Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Բո­լո­րիս կը պա­տա­հի։ Անս­պա­սե­լի մէկ պա­հուդ, ուր­կէ ուր ժահր մը կամ ման­րէ մը վրադ տկար կէտ մը կը նկա­տէ, լռիկ-մնջիկ կը սո­ղոս­կի ան­կէ ներս ու հետզ­հե­տէ կը հաս­տա­տէ իր իշ­խա­նու­թիւ­նը մարմ­նիդ մէջ, ա­ռանց որ անդ­րա­դառ­նաս։ Ու քա­նի մը օր ետք ար­դէն հի­ւանդ ես։ Կը զգետ­նո­ւիս։ Մինչ ան­զօ­րու­թեան զգ­ցում մը կը պա­տէ քեզ ու ան­համ­բեր կը դառ­նաս, թէ ե՞րբ պի­տի լա­ւա­նաս, ե՞րբ պի­տի վե­րագտ­նես ինք­զինքդ, միւս կող­մէ սա­կայն ար­դէն պայ­քար մը ծայր տո­ւած է մէջդ՝ նոյ­նիսկ կամ­քէդ ան­կախ։ Բո­լոր ու­ժերդ ի մի կու գան յաղ­թա­հա­րե­լու թշնա­մին։

Ան­զօ­րու­թեան այդ զգա­ցու­մը կ­՚ապ­րիս սա­կայն ո՛չ միայն հի­ւան­դու­թեան պա­րա­գա­յին, իսկ ներ­քին ու­ժերդ մի՛շտ չէ, որ օգ­նու­թեան կրնան հաս­նիլ քե­զի։

Այս­պէս, ան­զօ­րու­թեան զգա­ցու­մը կը պա­տէ քեզ երբ ձմե­ռը կ­՚եր­կա­րի, ա­րե­ւը չի տաքց­ներ, ձիւ­նա­տա­րափ­ներն ու ձիւ­նամր­րիկ­նե­րը կը յա­ջոր­դեն ի­րա­րու, եւ ձեռ­քէդ բա՛ն չի գար այդ ի­րա­վի­ճա­կը փո­խե­լու հա­մար, բա­ցի ան­շուշտ ե­թէ կրնաս հե­ռա­նալ գաղ­թող թռչուն­նե­րուն նման...

Ան­զօ­րու­թեան կը մատ­նո­ւիս, երբ գնացքդ կ­՚ու­շա­նայ, կամ եր­բեք չի գար այդ ա­ռա­ւօտ, ու ցուր­տին եր­կար սպա­սե­լէ ետք՝ փո­խադ­րա­կան այլ մի­ջոց­ներ կը փնտռես, կամ սա­ռած մար­մինդ տաքց­նե­լու հա­մար տուն կը վե­րա­դառ­նաս ու աշ­խա­տան­քի օր մը կը կորսնցնես։  

Ան­զօ­րու­թեան ու յու­սա­հա­տու­թեան առ­ջեւ կը գտնես դուն քեզ, երբ երկ­րին դրա­մը կ­՚ար­ժեզր­կո­ւի, սղա­ճը կը յա­ռա­ջա­նայ իսկ մուտ­քերդ չեն բարձ­րա­նար հա­մե­մա­տա­բար։ Դ­ժո­ւար օ­րեր կ­՚ե­րե­ւին հո­րի­զո­նին վրայ, ու կ­՚անճր­կիս-կը մնաս, չես գի­տեր ի՛նչ ը­նել։

Տա­կա­ւին որ­քա՜ն ան­զօր կը թո­ւիս դուն քե­զի, երբ կը տես­նես ինչ­պէս ազգդ ա­մեն օր քիչ մը ա­ւե­լի կը հիւ­ծի, իր ար­մատ­նե­րէն կը հե­ռա­նայ, իսկ հայ­րե­նիքդ չի կա­րե­նար հա­ւա­քել զայն, ի՛նք բա­զում դժո­ւա­րու­թեանց առ­ջեւ կը գտնո­ւի, սահ­ման­նե­րը տե­ւա­կան յար­ձա­կու­մի են­թա­կայ, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տե­ւա­կան ամ­լու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած, ի­մաս­տուն­նե­րը լռած, ոճ­րա­գործ­նե­րը աշ­խու­ժա­ցած։ Ի՞նչ կրնաս ը­նել այս­պէս հե­ռո­ւէն՝ «դար­ման բե­րե­լու Հա­յոց աշ­խար­հին»...

­Բայց միայն Հա­յոց աշ­խար­հը չէ, որ այդ վի­ճա­կին է մատ­նո­ւած։ Կը տես­նես ինչ­պէս ա­մե­նու­րեք ըն­չա­քաղ­ցու­թիւ­նը, նիւ­թա­պաշ­տու­թիւ­նը, մութ դա­րե­րու շամ­բե­րու օ­րէնք­նե­րը կ­՚իշ­խեն, կը հա­րո­ւա­ծեն, կ­՚ոչն­չաց­նեն, փո­խա­դար­ձա­բա՛ր, ու Եր­կինք ու Եր­կիր ա­ւե­լի կը հե­ռա­նան ի­րար­մէ, մար­դը կը դադ­րի Մարդ ըլ­լա­լէ։

Gary Younge իր «American Sniper reveals the west’s blind spots» (American Sniper ժա­պա­ւէ­նը կը յայտ­նա­բե­րէ Ա­րեւ­մուտ­քի քո­ղարկուած ե­րես­նե­րը) յօ­դո­ւա­ծով, The Guardian Weekly շա­բա­թա­թեր­թի 2015-01-30 թի­ւին մէջ, բա­ցա­ռիկ բա­նա­ձե­ւու­մով մը կը բնու­թագ­րէ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը աշ­խար­հի, գէթ մեր կար­ծած «քա­ղա­քա­կիրթ» ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի, որ «ե­սա­կեդ­րոն՝ իր տա­ռա­պան­քով, ինք­նա­սի­րա­հա­րո­ւած՝ իր ներմ­ղում­նե­րով, ինք­զինք կը ջա­տա­գո­վէ որ­պէս պաշտ­պա­նը սկզբունք­նե­րու, որ ի՛նք չի յար­գեր, եւ բա­րո­յա­կա­նու­թեան մը, որ ի՛նք չի կի­րար­կեր։ Այս ե­րե­ւոյ­թը զինք գրե­թէ պի­տի չտար­բե­րէր ա՛յլ մշա­կոյթ­նե­րէ։ Տար­բե­րու­թիւ­նը իր այն զօ­րու­թեան մէջն է, ո­րով ան միա­ժա­մա­նակ կը պար­ծե­նայ իր գե­րա­կա­յու­թեամբ ու կը հա­կա­սէ ա­նոր։»

­Սա­կայն պէտք չէ են­թար­կո­ւիլ այդ ան­զօ­րու­թեան զգա­ցու­մին, այդ պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թեան ո­գիին։ Պէ՛տք է յաղ­թա­հա­րել զայն, նոյ­նիսկ ե­թէ տոն­քի­շո­տու­թիւն հա­մա­րո­ւի հող­մա­ղաց­նե­րու դէմ այդ պայ­քա­րը։ Իսկ խի­զախ պայ­քա­րող­ներ չեն պակ­սիր, բայց ա­նոնք կը կա­րօ­տին մեր պաշտ­պա­նու­թեան, ինչ­պէս դի­տել կու տայ ֆրան­սա­կան «Le Canard enchaîné» եր­գի­ծա­թեր­թի տնօ­րէ­նը՝ Michel Gaillard։ Ըստ ա­նոր, այդ մար­տիկ­նե­րը կը կո­չո­ւին Edward Snowden, Antoine Deltour կամ Hervé Falciani, ա­հա­զան­գիչ­նե­րը այն գայ­թակ­ղու­թեանց, ո­րոնք բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցան ա­նոնց կող­մէ ու ճանչ­ցո­ւե­ցան «NSA», «LuxLeaks» կամ «SwissLeaks» մակ­դիր­նե­րով ու ան­հանգըս­տա­ցու­ցին ի­րենց ա­նօ­րի­նա­կա­նու­թեանց մէջ հան­գի՜ստ ու ա­նար­գե՜լ գոր­ծող ան­ձեր, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ու պե­տու­թիւն­ներ, ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ Agence France-Presse՝ Մոնթ­րէա­լի Le Devoir օ­րա­թեր­թի 2015-02-12 թի­ւին մէջ լոյս տե­սած կարճ լրա­տո­ւու­թեամբ մը։ Ա­յո, պէտք է պաշտ­պա­նել այս հե­րոս­նե­րը, ո­րոնք մեզ կը զգու­շաց­նեն տնտե­սա­կան խար­դա­խու­թիւն­նե­րու, հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վնա­սա­բեր ա­րարք­նե­րու, բնու­թեան պահ­պան­ման կամ մեր ա­ռող­ջու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րուն դէմ։ Միայն վեց եր­կիր­ներ ցարդ օ­րէնք­ներ հաս­տա­տած են պաշտ­պա­նե­լու հա­մար զա­նոնք ու տար­բե­րե­լու անձ­նա­կան շա­հեր կամ վրէժխնդ­րու­թիւն­ներ հե­տապն­դող ու­րիշ «խենթ»ե­րէ, ինչ­պէս դի­տել կու տայ Մի­ջազ­գա­յին թա­փան­ցի­կու­թիւն հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։

Այդ ա­հա­զան­գի­չի գլխա­ւոր դե­րը սա­կայն մա­մու­լին կը պատ­կա­նի, եւ ան­շուշտ ան­կախ ու յան­դուգն մա­մու­լին, ո­րուն շնոր­հիւ ալ վե­րո­յի­շեալ ան­ձե­րը կրցան հան­րու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նել բո­լոր այն գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը կա­տա­րո­ւէին մինչ այդ։

­Մա­մու­լը սա­կայն պար­բե­րա­բար «սու­լիչ փչող» այդ ան­հատ­նե­րէն ա­ւե­լի ան­դին ու ա­ւե­լի տե­ւա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ու­նի հան­րու­թիւ­նը մի՛շտ ար­թուն պա­հե­լու եւ զգու­շաց­նե­լու բո­լոր չա­րա­շա­հու­թեանց, օ­րի­նա­զան­ցու­թեանց ու դա­ւե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը կա­տա­րո­ւին մեր աչ­քին առ­ջեւ ու կը վրի­պին մեր ու­շադ­րու­թե­նէն։ Ն­ման մա­մուլ մը միայն կրնայ ե­րաշ­խի­քը հան­դի­սա­նալ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու ար­դար կար­գե­րու։

Որ­քա՜ն հե­ռա­տես ե­ղած է Յա­րու­թիւն քհ. Շ­մա­ւո­նեան, երբ 1794 թո­ւա­կա­նին Մատ­րա­սի մէջ կը հիմ­նէր ա­ռա­ջին հա­յե­րէն թեր­թը ու զայն կ­՚ա­նո­ւա­նէր «Ազ­դա­րար», ոչ պար­զա­պէս «Լ­րա­տու»։ Ազ­դա­րա­րե­լը պար­զա­պէս լուր տալ չէ, զգու­շաց­նե­լու, ա­հա­զան­գե­լու ի­մաստ մըն ալ ու­նի այդ սքան­չե­լի հա­յե­րէն բա­ռը։

Այ­սօր ալ մեր այն թեր­թե­րը, ո­րոնք կը յա­ւակ­նին ազ­գա­յին հան­գա­մանք մը կրել, մէ­կա­կան ազ­դա­րար­ներ հան­դի­սա­նա­լու են, որ­պէս­զի այդ ան­զօ­րու­թեան զգա­ցու­մը չպա­տէ մեզ, եւ յոյս ներշն­չեն, որ մենք ալ կրնա՛նք հա­ւա­քել մեր ներ­քին ու­ժե­րը՝ մեր ամ­բողջ նե­րու­ժը եւ չկորսնց­նենք ա­ռող­ջա­նա­լու յոյ­սը։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հո­րի­զոն