Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Կի­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը ձա­խա­կող­մեան մտքին մէջ ու­նի իր ա­ւան­դա­կան պատ­մու­թիւ­նը, որ սկզբնա­պէս բե­րա­նա­ցի կեր­պով շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւած է ֆրան­սա­կան ըն­կեր­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ:

Ըստ այս ա­ւան­դու­թեան, 8 Մարտ 1857ին ­Նիւ Եոր­քի մէջ հա­գուս­տե­ղէ­նի եւ հիւ­սո­ւա­ծե­ղէ­նի գոր­ծա­րան­նե­րու կին աշ­խա­տա­ւոր­ներ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րու դի­մած են` դժգո­հե­լով ի­րենց աշ­խա­տան­քա­յին շատ վատ պայ­ման­նե­րէն եւ ընդ­հան­րա­պէս ցած աշ­խա­տա­վար­ձե­րէն: Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, ցոյ­ցե­րը ճնշո­ւած են զի­նու զօ­րու­թեամբ եւ ոս­տի­կա­նու­թեան հա­լա­ծան­քին ներ­քեւ:

­Թէ որ­քա­նո՞վ հա­ւաս­տի է այս ա­ւան­դա­կան տե­ղե­կու­թիւ­նը` կը մնայ ստու­գե­լի:

­Սա­կայն փաստ է, որ այս ա­ւան­դու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան մտքին մէջ պի­տի ամ­րապն­դէր այն ան­տե­ղի­տա­լի հա­մո­զու­մը, որ կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու հե­տապն­դու­մը ու­ղիղ կապ ու­նի աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գի ի­րա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման գա­ղա­փա­րին հետ եւ մէ­կը միւ­սէն կա­րե­լի չէ ան­ջա­տել:

Եւ երբ 1911 թո­ւա­կա­նին Ըն­կեր­վա­րա­կան Բ. ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ­Քո­փեն­հա­կը­նի հա­մա­գու­մա­րին գլխա­ւո­րա­բար գեր­մա­նա­ցի կին ըն­կեր­վա­րա­կան մտա­ծող Ք­լա­րա ­Ցեթ­քի­նի ջան­քե­րով ­Կի­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը ա­ռա­ջին ան­գամ որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ եւ առ այդ ա­ռա­ջին նշու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ, այդ օ­րը նշո­ւե­ցաւ իբ­րեւ Աշ­խա­տա­ւոր ­Կի­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Օր` շեշ­տե­լու հա­մար ա­նոր զուտ ըն­կե­րա­յին եւ դա­սա­կար­գա­յին բնոյ­թը:

­Մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան շար­ժու­մի պատ­մու­թեան մէջ Ք­լա­րա ­Ցեթ­քի­նին ա­նու­նը ան­բա­ժա­նե­լի ե­ղած է կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան պայ­քա­րէն` մեկ­նե­լով աշ­խա­տա­ւո­րա­կան եւ ըն­կե­րա­յին պայ­քա­րի հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն:

Ա­սի­կա այն ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր, երբ 19րդ ­դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան եւ 20րդ ­դա­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան շար­ժու­մին մէջ տի­րա­կան էր մարք­սեան դպրո­ցը, իսկ ըն­կե­րա­յին ե­րե­ւոյթ­նե­րու վեր­լուծ­ման մէջ` մարք­սեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը: ­Նոյ­նիսկ ա­նոնք, ո­րոնք մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան շարժ­ման մէջ կը մեկ­նէին ­Քարլ ­Մարք­սի տե­սու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ քննա­դա­տա­կան մեկ­նա­կէ­տէ, այ­դու­հան­դերձ, մարք­սեան մե­թո­տա­բա­նու­թիւ­նը կ­՛ըն­դու­նէին իբ­րեւ հիմք` հար­ցե­րու վեր­լուծ­ման մէջ:

Աս­կէ զատ նաեւ կար ու­րիշ հարց մը, որ կը վե­րա­բե­րէր մեր նիւ­թին մաս կազ­մող երկ­րորդ գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղու­թեան, որ ֆե­մի­նիզմն է:

