Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Վար­դան Էս­թու­քեան «Ա­կօս»-ի անգլիա­տառ կայ­քին վրայ զե­տեղուած իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը գրէ, որ թէեւ Ա­նա­տո­լո­ւի իս­լա­մա­ցած հա­յե­րը ի­րենց ինք­նու­թեան վե­րա­բե­րող շարք մը դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւեն՝ ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն ջանք թա­փել վե­րա­դառ­նա­լու ի­րենց ար­մատ­նե­րուն եւ ի­րենց նա­խա­հայ­րե­րուն մշա­կոյ­թը կեն­դա­նի պա­հե­լու։ Ա­նոնց դի­մագ­րա­ւած ա­մէ­նէն նշա­նա­կա­լից ար­գելք­նե­րէն մէ­կը ե­կե­ղե­ցի չու­նե­նալն է, ո­րով­հե­տեւ Ա­նա­տո­լո­ւի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը վնա­սո­ւած է։ ­Միւս կող­մէ՝ թէեւ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի, ­Վա­նի եւ ­Կե­սա­րիոյ մէջ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ կան, սա­կայն կա­նո­նա­ւոր կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ չեն ըլ­լար, ո­րով­հե­տեւ ­Պատ­րիար­քու­թեան կող­մէ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ չեն նշա­նա­կո­ւած։ ­Պոլ­սոյ եւ Ա­լեք­սանտ­րե­թի ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն բա­ցի ­Թուր­քիոյ մէջ մնա­յուն հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ չկան։

Ա­ռայժմ, մնա­յուն կեր­պով ծա­ռա­յող միակ հո­գե­ւո­րա­կա­նը Ա­լեք­սանտ­րե­թի ­Քա­ռա­սուն ­Մա­նուկ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ­Վա­գըֆ­լըի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ հայր Ա­ւե­տիս ­Թա­պա­շեանն է։ ­Թա­պա­շեա­նի կող­քին հայր Գ­րի­գոր ­Տա­մա­թեան եւ Ար­թուն սրկ. ­Կա­մա­թեան կա­րե­ւոր տօ­նե­րուն յա­ջոր­դող շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին Ա­նա­տո­լո­ւի տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող ե­կե­ղե­ցի­ներ կ­՚այ­ցե­լեն եւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին հետ Ս. ­Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցեն։ ­Տա­մա­թեան ի­րո­ղու­թեան մէջ ­Պոլ­սոյ մէջ ­Քա­տը­քէօ­յի ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւն է եւ ներ­կա­յիս Ա­նա­տո­լու կը գտնո­ւի։ ­Բայցե­ւայն­պէս, Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ մնա­յուն հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րու կա­րի­քը կը յա­մե­նայ։ Ա­թե­շեան ար­քե­պիս­կո­պո­սը այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նեց. «­Չենք կրնար ը­սել, որ Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ պա­տա­րագ չի մա­տու­ցո­ւիր։ ­Հայր Գ­րի­գոր ­Տա­մա­թեան ան­ցեալ շա­բաթ Է­լա­զըկ (­Խար­բերդ) էր, եւ այս շա­բաթ Ս­վա­զի (­Սե­բաս­տիա) մէջ պի­տի ըլ­լայ։ Եւ հայր Ա­ւե­տիս ­Թա­պա­շեան Ա­լեք­սանտ­րե­թի մէջ կը ծա­ռա­յէ»։ ­Սա­կայն Ա­նա­տո­լո­ւի հա­յե­րու կար­ծի­քով պէտք է ի­րենց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը մնա­յուն հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ ու­նե­նան:

Տիգ­րա­նա­կեր­տը ­Կեդ­րոնն է

Տա­րօն-­Մուշ-ի հա­յե­րու միաս­նա­կա­նու­թեան ըն­կե­րա­յին զբօ­սաշըր­ջու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն ­Գա­լուս­տեան քննա­դա­տեց պատ­րիա­րա­քա­րա­նը եւ յայտ­նեց, որ Ա­նա­տո­լո­ւի ե­կե­ղեց­ւոյ մը մէջ պէտք է հո­գե­ւոր հո­վիւ մը ըլ­լայ։ «­Տիգ­րա­նա­կեր­տը կեդ­րո­նա­կան դիրք մը ու­նի։ Ա­նի­կա Ա­նա­տո­լուի մէջ բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րէ մէկ ժա­մո­ւան հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնո­ւի։ Ոչ միայն ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ, այլ՝ հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ կրնան ըլ­լալ ­Վա­նի մէջ, սա­կայն առ­նո­ւազն ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ մնա­յուն հո­գե­ւոր հո­վիւ մը ըլ­լայ, եւ առ­նուազն ա­մի­սը եր­կու ան­գամ պա­տա­րագ մա­տու­ցո­ւի։ ­Մու­շէն ­Պաթ­ման եւ ­Կե­սա­րիա եր­կա­րող բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րու մէջ բնա­կող հա­յեր կան։ Այդ մար­դի­կը վե­րա­դար­ձած են ի­րենց ինք­նու­թեան եւ կ­՚ու­զեն զայն կեն­դա­նի պա­հել։ Ե­կե­ղե­ցին ա­տոր հա­մար չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է»։
­Գա­լուս­տեան նաեւ կը նշէ, որ ի­րեն հա­մար ե­կե­ղե­ցին ա­ւե­լի մշա­կու­թեա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նի քան՝ կրօ­նա­կան։ «Ին­ծի հա­մար ե­կե­ղե­ցին մշա­կոյթս է։ Կ­՚ու­զեմ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւնս այն­տեղ կա­տա­րո­ւի, եւ հա­յեր կ­՚ու­զեն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պսա­կո­ւիլ։ ­Սա­կայն այս մէ­կը ­Պոլ­սոյ մէջ ոչ ո­քի հոգն է։ Այս­տե­ղի հա­մայն­քը եր­բեք պի­տի չաշ­խու­ժա­նայ ե­թէ ­Պո­լի­սէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը չու­ղար­կո­ւի»։

