Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Բժշ­կու­թիւ­նը եւ գի­տա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը մեր ըն­տա­նի­քին մէջ ե­ղած են պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թիւն-յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւն, ո­րուն սա­կայն ես չհե­տե­ւե­ցայ: Չեմ գի­տեր ընտ­րու­թեա՞ն, թէ՞ նա­խա­սի­րու­թեան հարց էր, բայց կեան­քիս ու­ղին  այլ մաս­նա­գի­տու­թեամբ ըն­թա­ցաւ: Բայց պա­ տա­նի տա­րի­քէս միշտ ալ մօ­տիկ ե­ղած եմ գի­տա-բժշկա­կան մթնո­լորտ­նե­րուն: Մէկ կող­մէ հօրս դե­ղա­գոր­ծա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը, իսկ միւս կող­մէ կար հօ­րեղ­բօրս աս­պա­րէ­զը: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ հօ­րեղ­բայրս Հա­լէ­պի մէջ ու­նէր իր ակ­նա­բու­ժա­րան-հի­ւան­դա­նո­ցը, որ մին­չեւ այ­սօր կը գոր­ծէ, պա­տա­նե­կան տա­րի­նե­րուս հե­տաքրք­րու­թիւն ու­նե­ցած էի «հան­դի­սա­տես» ըլ­լա­լու ա­նոր տար­բեր գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն: Եւ հօ­րեղ­բայրս չէր զլա­նար զիս մաս­նա­կից դարձ­նե­լու իր բժշկա­կան տե­սու­թիւն­նե­րուն` համ­բե­րու­թեամբ նաեւ բա­ցատ­րե­լով իր ը­րած­նե­րը եւ ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րը: Եւ քա­նի մը ան­գամ ալ փոր­ձեց քա­ջա­լե­րել զիս. «­Չե՞ս ու­զեր հե­տե­ւիլ բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նա­կան մաս­նա­գի­տու­թեան»:

Կը սի­րէի դի­տել հի­ւան­դա­նո­ցի դար­մա­նա­տան բաժ­նի հի­ւանդ­նե­րուն հետ հօ­րեղ­բօրս յա­րա­բե­րու­թիւ­նը: Ի­րեն հա­մար բժշկու­թիւ­նը գի­տա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւն էր, բայց զայն նե­րա­ռած էր իր ազ­գա­յին-դաս­տիա­րակ­չա­կան կեան­քին ու հա­մոզ­մունք­նե­րուն մեծ «խճան­կա­րին» մէջ: Ե­թէ հի­ւանդ-այ­ցե­լուն հայ ու ազ­գա­յին կեան­քին մէջ իր հե­տաքրք­րու­թիւնն ու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցող ան­հատ էր, այդ պա­րա­գա­յին կ­՛ըլ­լա­յին ան­պայ­մա­նօ­րէն հայ­կա­կան ինք­նու­թեան եւ հիմ­նա­հար­ցե­րու վեր­լու­ծում­նե­րը` բժշկա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր Պի­տի խօ­սէր հայ­րե­նի­քի ու սփիւռ­քեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին, բայց նաեւ ան­պայ­ման պի­տի անդ­րա­դառ­նար Հա­լէ­պին մայր գա­ղութ ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թեան: Բժշ­կու­թիւ­նը ան­կաս­կած ի­րեն հա­մար նաեւ դաս­տիա­րա­կու­թիւն էր, որ պէտք էր սոր­վեց­նել, բայց նաեւ` յար­գել:

Օր մըն ալ ե­րի­տա­սարդ հայ ար­հես­տա­ւոր մը ներ­կա­յա­ցաւ դար­մա­նա­տուն վերս­տու­գու­մի հա­մար: Ան ներ­կա­յա­ցուց իր դե­ղա­տոմ­սը` հօ­րեղ­բօրս յի­շո­ղու­թիւ­նը թար­մաց­նե­լու հա­մար: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով հայ ե­րի­տա­սար­դին ինք­նա­շարժ­նե­րու նո­րո­գու­թեան ար­հես­տը եւ այդ ար­հես­տին պար­տադ­րող սեւ ու սեւց­նող աշ­խա­տան­քը, դե­ղա­տոմ­սը գրե­թէ ան­ճա­նա­չե­լի դար­ձած էր Եւ չու­շա­ցաւ հօրեղ­բօրս զգաս­տու­թիւ­նը. «Այս մէ­կը ցոյց կու տայ հայ բժիշ­կին նկատ­մամբ ձեր յար­գան­քը»:

Հայ ե­րի­տա­սար­դին հետ ես եւս խպնած էի, ա­ւե­լի ճիշդ` ու­զած էի մտնել իր նուաս­տա­ցած, բայց նոյն­քան նաեւ «յան­ցա­գոր­ծի» նե­րաշ­խար­հին մէջ` փոր­ձե­լով ե­րե­ւի պզտիկ թափ մը տալ իր ընկճո­ւա­ծու­թեան: Կա­մաց-կա­մաց գլու­խը  բարձրա­ցուց եւ մեղմ ձայ­նով մը, ո­րուն մէջ նշմա­րե­լի էր նե­րու­մի խնդրան­քը, ը­սաւ. «­Բայց, տոք­թոր, գի­տէք մեր աշ­խա­տան­քին բնոյ­թը, դի­տում­նա­ւոր չէր»:

Իւ­րա­քան­չիւր գոր­ծո­ղու­թե­նէ ա­ռաջ հօ­րեղ­բայրս կը դի­մէր իր բժշկա­կան հան­րա­գի­տա­րան­նե­րու մեծ հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն` յա­ւե­լեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հա­մար: Այդ տա­րի­նե­րուն չկա­յին հա­մա­կարգ­չա­յին ներ­կայ օ­րե­րու բո­լոր դիւ­րու­թիւն­նե­րը: Մէկ-մէկ հաս­տա­փոր գիր­քե­րը պէտք էր դուրս հա­նո­ւէին, է­ջե­րը թեր­թա­տո­ւէին, ա­պա ըն­թեր­ցո­ւէր ո­րո­նո­ւա­ծը: Պա­տա­նե­կան տա­րի­քիս ու այդ տրա­մա­բա­նու­թեանս  մէջ քիչ մը տա­րօ­րի­նակ էր այս ե­րե­ւոյ­թը: Բայց չէ՞ որ հօ­րեղ­բայրս ու­սա­նած եւ փոր­ձա­ռու բժիշկ էր, ու­րեմն պի­տի կրկնէր. «­Միշտ նոր բան մը կայ սոր­վե­լիք»: Հա­ւա­նա­բար կա­մաց-կա­մաց պի­տի ըն­կա­լէի, որ կեան­քի եւ ա­նոր յա­ռաջ­խա­ղաց­քին հիմ­նա­կան գրա­ւա­կանն է սոր­վի­լը:

Շատ էր թի­ւը այն հի­ւանդ այ­ցե­լու­նե­րուն, ո­րոնք հի­ւան­դա­նոց կու գա­յին Սու­րիոյ տար­բեր գիւ­ղե­րէն, իսկ գիւ­ղա­ցին մեծ յար­գանք ու­նէր  բժիշ­կին նկատ­մամբ: Ա­նոնք ի­րենց հետ կը բե­րէին զամ­բիւղ մը հաւ­կիթ կամ տա­կա­ռով մա­ծուն եւ տա­կա­ւին` թարմ միս: Մ­շա­կոյթ էր, որ պա­հո­ւած էր որ­պէս ա­ւան­դու­թիւն եւ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ար­ժէ­քի գի­տակ­ցու­թիւն:

Այդ օ­րե­րէն օր մը գիւ­ղա­ցի մը ներ­կա­յա­ցաւ հի­ւան­դա­նոց իր մէկ աչ­քին բար­դու­թեան հա­մար:

Իր շարք մը հար­ցում­նե­րուն կար­գին հօ­րեղ­բայրս հար­ցուց.

«Ո՞ր շրջա­նէն կու գաս»:

«­Սե­լի­միէ», պա­տաս­խա­նեց գիւ­ղա­ցին:

Հօ­րեղ­բայրս վայր­կեան մը կանգ ա­ռաւ ու աչ­քե­րը սե­ւե­ռած հի­ւան­դին` եր­կար նա­յե­ցաւ ա­նոր, ա­ռանց ար­տա­յայտո­ւե­լու: Խեղճ մար­դը, որ ե­կած էր իր աչ­քին վե­րա­բե­րող հար­ցի մը հա­մար, կար­ծեմ նոյն­քան սկսաւ մտա­հո­գո­ւիլ հօ­րեղ­բօրս քա­րա­ցած նա­յո­ւած­քէն: Հա­ւա­նա­բար մտա­ծեց, թէ այլ հի­ւան­դու­թի՞ւն ալ ու­նէր: Ես ալ շո­ւա­րած էի եւ չէի կրնար հասկ­նալ, թէ ի՛նչ է պա­տա­հա­ծը:

Հօ­րեղ­բայրս պահ մը ետք լռու­թիւ­նը խզեց եւ գիւ­ղա­ցիին աչ­քի քննու­թիւն­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն ամ­բող­ջա­ցուց: Սե­լի­միէ­ցի գիւ­ղա­ցին խնդրեց, որ այ­ցե­գի­նը վճա­րէ

«Վ­ճա­րո­ւած է», ե­ղաւ հօ­րեղ­բօրս շատ ա­րագ եւ կարճ պա­տաս­խա­նը:

Գիւ­ղա­ցին քիչ մը ա­ւե­լի շփո­թե­ցաւ, իսկ ես զար­մա­ցած կը նա­յէի հօ­րեղ­բօրս

«­Դուք 1915 թո­ւա­կա­նին` Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­տեն, օգ­նու­թեան հա­սաք տե­ղա­հա­նո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դին, ա­պաս­տան տո­ւիք ա­նոնց­մէ շա­տե­րու: Ձեր հո­գա­ծու­թեան շնոր­հիւ` փրկո­ւե­ցան շատ մը հա­յեր, նե­րա­ռեալ` հօ­րաք­րոջս եւ հօ­րեղ­բօրս ըն­տա­նիք­նե­րը` ի­րենց զա­ւակ­նե­րով», պա­տաս­խա­նեց հօ­րեղ­բայրս:

Սե­լի­միէ­ցի գիւ­ղա­ցին չէր ծնած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քի օ­րե­րուն: Չեմ ալ գի­տեր, թէ ան լսած էր այդ բո­լո­րին մա­սին, նաեւ` հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ իր գիւ­ղին ցու­ցա­բե­րած գուր­գու­րան­քին մա­սին: Զ­գա­ցո­ւած էր հօ­րեղ­բօրս շար­ժոյ­թէն, բայց նաեւ բա­ւա­կան բան ի­մա­ցաւ հա­յուն ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ես ալ, ան­կախ ան­կէ, որ գի­տէի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, բայց նոյն­քան զգա­ցո­ւած էի գիւ­ղա­ցիին նման, նաեւ կը փոր­ձէի  այդ վայր­կեա­նին դուրս հա­նել մարդ­կա­յի­նը մար­դուն մէ­ջէն` նոյ­նինքն այն բո­լոր ապ­րած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն մեկ­նե­լով:

Սե­լի­միէի մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ կը լսէի: Սու­րիոյ Հա­մա քա­ղա­քի ա­րե­ւե­լեան մա­սին մէջ ա­նա­պա­տա­յին շրջան մըն է: Ա­նոնք 1915 թո­ւա­կա­նին թուր­քին ան­մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն կրցած էին «ո՛չ» ը­սել եւ եղ­բայ­րա­կան ու հո­գա­ծու գուր­գու­րանք եւ վե­րա­բեր­մունք ցոյց տալ քրիս­տո­նեայ հա­յուն: Ես պի­տի ի­մա­նա­յի, բայց նաեւ սոր­վէի, որ սե­լի­միէ­ցի գիւ­ղա­ցին հիւ­րըն­կա­լած է իմ տա­րա­գիր հա­րա­զատ­ներս, ո­րոնք չվա­րա­նե­ցան վկա­յե­լու, թէ` « մեզ դի­մա­ւո­րե­ցին ար­տա­կարգ հա­մակ­րան­քով, կե­րակ­րե­ցին ու հո­գա­ցին, օ­ժան­դա­կե­ցին տե­ղա­ւորուե­լու. որ­պէս պա­հա­պան հրեշ­տակ­ներ` եղ­բայ­րա­կան գո­րո­վա­գութ վե­րա­բեր­մուն­քով վա­րո­ւե­ցան մե­զի հետ, մեր ողջ կե­ցու­թեան: Մեր կեան­քը կը պար­տինք ա­նոնց»:

Ե­թէ թուր­քը կեան­քե­րու վերջ տո­ւաւ, սե­լի­միէ­ցի ա­րա­բը պահ­պա­նեց զա­նոնք:

Հօ­րեղ­բօրս հա­մար բժշկու­թիւ­նը ան­քակ­տե­լի միա­ւորն է հա­յուն եւ հա­մընդ­հա­նուր հայ­կա­կա­նու­թեան ար­ժէ­քի գի­տակ­ցու­թեան: Իր բժշկա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան կեան­քին ըն­թաց­քին եր­բեք պա­տո­ւե­գին չվեր­ցուց ոե­ւէ հի­ւան­դէ, որ կու գար Սե­լի­միէի գիւ­ղէն: Ա­սի­կա իր «չնչին» ե­րախ­տա­գի­տա­կան հա­տու­ցում-շար­ժոյթն  էր Սե­լի­միէի ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար` հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ իր հա­րա­զատ­նե­րուն նկատ­մամբ: Ու տա­կա­ւին ինք­նավս­տահ կեր­պով կը վկա­յէր: «­Մի­թէ պա­տա­հա՞ծ է եր­բե­ւի­ցէ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը մոռ­նայ իր բա­րե­կամ­նե­րը»:

Չեմ գի­տեր, թէ Սե­լի­միէ գիւ­ղը եւ ա­նոր բնակ­չու­թիւ­նը ներ­կայ օ­րե­րու սու­րիա­կան այս թո­հու­բո­հին մէջ ի՛նչ կա­ցու­թեան մէջ են, բայց  շատ յստակ է, որ սե­լի­միէ­ցի ա­րաբ գիւ­ղա­ցին ե­ղաւ հա­յուն բա­րե­կա­մը: Ան կրցաւ կեր­տել բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, քա­նի որ հա­ւա­տաց «ապ­րեց­նե­լու» գրա­ւա­կա­նին, փո­խա­նակ` «սպան­նե­լու»:

Ար­դա­րեւ, հա­մա­մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ կայ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ ա­նոր նկա­րա­գի­րը կեր­տող խոր­քա­յին ար­ժէ­քը, որ կը կա­յա­նայ կեան­քե­րը պահ­պա­նե­լու եւ զայն ի­մաս­տա­ւո­րե­լու հիմ­քե­րու վրան: Ե­թէ սե­լի­միէ­ցի ա­րա­բը ե­ղաւ հա­յուն բա­րե­կա­մը, ա­տի­կա` ո­րով­հե­տեւ իր «գրա­ւը» դրաւ ապ­րեց­նե­լու սկզբուն­քին վրայ: Եւ կեան­քի մէջ ապ­րե­լով եւ ապ­րեց­նե­լով է, որ ար­ժէք­ներ կրնաս ստեղ­ծել:

Ե­ղեռ­նի հա­րիւ­րա­մեա­կին առ­թիւ հա­յը դար­ձեալ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը յի­շէ իր բա­րե­կամ­նե­րը, ո­րոնք ապ­րած ու ապ­րե­ցու­ցած են, տա­կա­ւին կ­՛ապ­րին ու կ­՛ապ­րեց­նեն հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը:

Եւ ար­ժէք­նե­րը չեն կեր­տո­ւիր սպան­նե­լով

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