Այդ նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ֆե­մի­նիս­տա­կան շար­ժու­մին մէջ կար քաղ­քե­նիա­կան ուղ­ղու­թիւն մը, որ կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը կը սահ­մա­նա­փա­կէր միայն ու միայն քաղ­քե­նի դա­սա­կար­գի կի­նե­րուն ընտ­րե­լու եւ ընտ­րո­ւե­լու ի­րա­ւունք շնոր­հե­լու ե­րե­ւոյ­թին մէջ` ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու կի­նե­րու դի­մագ­րա­ւած ըն­կե­րա­յին թէ քա­ղա­քա­կան միւս հար­ցե­րուն:

Ըն­կեր­վա­րա­կան ֆե­մի­նիզ­մի տե­սու­թիւ­նը հա­կադ­րե­լով քաղ­քե­նիա­կան ֆե­մի­նիզ­մի տե­սու­թեան` Ք­լա­րա ­Ցեթ­քին եւ ի­րեն հա­մա­խոհ ըն­կեր­վա­րա­կան մտա­ծող­նե­րը ե­կան այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ կայ կի­նե­րու ա­զա­տագ­րու­մի հարց` իբ­րեւ մէկ բա­ժի­նը աշ­խա­տա­ւոր մար­դուն ա­զա­տագր­ման, եւ ան­շուշտ խօս­քը այս­տեղ կը վե­րա­բե­րի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան, դա­սա­կար­գա­յին ա­զա­տագր­ման` նախ եւ ա­ռաջ: ­Չի բա­ւեր միայն քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­ներ տալ սա­կա­ւա­թիւ կի­նե­րու, ո­րոնք կը պատ­կա­նին հա­րուստ դա­սա­կար­գին, այլ անհ­րա­ժեշտ է կնո­ջա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն մօ­տե­նալ հա­մա­պար­փակ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ` սկսե­լով աշ­խա­տան­քա­յին պայ­ման­նե­րուն բա­րե­լաւ­ման հա­մար պայ­քա­րէն մին­չեւ ըն­կե­րու­թեան մէջ ար­մա­տա­ցած կարծ­րա­տի­պե­րուն քան­դու­մը:

Այս վեր­ջի­նիս շար­քին՝ ըն­կեր­վա­րա­կան ֆե­մի­նիստ­նե­րը մա­նա­ւանդ շեշ­տը դրին հայ­րիշ­խա­նա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րուն դէմ պայ­քա­րին եւ ա­զատ սի­րոյ գա­ղա­փա­րին վրայ: Ինք` Ք­լա­րա ­Ցեթ­քին, մեկ­նե­լով ա­զատ սի­րոյ գա­ղա­փա­րի այս ար­մա­տա­կան սկզբուն­քէն, թէեւ հա­մակ­րա­կան ու սի­րոյ կապ ու­նե­ցած է տղա­մար­դու մը հետ, որ­դեգ­րած է ա­նոր մա­կա­նու­նը, ան­կէ եր­կու զա­ւակ ու­նե­ցած է ու հե­տը ապ­րած եւ պայ­քա­րած, բայց եր­բեք պաշ­տօ­նա­պէս չէ ա­մուս­նա­ցած ա­նոր հետ` մեր­ժե­լով ըն­տա­նի­քի հաս­տա­տու­թեան գա­ղա­փա­րը:

Որ­պէս­զի գիտ­նանք, թէ ի՞նչ են­թա­հո­ղէ կը մեկ­նէր Ք­լա­րա ­Ցեթ­քին կի­նե­րու ա­զա­տագր­ման գծով իր ըն­կեր­վա­րա­կան տե­սու­թեան մէջ, պէտք է եր­թանք եւ կար­դանք այս կնոջ նախ­նա­կան գրու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք, ի՜նչ խօսք, կը ներ­կա­յա­նան իբ­րեւ ըն­կեր­վա­րա­կան մտքի դա­սա­կան գլուխ գոր­ծոց­ներ:

Այս գրու­թիւն­նե­րու շար­քին է ­Գեր­մա­նիոյ Ըն­կեր­վար-­Ժո­ղովր­դա­վար (սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ) կու­սակ­ցու­թեան ­Կո­թա­յի հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին (1896) ­Ցեթ­քի­նի նշա­նա­ւոր ե­լոյ­թը, որ կը կրէ` «Միայն աշ­խա­տա­ւոր կնոջ մաս­նակ­ցու­թեամբ ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը պի­տի յաղ­թէ» խո­րա­գի­րը: Այս նշա­նա­ւոր ե­լոյ­թին բնա­գի­րը հե­տա­գա­յին լոյս տե­սած է ա­ռան­ձին գրքոյ­կով:

­Խօ­սե­լով կի­նե­րու ա­զա­տագ­րու­թեան հար­ցին մա­սին` Ք­լա­րա ­Ցեթ­քին կը նշէ, որ աշ­խա­տա­վար­ձի հա­մար տու­նէն դուրս աշ­խա­տի­լը կը մեծց­նէ կնոջ ան­կա­խու­թեան շրջա­գի­ծը, ինչ որ ա­զա­տու­թեան նա­խա­պայ­ման­նե­րէն մէկն է, սա­կայն ան­պայ­մա­նօ­րէն չի նշա­նա­կեր այդ ա­զա­տու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը, ո­րով­հե­տեւ այդ­պի­սով թէեւ աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գին մէջ կի­նե­րը տնտե­սա­կան ան­կա­խու­թիւն ձեռք կը ձգեն, բայց տա­կա­ւին իբ­րեւ ան­հատ­ներ չեն ու­նե­նար լիար­ժէ­քօ­րէն ապ­րե­լու կա­րե­լիու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ կը ստա­նան միայն դրա­մա­տի­րա­կան ար­տադ­րու­թեան սե­ղա­նէն ին­կած փշրանք­նե­րը: ­Հե­տե­ւա­բար աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գին մէջ կի­նե­րու պայ­քա­րը` ի­րենց ա­զա­տագ­րու­մին հա­մար, եր­բեք ուղ­ղո­ւած չէ միեւ­նոյն դա­սա­կար­գի տղա­մար­դոց դէմ, ինչ­պէս որ քաղ­քե­նիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ քաղ­քե­նի կնոջ պայ­քա­րը ուղ­ղո­ւած կ­՛ըլ­լայ քաղ­քե­նի տղա­մար­դուն դէմ:

­Կի­նե­րու պայ­քա­րին վերջ­նա­կան նպա­տա­կը, ըստ Ք­լա­րա ­Ցեթ­քի­նի, աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գին կող­մէ քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը ձեռք ձգելն է` ուս-ու­սի պայ­քա­րե­լով աշ­խա­տա­ւոր տղա­մար­դուն կող­քին, դրա­մա­տի­րա­կան հա­սա­րա­կար­գին դէմ: ­Նոյ­նիսկ ե­թէ կի­նե­րը ձեռք ձգեն քա­ղա­քա­կան հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը, ա­սի­կա գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ի­րա­կա­նու­թե­նէն ո­չինչ պի­տի փո­խէ, ո­րով­հե­տեւ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի աշ­խա­տա­ւոր կնոջ շա­հա­գոր­ծու­մը` յար եւ նման աշ­խա­տա­ւոր տղա­մար­դու շա­հա­գործ­ման:

Ք­լա­րա ­Ցեթ­քին իր այդ գրու­թեան մէջ պաշտ­պա­նեց այն գա­ղա­փա­րը, որ աշ­խա­տա­ւոր կի­նե­րը պէտք չէ ի­րենց պայ­քա­րը սահ­մա­նա­փա­կեն քա­ղա­քա­կան մաս­նա­կի պա­հանջ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով, ինչ­պի­սին էր ընտ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը: Ա­նոնք պէտք է պայ­քա­րին աշ­խա­տե­լու ի­րա­ւունք ձեռք ձգե­լու, աշ­խա­տա­վար­ձի հա­ւա­սա­րու­թեան, ե­րե­խա­նե­րու հո­գա­տա­րու­թեան հա­մար վճա­րո­ւած ար­ձա­կուր­դի, կրթու­թեան ի­րա­ւուն­քին եւ այլ ի­րա­ւունք­նե­րու հա­մար ալ:

Կ­նո­ջա­կան պայ­քա­րը դժո­ւար է, կ­՛են­թադ­րէ շատ աշ­խա­տանք եւ հսկա­յա­կան զո­հո­ղու­թիւն­ներ, ,սա­կայն այս զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը ան­պայ­մա­նօ­րէն պի­տի պտղա­բե­րեն: Աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գը չի կրնար իր նպա­տակ­նե­րուն հաս­նիլ, բա­ցի ե­թէ իր բո­լոր զա­ւակ­նե­րը միաս­նա­բար պայ­քա­րին` ա­ռանց սե­ռե­րու մի­ջեւ խտրա­կա­նու­թեան:

Աշ­խա­տա­ւոր կի­նե­րու հսկայ զանգուած­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան ա­զա­տագ­րու­մի պայ­քա­րին, նա­խա­պայ­ման­նե­րէն մէկն է ըն­կեր­վա­րու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան յաղ­թա­նա­կին եւ ըն­կեր­վա­րա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կերտ­մա­նե:

Եւ այս­տեղ ­Ցեթ­քին կա­րե­ւոր կէտ մը կը նշէ ըն­կեր­վա­րու­թեան կերտ­ման ի­մաս­տով:

Ան կ­՛ը­սէ` միայն ըն­կեր­վա­րա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պի­տի լու­ծէ այն տագ­նա­պը, որ յա­ռա­ջա­ցած է կի­նե­րուն աշ­խա­տան­քա­յին գոր­ծու­նէու­թեան պատ­ճա­ռով: Ան­գամ մը, որ ըն­տա­նի­քը այ­լեւս կը դադ­րի գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ իբ­րեւ տնտե­սա­կան կա­ռոյց, եւ ա­նոր կու գայ փո­խա­րի­նե­լու ըն­տա­նի­քին հա­մար տար­բեր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն մը` իբ­րեւ բա­րո­յա­կան կա­ռոյց, այն ժա­մա­նակ միայն կի­նը պի­տի դառ­նայ հա­ւա­սա­րա­պէս ստեղ­ծա­գործ, հա­ւա­սա­րա­պէս նպա­տա­կաս­լաց, յա­ռա­ջա­դէմ ըն­կե­րա­կի­ցը իր ա­մուս­նոյն, իր ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի ծաղ­կի, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան ըստ կա­րել­ւոյն ա­մէ­նէն բարձր մա­կար­դա­կի վրայ պի­տի ի­րա­գոր­ծէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը իբ­րեւ կին եւ մայր:

Ք­լա­րա ­Ցեթ­քին շատ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ աշ­խա­տա­ւոր կի­նե­րը ար­հես­տակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պե­լու ի­մաս­տով: Յս­տակ էր ա­նոր մտա­ծո­ղու­թե­նէն եւ այդ մտա­ծո­ղու­թեան գործ­նա­կա­նա­ցու­մէն, որ ան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տար տղա­մար­դոց եւ կի­նե­րուն մի­ջեւ սեն­տի­քա­յա­կան աշ­խա­տան­քի միաս­նա­կա­նու­թեան, ո­րով­հե­տեւ իր փոր­ձը ցոյց տո­ւած էր, որ աշ­խա­տա­ւոր կի­նե­րուն ճա­կա­տա­գի­րը ամ­բող­ջո­վին կա­խեալ է աշ­խա­տա­ւոր տղա­մար­դոց ճա­կա­տա­գի­րէն:

­Միւս կող­մէ, ­Ցեթ­քին շատ մեծ աշ­խա­տանք տա­րաւ կնո­ջա­կան ըն­կեր­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն օ­րա­կար­գե­րը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Այս­պէ՛ս, ան 1907 թո­ւա­կա­նին նա­խա­ձեռ­նեց Շ­թութ­կար­թի մէջ Ըն­կեր­վա­րա­կան կնո­ջա­կան շար­ժու­մի ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րին կա­յաց­ման, հա­մա­գու­մա­րին մաս­նակ­ցե­ցան 59 կի­ներ` 15 եր­կիր­նե­րէ: Իսկ ար­դէն նշեալ շար­ժու­մին 1910ի հա­մա­գու­մա­րին որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ Աշ­խա­տա­ւոր ­Կի­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը նշե­լու ո­րո­շու­մը, որ վերջ­նա­կա­նա­պէս վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ 1911ին` Ըն­կեր­վար Բ. ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի հա­մա­գու­մա­րին:

Ա­ւե­լի քան 100 տա­րի­ներ ան­ցած են այդ թո­ւա­կա­նէն:

Այս ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշըր­ջա­նին կնո­ջա­կան շար­ժու­մը ար­ձա­նագ­րեց բազ­մա­թիւ ձեռք­բե­րում­ներ, ինչ­պէս նաեւ ու­նե­ցաւ բաց­թո­ղում­ներ, կի­նե­րու նկատ­մամբ կարծ­րա­տի­պե­րը յա­ճախ վե­րա­ցան, կարգ մը տե­ղեր ալ տա­կա­ւին կը յա­մե­նան: ­Կը յա­մե­նայ նաեւ ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վար­ման, ար­տադ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան դրո­ւածք­նե­րու հայ­րիշ­խա­նա­կան հա­մա­կար­գը` դրա­մա­տի­րա­կան հա­սա­րա­կու­թեան տի­րա­կան ներ­կա­յու­թեան կող­քին:

Դ­րա­մա­տի­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ կա­ռու­ցո­ւած ար­տադ­րա­կան եւ սպառ­ման յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նի լոյ­սին տակ, որ­քա՜ն ու­սա­նե­լի պի­տի ըլ­լայ նո­րո­վի ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րել կի­նե­րու ա­զա­տագ­րու­մի շար­ժու­մին:

Ա­յո՛, խնդի­րը պէտք է դի­տար­կել այս ար­մա­տա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան շրջա­գի­ծին մէջ` կի­նե­րու ա­զա­տագ­րում ա­մէն տե­սա­կի խտրա­կա­նու­թե­նէ եւ ա­մէն տե­սա­կի կարծ­րա­տի­պէ:

Այս ընդ­հա­նուր վեր­լու­ծու­մին ընդ­մէ­ջէն կը շեշ­տո­ւի անհը­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը նաեւ կնո­ջա­կան շար­ժու­մը չան­ջա­տե­լու իր ձա­խա­կող­մեան ա­կունք­նե­րէն` ա­նոնց ամ­բողջ տե­սա­կան հարս­տու­թեամբ:

Աշ­խա­տա­ւոր կի­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան նշու­մը լաւ ա­ռիթ էր յի­շա­տա­կե­լու ըն­կեր­վա­րա­կան մտքի այս դա­սա­կան հսկան` Ք­լա­րա ­Ցեթ­քի­նը, ա­ռանց ո­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեան` այ­սօր ­Կի­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Օր գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նար: ­Բայց ա­ռիթ է յի­շե­լու, նաեւ, ըն­կեր­վա­րա­կան մտքի միւս կին հսկա­նե­րը` ­Ռո­զա ­Լիւք­սամ­պուր­կը, Ա­լեք­սանտ­րա ­Քո­լոն­թա­յը, Է­լիա­նոր ­Մարք­սը, ո­րոնք կի­նե­րու ա­զա­տագ­րու­թեան շար­ժու­մին ար­մա­տա­կան ըն­կեր­վա­րա­կան պատ­կե­րա­ցու­մը ստեղ­ծե­ցին:

­Կի­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը քէ­ֆի, ֆոլք­լո­րի օր չէ, գե­րա­զան­ցա­պէս պայ­քա­րի օրն է ա­նի­կա, ըն­կեր­վա­րա­կան պայ­քա­րի օրն է ա­նի­կա:

Ժաք Յ. ­Յա­կո­բեան