«­Բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը քան­դո­ւած են»

Ա­տըեա­մա­նի բնա­կիչ­նե­րէն ­Հիք­մեթ Ա­քըր­ճը կը յայտ­նէ, որ Ա­տըեա­մա­նի մէջ հա­յե­րը ներ­կայ կը գտնո­ւին ա­սո­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւող պա­տա­րա­գին։ ­Պա­քըր­ճը կը յայտ­նէ, որ հնա­դա­րեան ա­սո­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հա­յեր են, եւ ո­րով­հե­տեւ մօ­տա­կայ քա­ղաք­նե­րուն մէջ լաւ վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ չկան՝ ա­նոնք ստի­պո­ւած են ի­րենց կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րել այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ։ «Շըր­ջա­նին մէջ գտնո­ւող բո­լոր հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը քան­դո­ւած են։ Այս շրջա­նին մէջ լա­ւա­գոյն վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւող ե­կե­ղե­ցին ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ է, սա­կայն ա­տի­կա բա­ւա­կան հե­ռու է։ Այդ­տեղ միայն կրօ­նա­կան տօ­նի մը ա­տեն կրնան եր­թալ։ Ա­տըեա­մա­նի մէջ միակ ե­կե­ղե­ցին, ուր կրնանք պա­տա­րագ մա­տու­ցել հնա­դա­րեան ա­սո­րա­կան ե­կե­ղե­ցին է։ Եր­կու շա­բա­թը ան­գամ մը պա­տա­րագ կը մա­տու­ցենք, եւ եր­բեմն ա­մի­սը ե­րեք ան­գամ։ ­Ներ­կա­նե­րուն 80 առ հա­րիւ­րը հա­յեր են»:

«­Հա­յե­րը ա­սո­րի դար­ձած են»

Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ կա­ցու­թիւ­նը տար­բեր է։ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի բնա­կիչ­նե­րէն ­Մե­լի­քէ ­Տա­րա ­Կիւ­նալ կը յայտ­նէ, որ Ա­նա­տո­լո­ւի հա­յե­րը կամ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին բռնի իս­լա­մա­ցած են, կամ ալ ի­րենց հա­ւատ­քը կորսն­ցու­ցին, իսկ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ կարգ մը հա­յեր հա­մա­կեր­պած են ա­սո­րա­կան մշա­կոյ­թին։ «­Տիգ­րա­նա­կեր­տի հա­յե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, ըն­կե­րա­յին ու քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­նե­րով իս­լա­մա­ցած են կամ հա­ւատք­նին կորսն­ցու­ցած։ Ուս­տի, մնա­յուն հո­գե­ւոր հո­վի­ւի մը նշա­նա­կու­մը կրնայ ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չու­նե­նալ այդ խմբա­կին վրայ։ Դժ­բախ­տա­բար քրիս­տո­նեայ հա­յե­րը քիչ մնա­ցած են։ Եւ ա­նոնք ազ­դո­ւած են ա­սո­րա­կան աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թե­նէն եւ հա­մա­կեր­պած ա­սո­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մշա­կոյ­թին»։
­Կիւ­նալ կ­՚ա­ւելց­նէ, որ գո­յու­թիւն ու­նին հա­յեր, ո­րոնք կ­՚ու­զեն, որ Ս. ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մնա­յուն հո­գե­ւոր հո­վիւ մը ըլ­լայ։ «­Թէեւ քիչ են, սա­կայն ո­մանք հո­գե­ւոր հո­վի­ւի մը նշա­նա­կու­մը կ­՚ու­զեն, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ սոր­վիլ Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը՝ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի հիմ­նա­կան տար­րե­րէն մէ­կը։ ­Սա­կա­ւա­թիւ ա­նա­տո­լու­ցի հա­յե­րը կը փոր­ձեն ի­րենց հա­ւատ­քը ապ­րիլ։ ­Սա­կայն ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը իր ինք­նու­թիւ­նը կը կորսնցնէ, ո­րով­հե­տեւ ե­կե­ղե­ցիէն կտրո­ւած են։ Ա­նոնք ա­սո­րի, քիւրտ կամ թուրք կը դառ­նան։ ­Հո­գե­ւոր հո­վի­ւի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը Ա­նա­տո­լո­ւի հա­յե­րը միախմ­բո­ւած պա­հե­լու հա­մար շատ կա­րե­ւոր է»: