Լաւ տրամադրութեամբ արթնցաւ այսօր տիկին Վարդանուշը: Պատճա՞ռը... իր երկու սիրելի ընկերուհիները՝ Մաքրուհին եւ Կիւլան, իրեն պիտի գային սուրճ խմելու ու միասնաբար ժամ անցնելու համար:
Ուրախ էր, սակայն... կարծես նոյն ժամուն մտահոգ ալ էր: Անշուշտ մտահոգուելու լուրջ պատճառ մը չունէր... բայց... նա քա... գիտէք հիմա... խօսքը մէջէրնիս անշուշտ... բայց... վերջերս չափէն աւելի մոռացկոտ եղած էր:
Ուրեմն, այս մոռացկութեան երեսէն, արթնցած ժամէն կը մտածէր, թէ ի՞նչ պէտք է ընէր, իր ընկերուհիներուն առջեւը, ասանկ ըսուած՝ «սեւ երեսով» չմնալու համար: Հապա եթէ մոռնա՞ր իրենց սուրճ մը հրամցնելը... մեղա՜յ Տէր իմ Աստուած... որքա՜ն ամօթ պիտի ըլլար... ձգէ, որ միայն սուրճ մը հրամցնելով խնդիրը պիտի վերջանա՞ր... պէտք չէ՞ր, որ սուրճէն ետք իրենց դգալի անուշ մըն ալ հրամցնէր... այսինքն՝ եթէ խօսքին իրաւը կ՚ուզէք, այսքանով ալ հիւրասիրութիւն մը չէր կրնար վերջացած սեպուիլ... ան պակաս էր հիմակ, այս տարիքին խայտառակ ըլլար: (Այսինքն ո՞ր տարիքին, եղած-չեղածը եօթանասուն տարեկան կար, չկար... սակայն Աստուած վկայ, վաթսուն տարեկանէն աւելի չէր երեւէր): Ձգէ որ անուշէն ետք, պէտք չէ՞ր որ ընկերուհիներուն պտուղ մըն ալ հրամցնէր: Բայց եկուր տես, որ այս բոլորը յիշելու նախապայմանը... նախապէս... չմոռնալն էր...
- Ո՞վ Տէր Աստուած, ի՞նչ ընեմ... ի՞նչ ընեմ, որ այս երեք ընելիքներս չմոռնամ...
Ասանկ մտածե՜ց, անանկ մտածե՜ց, երկար մտածե՜ց, գլուխը ճաթեցուց, եւ կարծես վայրկեանի մը Աստուծոյ շնորհքը վրան իջաւ ու յղացաւ գեղեցիկ գաղափար մը...: Հա՛ աղջիկ... լուծումը շա՜տ պարզ է եղեր... քա ինչպէ՞ս աւելի կանուխէն չմտածեց...
- Ընկերուհիներս ըսին, որ կէսօրէ ետք ժամը վեցի ատեննէրը պիտի գան, ուրեմն ես խոհանոցի ժամացոյցին զարթուցիկը կը լարեմ, որ ժամը ճիշդ վեցին քսան անց զարնէ, ու լսելով ձայնը կը յիշեմ, ու իրենց համով-հոտով աղուորիկ սեւ սուրճ մը կը պատրաստեմ: Յետոյ ննջասենեակի ժամացոյցը կը լարեմ ժամը եօթին, ու այս անգամ զարթուցիկին զանգը լսելուս կը յիշեմ, ու իրենց կը մեծարեմ դգալի անուշ մը: Յաջորդաբար նրբանցքին ժամացոյցն ալ կը լարեմ ժամը եօթնուկէսին, ու այս անգամ իրենց կը հրամցնեմ պտուղները: Ամէն ըլլալիքը այս է եղեր... լմնցաւ գնաց... ի՜ւֆ... պարապ տեղ ինքզինքս կ՚ուտէի կոր եղեր...
* * *
Երեկոյեան ժամը ճիշդ վեցին, երկու ընկերուհիները թեւ-թեւի մտած հասան Վարդանուշին տունը եւ դրան զանգը զարնելով ուղղակի ներս մտան: Իրար փաթթուեցան, համբուրուեցան, ու ապա անուշեղէնի տուփ մը երկարելով իրեն ըսին...
- Այս անուշները քեզի համար բերինք, սիրելի Վարդանուշ...
- Քա, ի՜նչ պէտք կար քա... քա ես օտա՞ր եմ մը... քա օտարի տուն կու գաք կոր եղեր...
- Ամօթ կ՚ընես կոր եա՜, քա եղածը ի՞նչ է որ, աղջիկ արդէն խօսիլդ չարժէր...
- Հրամմեցէք, հիւրասենեակ անցէք, քա ոտքի մի կենաք, խնդրեմ նստեցէք...
Հիւրասենեակ անցան, նստան, ապա...
- Է՜ Կիւլա, ի՞նչ կայ չկայ, աղջիկ նոր լուր մը տուր նայիմ... (ըսաւ Վարդանուշ)...
- Լո՞ւրը ուրկից բերեմ, նոր բան մը չկայ որ, ամէն բան գիտցածիդ պէս է...
- Աղջիկ Մաքրուհի, գոնէ դուն լուր մը տուր նայիմ...
- Քա ես ի՞նչ լուր տամ, բոլոր լուրերը ձեր երկուքին քովն են...
- Ա՜խ... քա ես լուրերը ուրկէ՞ իմանամ... լման օրը գոցուած այս չորս պատերուն մէջ... ես ո՜ւր, լուրերը ո՜ւր...
Այսպէս սիրով, անուշ լեզուով, կը խօսէին, կը խնդային, երբ որ յանկարծ... տրի՜ի՜ի՜ի՜ն... լսուեցաւ խոհանոցի ժամացոյցին զարթուցիկին զանգը: Վարդանուշը անմիջապէս սթափեցաւ...
- Սուրճ մը կը խմէի՞ք աղջիկներ...
- Հա քա, շիտակը աղուոր սեւ սուրճ մը կ՚երթար հիմակ, հատէ շինէ տէ խմենք... (ըսաւ Կիւլան)...
- Ուրեմն ինծի վայրկեան մը կը ներէք ըսելով՝ Վարդանուշ խոհանոց վազեց պատրաստելու համար սեւ սուրճերը: Պատրաստեց ու շարունակաբար հրամցուց ընկերուհիներուն: Սուրճերը խմելով՝ շարունակեցին զրուցել սարէն ձորէն նիւթերու շուրջ: Երբ խմեցին վերջացան, Վարդանուշ պարապ գաւաթները հաւաքելով խոհանոց տարաւ ու զետեղեց լուացքի մեքենային մէջ, ապա եկաւ նստաւ ընկերուհիներուն մօտ:
- Քա ի՞նչ լսեցի, Մարին աղջի՞կը նշաներ է եղեր... (հարցուց Կիւլան)...
- Նորէ՞ն... արդէն մայր ու աղջիկ գործերնին ի՞նչ է որ... շաբաթը նոր, նշանածը նոր... (ըսաւ Մաքրուհին)...
- Անանկ մ’ըսեր քա, այս անգամ հարցը բաւական լուրջ է եղեր... (ըսաւ Կիւլան)...
- Վրաս գրէ քոյրս... արդէն այդ աղջկան բոլոր նշանտուքներն ալ... անշուշտ մինչեւ ետ ըլլալնին... բոլորն ալ մի՜շտ բաւական լուրջ են... ամէն լսածներուդ ականջ մի կախեր աղջիկ... (ըսաւ Մաքրուհին)...
- Շիտակը ես ալ լսեցի, որ այս անգամ ամուսնութեան կը պատրաստուին կոր եղեր... ամաա՜ն, քա մեզի ի՞նչ... ի՜նչ կ՚ուզեն թող ընեն... բարին Աստուծմէ... (ըսաւ Մաքրուհին)...
Տրի՜ի՜ի՜ի՜ն... այս անգամ լսուեցաւ ննջասենեակի ժամացոյցին զարթուցիկին ձայնը: Մաքրուհին անմիջապէս ոտքի ցատկեց...
- Քա աղջիկնէր հազար ներողութիւն, քանի ժամ է եկեր էք, չենէի (խօսակցութեան) բռնուեցանք եւ մոռցայ ձեզի հարցնելու, ասանկ համով-համով սեւ սուրճ մը շինե՞մ, խմենք...
- Շիտակը համով սեւ սուրճ մը կ՚երթար հիմա, ինչո՞ւ չէ, խմենք... (ըսաւ Մաքրուհին)...
- Ուրեմն ինծի վայրկեան մը կը ներէք ըսելով՝ Վարդանուշ արագ մը խոհանոց մտաւ, եւ սուրճերը պատրաստելով բերաւ հրամցուց ընկերուհիներուն: Երբ սուրճի գաւաթները պարպուեցան, հաւաքեց, խոհանոց տարաւ ու զետեղեց լուացքի մեքենային մէջ: Ապա՝ վերադարձաւ ընկերուհիներուն մօտ: Հազիւ կէս ժամ անցած, այս անգամ լսուեցաւ նրբանցքի ժամացոյցի զարթուցիկին զանգը...
Տրի՜ի՜ի՜ի՜ն... Վարդանուշը հոգեկան բերկրանքով մը հարցուց...
- Քա կը ներէք չհարցուցի, սուրճ մը կը խմէի՞ք արդեօք...
- Հա քա, ասանկ համով սեւ սուրճ մը կ՚երթար հիմա... (խօսողը Կիւլան էր)...
- Ուրեմն ինծի վայրկեան մը կը ներէք ըսելով՝ Վարդանուշ խոհանոց վազեց եւ սուրճերը պատրաստելով բերաւ հրամցուց ընկերուհիներուն:
Բաւական ժամանակ անցնելէ ետք, վայրկեանի մը Մաքրուհիին նայուածքը ձեռքին հագած ժամացոյցին վրայ ինկաւ, ու ոստումով մը ոտքի ցատկելով բացագանչեց...
- Ամմա՜ն, աղջիկ ժամը անցեր է եղեր, մեզի կը ներես Վարդանուշ, բայց պէտք է որ կամաց-կամաց մեկնինք...
- Քա կանուխ է տակաւին, քիչ մը եւս նստեցէք, գոնէ ժամը տասը թող ըլլայ...
- Խե՞նթ ես աղջիկ, եթէ ուշանամ՝ Թորոսը կը սպաննէ ինծի, կ՚ուզէ, որ տուն վերադարձին ես անպայման հոն ըլլամ...
- Ասի գալ չեղաւ հա... վերջապէս... նորէն եկէք...
- Կու գանք, կու գանք, բայց նայիր, դուն ալ մասնաւոր հրաւէրի մի սպասեր, դուն ալ մեզի եկուր...
- Լաւ, լաւ, ես ալ կու գամ...
Երկու ընկերուհիները հրաժեշտ առնելով մեկնեցան...
* * *
Սիրելի ընթերցողներս դուք կը կարծէք, որ այս պատմուածքը հո՞ս կը վերջանայ... դժբախտաբար ո՛չ... տակաւին վերջաբան ալ կայ...:
Ուրեմն դէպի տուն իրենց վերադարձի ճամբուն վրայ, Կիւլային ու Մաքրուհիին միջեւ տեղի ունեցաւ հետեւեալ խօսակցութիւնը...
Մաքրուհի.- Քա ի՜նչ անճաշակ կին է եղեր այս Վարդանուշը... քա այսքան ժամ տունը նստեր ենք... քա մարդ իր հիւրերուն գոնէ սուրճ մը չի՞ հրամցներ...
Կիւլա.- Վարդանո՞ւշը... Վարդանո՞ւշը ով է աղջիկ...
Մաքրուհի.- Քա Վարդանուշը, գիտցած Վարդանուշդ... Սարգիսին Վարդանուշը...
Կիւլա.- Քա ո՞ր Սարգիսին... ինչու Սարգիսին Վարդանուշը ո՞ղջ է մը...
ՄԻՆՍԱՐ
This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.