Print
Category: Յօդուածագրութիւն

12 Փետ­րո­ւա­րին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան ե­լոյթ ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տին, բուռն յար­ձա­կում գոր­ծեց Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նի վրայ։ Այս ճա­ռը ար­դէն պա­տե­րազ­մի յայ­տա­րա­րու­թիւն էր, յղի ան­նա­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րով։

Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան պա­տաս­խան ճա­ռով վեր­ցուց նե­տո­ւած ձեռ­նո­ցը եւ խոս­տա­ցաւ նոյն­քան խիստ պայ­քար մղել մին­չեւ տա­պա­լի ներ­կա­յի իշ­խա­նու­թիւ­նը։

Ես չեմ ու­զեր անդ­րա­դառ­նալ եր­կու կող­մե­րու ճա­ռե­րուն, կամ մեկ­նա­բա­նել այդ ճա­ռե­րուն մէջ ը­սո­ւած զա­նա­զան նիւ­թե­րը։ Եր­կու­քի խօս­քե­րուն մէջ ալ ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ կա­յին, եւ այդ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը եր­կու­քի պա­րա­գա­յին ալ կրնան պու­մե­րանկ դառ­նալ։

Պի­տի ու­զէի սա­կայն անդ­րա­դառ­նալ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ճա­ռի վեր­ջա­ւո­րու­թեան նշո­ւած հինգ կէ­տե­րէն ե­րե­քին, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նէին Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նի դէմ առ­նո­ւե­լիք քայ­լե­րը։

« 2. 2013-2014թթ. ՀՀ ԱԺ գու­մա­րած 145 նիս­տե­րից Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նը մաս­նակ­ցել է միայն 4-ին։ Ե­թէ նա այդ աս­տի­ճա­նի ար­հա­մար­հում է իր ընտ­րող­նե­րին եւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի դե­րը, մենք դրա ի­րա­ւուն­քը չու­նենք. մենք պա­տաս­խա­նա­տու ենք ՀՀ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցու ի­րա­ւունք­նե­րի հա­մար։ Մեր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը վա­ղո­ւա­նից կը նա­խա­ձեռ­նեն նման ան­հե­թեթ վի­ճա­կին վերջ տա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րը։

3. Տա­րի­ներ ի վեր շա­րու­նա­կում են օ­դում կա­խո­ւած մնալ չստու­գո­ւած լու­րե­րը չմու­ծո­ւած մի­լիար­դա­ւոր դրամ հար­կե­րի, տա­րեց­նե­րի կեն­սա­թո­շակ­նե­րից ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րի կրթո­ւե­լու ի­րա­ւուն­քից գո­ղա­ցո­ւած մի­լիարդ­նե­րը չնչին, այս­պէս ա­սած, «բա­րե­գոր­ծա­կան» ա­նո­ւան տակ քո­ղար­կե­լու մա­սին։ Ես յոր­դո­րում եմ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պե­տին՝ յանձ­նա­րա­րել հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րին մին­չեւ վերջ ու ման­րա­մասն ստու­գել այս լու­րե­րի իս­կու­թիւ­նը եւ բաց ներ­կա­յաց­նել բո­լո­րին։

4. Շա­րու­նա­կում են նաեւ օ­դում կա­խո­ւած մնալ բազ­մա­թիւ քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ պրո­ֆե­սիո­նալ կեր­պով քօ­ղար­կե­լու մե­խա­նիզմ հիմ­նե­լու մա­սին չստու­գո­ւած լու­րե­րը։ Վա­ղը ես հրա­ւի­րե­լու եմ Անվ­տան­գու­թեան Խորհր­դի նիստ, որ­տեղ մեր ի­րա­ւա­պահ­նե­րի հետ հա­մա­պա­տաս­խան անդ­րա­դարձ կը լի­նի, թէ ինչ­պէս վա­րո­ւել նման լու­րե­րի հետ»։

Բայց այս բո­լո­րը նա­խա­գա­հը ար­դէն գի­տէր։ Ի­րա­ւունք չու­նէ՛ր չգիտ­նա­լու։ Եւ ոչ միայն Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նի մա­սին։ Չեմ ու­զեր մտնել «օ­դում կա­խո­ւած չստու­գո­ւած լու­րեր»ու ստուգ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, բայց գի­տեմ, ինչ­պէս բո­լո­րը գի­տեն, որ այդ «օ­դին մէջ շրջող լու­րե­րը» կը վե­րա­բե­րին շատ ու շատ պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու, այդ լու­րե­րը կը վե­րա­բե­րին գրե­թէ բո­լո՛ր օ­րի­գարխ­նե­րուն եւ ա­նոնց շրջա­պա­տին, ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու ա­նոնց քա­ղա­քա­կան գոյ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը որ­պէս Սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ օ­րէնք­նե­րու գե­րա­գոյն ե­րաշ­խա­ւոր, պէտք է այդ ե­րեք կէ­տե­րը տա­րա­ծէ ԲՈԼՈՐԻ՛Ն վրայ, ո՛վ որ ալ ըլ­լանք ա­նոնք, ո՛ր կու­սակ­ցու­թեան ալ որ պատ­կա­նին, ո՛ր ըն­տա­նի­քին ալ որ պատ­կա­նին։

Սա­կայն մտա­հո­գի­չը այն է, որ պա­տե­րազմն ու հաշ­տու­թիւ­նը այն­պի­սի ա­րա­գու­թեամբ ի­րար յա­ջոր­դե­ցին, որ օ­րա­թեր­թի կշռոյ­թով իսկ կա­րե­լի չէր հե­տե­ւիլ դէպ­քե­րու ըն­թաց­քին։ Չենք գի­տեր թէ ի՞նչ ու­ժեր մի­ջամ­տե­ցին, ինչ­պի­սի՞ ուժգ­նու­թեամբ մի­ջամ­տե­ցին, որ եր­կու կող­մե­րու այն­քան ծանր խօս­քե­րէն ետք, եր­կու կող­մե­րու շրջա­պա­տի մար­դոց այն­քան ծանր ար­ձա­գանգ­նե­րէն ետք, նոյն­քան ա­րա­գու­թեամբ կա­յա­ցաւ հաշ­տու­թիւ­նը։ Փաս­տօ­րէն ա­ռաջ­քը առ­նո­ւե­ցաւ եր­կու կող­մե­րու խոս­տա­ցած քայ­լե­րու գործ­նա­կա­նաց­ման, այդ ձե­ւով ա­ռաջ­քը առ­նե­լով իս­կա­պէս ան­նա­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րու։

Ա­յո, մենք վախ­ցա՛ծ էինք այդ հե­տե­ւանք­նե­րէն։ Ո­րով­հե­տեւ ո՛չ նա­խա­գա­հը ու­նի ժո­ղո­վուր­դի սէրն ու նե­ցու­կը, ո՛չ ալ Ծա­ռու­կեա­նը ու­նի իշ­խա­նու­թեան լծակ­նե­րը։ Մէ­կը պի­տի պա­տե­րազ­մի իշ­խա­նու­թեան լծակ­նե­րով եւ պե­տու­թեան բա­ցար­ձակ ու­ժով, միւ­սը պի­տի պա­տե­րազ­մի իր կու­տա­կած ան­սահ­ման հարս­տու­թեամբ, այդ հարս­տու­թեան այս կամ այն ձե­ւով առն­չո­ւող զան­գո­ւա­ծով, բայց մա­նա­ւանդ՝ դաշ­նա­կից ու­նե­նա­լով ժո­ղո­վուր­դի բա­ցար­ձակ ա­տե­լու­թիւ­նը հան­դէպ իշ­խա­նու­թեան։

Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը օրն ի բուն ճիգ թա­փե­ցին ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար յո­ռե­գոյն կա­ցու­թիւն­նե­րու։ Ո­րով­հե­տեւ պար­զա­պէս չենք կրնար այդ­պի­սի ճա­կա­տագ­րա­կան սխալ­ներ գոր­ծել մա­նա­ւանդ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի առ­թիւ, երբ օ­դի պէս անհ­րա­ժեշտ է մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Մա­նա­ւանդ որ օ­տար ու­ժե­րու հա­մար այն­քա՜ն դիւ­րին է Հա­յաս­տա­նը տակ­նուվ­րայ ը­նե­լը եւ խոր­խո­րատ ա­ռաջ­նոր­դե­լը, ու նոյն­քան դիւ­րին է ան­դուն­դի եզ­րէն փրկելն ու ա­պա­հո­վու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լը։ Երբ, մեղմ ա­սած, կաս­կա­ծե­լի կը նկա­տո­ւի երկ­րի մը ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դա­րու­թիւ­նը եւ նոյն­քան կաս­կա­ծե­լի՝ գեր-մե­ծա­հա­րուստ­նե­րու վաս­տա­կի ար­դա­րու­թիւ­նը, ար­դար ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ծած­կե­լը իր գի­նը ու­նի…։

Գ­րի­գոր Դա­ւի­թեան