

1918-ին ­Լորտ Պ­րայս կը տպագ­րէ  «­Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գան» յօ­դո­ւա­ծը: Ան կ’անդ­րա­դառ­նայ 1894-1896 թո­ւա­կան­նե­րու հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն, Ա­տա­նա­յի 1909  թո­ւա­կա­նի կո­տո­րա­ծին եւ 1915 թո­ւա­կա­նի հա­յոց զան­գո­ւա­ծա­յին ջար­դե­րուն եւ տա­րագ­րու­թեան:

Պ­րայ­սը խստօ­րէն դա­տա­պար­տած է նաեւ ե­րիտ­թուր­քե­րուն յա­ջոր­դած քե­մա­լա­կան­նե­րու վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: 1920 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւար ամ­սուն, Անգ­լիոյ ­Լոր­տե­րու պա­լա­տին մէջ իր ե­լոյ­թի ժա­մա­նակ մե­ղադ­րած է քե­մա­լա­կան­նե­րուն՝ ­Կի­լի­կիոյ հա­յե­րու հան­դէպ նոր կո­տո­րած­ներ սան­ձե­լու հա­մար:

­Լորտ ­Ճէյմս Պ­րայս կը մա­հա­նայ 22 ­Յու­նո­ւար 1922 –ին, մին­չեւ վերջ պայ­քա­րե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­ռա­պանք­նե­րը թե­թեւց­նե­լու հա­մար:

Ե­ղեռ­նի ­Յու­շա­պա­տին վրայ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի սրտե­րուն մէջ  յա­ւեր­ժա­ցած է մեծ մար­դու ա­նու­նը՝ «­Ճէյմս Պ­րայս 1838- 1922»:

Մա­նուկ ­Մա­նու­կեան