Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ «Ե­թէ ­Թուր­քիան 1990-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն հզօր ըլ­լար, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը պի­տի չըլ­լար»` ա­ւելց­նե­լով, որ ե­թէ օ­րին ­Թուր­քիան «այսօրուան հզօր պե­տու­թիւ­նը ըլ­լար», «եղ­բայր­նե­րուն օգ­նե­լու հա­մար ա­ւե­լի շատ բան պի­տի կա­րե­նար ը­նել»:

­Թուր­քիա օ­րին բազ­մա­թիւ վարձ­կան­ներ եւ զի­նո­ւո­րա­կան խորհր­դա­տու­ներ տրա­մադ­րեց իր «եղ­բայր­նե­րուն», ինչ­պէս նաեւ մե­ծա­քա­նակ զէնք ու զի­նամ­թերք, սա­կայն ի զուր: Ե­թէ օ­րին ա­ւե­լի հզօր ըլ­լար, լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին յա­ւելեալ վարձ­կան­ներ պի­տի ու­ղար­կէր, ո­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք յա­ւե­լեալ կո­րուստ­ներ պի­տի ու­նե­նար, ո­րով­հե­տեւ հայ մար­տիկ­նե­րը յա­ւե­լեալ որս պի­տի ու­նե­նա­յին հնձե­լիք: ­Միակ տար­բե­րու­թիւ­նը այդ պի­տի ըլ­լար:

Էր­տո­ղան նաեւ յայտ­նեց. «­Թուր­քիան պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ա­ռու­մով պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան շատ լայն դաշտ ու­նի»: Ան այդ­պի­սով կ­՛ակ­նար­կէր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան տա­րած­քին եւ կ­՛ար­ձա­գան­գէր Ի­րա­նի նա­խա­գա­հին կրօ­նա­կան եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րու խորհր­դա­կան Ա­լի Եու­նե­սի այն յայ­տա­րա­րու­թեան, թէ ի­րան­ցիք պէտք է ի­րենց դիրքն ու պատ­մու­թիւ­նը ճանչ­նան, «այ­սինքն` մի­ջազ­գա­յին կեր­պով մտա­ծենք եւ իբ­րեւ ի­րա­նեան ազգ գոր­ծենք»:

Եու­նես նաեւ նշած էր, որ ­Թեհ­րան շրջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն շա­հե­րը կը պաշտ­պա­նէ նոր օս­մա­նա­կա­նու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան վտան­գէն: Ա­տի­կա կա­րե­լի է տե­ղադ­րել ­Թուր­քիա-Ի­րան մրցակ­ցու­թեան եւ շա­հե­րու բախ­ման ծի­րին մէջ: ­Զար­մա­նա­լին, սա­կայն, Էր­տո­ղա­նի այն պնդումն է, որ ե­թէ 1990-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն իր եր­կի­րը այ­սօ­րո­ւան նման հզօր ըլ­լար, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը պի­տի չըլ­լա­յին: ­Սա­կայն այդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը սկիզբ ա­ռին ներ­կայ «հզօր» ­Թուր­քիոյ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին եւ ա­նոր մեղ­սակ­ցու­թեամբ: Ա­մէ­նու­րեք, ­Լի­պիոյ, ­Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ Ե­գիպ­տո­սի ա­րիւ­նա­լի զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ կան ­Թուր­քիոյ մատ­նա­հետ­քե­րը:

Ար­դեօք Էր­տո­ղան ը­սել կ­՛ու­զէ, որ ե­թէ օ­րին ­Թուր­քիան հզօր ըլ­լար, ինք «Ա­րա­բա­կան գա­րուն»-էն ետք ­Սու­րիոյ հետ իր իսկ կնքած ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը պի­տի չխզէ՞ր, թուրք-սու­րիա­կան մեղ­րա­լու­սի­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ՞ր, իր սահ­ման­նե­րը ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն առ­ջեւ պի­տի փա­կէ՞ր կամ Ե­գիպ­տո­սի մէջ Իս­լամ եղ­բայր­նե­րուն պի­տի չա­ջակ­ցէ՞ր: Ա­ւե­լի՛ն, ե­թէ 1990-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիան հզօր ըլ­լար, վստա­հա­բար ո՛չ այ­սօ­րո­ւան նոր օս­մա­նա­կան ­Թուր­քիան պի­տի ըլ­լար, ո՛չ ալ Էր­տո­ղան սուլ­թա­նու­թեան գա­հին տի­րա­նա­լու այս­քան մօտ պի­տի ըլ­լար:

Այս բո­լո­րէն ան­կախ, նախ եւ ա­ռաջ գո­յու­թիւն ու­նի նաեւ հե­տե­ւեալ հար­ցը. ար­դեօք իր բո­լոր դրա­ցի­նե­րուն հետ խնդիր­ներ ու­նե­ցող, իր շրջա­պա­տէն մե­կու­սա­ցած եր­կիր մը հզօ՞ր է: Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Էր­տո­ղան այդ­պէս կը կար­ծէ:

Վահ­րամ Էմ­միեան