Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գիտէ՞ք ինչ ըրի ձեզի»
 (Յովհաննէս 13.12)
 
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի

երկրաւոր կեանքի վերջաւորութեան ամենանշանակալից խորհուրդներէն մէկը ոտընլուայի արարողութիւնն է, որ քրիստոնէական բարոյականութեան գեղեցկագոյն օրինակներէն է, իբրեւ համամարդկային արժէքներու բարձրագոյն եւ վսեմագոյն օրինակի առարկայացումը:
«Գիտէ՞ք ինչ ըրի ձեզի» հարցումը ուղղուած իր սիրելի աշակերտներուն փաստօրէն այդ պարզագոյն արարքին ետին բազմաթիւ խորհուրդներ պարփակած է։
Նախ անշուշտ այն, որ մեր Տէրը հոգեպէս եւ մարմնապէս կը նախապատրաստուի լքելու երկրաւոր աշխարհը։ Երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանին իր փոխանցած պատգամներուն, ուղերձներուն ամէնէն նուիրական ու ամենախորունկ օրինակը կու տայ մեր Տէրը, սիրոյ, ծառայութեան, ինքնանուիրումի եւ անանձնականութեան:
Խորքին մէջ վերջին արարողակարգային եւ բանաւոր պատգամն է այս արարքը։ Անկէ յետոյ լուռ չարչարանքներն են, անխօս վիճակ եւ հրաշափառ Յարութիւն, որոնք ինքնին արդէն հսկայական եւ խորացեալ խորհուրդներու այլ շարք են։
Նախքան չարչարանքներու սպասուող հանգրուանի մէջ մտնելը Յիսուս Քրիստոս համեստութեան եւ ծառայութեան ամենաբարձր օրինակները տալով իր աշակերտներուն եւ անոնց ճամբով համայն մարդկութեան կը փոխանցէ սիրել, ծառայել եւ նուիրուիլ անմնացորդ կերպով:
Եւ որքան պարտաւորեցնող է, որքան զգաստացնող, որքան ինքնաճանաչման մղող այն արարքը, որ մեծը, աշխարհի վրայ մեծագոյնին, Աստուածայինին ներկայացուցիչը, Որդին, կը խոնարհի իր իսկ աշակերտներուն. խոնարհումի տակաւին ամենամեծ օրինակն է աշակերտներուն ոտքերը լուալը, որ շատ խորիմաստ նշանակութիւն ունի:
Աշխարհը քաղաքականօրէն, հոգեւորականօրէն թէ մշակութայինօրէն ղեկավարողները կը հետեւի՞ն արդեօք Քրիստոսի այս օրինակին։ Մեծութիւնը խոնարհութեան, համեստութեան եւ ծառայութեան ու սիրոյ մէջ գտնելու, տեսնելու եւ անձնական օրինակով վարակիչ ու թելադրիչ խորհուրդի վերածելու այս օրինակին:
Մենք բոլորս իբրեւ սովորական մահկանացուներ մեր մէջ չենք կրնար գտնել այն Աստուածային ուժը, որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ունէր. հետեւաբար ի վիճակի չենք մարդկօրէն այնքան համեստանալու, այնքան խոնարհելու եւ խոնարհումի այդ աստիճաններով բարձրանալու, հոգեպէս ինքնամաքրուելու եւ դէպի մեր Արարիչին ընդառաջ երթալու:
Բայց մենք իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած մարդկային էակներ պէտք է ամէն գնով այդ օրինակին հետեւելու ճիգին մէջ ըլլանք։
Իսկ այդ օրինակը ամէն բանէ առաջ խոնարհում է եւ ոչ թէ ամբարտաւանութիւն, ծառայութիւն է եւ ոչ թէ շահագործում, սէր է եւ ոչ թէ ատելութիւն: Դէպի չարչարանք խաղաղ հոգիով երթալն է եւ ոչ թէ խուճապահար ըլլալը:
