«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Կռիւի խնդիր - Ա.
Արտասահմանի մեր սիրելի բարեկամներէն մէկն էր, որ վերջերս առիթը գտած էր մեր քաղաքը այցելելու ու մօտաւորապէս շաբաթ մը շնչելու մեր խմբագրատան մթնոլորտը: Գիտէի որ այս մթնոլորտը շատ սիրելի էր իրեն ու ինք կը նախընտրէր իր ժամերը մեր մօտ անցնել, փոխանակ երթալու ու վայելելու մեր քաղաքին տեսարժան գեղեցիկ վայրերը:
Գրականութեան սիրահար մարդ էր ու իրեն հետ երկու-երեք օր շարունակ խօսեցանք գրական ու մշակութային վերջին պատահարներու մասին: Պատահեցաւ որ ան ինծի յիշեցնէ կարգ մը անձերու տեսակէտներն ու պնդումները, որոնց հետ չեմ կրցած համակարծիք ըլլալ երկար ժամանակէ ի վեր: Ան կարծես ջանաց բացատրել անոնց տեսակէտները, ես բուռն կերպով հակառակեցայ, նոյնիսկ քիչ մըն ալ ձայնս բարձրացուցի, բացատրեցի թէ որքան սխալ կամ անիրաւ կամ միակողմանի բաներ կային այդ ըսուածներուն մէջ: Ես չէի կրնար ուս թօթուել ու անցնիլ այդ սխալներուն դիմաց: Եթէ համոզուած էի որ անոնք սխալ էին, կամ անիրաւ, կամ միակողմանի, պէտք է հակազդեցութիւն ցոյց տայի: Եւ տուի:
Հինգ օր իրական վայելք էր ամէն օր անոր հետ խօսիլ նմանօրինակ խնդիրներու մասին: Հինգերորդ օրուան վերջաւորութեան, երբ հրաժեշտ կÿառնէր ինձմէ, ողջագուրուեցաւ ինծի հետ ու ըսաւ.
-Քեզ միշտ այսպէս կատարեալ առողջութեան մէջ տեսնեմ:
Նայեցայ աչքերուն մէջ.
-Ուրկէ՞ գիտես որ առողջութիւնս կատարեալ է, ըսի:
-Ես գիտեմ, ըսաւ: Քանի որ տակաւին կը կռուիս գրական խնդիրներու համար, կը նշանակէ որ առողջութիւնդ լաւ է:
Եւ գնաց:
Եւ զիս գլուխ գլխի թողուց իմ առողջական խնդիրներուս եւ իմ կռիւներուս հետ:
Բնաւ պիտի չփորձէի փնտռել թէ առողջութեան հետ իսկապէս կապ մը ունէ՞ր կռուզանութիւնը: Աւելի ճիշդ, բնաւ պիտի չհարցնէի թէ մարդուն առողջութենէ՞ն էր որ կը բխէր գաղափարական դատի մը համար կռուելու պատրաստակամութիւնը: Է՜հ, հիմա այս մասին չէ որ պիտի մտածէի: Այդ մասին կրնայի մտածել աւելի վերջ: Իսկ հիմա ես կրկին ու կրկին պիտի մտածէի որ մարդկային գործունէութեան յառաջընթաց բոլոր մարզերէն ներս, ամենուրեք, եւ միշտ, կեանքը համ ու հոտ չունի եթէ բնաւ կռիւ չկայ հոն:
Զարմանալին այն է որ ես կռիւը շատ չեմ սիրեր, մանաւանդ որ ես զիս համոզած եմ որ կռուազան մէկը չեմ: Անշուշտ երկու տեսակ կռիւներ կան: Մարմնական կռիւ ու գաղափարական կռիւ: Առաջինը՝ մարմնով, այսինքն ֆիզիքական ուժող, երկրորդը խօսքով կամ գիրով, այսինքն բարոյական ուժով: Կեանքիս մէջ ոեւէ մէկու հետ մարմնական կամ ֆիզիքական կռիւ ըրա՞ծ եմ, մէկը անդին հրա՞ծ, մէկու մը դէմքին բռունցքի հարուած մը, կամ մինչեւ իսկ թեթեւ ապտակ մը իջեցուցա՞ծ եմ: Որքան ալ խուզարկեմ յիշողութիւնս, չեմ կրնար գտնել այդպիսի պատահար մը: Բայց նոյնը չեմ կրնար ըսել գաղափարական կռիւի պարագային:
Այն օրէն ասդին, երբ գրիչ վերցուցի ու գրել սկսայ, երբեք հեռու չմնացի բանավէճէ կամ գաղափարական պայքարէ, չըսելու համար՝ կռիւէ, որովհետեւ մեր հիանալի լեզուն յստակ կերպով իրարմէ կը զանազանէ կռիւ ու պայքար բառերուն ժխտական ու դրական յատկութիւնները: Պայքարը կռիւէն աւելի վեհիմաստ է:
Բայց պայքարն ալ կռիւ մըն է վերջապէս եւ ես, յարգելով հանդերձ մեր լեզուին հեղինակաւոր եւ զգոյշ թելադրութիւնը, գաղափարական մարտնչումներու մէջ ալ միշտ սիրեցի գործածել «կռիւ» բառը, փոխանակ գործածելու «պայքար» կամ «բանավէճ» բառերը: Որովհետեւ, եթէ ինծի հարցուի, կռիւը շատ աւելի լաւ կ'արտայայտէ գաղափարի մը, կամ անիրաւութեան մը, կամ սխալի մը դէմ գալու տրամադրութիւնը: Սիրեցի այդ տեսակ կռիւը: Նոյնիսկ պարտականութիւն նկատեցի այդ տեսակ կռիւը: Յաճախ ալ «սրբազան» որակեցի այդ տեսակ կռիւը:
Միշտ կը յիշեմ իմ սիրելի բարեկամներէս երկուքը, որոնցմէ մէկը շատ կանու-խէն հեռացաւ մեր շրջանակէն ու երկար տարիներ ապրեցաւ ուրիշ երկնքի մը տակ: Գաղափարի ընկերներ էինք եւ շատ ալ մտերիմ: Ընկերասէր տղայ էր, զուարթ ու սրամիտ, կատակախօս ու շէն: Աշխարհի բոլոր մարդիկը անոր բարեկամներն էին, մէկ հատ իսկ հակառակորդ կամ թշնամի չունէր: Զինքը շատ կը սիրէի, բայց կար կէտ մը որ զիս կ'անհանգստացնէր: Հակառակորդ չունենալը, անխտիր բոլորէն սիրուիլը խորթ կը թուէր ինծի: Ատիկա կարծես ցոյց կուտար որ բան մը պակաս էր ընկերոջս կեանքին մէջ:
Երկրորդ բարեկամս բարեկամ շահելու քաղաքականութիւն կը մշակէր միշտ, չափէն աւելի շատ «Ապրիս» կÿըսէր իր դիմացիններուն, այդ «Ապրիս»ները ման-րուք դրամի նման կը բաշխէր ամէնուն, նոյնիսկ ամէնէն անարժանին, եւ կը մտածէր որ այդ կերպով համակիրներու շատ լայն շրջանակի կը տիրանար: Ես չէի անշուշտ որ դէմ պիտի գայի մարդոց լաւ կողմերը գնահատելու ու գովելու ազնուութեան, բայց ամէն մարդ գիտէ որ գնահատանքը իրական գնահատանք է այն ատեն միայն երբ ամէն բանէ առաջ անկեղծ է, թէ հիմնուած չէ հաշիւի կամ շողոքորթութեան կամ սուտի կամ թաքուն ակնկալութեան մը վրայ:
Երկու բարեկամներուս կեանքին մէջ պակսողը կռիւն էր: Եւ անոնց կեանքը, եթէ ինծի հարցուի, կերակուր մըն էր որուն մէջ բնաւ աղ չէր դրուած:
(Գրութեան Բ. մասը՝ յաջորդ Ուրբաթ օր:)
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)