Մենք պէտք է կեդրոնանանք այս առիթով ծառայութեան ոգիին վրայ։ Գաղտնիք չէ, որ կանայք աւանդաբար տան մէջ ծառայելու գործին լծուած են հին ժամանակներէն ի վեր, երբ տղամարդիկ աշխատանքով տան ապրուստը հոգալու հեւքին լծուած էին։ Ծառայութիւնը սակայն զուտ պարտականութեամբ ընելը բոլորովին տարբեր է կամովին, գիտակցական մօտեցումով, բայց մանաւանդ սիրով կատարելէն:
Ահա ուրեմն անմնացորդ նուիրուելու, համեստութեամբ ծառայելու եւ սէրով առաջնորդուելու Քրիստոնէական սկզբունքներն են, որ այս պարագային ամէնէն շատ կþընդգծուին եւ իբրեւ ուսանելի դաս կը հրամցուին մեզի:
Սիրով եւ համեստութեամբ ծառայելը ընտանիքին, բայց նաեւ հաւաքականութեան, ժողովուրդին։ Մեր ծառայական կերպն է, որուն փիլիսոփայութիւնը, ոչ թէ ինքնադրսեւորումի փորձութեան վրայ պիտի կեդրոնացած ըլլայ, այլ հաւաքականութեան ինքնատրամադրուելու Քրիստոնէական վսեմ սկզբունքին։ Այն ինչ որ ըրաւ Քրիստոս իր աշակերտներուն եւ անոնց ճամբով ամբողջ մարդկութեան:
Մեր բազմաչարչար ժողովուրդը ապրեցաւ իր հաւաքական գողգոթան։ Գողգոթային նախորդած ոտընլուայի օրինակը մեր ժողովուրդը տուաւ, երբ ծառայեց իր ապրած երկրին, խոնարհեցաւ անոր ճշդած օրէնքներուն առջեւ, զինուորագրեց իր երիտասարդները անոր բանակներուն եւ ապա քալեց իր գողգոթայի ճամբէն, ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք վերստին յարութիւն առնելու համար Սարդարապատի մէջ:
Մեր ազգային գողգոթայի օրերուն մեր կանայք, մեր մայրերը զոհուեցան, ծառայեցին անապատի աւազին վրայ, խոնարհեցան իրենց զաւակներուն արժանապատուութիւնը բարձրացնելու համար, նետուեցան Եփրատ փրկելու համար հայ կնոջ հաւաքական կերպարի պատիւն ու նկարագիրը:
Հաւաքական այս ծառայական կերպին հաւատարի՞մ ենք մենք բոլորս այսօր։ Այս հարցումին պատասխանը կրնանք տալ միայն այն ատեն, երբ ներհայեցողութեամբ ամէն օր մենք մեզի հարց տանք թէ իբրեւ անհատ եւ թէ իբրեւ հաւաքական կեանքի մէկ մասնիկ թէ ո՞րքան համեստ ենք մեր խօսքերուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ, ո՞րքան խոնարհ ենք մեր վարուելակերպին մէջ եւ ո՞րքան սէր ու հանդուրժողութիւն դրած ենք մեր յարաբերութիւններուն մէջ մարդ էակին հանդէպ:
Մեր շուրջ տեղի ունեցող մրցակցութիւնները, պատերազմները, պայթումները, առեւանգումները, լարուածութիւնները, անմարդկային վերաբերումները, մշակութային կոթողներու քանդումները, սպառնալիքներն ու աւերները յոռետեսական պատասխաններ կու տան մեզի։
Միայն Քրիստոսի սէրն է, Անոր անմնացորդ ծառայելու, եւ ինքնանուիրումով խոնարհելու օրինակը, որ կրնայ փրկել մարդկութիւնը եւ աշխարհը առաջնորդել աւելի լաւ ապագայի մը:
Միայն այն ատեն է, որ պիտի հասկնանք Քրիստոսի խօսքը «Գիտէ՞ք ինչ ըրի ձեզի» եւ Իր օրինակին հետեւելով ծառայենք մարդկութեան, փոխանակ վնասներ ու աւերներ հասցնելու մեր նմաններուն:
Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան
 Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց